Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգայինը Կը Շարունակէ Սատար Կանգնիլ Արցախէն Տեղահանուած Երեխաներուն
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ վերջերս մեկնարկեցին դասապատրաստման ամառնային խմբակներ, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ուր կը յաճախեն Արցախէն տեղահանուած երեխաները: Խմբակները նախատեսուած են կրտսեր եւ միջին խումբերու համար` առանձին-առանձին:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, անվճար դասապատրաստման եւ ստեղծագործական խմբակները կը գործեն նաեւ Հայաստանի Մասիս, Աբովեան եւ Գիւմրի համայնքներուն մէջ:
Համազգայինի այս ծրագիրները կոչուած են կրթութեան եւ մշակոյթի ճանապարհով սատար կանգնելու Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն:
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գրադարանին Մէջ Կայացաւ Ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեանի Գիրքերուն Շնորհահանդէսը
27 մայիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանին մէջ կայացաւ գրող, հետազօտող, ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեանի գիրքերուն շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի գիտաշխատող Սուրէն Մանուկեանը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին, Հայաստանի տարբեր գրադարաններու աշխատակիցներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէն Մայա Գրիգորեանը, որուն յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրադարանի աշխատակիցներուն պատրաստած տեսանիւթի ցուցադրութիւնը:
Օրուան բանախօսը Սուրէն Մանուկեանն էր, որ անդրադարձաւ Արա Քեթիպեանի ցուցադրուած իւրաքանչիւր գիրքին` կարեւոր նկատելով այդ գիրքերուն նշանակութիւնը միջազգային ցեղասպանագիտութեան մէջ:
Ձեռնարկին աւարտին Արա Քեթիպեան ներկայացուց իր գիրքերուն ստեղծման հետ կապուած աշխատանքները եւ ընթացիկ կատարելիքները: Ինչպէս նշեց հեղինակը, «The Armenian Genocide (Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի 1890-1922 թուականներու հրապարակումները)» մատենաշարը կը բովանդակէ` ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածներ, արժէքաւոր տեղեկութիւններ, արխիւային կարեւոր նիւթեր, որոնք կրնան օգնել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին: Մատենաշարին նախատեսուած 10 հատորէն 7-ն արդէն պատրաստ է, իսկ միւս երեք հատորներուն վրայ կ՛աշխատին:
Արա Քեթիպեան յայտնեց իր աշխատութիւններուն ստեղծման համար երկու կարեւոր հանգամանք` չէզոքութիւնը եւ աղբիւրներուն հաւաստիութիւնը:
Սրտի Լարերուն Հետ Խաղացողը. Անուանի Ջութակահար Արա Մալիքեան Իր Անսահման Ազատութեամբ «Ցնցեց» Երեւանեան Բեմը
Արա Մալիքեան աշխարհի լաւագոյն ջութակահարներէն է` Ranker փորթալի հարցումներուն համաձայն: Ան հերթական անգամ այդ ապացուցեց` ելոյթ ունենալով երեւանեան բեմին վրայ: Տաղանդաւոր ջութակահարը, նուագահանդէսը նուիրելով Կոմիտասի 155-ամեակին, երեկոն սկսաւ կատարեալ մթութեան եւ լռութեան մէջ` կատարելով մեծն երգահանին «Կռունկ»-ը: Դահլիճը յուզուած էր եւ` տպաւորուած:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, երեւանեան համերգը տեղի ունեցաւ յունիս 3-ին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Մալիքեան ըսաւ, որ ուրախ է` վերադառնալով Երեւան, հանդիպելով իր ունկնդիրին, միայն վատ կը զգայ, որ այնքան ալ լաւ չի խօսիր հայերէն: Կատակով նշեց` իր հայերէնը «գէշ» է: Կը պատրաստուէին նուագել 28 ժամ 33 վայրկեան, սակայն երաժիշտը խնդրեց չհաւատալ իրենց:
Ջութակահարին կը նուագակցէին երաժիշտներ, որոնց հետ ծանօթացած է երեսուն տարի առաջ, Քուպայի մէջ: Այդ երաժիշտներն էին` դաշնակահար Իւան «Մելոն» Լուիսը, քոնթրապասահար Իվան Ռուիս Մաչատոն, թմբկահար Գէորուիս Փնքօ Միլանը, կիթառահար Տայեան Ափատը: Ակնյայտ էր, որ երկար ճանապարհ անցած եւ հանդէս եկած են աշխարհի հեղինակաւոր բեմերու վրայ, որովհետեւ ներդաշնակ էին, զիրար կը հասկնային մէկ նայուածքով:
Պարզուեցաւ, որ Մալիքեանը շատ լաւ հիւմըրի զգացում ունի եւ պատմելու հիանալի կարողութիւն: «Երբ փոքր էի, ինծի հոգ կը տանէին քոյրերս, որոնցմով շատ հպարտ եմ: Հիմա տարբեր երկիրներու մէջ կ`ապրինք, սակայն երբեք չենք կորսնցներ կապը: Տարիներ առաջ ստեղծագործութիւն մը յօրինեցի մօրս համար, երբ մեծ քոյրս իմացաւ այդ մասին, զանգահարեց եւ ըսաւ, որ իրեն եւս պէտք է ստեղծագործութիւն մը նուիրեմ», յիշեց Մալիքեան: Յետոյ զանգահարած է նաեւ միւս քոյրը եւ` նոյնը ըսած: Հակառակ զբաղուածութեան, Մալիքեան գործ մը գրած է` զայն նուիրելով երկու քոյրերուն: Կատակով նշեց, որ երբ լսած են զայն, աւելի քան մէկ ամիս հետը չեն խօսած եւ պահանջած են, որ զայն չնուագէ: Մալիքեան կատարեց ստեղծագործութիւնը` խնդրելով չնկարել ու չտարածել համացանցի վրայ:
Արուեստագէտը անմիջական էր. ոչ միայն կը նուագէր` խաղալով երաժշտասէրներու սրտի լարերուն հետ, այլեւ կը պարէր, կը զարմացնէր իր մարզական թռիչքներով, արթիսթիզմով ու «խենթութեամբ»: Մալիքեան այնպէս կը նուագէր, որ անոր ջութակի լարերուն հետ կը կծկուէիր, յետոյ խոր շունչ կը քաշէիր եւ կը սպասէիր, թէ յետոյ ի՛նչ պիտի պատահի:
Մալիքեան Երեւան կը գտնուէր The Ara Malikian World Tour-ի ծիրին մէջ: Առիթով մը ան նշած է. «Երբ տեսայ, թէ ինչպէս որդիս ամիսներ շարունակ տեւած անկումներէն, անյաջող փորձերէն եւ ճիգերէն ետք իր առաջին քայլերը կը կատարէ, հասկցայ, որ բոլորս ալ ժամանակին ունեցած ենք այդ ուժը, որ հետզհետէ մոռցուած է: Երեխաները քնքուշ են, չեն վախնար սխալելէ: Երբ կը նայիս մանուկի մը, կը հասկնաս, թէ ո՛վ եղած ես, թէ` որքան երկար ժամանակ է, որ ինքզինքդ զրկած ես այդպիսին ըլլալէ: Այս շրջագայութիւնը ծնած է իմ դիտարկումներուս իբրեւ արդիւնք, երբ հետեւած եմ, թէ ինչպէս կը մեծնայ որդիս, ինչպէս հասակ կ՛առնեմ անոր հետ: Այստեղ այն հնչիւններն ու մեղեդիներն են, որոնք կ՛արտայայտեն զգացողութիւններս եւ զաւակիս միջոցով ոգեշնչած են զիս: Շրջագայութիւնը լի է տինոզաւրներով, ռոպոթ-ութոտնուկներով, ժամանակի մեքենաներով, թռչող դաշնակներով եւ երկլեզու միմոսներով: Այս այն ալպոմն է, որ մոռացութեան էի մատնել, բայց որ հզօր ներգործութիւն ունի»:
Ջութակահարը կատարեց նաեւ որդիին, հօրը նուիրուած ստեղծագործութիւններ` սէր խոստովանելով թէ՛ անոնց, թէ՛ հանդիսատեսին:
Սպասուած էր նաեւ ֆրանսական յայտնի «Թաքսի» ժապաւէնի երաժշտութեան իւրայատուկ կատարումը, որուն ընթացքին հանդիսատեսը չափազանց աշխուժ էր:
«Ես խոստացած էի նուագել 28 ժամ, սակայն մարմինս այլեւս չի դիմանար: Ստիպուած ենք նուագել վերջին կտորը, որ կը նուիրեմ մեր հայրենիքին: Ուրախ ենք այստեղ գտնուելու համար: Մենք յոյսի, լոյսի կարիքը ունինք: Կը ցանկամ, որ հայերը լաւ եւ ուրախ ապրին: Կը ներէք, բայց բառերը չեն բաւարարեր: Շատ շնորհակալ եմ ու կը սիրեմ ձեզ», ըսաւ ջութակահարն ու մեղեդային կատարումով աւարտեց նուագահանդէսը:
Հանդիսատեսը կանգնած եւ բուռն ծափահարութիւններով, «Պրաւօ» վանկարկումներով ճանապարհեց արուեստագէտը` յոյս ունենալով, որ յաջորդ հանդիպումը չ՛ուշանար:
Արա Մալիքեան ծնած է Լիբանան, սակայն երկար տարիներ ապրած եւ ստեղծագործած է Սպանիա: Անոր տաղանդը բացայայտուած է վաղ տարիքի` հակառակ այն հանգամանքին, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին երկար ժամանակ ստիպուած եղած է ապրելու եւ սորվելու ռմբապաստարաններու մէջ: Մալիքեանի առաջին մեծ նուագահանդէսը կայացած է 12 տարեկանին, իսկ երկու տարի ետք, խմբավար Հանս Հերպերթ Եորիսի միջնորդութեամբ, գերմանական կառավարութեան կողմէ կրթաթոշակ ստացած է` Հանովրի երաժշտութեան եւ թատրոնի բարձրագոյն դպրոցին մէջ սորվելու համար: Մալիքեան շարունակած է իր կրթութիւնը Լոնտոնի Կիլդտհոլի երաժշտութեան եւ տրամայի դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ դասեր առած` աշխարհահռչակ փրոֆեսէօրներէ: 2015-ին Մատրիտի Թագաւորական թատրոնի հետ համագործակցութեամբ, վերահրապարակած է իր ալպոմը` նուիրուած Սպանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատելու 15-ամեակին:
Մալիքեանի վերջին տարիներու մեծ շրջագայութիւններէն է «15»-ը, որ հանրութեան եւ քննադատներու շրջանակներու մէջ մեծ յաջողութիւն ունեցած է` աւելի քան 175 հազար հանդիսական եւ աւելի քան 150 համերգ:
Յաջորդ` «Ջութակի անհաւանական պատմութիւնը» ալպոմով, ան համաշխարհային շրջագայութեան մեկնած է այն ջութակով, որով նուագած է մոլորակի մեծագոյն քաղաքներու ամէնէն հեղինակաւոր բեմերուն եւ թատրոններուն` Լոնտոնի, Փարիզի, Հռոմի, Մոսկուայի, Պուէնոս Այրէսի, Մեքսիքօ Սիթիի, Լիմայի, Սանթիակօ տէ Չիլիի, Փեքինի, Հոնք Քոնկի, Պոլսոյ Պելկրատի, Պրատիսլաւայի, Մատրիտի, Լիզպոնի, Պերլինի մէջ:
2019-ին Մալիքեանի Royal Garage համաշխարհային շրջագայութիւնը մեկնարկել է համանուն ալպոմի հրապարակումով. ան համագործակցած է այնպիսի արուեստագէտներու հետ, ինչպիսիք են` Անտրես Քալամարոն, Էնրիքէ Պունպերին եւ Սերժ Թանկեանը:
Արա Մալիքեանի Petit Garage շրջագայութիւնն ալ համաճարակի եւ նախորդ շրջագայութեան արդիւնքը եղած է: Այն վերածուած է դաշնակի եւ ջութակի զգացմունքայնութեամբ լի շոուներու, որոնք տեղի ունեցած են փոքր դահլիճներու մէջ: Նուագահանդէսները անցած են մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, հետաքրքրական յոյզեր փոխանցած` հանդիսականին: Այդ համերգներով Մալիքեան ճանապարհորդած է աշխարհի տարածքին Տուպայի օփերայէն մինչեւ Մեքսիքայի Միչոական եւ Մատրիտի թագաւորական պալատ: Երեւանեան համերգը նախաձեռնած էր «թի. ԷՄ. փրոտաքշըն»-ը:
Երեւանի Պետական Համալսարանի Եւ Ucom Ընկերութեան Միջեւ Կնքուած Է Համագործակցութեան Յուշագիր
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը եւ Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, կարեւոր նկատելով գործընկերութեան ու համագործակցութեան դերը ուսանողներու կրթութեան եւ մասնագիտացման գործին մէջ, ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր:
Ըստ յուշագիրին, Երեւանի պետական համալսարանի կրթական ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման գործընթացներուն մէջ պիտի ներգրաւուին նաեւ Ucom ընկերութեան փորձառու աշխատակիցները: Անոնցմէ բացի` ընկերութիւնը պիտի կազմակերպէ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներու վարժանքներու աշխատանոց:
Երկու կառոյցները միասին պիտի կազմակերպեն եւ իրականացնեն բաց դասեր, սեմինարներ եւ քննարկումներ: Յուշագրով նախատեսուած է նաեւ, որ ընկերութիւնը, ըստ նպատակայարմարութեան եւ իր հայեցողութեամբ, քննութիւններով եւ հարցազրոյցներու իբրեւ արդիւնք` լաւագոյն ուսանողները պիտի ապահովէ աշխատանքով:
«Ես համոզուած եմ, որ այս յուշագիրը պիտի ընձեռնէ նոր կարելիութիւններ մեր ուսանողներուն համար, պիտի ամրապնդէ կապը ակադեմական եւ գործնական ոլորտներու միջեւ` ապահովելով առաւել բարենպաստ պայմաններ գիտելիքներու եւ մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման համար: Երեւանի պետական համալսարանը մնայուն կը ձգտի ապահովել ուսանողներուն բարձրորակ կրթութեամբ, եւ Ucom ընկերութեան հետ այս համագործակցութիւնը մեզի թոյլ կու տայ նորարարական լուծումներով եւ արհեստագիտութեամբ հարստացնել մեր կրթական ծրագիրները», նշեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան:
«Այսօր աշխարհին մէջ բոլորը գիտեն, թէ որեւէ ընկերութեան յաջողութիւնը կախեալ է աշխատակիցներէն, ներգրաւուած տաղանդներէն: Հայաստանի մէջ ալ շատ կարեւոր է աշխատիլը երիտասարդներուն հետ, պատրաստել անոնց հետագայ ասպարէզի կառուցումը: Մենք Ucom-ի մէջ հաւատացած ենք, որ պէտք է մեր ներդրումը ունենանք այսօրուան ուսանողներուն գործնական ապագային մէջ եւ անոր համար ալ ուրախ ենք հաստատելով այս համագործակցութիւնը Երեւանի պետական համալսարանին հետ», նշած է Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Կողմերը յոյս յայտնեցին, որ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ` ընձեռելով նոր կարելիութիւններ ու յաջողութիւններ ինչպէս ուսանողներու, այնպէս ալ երկու կառոյցներուն համար:
«Չարենցեան Ամառ» Ծրագիրը Կ՛ամրապնդէ Աշակերտ-Ուսուցիչ-Ընթերցանութիւն-Թանգարան Կապը. Մեկնարկը Ազդարարուած Է
Դպրոցականներու ամառնային հանգիստը կրթական-մշակութային-հետազօտական ժամանցով հարստացնելու, պատանի տարիքէն դէպի հետազօտութիւնը հետաքրքրութիւն յառաջացնելու, աշակերտ-ուսուցիչ-ամառ-ընթերցանութիւն-գրականութիւն-գիտութիւն-թանգարան կապը ամրապնդելու նպատակով Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը, համագործակցելով Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ, մեկնարկեց «Չարենցեան ամառ» կրթական մշակութային ծրագիրը:
Այս ծրագրին կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է` բացայայտելը Չարենցի կերպարը, անոր «օգնութեամբ» ծանօթանալ ժամանակի միւս մեծերու կեանքին յայտնի եւ անյայտ դրուագներուն, ստեղծագործական ժառանգութեան, նախատեսուած է 14-17 տարեկան դպրոցականներու համար:
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեան յունիս 7-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ նախորդ տարի ծրագրի մեկնարկը այլ ձեւաչափով տրուած է, բայց նկատի առնելով դրական արձագանգները` լրամշակուած տարբերակով կ՛իրականացնեն նաեւ 2024-ին եւ կը յուսան, որ անիկա շարունակական կ՛ըլլայ:
«Այս նախագիծին նպատակն է ամառնային հանգիստը ապահովել կրթական ժամանցով եւ հետաքրքրութիւն յառաջացնել հետազօտական, կրթական, գիտական աշխատանքի հանդէպ, ինչո՞ւ չէ` աջակցիլ դպրոցականներու մասնագիտական կրթութեան հարցին մէջ: Ընտրած ենք 14-17 տարեկան դպրոցականներ, որովհետեւ անոնք կանգնած են մասնագիտական կրթութեան ընտրութեան առաջ, իսկ ծրագիրը կրնայ անոնց օգնել», ըսաւ Մանուկեան:
«Չարենցեան ամառ» ծրագիրը բաղկացած է երեք փուլէ` հետազօտական աշխատանք, գիտաժողով, նիւթերու ժողովածուի հրատարակում: Գրական-մշակութային վերոնշեալ երկու կառոյցներուն կողմէ հաստատուած յանձնախումբը իւրաքանչիւր տարի ամրան պիտի յայտարարէ հետազօտական աշխատանքի խորագիր, որուն ծիրին մէջ գրականասէր-չարենցասէր պատանիները ուսուցիչներուն խորհրդատուութեամբ կ՛ուսումնասիրեն` Եղիշէ Չարենցի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, բանաստեղծի միջանձնային, ստեղծագործական կապերը ժամանակի գրողներու, արուեստագէտներու (հայ կամ օտար) հետ: Հետազօտական աշխատանքը աւարտելէ ետք յանձնախումբին կողմէ ընտրուած դիմումնագիրներուն հեղինակները կը մասնակցին Ուսուցիչի տօնի ծիրին մէջ կազմակերպուող գիտաժողովին: Լաւագոյն նիւթերը պիտի հրատարակուին: 2024 թուականի խորագիրն է` «Չարենցը եւ գիրքը»: Ծրագրին մասնակցելու համար պէտք է արձանագրուիլ` https://forms.gle/hMXLRknsCcbtPseu9 յղումով: Հետազօտական աշխատանքները ուղարկել` charents.museum@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին` մինչեւ 2024 թուականի սեպտեմբեր 20-ը (չափորոշիչները` կցուած): Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան (հեռ.` 010 53 14 12): Աւանդոյթի համաձայն, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը իւրաքանչիւր ծրագիր նախաձեռնելու ժամանակ կ`առաջնորդուի բանաստեղծին պատգամներով: Վերոնշեալ ծրագիրը անոր` «Մանուկ ընթերցողներու համագումարի» գաղափարին այլընտրանքային իրականացումն է:
Չարենցի տուն-թանգարանը մեծ գրողին 125-ամեակին մեկնարկած էր Չարենցի երկերու ժողովածուի ակադեմական հրատարակութիւնը: Արդէն հրատարակուած է առաջին հատորը, այժմ կ`իրականացուին երկրորդ հատորի հրատարակման աշխատանքները: Տուն-թանգարանը նաեւ նախատեսած է թարգմանել հեղինակին շարք մը ստեղծագործութիւնները, որովհետեւ թանգարանի առաքելութիւնն է հանրայնացնել Չարենցի անունը, եւ այդ գործին մէջ մեծ դեր կրնան խաղալ անոր թարգմանութիւնները: