Մեր Կորուստները
Մահացաւ Պարոյր Սեւակի Որդին` Գրականագէտ Արմէն Ղազարեանը Երեւանի պետական համալսարանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական համակարգը ծանր կորուստ ունեցան: 27 ապրիլ 2024-ին մահացաւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան պատմութեան եւ գրաքննադատութեան ամպիոնի երկարամեայ դասախօս Արմէն Պարոյրի Ղազարեանը: Ծնած է 1958-ին, Մոսկուա, հայ նշանաւոր բանաստեղծ եւ գրականագէտ Պարոյր Սեւակի եւ թարգմանչուհի Նելլի Մենաղարաշվիլիի ընտանիքին մէջ: 1975-1980 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական...




















