Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 1, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 

Սողոմոն Թեհլիրեանի Ազգականները Արժէքաւոր Նիւթեր Յանձնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին

Ապրիլ 20-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ հիւրընկալուեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր զաւկին` Սամուէլի թոռնուհիները` Արփի Օսկանեան եւ Անուշ Օսկանեան-Օհանեան: Անոնք իրենց ընտանեկան մասունքները` Սողոմոն Թեհլիրեանի անտիպ յուշատետրը եւ ինը լուսանկար յանձնեցին Ցեղասպանութեան թանգարանին:

Տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ բացառիկ նիւթերը նուիրելու համար` յուսալով, որ անոնք, մասնաւորապէս յուշատետրը, նոր լոյս կը սփռեն Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքի եւ հայոց պատմութեան հերոսական էջերէն «Նեմեսիս» գործողութեան առանձին դրուագներուն վրայ: «Սողոմոն Թեհլիրեանը մերն է, բայց ան նաեւ աշխարհինն է», ընդգծեց Գզոյեան:

Ի նշան երախտագիտութեան` ան Թեհլիրեանի ազգականներուն յանձնեց ապրիլքսանչորսեան ծաղկաթերթերէն պատրաստուած շնորհակալագիրներ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Անդամները

21 ապրիլին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները` ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի:

Իր հայրական օրհնութիւնը տալով միութեան ներկայացուցիչներուն` կաթողիկոսը ընդգծեց, որ անոնց հայոց հոգեւոր կեդրոն այցելութիւնը վկայութիւնն է Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ որդիական սիրոյ եւ հաւատարմութեան:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն` ամէն տարի ապրիլի 23-ին  դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը ջահերով երթին կազմակերպման համար, որուն միջոցով բազմաթիւ հայորդիներ, առաջնորդութեամբ նաեւ եկեղեցականներու, իրենց յարգանքը եւ խոնարհումը կը բերեն Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ապահովութեան սպառնալիքներուն: Հայրապետը ընդգծեց, որ տիրող ծանր իրավիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն հայրենիքի ապագայի տեսլականին շուրջ համազգային միաբանութեան հաստատման ճանապարհով` մեր կեանքէն հեռացնելով ատելութիւնը եւ թշնամանքն ու հատուածական շահերու նկրտումները:

Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ առաքելութեան, հայրենիքի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերեալ Մայր Աթոռի ջանքերուն եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն:

Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Նախկին Պաշտպան Արման Թաթոյեանի Անդրադարձը` Տաւուշի Մէջ Միակողմանի Զիջումներու Դէմ Պայքարողներուն

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան անդրադարձաւ վերջերս Տաւուշի մէջ միակողմանի զիջումներու դէմ պայքարողներուն եւ գրեց. «Կիրանցի, Ոսկեպարի եւ միւս գիւղերու բնակիչները կը պայքարին իրենց անվտանգութեան եւ կեանքի, իրենց երեխաներու իրաւունքներուն համար: Մարդոց այս պայքարը իրենց պապական տուներուն մէջ անվտանգ ապրելու եւ իրենց ընտանիքներուն արժանապատիւ եկամուտ վաստակելուն համար է, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ կեանքի պայմաններէ չզրկուելու` խմելու ջուրէն սկսեալ:

«Այս հարցերը պատրանքներ չեն: Ասոնք միանգամայն իրական են, որոնք պիտի յառաջանան, երբ ազրպէյճանական բանակը  գիւղերուն մօտենայ. ապացոյցերը, ցաւօք, ունինք Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի մէջ:

«Սեփական իրաւունքներու համար մարդոց պայքարը բացարձակ արդարացի է, նաեւ այն պատճառով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, իշխանութեան մաս կազմող տարբեր պաշտօնեաներ 2020 թուականի նոյեմբերէն սկսեալ շարունակաբար մոլորեցուցին մարդիկը, պահեցին յառաջանալիք հարցերը ու հիմա բերած հասցուցած են այս օրհասական վիճակին եւ այս ամէնը կատարած են յանուն սեփական պաշտօններու, սեփական քաղաքական շահերու եւ սեփական սխալները կոծկելու:

«Բոլորովին անընդունելի է յատկապէս կիներու եւ երեխաներու նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը:

«Հայոց եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը` Տաւուշի, Գուգարաց եւ Շիրակի թեմերու առաջնորդները, միւս հոգեւորականները մարդոց հետ են, որովհետեւ այդ կը բխի հոգեւորականին էութենէն:

«Ի վերջոյ, այս սովորական գործընթաց չէ. այս ամբողջ հայ ժողովուրդին համար գոյաբանական իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան համար պայքարի մաս է:

«Ա՛լ չեմ խօսիր զգացական այն ապրումներուն մասին, զորս ունին անոնք»:

Համազգայինը Գիւմրիի Մէջ Նշեց Անուանի Բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի Ծննդեան 110-Ամեակը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ անուանի բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 110-ամեակը: Այս մասին տեղեկացուցին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն:

Հանդիսութիւնը կայացաւ Յ. Շիրազի ծննդեան նախօրէին` ապրիլի 26-ին, Շիրազի տուն-թանգարանին մէջ:

Օրը նշանաւորուեցաւ գրականագէտ Սամուէլ Մուրատեանի կազմած «Յովհաննէս Շիրազ. անտիպ էջեր» գիրքին շնորհահանդէսով:

Հաղորդենք, որ գիրքը հրատարակուած էր Սամուէլ Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Շիրազի որդւոյն` Վանանդ Շիրազի նախաձեռնութեամբ, իսկ անոր հրատարակման աջակցած է արեւելագէտ, հասարակական գործիչ Գուրգէն Մելիքեանը:

Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցուցին մեծն գիւմրեցիին կիսանդրիին առջեւ:

Յոբելենական հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակի պատասխանատու Արա Նախշքարեանը: Այնուհետեւ ներկաներուն ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց Շիրազի տուն-թանգարանի տնօրէն Արա Պապանեանը: Վերջինս թանգարանին կողմէ շքանշաններ ու պատուոյ գիրեր յանձնեց այն արուեստագէտներուն, որոնք միշտ կը համագործակցին թանգարանին հետ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Արտաշէս Շահբազեան: Ան կարեւոր նկատեց Շիրազի դերը` իբրեւ ժողովրդական բանաստեղծի, որովհետեւ հայ իրականութեան մէջ շատ քիչերը արժանացած են այդ բարձր կոչումին:

Արտաշէս Շահբազեան շեշտեց, որ այսօր այդպիսի մտաւորականներու կարիքը ունի մեր ժողովուրդը:

«Յ. Շիրազ իր ստեղծագործութիւններով ժողովուրդը դաստիարակեց, եւ այդ տեղի ունեցաւ այն ժամանակ, երբ խորհրդային գաղափարախօսութիւնը կը ճնշէր ազգային մտածողութեան եւ պահանջատիրութեան», նշեց Արտաշէս Շահբազեան:

Հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին նաեւ` Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սամուէլ Մուրատեանը, գրականագէտ, դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանը, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն դոցենտ Արշալոյս Գալստեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոցենտ Նոնա Դաւթեանը:

Սամուէլ Մուրատեան` իբրեւ Շիրազի հաւատարիմ ընկեր եւ անոր ստեղծագործութիւններու գիտակ, նշեց, որ իր գրականագիտական գործունէութեան մէջ Շիրազը անփոխարինելի դեր ունի, եւ պատահական չէ, որ զինք յաճախ կ՛անուանէին Յովհաննէս Շիրազի քալող տպարան ու հանրագիտարան:

Մուրատեան յիշեց Համօ Սահեանին խօսքերը. «Գրաւոր Շիրազը անմահ է, դուք փրկեցէք բանաւոր Շիրազը, որովհետեւ ան ամէն վայրկեան կրնայ հանճարեղ խօսք մը ըսել, որ կարելի է մոռցուի»: Մուրատեան իր կազմած գիրքերով փորձած է փրկել Շիրազի անտիպ էջերը եւ մեծածաւալ աշխատանք կատարած է այդ ուղղութեամբ:

«Մեզմէ առաջ եւ մեզմէ ետք սերունդները հայրենասիրութիւն սորվեցան Շիրազէն: Գալիք սերունդները եւս պիտի կրթուին անոր հայրենասիրական դասերով: Ան մեզի սորվեցուցած է սիրել մեր պատմական հայրենիքը, մայր Հայաստանը եւ պատգամած է սիրել մեր վաղուան հայրենիքը, որ միացեալ Հայաստանը պիտի ըլլայ», իր խօսքին մէջ յայտնեց Ռուզան Առաքելեան:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին երաժշտական կատարումներով ելոյթ ունեցան Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակի «Դէպի Երկիր» ազգագրական երգի-պարի մանկապատանեկան համոյթի սաները` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արեւիկ Թանաշեանի:

Սուրիական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Երեւանի Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչման

Սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչական արարողութեան:

Պատուիրակութիւնը նախագահեց Սուրիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Աքրամ Աճալանին` ներկայութեամբ սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ դոկտոր Լիւսի Իսկէնեանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Հասան Մսալլեթի:

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանի ընկերակցութեամբ, անոնք Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին մօտ զետեղեցին ծաղիկներ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացան այնտեղ ցուցադրուած փաստավաւերագրական արժէքներուն:

Հայաստանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Ստորագրուեցաւ Երաժշտական Ոլորտին Վերաբերող Փոխըմբռնման Յուշագիր

Հայաստանի Կոմիտասի անուան երաժշտական պետական հիմնարկին եւ Սուրիոյ Երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկին միջեւ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնումի յուշագիր:

Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտական հիմնարկէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հիմնարկի տնօրէն Սոնիա Յովհաննէսեան շեշտեց այսպիսի համաձայնագիրներու կարեւորութիւնը` յայտնելով հիմնարկին պատրաստակամութիւնը շարունակական գործակցութիւն ունենալու Սուրիոյ Երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկին հետ` ուսանողներու եւ սեմինարներու փոխանակումով, դասախօսութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումով եւ այլ ծրագիրներով:

Սուրիոյ կողմէ ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն Ատնան Ֆաթհալլան եւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանը:

Սուրիոյ Սիմֆոնիք Նուագախումբին Ելոյթը Երեւանի Մէջ

17 ապրիլին, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութեան կազմակերպութեամբ, համերգային ճոխ ծրագիրով Երեւանի Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ հանդէս եկաւ Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբը` ղեկավարութեամբ «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի եւ մասնակցութեամբ Դամասկոսի երաժշտական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն, ուտահար մայեսթրօ Ատնան Ֆաթհալլայի:

Այս առիթով Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարի Սուրիան կ՛ոգեկոչէ իր անկախութեան 78-ամեակը եւ վճռական է` շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը:

Արիսեան նաեւ շեշտեց` Սուրիոյ նախանձախնդրութիւնը երկու բարեկամ երկիրներու գործակցութեան զարգացման մասին եւ աւելցուց, որ այս նուագահանդէսը կը ցոլացնէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մշակութային զարգացող յարաբերութիւնը:

Նուագահանդէսը ընդգրկեց սուրիացի հեղինակներու երաժշտական ստեղծագործութիւններու ներկայացում, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան հանգուցեալ մայեսթրոներ Սըլհի  Ուատիի եւ Նուրի  Ռըհեպանիի գործերէն:

Թեհրանի Հայոց Թեմին Կողմէ Արցախահայութեան Ուղղուած Օգնութեան Երրորդ Բեռնաքանակը Հասաւ Հայաստան

11 ապրիլ 2024-ին աւարտեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի կողմէ բռնագաղթուած արցախահայութեան ուղղուած օժանդակութեան 3-րդ բեռնաքանակին բաշխումը: Վերջինս կը բաղկանար 1450 վառարաններէ եւ մաքրութեան վերաբերող ապրանքներէ: Բեռնաթափման եւ բեռնալցման դժուարին աշխատանքը կատարեցին անձնազոհ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները:

Տնտեսական ահաւոր պայմաններ դիմակայող իրանահայութեան 4 միլիառ թուման արժող 3 բեռներու այս օժանդակութիւնը, հայրենասիրութեան առընթեր, նաեւ մեծ զոհողութիւններու արդիւնք էր, որ մեծապէս գնահատելի է: Թեհրանահայութեան կատարած օժանդակութիւնները կը բաղկանային` մեծ թիւով ծածկոցներէ, անհատական մաքրութեան ապրանքներէ, դդմաճեղենէ, կաթսաներէ, վառարաններէ եւ այլ  կենցաղային անհրաժեշտ իրերէ, որոնք հազարաւոր բռնագաղթուած արցախցի ընտանիքներու մեծապէս օգտակար հանդիսացան: Մեր խորին շնորհակալութիւնը` Թեհրանի հայոց թեմին, իրանահայութեան եւ էական այս օգնութիւնը կազմակերպող մարմիններուն եւ անհատներուն: «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»:

Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի Անդամ, Հայաստանի Եւ Արցախի Բարեկամ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Հիւրընկալուեցաւ Երեւանի Մէջ

 «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը հիւրընկալեց Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը եւ 2003 թուականին իր կողմէ հիմնադրուած HART /Humanitarian Aid Relief Trust/ հիմնադրամի տնօրէնութիւնը: Վերջին շրջանին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը եւ HART-ը համագործակցեցան` իրականացնելով մարդասիրական ծրագիրներ տեղահանուած արցախցիներու համար:

Հանդիպումը մեկնարկեց «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ վերջերս բացումը կատարուած Հադրութի ստեղծագործական կեդրոնի աշակերտներու աշխատանքներուն եւ լրագրող, ազատամարտիկ Զոհրապ Ըռքոյեանի Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու լուսանկարներու` «Արցախն ապրում է» խորագրով միացեալ ցուցահանդէսի շրջայցով:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ` «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ Բագրատ Նազարեանը եւ Ռուբէն Միրզախանեանը, լոնտոնահայ բարերար Թոնի Քահուեն, «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներ» հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ փրոֆեսէօր Գուրգէն Մելիքեանը, Ստեփանակերտի Ք. Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Վարդան Թադէոսեանը:

Ներկայացուեցաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի գործունէութիւնը կրթութեան, մշակութային, ընկերային ոլորտներու մէջ, քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներ: Անդրադարձ կատարուեցաւ HART-ի կողմէ Հայաստանի մէջ նախատեսուող ծրագիրներուն: Մասնակիցները տեսակէտներ յայտնեցին նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ առկայ անվտանգային եւ մարդասիրական իրավիճակին մասին եւ երախտիքի խօսքեր արտասանեցին պարոնուհի Քոքսին` Արցախին մնայուն սատարումին համար:

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան եւ հոգաբարձու Բագրատ Նազարեան հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Քերոլայն Քոքսին յանձնեցին կեդրոնի յուշամետալն ու պատուոյ գիրը` ի գնահատում Հայաստանին եւ Արցախին մատուցած իր երկարամեայ գովարժան ծառայութիւններուն:

Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին յանձնեց ՀԹՄՄ պատուոյ-յուշատախտակ` հայ ժողովուրդի յարգարժան եւ անսասան աջակիցին` խորին երախտագիտութեամբ եւ հիացմունքով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատանքին համար` Քերոլայն Քոքս նշեց. «Աշխարհը պէտք է երախտապարտ ըլլայ հայ ժողովուրդին, որ կանգնած է ազատութեան, քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէութեան պահպանման առաջնագիծին վրայ»:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Մեր Կորուստները

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?