Հինգշաբթի, 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի յայտարարած «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:
Ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2023-ի յունիսին, նպատակ ունէր մէկտեղել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ եւ ծառայեցնել ընդհանրապէս Հայ դատին եւ յատկապէս արցախեան հիմնախնդրին, ապա տրամադրելի դարձնել կատարուած ուսումնասիրութիւնները հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու` արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Երկարաժամկէտ իմաստով նախաձեռնութիւնը կը միտի առարկայականօրէն վերլուծելով հարցերը, նպաստել քննական մտքի եւ մօտեցումներու զարգացման, որ հիմնաքարն է հասուն քաղաքական մտքի եւ գործունէութեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորիկ Մկրտչեան, Արցախի ԱԺ պատգամաւորներ Վահրամ Բալայեանը, Մետաքսէ Յակոբեանը, Հայաստանի ԱԺ պատգամաւորներ` Արմենուհի Կիւրեղեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը եւ Գառնիկ Դանիէլեանը:
Ելոյթ ունեցան ծրագրին մասնակցող լաւագոյն ուսանողները` ներկայացնելով իրենց կատարած ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ տուին ուսանողներուն խորհրդատուները: Ծրագրին աշխատասիրութիւն յանձնած են 12 ուսանողներ եւ 1 ուսանողական խմբակ` Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Յատուկ գնահատանքի արժանացան հետեւեալ երկու նիւթերը, որոնք իրենց կարեւորութեամբ եւ այժմէականութեամբ կը յատկանշուին:
– Արցախի շրջափակման եւ բռնի տեղահանութեան կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ:
Խորհրդատու` Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու Պաշտպան, Հայաստան
Ուսանող` Տաթեւ Դաւթեան, Հայաստան
– Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
Խորհրդատու` Գարեգին վրդ. Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար, Հայաստան
Ուսանող` Վահագն Խաչատրեան, Արցախ
Յաղթող ճանաչուեցան հետեւեալ ուսանողները.
– Առաջին մրցանակ ` 1000 տոլար
Նիւթ` «Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները Վրաստանի հետ», խորհրդատու` Աբրահամ Գասպարեան, «Ճենեսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, Հայաստան Ուսանողական խմբակ` Յովհաննէս Ղազարեան, Լիլիթ Եկմալեան եւ Լատուշ Սիմոնեան, Հայաստան
– Երկրորդ մրցանակ` 750 տոլար
Նիւթ` «Ազրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութիւնը Եւրոպայի մէջ», խորհրդատու` Հեղինէ Էվինեան, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէնուհի, Պելճիքա
Ուսանող` Նարօտ Նորամանեան, Հոլանտա
– Երրորդ մրցանակ` 500 տոլար
Նիւթ` «Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւնները», խորհրդատու` Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լիբանան
Ուսանող` Ժաննա Վարդանեան, Հայաստան
Աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան գնահատագիրներ եւ նուէրներ: Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք ծրագրի նուիրատուներուն եւ խորհրդատուներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց, որ ծրագրի երեք հիմնասիւներն են` ուսանողները, ուսումնասիրոթիւնները եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին լծուած հաստատութիւները, որոնց համար այս ուսումնասիրութիւնները ոչ միայն տեղեկութիւններու աղբիւր են, այլ` առաջարկութիւններ եւ գործունէութեան հեռանկարային առաջադրանքներ: Ան շեշտեց, որ հայութեան ուժը հայ մարդն է եւ մասնաւորաբար հայ ուսանողութիւնը, եւ այս ծրագիրը մեր համեստ ներդրումն էր` համախմբելու հայ ուսանողներուն ներուժը եւ նորարարական միջոցով բարձրացել անոնց ներդրումը եւ ներկայութիւնը ազգային կեանքին մէջ: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ կ’անդրադառնան, թէ ինչպէ՛ս տարիներու ընթացքին թշնամի Ազրպէյճանը օգտագործեց իր ունեցած միջոցները` հասնելու համար իր ներկայ իրագործումներուն` քարիւղի, խաւիարային դիւանագիտութեան, դաշնակիցներու եւ այլ հնարաւորութիւններու ճամբով: Հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ այսօր, դիտել տուաւ Տէր Գէորգեան, այն է, թէ ինչպէ՛ս մենք պիտի յաջողինք հզօրանալ որպէս պետութիւն ու կասեցնել այս պարտութիւններու եւ նահանջի գահավէժ ընթացքը, վերածելով զայն վերելքի ու վերականգման ճանապարհի, որ պիտի տանի դէպի նոր յաղթանակներ:
Յառաջիկային այս հարցադրումին շուրջ հայ ուսանողութիւնը համախմբելու առաջարկութիւնը ի միտի ունենալով` մենք պիտի շարունակենք` համաձայն մեր առաքելութեան, հայ ուսանողութիւնը հայանպաստ գործունէութեան մղելու եւ առաւելաբար այսօր Արցախի համար ու արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
2 փետրուար 2024