Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 19, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպութեամբ Հայրենաճանաչողական Շրջապտոյտ` Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի 30 Սաներուն

16 յունիսին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց հետաքրքրական հայրենաճանաչողական շրջապտոյտ մը` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի 30 սաներուն համար: Այս նախաձեռնութեամբ անոնք ամրապնդեցին Համազգայինի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան  համագործակցութիւնը:

Նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Համազգայինի` Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներու  աւագ խումբերու սաները այցելեցին` Գեղարդի վանական համալիր, Գառնիի հեթանոսական տաճար, Քարերու սիմֆոնիա եւ Չարենցի կամար: Անոնք նաեւ  զարգացնող եւ անհատական խաղեր խաղացին ամրապնդելու համար իրենց գիտելիքները հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան վերաբերեալ:

Համազգայինի սաներուն ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանը:

Այնուհետեւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Համազգայինի Արցախի գրասենեակի աւագ խումբերու սաներուն համար այս օրը յիշարժան պիտի մնայ, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն ունեցան հայրենաճանաչողական իմաստալից շրջապտոյտ, այլեւ ձեռք բերին նոր ընկերներ` յանձինս ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ընկերներու: Համազգայինի Արցախի գրասենեակը շնորհակալ է այս համագործակցութեան համար, որուն նպատակն է Արցախի երիտասարդները քով քովի հաւաքելը, անոնց ներուժին բացայայտելը եւ ազգային հիմքերով  տարբեր ծրագիրներու իրականացնելը»:

Քանատաբնակ Դաշնակահար Եւ Երգահան Սէրուժ Գրաճեանի Երեւանեան Նուագահանդէսը Փալյուն Էր Եւ Յագեցած` Բազմաբովանդակ Ծրագրով

Ս. Գրաճեան Հայաստանի մէջ հիւրընկալուեցաւ «Դաշնամուրային ֆանթազիա» խորագրով շրջագայութեան ծիրին մէջ: «Այն ստեղծագործութիւնները, որոնք հնչեցին երեկոյին, երեւակայութեանս արդիւնքն են, կենսագրութեան երաժշտական մատուցումն են: Այն ամէնը, որ փափաքած եմ կատարել երաժշտութեան ոլորտին մէջ, առանց ոճային սահմաններու երաժշտութիւն ստեղծելը եղած է: Նուագահանդէսի ընթացքին բազմատեսակ ստեղծագործութիւններ հնչեցին: «Ֆանթազիա» բառը ճիշդ այդ կը խորհրդանշէ», նշեց դաշնակահարը:

Գրաճեանի համար առաջնային նշանակութիւն ունի նորարարութիւնը: Համադրելով հեղինակային ստեղծագործութիւններու ընտրանին հանրայայտ դասական գործերու նոր մօտեցումներու հետ` նուագահանդէսը արտացոլեց երաժիշտին ստեղծագործական ճանապարհորդութիւնը Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա` կամրջելով դասական երաժշտութիւնը ժողովրդականի, ֆլամենքոն թանկոյի, Միջին Արեւելքի կշռոյթները Հարաւային Ամերիկայի բազմազան տրամադրութիւններու եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան մարգարիտներուն հետ:

«Բախտաւոր եմ, որ կարելիութիւն ունեցած եմ ապրելու տարբեր երկիրներու մէջ: Ամէն երկիր երթալով` կը ձգտիմ այդտեղի երաժշտութիւնն ու երաժշտական աւանդոյթները իմս դարձնել եւ անոնց օգնութեամբ զարգացնել երաժշտութիւնս, որուն մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն հայկական տարրերը: Հայկական երաժշտութիւնը ինծի համար օդի եւ ջուրի պէս կարեւոր է: Ամէն օր ինծի համար կ`իմաստաւորուի հայկական արմատներու եւ հայկական երաժշտութեան շնորհիւ: Հաւատարիմ մնալով հայկական երաժշտութեան արմատներուն` կը ձգտիմ նորարարութեան», ընդգծեց երգահանը:

Ակսէլ Բակունցի Ստեղծագործութիւնները Հայ Գրականութեան Գանձարանի Գոհարներ. Նշուեցաւ Անուանի Գրագէտին Ծննդեան 125-Ամեակը

Մեծանուն գրող, անուանի արձակագիր Ակսէլ Բակունցի ծննդեան 125-ամեակին առիթով խումբ մը գրողներ, մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներ յունիս 13-ին ծաղիկներ խոնարհեցուցին գրողի յուշակոթողին մօտ, որ տեղադրուած է Երեւանի մէջ` այն տան առջեւ, ուր 1927 թուականէն մինչեւ 1936 թուականը ապրած եւ ստեղծագործած է Ակսէլ Բակունց:

Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Նորեկ Գասպարեան ըսաւ, որ շատ կարեւոր է, երբ այսօրուան գրողը կը զգայ, թէ ինչպէ՛ս կը սիրեն Բակունցը: «Արձակի վերաբերեալ սկզբունքներս, մօտեցումներս փոխուեցան Թումանեանի «Գիքորը», Չարենցի «Երկիր Նայիրի»-ն եւ Բակունցի «Ալպիական մանուշակ» ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ: Առանց երկմտելու` կրնամ ըսել, որ Բակունց մեր գրականութեան, արձակի գրական արժանապատուութիւնը կը խորհրդանշէ: Աւաղ, այսօր ալ գունաւոր բզէզին մանուշակը ճօճք կը թուի, իսկ աշխարհը` ծիրանագոյն բուրաստան», շեշտեց Գասպարեան:

Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գրական բաժինի աւագ գիտական աշխատող, բանաստեղծ, արձակագիր Գոհար Գալստեան նշեց, որ առաւօտեան ընկերային հարթակին վրայ հրապարակած է Ակսէլ Բակունցի «Աղօթք»-ը, որ Բակունց գրած է 1917-1918 թուականներուն Արտահանի կռիւներուն, Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցելէն ետք: «Այդ աղօթքը այսօր ալ թող մեզի պահապան ըլլայ, որովհետեւ ամէն ինչ մաշկի վրայ զգացած, ապրած, իր հայրենիքը, հողը զգացող անհատականութեան, մեծին խօսքը բացառիկ է: Պատահական չէ, որ Բակունց նաեւ ուսանած է հոգեւոր դպրոցի` Գէորգեան ճեմարանի մէջ, իսկ հետագային Թիֆլիսի մէջ ուսումնասիրած է արհեստագիտական գիտութիւններ, Խարկովի գիւղատնտեսական հիմնարկը աւարտած եւ դասաւանդած է դպրոցին մէջ: Ան բոլոր առումներով կեանքը շօշափած է, իսկ անոր բանաստեղծական ոգին բացառիկ էր: Բակունցի «Ալպիական մանուշակ»-ը, «Խոնարհ աղջիկ»-ը, «Ծիրանի փողը», «Մթնաձոր»-ը դպած են բոլորիս հոգիին եւ մնայուն պիտի ըլլան մեր գրականութեան գանձարանի գոհարները», շեշտեց Գալստեան:

Ան կը կարծէ, որ գրողին 125-ամեակը առիթ կ՛ընձեռէ վերընթերցելու անոր ստեղծագործութիւնները: «Բակունցի գործերը կը բեմադրուին, կը նկարահանուին, կը վերարծարծուին գրութիւնները, բայց վերընթերցումը եւ խօսքը շատ կարեւոր են մեր օրերուն: Լիայոյս եմ, որ մեր մէջ Բակունցը պէտք է խօսի իր աղօթքով եւ չքնաղ գրականութեամբ», եզրափակեց Գալստեան:

Բանաստեղծ, թարգմանիչ Շանթ Մկրտչեան Ակսէլ Բակունցը համարած է 20-րդ դարու հարուստ գրական ժառանգութիւն ձգած գրող, հզօր հեղինակ: Ըստ Մկրտչեանի, եթէ Բակունց երեւոյթը չըլլար, անկէ ետք չէին ըլլար բազմաթիւ հրաշալի գրողներ: «Մենք շատ կը խօսինք Ֆոլքներու մասին, բայց այդ նոյն աշխարհին խորքերը Գորիսի մէջ բացաւ Բակունցը: Անոր «Պրովինցիայի մայրամուտ»-ը յիշենք: Բակունց իր մտածողութեամբ ներկայ է այսօրուան գրականութեան մէջ: Ան մեր թանկը, մեր մեծն է, զոր պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատենք», շեշտեց գրողը:

Անոր խօսքով, Բակունց 1937 թուականին գնդակահարուեցաւ, սակայն այսպիսի թուականներ անընդհատ կ՛ըլլան, եւ ժողովուրդը պէտք է փրկէ իր զաւակները:

Ակսէլ Բակունցի 125-ամեակը պիտի նշանաւորուի բազմաթիւ այլ ձեռնարկներով, որոնց մեկնարկը տրուեցաւ յունիս 13-ին. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի «Ակսէլ Բակունցի տուն-թանգարան»-ին կողմէ:

Յոբելեանի ծիրին մէջ պիտի կայանայ հանդիպում` հրապարակախօս Յակոբ Այնթապեանի հետ: Տեղի պիտի ունենան Arloopa յաւելուածով Ասլամազեանի «Բակունցի եւ մօր դիմանկարի» գծանկարային եւ «Սիւնեաց երկիր» թերթի` Ակսէլ Բակունցին նուիրուած յատուկ համարին շնորհահանդէսները: Թատերական ներկայացումներով հանդէս պիտի գան Գորիսի Վ. Վաղարշեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի դերասանները, տեղի պիտի ունենայ համերգային ծրագիր: Ձեռնարկները պիտի ուղեկցուին հիւրերու հետ զրոյց-քննարկումներով, իսկ երեխաներուն համար` խեցեգործութեան, նկարչութեան վարպետութեան դասերով:

Նահատակուած Զինուորներու Լուսանկարներն Ու Կենսագրականները Պիտի Հրապարակուին Զինուորներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին Կայքին Մէջ

Զինուորներու ապահովագրութեան ազգային հիմնադրամի կայքին մէջ պիտի հրապարակուին 2008 թուականէն ի վեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած շուրջ 4 հազար 3 հարիւր զինուորներու լուսանկարներն ու անձնական պատմութիւնները: Այս մասին յունիս 12-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց  հիմնադրամի Հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան տնօրէն Նարինէ Գալստեանը` աւելցնելով, որ զոհուած զինուորներու ճանաչման եւ յարգանքի տուրքի մատուցման այս նախագիծը կ՛իրականացուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Նազարեանի հետ միասին` ի նշան յարգանքի, գնահատանքի եւ երախտագիտութեան:

«Այս նախագիծին նպատակն է ճանչնալ կեանքը` յանուն բոլորիս հայրենիքի զոհուած զինուորներուն:  Նախագիծը կ՛ենթադրէ շուրջ 4 հազար 3 հարիւր զոհերու անուանական հրապարակման «Զինապահ»-ի կայքին մէջ` լուսանկարի եւ անձնական պատմութեան հետ միասին», նշեց Գալստեան` մանրամասնելով, որ նախագիծին մեկնարկը արդէն տրուած է:

Ըստ ժամանակացոյցին, 2025 թուականի տարեսկիզբին հիմնադրամի կայքին մէջ հրապարակուած պիտի ըլլան զոհուած զինուորներու լուսանկարները եւ հակիրճ կենսագրականները:

Անոր խօսքով, ներկայիս կը քննարկուին նաեւ զոհուած զինուորներու լուսանկարներն ու կենսագրականները գիրքի տեսքով հրապարակելու տարբերակը:

Գալստեան յայտնեց նաեւ, որ հիմնադրամը մեկնարկած է «Թիկունքն այստեղ է…» արշաւը, որ կը նպատակադրէ երախտագիտութիւն յայտնել Հայաստանի իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացիի, որ ամէն ամիս իր աշխատավարձէն կը կատարէ պարտադիր դրոշմանշային վճար, որուն շնորհիւ կը ձեւաւորուի «Զինապահ»-ի նիւթական միջոցներու զգալի մասը:

«Կոմիտասական» Կոթողային Խմբերգաշարը 250 Հոգինոց Մանկական Երգչախոմւբի Կատարումով Եզրափակուեցաւ Երեւանի Երաժշտական Եւ Արուեստի Դպրոցներուն 15-րդ Մրցոյթ–Փառատօնը

«Արամ Խաչատրեան» սրահին մէջ կայացաւ Երեւանի երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու 15-րդ մրցոյթ-փառատօնին եզրափակիչ կալա համերգը:

2007 թուականէն Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող մրցութային ծրագրին նպատակն է` ապահովել կրթական մշակութային հաստատութիւններու համաչափ զարգացումը, բարելաւել կրթութեան որակը, բացայայտել ու խրախուսել օժտուած եւ տաղանդաւոր երեխաները, նպաստել երաժշտական ու արուեստի դպրոցներու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան:

11 անուանակարգի մէջ առաջին դիրքը գրաւողը Ալ. Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցն է, երկրորդը` Սայաթ-նովայի անուան երաժշտականը, երրորդ հորիզոնականը` Ա. Տիգրանեանի անուան երաժշտականը, չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը` Հ. Դանիէլեանի անուան արուեստի եւ Ջրբաշեանի անուան երաժշտական դպրոցներն են:

Շնորհաւորելով դպրոցները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մանկավարժներուն իրենց նուիրական աշխատանքին համար` Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան ընդգծեց, որ մշակութային նախաձեռնութիւնները համայնքին կողմէ պիտի ըլլան շարունակական:

Էջմիածինի «Ռուբէն Սեւակ» Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուած Է «Լոյսի Մայր Տաճարը» Խորագրով Ցուցահանդէսը

Յունիս 15-ին Մայր Աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» անունը կրող թանգարանին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի տօնին առիթով բացուած է «Լոյսի մայր տաճարը» խորագրով ցուցահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Ասողիկ աբղ. Կարապետեանը:

Արուեստաբան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի աւագ գիտաշխատող Մարգարիտա Խաչատրեան անդրադարձած է նկարիչ, ճարտարապետ Լուսինէ Դանիէլեանի նկարչական արուեստին եւ ներկայացուցած պատկերներուն:

«Հրաւիրեալներու խուռներամ բազմութիւնը շրջելով «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանի սրահներուն մէջ` հաղորդ դարձաւ «Լոյսի մայր տաճարը» խորագրով նկարաշարի արուեստին, որմէ իրաւացիօրէն կը ճառագայթէ լոյս, յոյս եւ պատգամ` Ս. Էջմիածինի աստուածային պատգամը Լուսինէ Դանիէլեանի մեկնաբանութեամբ», ըսած է ան:

Ներկաները առիթ ունեցած են վայելելու նաեւ «Սարեան» լարային քառեակի երաժշտական կատարումները` հայ հոգեւոր երգեր, Մոցարթ, Ղ. Սարեան, Կոմիտաս վարդապետ:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Սէօգիւթլուի Գրաւումը, Նուկզարի Դիմադրութիւնը Եւ Թիֆլիսի Կռիւները

Յաջորդը

«Վերականգնում` Խաղի Միջոցով» Ծրագիրի Մեկնարկ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?