Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 14, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մոլորակ, Որուն Երաժշտութիւնը Հասանելի Է Աշխարհին. Տիգրան Մանսուրեանի 85-Ամեակի Համերգ

Երաժիշտ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին նուիրուած համերգը հանդիսատեսի լայն շրջանակին կարելիութիւն տուաւ ունկնդրելու հեղինակին «Զուգահեռ երգեր», «Քաւարան», «Տարուայ եղանակներ» ստեղծագործութիւնները, որոնք բազմիցս հնչած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ միջազգային հարթակներու վրայ:

Համերգային երեկոն, որ «Կողբ» հիմնադրամը նախաձեռնած էր Մանսուրեանի անուան միջազգային երաժշտական մրցոյթի ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ փետրուար 4-ին, Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:

Երեկոյին երաժիշտին ակադեմական գործերը կատարեցին Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբն ու սիրուած մենակատարներ: Համերգը ղեկավարեց խմբավար, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռոպերթ Մլքէեանը:

«Կողբ» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան շնորհաւորեց մայսթրոն եւ երկար ու բեղուն գործունէութիւն մաղթեց անոր:

«Երբ սկսանք Մանսուրեանի անուան միջազգային մրցոյթը, մեզի յաճախ կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ տարբեր նախաձեռնութիւններու շարքին նախընտրեցինք եւ առաջնութիւն տուինք մրցոյթին, ձեռնարկներու շարքին: Այսպիսի հարցում մը կը վկայէ, որ մշակոյթը մեր իրականութեան մէջ պատշաճ կերպով արժեւորուած չէ. մշակոյթն ու մեր ինքնութիւնն են այն հենքը, որոնց հիման վրայ պէտք է շարունակենք ամրապնդել ու զարգացնել մեր պետութիւնն ու պետականութիւնը», ըսաւ Բարսեղեան:

Ան յիշեց Կոստան Զարեանին խօսքերը, թէ` հայերը երկու հսկայ աշխարհներու մշակութային արեւելքի եւ քաղաքակիրթ արեւմուտքի միջեւ ինչպէ՞ս կրնան իրականացնել իրենց պատմական առաքելութիւնը:

«Կը կարծենք` ոչ թէ պէտք է հակադրել արեւելքն ու արեւմուտքը, մշակոյթը կամ քաղաքակրթութիւնը, այլ` ճիշդ հակառակը. մենք պէտք է փորձենք համադրել զանոնք, այն, ինչ որ ըրած է Կոմիտաս, որուն երաժշտութիւնը լսելու ժամանակ կը դժուարանաս կողմնորոշուելու` արեւմտեա՞ն է, թէ՞ արեւելեան», ընդգծեց Արման Բարսեղեան եւ խոստովանեցաւ, որ նոյն հարցադրումը իր մօտ ծագած է, երբ ունկնդրած է Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը:

Ըստ Բարսեղեանի, Մանսուրեան Կոմիտասի գործի արժանի շարունակողն է, եւ խօսքը ոչ թէ փակ ու մեր մէջ պարփակուած մշակոյթի մասին է, այլ` աշխարհին բաց եւ աշխարհի արժանիներու հետ մրցակցող մշակոյթի մասին:

Տիգրան Մանսուրեան, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Բարսեղեանի խօսքին, բեմ բարձրացաւ բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ  եւ ըսաւ, որ  խորապէս զգացուած է ջերմ ընդունելութեան, իր երաժշտութեան նուիրուած համերգին ներկայութեան համար: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Կողբ» հիմնադրամին, որ ըրաւ ամէն բան, որպէսզի թէ՛ երաժիշտները, թէ՛ համերգասրահը աշխատին ի նպաստ այս երեկոյին: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բեմին վրայ հանդէս եկած երաժիշտներուն, որոնց կը ղեկավարէ իմ շատ լաւ բարեկամ, խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանը», նշեց մայսթրոն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մենակատարներուն` պարիթոն Գուրգէն Բաւէեանին, որ Գերմանիայէն յատուկ ժամանած էր համերգին մասնակցելու համար, երգչուհի Տաթեւիկ Մովսէսեանին, որ բազմիցս կատարած է Մանսուրեանի գործերը, դաշնակահար Արթուր Աւանեսովին եւ դերասան Տիգրան Գաբոյեանին, որ ներկայացուց այն բանաստեղծութիւնը, որուն հիման վրայ Մանսուրեան երաժշտութիւնը ստեղծագործեց:

Կազմակերպիչները ընդգծեցին, որ Տիգրան Մանսուրեան մոլորակ մըն է, որուն երաժշտութիւնը հասանելի է աշխարհին, պահանջուած եւ գնահատուած է, երաժշտութիւն, որուն հիմքը` հայկականութիւնը, երաժշտական կառուցուածքը եւ հայ խօսքն է:

Յոբելենական համերգէն բացի` «Կողբ» հիմնադրամին ջանքերով Երեւանի մեթրոյին «Երիտասարդական» կայարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին նուիրուած  նկարազարդումներով ցուցահանդէսին` հիմնուած երաժիշտին հեղինակային բնագիրներուն վրայ: Հաղորդենք, որ ցուցադրութիւնը բաց պիտի մնայ մէկ ամիս:

Մինչ այդ ալ «Հայփոստ»-ը հրապարակած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է «Մեծանուն հայեր. Մանսուրեան միջազգային մրցոյթ» թեմային նուիրուած նամականիշը:

Գագիկ Գինոսեանին Հրաժեշտ Տուին Ծափողջոյններով Եւ «Եարխուշտա» Ազգային Պարով

Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ եւ անոր առջեւ հազարաւոր մարդիկ վերջին հրաժեշտը տուին կեանքէն անժամանակ հեռացած «Կարին» ազգագրական երգի ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեանին:

Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախկին նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Գինոսեան ամբողջանուէր հայ մարդ էր, որուն համար հայրենիքն ու պետութիւնը, Հայաստանն ու հայութիւնը, Սիփանն ու Խուստուփը մէկ ամբողջութիւն էին` անբաժան ու անբեկանելի: «Ան իր կեանքը նուիրեց մեր հայրենիքին, անոր պաշտպանութեան, հանրակրթութեան, մշակոյթին եւ ամէնօրեայ պայքարով փաստօրէն, իբրեւ Մեծն Նժդեհի յետնորդ, իբրեւ ազգի եւ հողի միասնութեան ջատագով ու ռահվիրայ, օրինակ դարձաւ մեծին ու փոքրին, յատկապէս` նոր սերունդին: Կեանքը շարունակողներս արժանի ըլլանք Մեծն Գագիկի յիշատակին, որուն համար հերոս բառը շատ ընտրովի եւ մասնակի կը հնչէր, մարդ, որուն կեանքը հայրենիքին հետ էր, անոր մէջ եւ անոր համար», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Հազարաւոր հայրենակիցներու մէջ էր նաեւ ակադեմիկոս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը: Ան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Գինոսեան այն տեսակն էր, որ այսօր առաւել քան երբեւէ, պէտք է մեզի:

«Գինոսեան կը վարէր ռատիոհաղորդաշար շատ հետաքրքրական վերնագրով` «Հայու տեսակ»: Թէեւ կը խօսէր ուրիշներու մասին, բայց ինքն ալ ճիշդ այդ տեսակը կը մարմնաւորէր: Վստահաբար կրնանք ըսել, որ այսօր ինկաւ հայոց կաղնիներէն մէկը, որովհետեւ այսքան հանրային ճանաչում ունեցող, այսքան ազգային նկարագրով մարդ կեանքի մէջ շատ քիչ կը տեսնենք: Գագիկ Գինոսեան իսկապէս եզակի երեւոյթ էր: Անոր հետ ունիմ քսանհինգ տարուան մտերմութիւն: Ո՛ւր ըսէք` հանդիպած ենք` Լոս Անճելըսէն մինչեւ Եւրոպա, Ռուսիոյ զանազան քաղաքներու եւ, ի հարկէ, Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Չեմ պատկերացներ այդ տեսակի մէջ տեղաւորուող հայ մարդ մը, որ չի ճանչնար Գինոսեանը: Մի՞թէ մարդ կրնար միս եւ արիւն ըլլալով` այդքան հայկականութիւն պարունակել իր մէջ, այդքան պաշտել Հայրիկ Մուրատեան, Լէոնիդ Ազգալդեան եւ, վերջապէս, Գարեգին Նժդեհ: Ձեռքին տակ ունէր Նժդեհին վերաբերող քանի մը գիրքեր, որոնց էջերը արդէն քրքրուած էին, ան անգիր գիտէր բազմաթիւ թեւաւոր խօսքեր Նժդեհէն: Այս ծանր պահին կը տեսնեմ միայն մէկ մխիթարութիւն: Հետեւորդներու, իր ստեղծած դպրոցի սաներուն ահռելի բանակը, որուն մէջ գերակշռող են երիտասարդները, վերստին պիտի ծլարձակէ` իբրեւ գինոսեանական տեսակ», ըսաւ Մելքոնեան:

Առաւել յուզիչ էր այն  պահը, երբ վաստակաշատ արուեստագէտին դիակը դուրս բերին. անոր սաները աննկարագրելի ոգեւորութեամբ պարեցին «Եարխուշտա» ազգային պարը: Հազարաւոր մարդիկ ծափողջոյններով ճանապարհեցին Գագիկ Գինոսեանը, իրենց որակմամբ` Հայոց պարի սպարապետին, որուն մարմինը ամփոփուեցաւ Եռաբլուր պանթէոնին մէջ, իր զինակից ընկերներուն կողքին:

«Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ եւս ազգային պարերով յուղարկաւորեցին «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիրը եւ գեղարուեստական ղեկավարը, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչն ու արցախեան պատերազմի մասնակից Գագիկ Գինոսեանը:

Վահան Տէրեանի Ծննդեան 139-Ամեակին Առիթով Երեւանի Մէջ Կազմակերպուեցաւ Խնկարկման Արարողութիւն

Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին` հայոց մեծերու պանթէոնին մէջ փետրուար 9-ին տեղի ունեցաւ Վահան Տէրեանի ծննդեան 139-ամեակին նուիրուած խնկարկման արարողութիւն` «Տէրեանի հետ» խորագրով:

Արդէն աւանդական դարձած ձեռնարկին մասնակիցները նախ ծաղիկներ խոնարհեցին մեծ բանաստեղծին շիրմաքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր:

Ձեռնարկի համակազմակերպիչ, «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց Տէրեանի հայրենանուէր հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ ան բաւականին բարձր պաշտօն զբաղեցնելով  Խորհրդային Ռուսիոյ մէջ` մեծ ջանքեր գործադրեց հայանպաստ որոշման նախագիծներու մշակման եւ որոշումներու կայացման համար:

Ըստ բանախօսին,  բանաստեղծը մեծ հիասթափութիւն ապրեցաւ  Արեւմտեան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ պոլշեւիկեան իշխանութեան վարած քաղաքականութենէն եւ որոշեց հեռանալ կուսակցութենէն ու Ռուսիայէն, սակայն ճանապարհին մահացաւ:

«Տէրեան` իբրեւ խոհեմ մարդ, շատ մեծ գործ կատարած է հայ-վրացական բարեկամութիւն հաստատելու առումով: Ան սորված է վրացերէն եւ հայերէն թարգմանել  վրացի մեծ բանաստեղծ Շոթա Ռուսթաւելիի հանրայայտ «Ընձենաւորը» բանաստեղծութեան նախերգանքը, որ հսկայական նշանակութիւն ունեցած է հայ-վրացական մշակութային կապերու ամրապնդման համար», յայտնեց Թորոսեան` համոզուելով, որ հայ-վրացական փոխադարձ թարգմանութիւններու նախատիպը եղած է ճիշդ այդ նախերգանքին թարգմանութիւնը:

«Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահի դիտարկմամբ` Տէրեան այն համարձակ ու ոգեղէն կերպարն էր, որ Թումանեանի ու Իսահակեանի ժամանակաշրջանին կրցաւ ըսել իր նոր ու ինքնատիպ խօսքը` բարձր գնահատուելով անոնց կողմէ:

«Տէրեանի բանաստեղծութեան հենքին վրայ հայ բանաստեղծութեան տաղաչափութեան նոր կանոններ յառաջացան: Ան ջարդուփշուր ըրաւ դասական տաղաչափութիւնը եւ նոր կանոններ դրաւ», նշեց Թորոսեան:

Անդրադառնալով ժամանակակից սերունդի համար մեծ բանաստեղծի արդիականութեան`  ան նշեց, որ անկարելի է պատկերացնել սիրոյ գեղեցիկ զգացողութիւնը` առանց Տէրեանի բանաստեղծութեան, որ կը լեցնէ հիասթափութեան դատարկութիւնը եւ կը բազմապատկէ սէրը:

Ձեռնարկին մասնակիցները ասմունքեցին  նաեւ բանաստեղծին սիրուած գործերէն, ինչպէս նաեւ հնչեցին երգեր` ստեղծուած անոր բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ:

Հանդիսութեան ներկայ էին`  Հայաստանի Գրողներու միութեան, մշակոյթի եւ արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ բանաստեղծութեան սիրահարներ:

Ինչպէս 1600-Ամեայ Այբուբենը Ձեւաւորեց Հայկական Ինքնութիւնը. «Պի.Պի.Սի.Թրեւըլ»-ի Յօդուածը` Հայոց Այբուբենին Մասին

«Պի.Պի.Սի. Թրեւըլ»-ը յօդուած հրապարակած է հայոց այբուբենի մասին: «Ինչպէս 1600-ամեայ այբուբենը ձեւաւորեց հայ ինքնութիւնը» վերնագիրով յօդուածին հեղինակ Սուկատօ Մուքերճին ներկայացուցած է, որ հայոց այբուբենը սոսկ գրային համակարգ չէ. անիկա նաեւ թուային համակարգ է, որ կ՛օգտագործուի մաթեմատիքական հաշուարկներու եւ օրացուցային տարեթիւերու գրանցման համար, ինչպէս նաեւ ազգային հպարտութեան առարկայ է:

Յօդուածին մէջ լրագրողը կիսուած է նաեւ իր տպաւորութիւններով, զորս ստացած է հայոց այբուբենի յուշարձան եւ Մատենադարան կատարած այցելութիւններուն ընթացքին:

«Ես գիտէի, որ հայկական տառերու գեղագիտական ձեւերը, ժողովրդական արուեստին եւ գեղագրութեան մէջ անոնց երկարատեւ օգտագործման շնորհիւ, ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակներուն մէջ, բայց գաղափար չունէի, որ տառերու նրբագեղ, գեղարուեստական նկարները նոյնպէս օժտուած են գաղտնի քոտերով, գաղտնագրութեամբ եւ թաքնուած յատկութիւններով:

Բոլոր 36 տառերը ո՛չ միայն այբուբենի մաս կը կազմեն, այլեւ ունին նշանակուած թուային արժէք` կախեալ այբուբենի իրենց կարգէն: Երբ դասաւորուին չորս սիւնակներու եւ ինը շարքերու մէջ, իւրաքանչիւր սիւնակի տառերը համապատասխանաբար կը ներկայացնեն թիւեր` միաւոր, տասնաւոր, հարիւրաւոր եւ հազարաւոր», գրած է Մուքերճին:

 

 

 

 

Նախորդը

«Գոմէշը» Գործի Հեղինակ Հրանտ Մաթեւոսեանի Կենսագրականը

Յաջորդը

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ին Առաջին Հանդիպումը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?