Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 21, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Կազմակերպութեամբ Կայացաւ «Ապրելու Ձայնը» Գրական Հանդիպումը

Փետրուար 18-ին, Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրուան նախօրէին, Համազգայինի Արցախի գրասենեակը կազմակերպեց ջերմ հանդիպում Արցախի գրական ընտանիքի անդամներուն հետ:

Նախաձեռնութիւնը կայացաւ «Թումանեանս Art» սրճարանին մէջ, որ ամիսներ առաջ նոյն անունով կը գործէր Ստեփանակերտի մէջ, իսկ այժմ վերաբացուած է` Երեւան: Գրողները եկած էին իրենց նոր ստեղծագործութիւններով ու գիրքերով` ընթերցելու, զրուցելու եւ գիրքեր նուիրելու:

Հանդիպումը բացուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով: Ան, իբրեւ յարգանքի տուրք, առաջին ընթերցումը կատարեց Արցախի շնորհալի գրող, նահատակ ազատամարտիկ Հայասէր Յովսէփեանի ստեղծագործութիւններէն:

Խօսք արտասանեց նաեւ Արցախի գրողներու միութեան նախագահ, այժմ` Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Նորեկ Գասպարեանը եւս: Այնուհետեւ հանդիպման ներկայ գրողները ընթերցեցին իրենց ստեղծագործութիւնները: Արցախի գրողներէն իրենց բանաստեղծութիւնները կարդացին Վիթալի Պետրոսեանը, Նորեկ Գասպարեանը, Սոնա Համբարձումեանը, Սերգէյ Սաֆարեանը, Ալիսա Պաղտասարեանը, Արմէն Աւոն, Զարինէ Սառաջեանը, Տաթեւ Սողոմոնեանը, Նանար Պօղոսեանը: Ներկաները նուէր ստացան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակած գիրքերէն:

Հանդիպման ներկայ, սիրուած գրող Խաչիկ Մանուկեան իր գիրքերէն նոյնպէս նուիրեց Արցախի գրողներուն` նշելով, որ սիրով կը սպասէ յաջորդ գրական հանդիպումին: Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հ. Աւագեան շեշտեց, որ նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ` կազմակերպելով թէ՛ գրական, թէ՛ մշակութային հանդիպումներ: Ան նշեց, որ այս հանդիպման համար համագործակցած են Արցախի Գրողներու միութեան վարչութեան հետ:

«Այս նախաձեռնութիւնը ապրելու մասին է: Այս` Արցախի մէջ ապրող ու ստեղծագործող մարդու ապրելու ձայնն է, գրականութեան ու մշակոյթի լեզուով: Մենք հիմա Մայր Հայաստանի մէջ ենք, կորսնցուցած ենք մեր ծննդավայրը, բայց այո՛ կ՛ըսենք ապրելուն: Պիտի շարունակենք արարել, ձեռք ձեռքի տալ, որպէսզի երբեք չկորսնցնենք վերադարձի նպատակը», նշեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատուն:

Նշենք, որ հանդիպումը հարստացաւ երաժշտանոցի մէջ ուսանող արցախցի երեխաներու գեղեցիկ կատարումներով:

«Փետրուարեան Ապստամբութեան 103-Ամեակը Յիշարժան Եւ Պարտաւորեցնող Է». ՀՅԴ Շիրակի Եւ Գառնիի Կառոյցներուն Անդամակցեցան Շարք Մը Նորագիրներ

«Այս օրը ոչ միայն յիշարժան եւ պարտաւորեցնող է, այլ նաեւ շրջադարձային պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ: Անդամակցելով ՀՅԴ-ի կեդրոն մեծ եւ աշխարհասփիւռ ընտանիքին` դուք կը սկսիք կեանքի նոր ուղի, դժուարին, վերիվայրումներով ու փորձութիւններով լի ճանապարհ: Համոզուած եմ` պատուով պիտի անցնիք հոնկէ, ինչպէս անցած են ձեր նախորդները, մեր ազգային մեծ գործիչները, որոնց նմանիլ պէտք է ձգտինք ամէն օր»:  ՀՅԴ «Շիրակ» մարզային կոմիտէութեան գրասենեակին մէջ փետրուար 18-ին տեղի ունեցած երդման արարողութեան այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ «Շիրակ»-ի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր եւ նորագիրներու կնքահայր` Մհեր Մելքոնեան:

Արարողութեան մասնակիցներուն օրուան խորհուրդը փոխանցեց եւ նորագիրներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ ՀՅԴ «Շիրակ» մարզային կոմիտէի նախագահ Յովսէփ Սիմոնեան, որ ըսաւ.  «Պէտք է խմորի հունցը ըլլանք, հացը դառնանք ժողովուրդին, որ մեր հայրենիքը յաւերժ ապրի»: Ապա շուրջ 20 նորագիրներ տուին իրենց երդումը եւ համալրեցին ՀՅԴ-ի շարքերը:

Նոյն օրը Գառնիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շուրջ 20 նորագիրներ եւս դաշնակցականի երդում տալով` համալրեցին ՀՅԴ «Արարատ» մարզային կառոյցի շարքերը: Օրը խորհրդանշական էր` Փետրուարեան հակապոլշեւիկեան ապստամբութեան 103-ամեակի յիշատակութեամբ: Խորհրդանշական է նաեւ երդման արարողութեան համար ընտրուած վայրը` խմբապետ Մակեդոնի շիրիմին: Վերջինս Փետրուարեան ապստամբութեան 21 զոհերէն մէկն էր, որոնց պոլշեւիկները կացնահարեցին Երեւանի բանտին մէջ: «Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակներ, որ շատ մը պարագաներու այսօրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը կը նոյնանայ պոլշեւիկեան իշխանութեան հետ: Պատուաբեր ու պարտաւորեցնող է, երբ շատ մը հայրենակիցներ լաւ գիտակցելով, որ մեր օրերուն դաշնակցական ըլլալը համեմատական է` հալածանքի, բանտարկութեան եւ բազմաթիւ այլ զրկանքներու, կու գան եւ կը զինուորագրուին Դաշնակցութեան ծանր գործին», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան: Ան ողջունեց բոլոր նորագիրները, որոնք ծանր իրավիճակի մէջ որոշեցին անդամագրուիլ Դաշնակցութեան:

Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ Հայ դատի մարտիկ Համբիկ Սասունեան: «Դաշնակցական ըլլալը դիւրին բան չէ: Մենք ունինք շատ մը թշնամիներ` համայնավարներ, թուրքեր, ազրպէյճանցիներ, դաւաճաններու երկար շարք մը: Բոլորին կողմէ հալածուած ենք, բայց ոչ մէկ կուսակցութիւն, կազմակերպութիւն ինքզինք կրնայ բաղդատել մեզի հետ», շեշտեց ան: Թուարկելով ականաւոր դաշնակցականներու շարքը` Սասունեան ընդգծեց, որ ոչ մէկը ունի նման մեծութիւններ: Այլ խօսքով` Դաշնակցութիւնը քննադատողները շատ են, բայց ոչ ոք կրնայ չափուիլ Դաշնակցութեան հետ, երբ հերթը ծառայութեան հասնի:

Երդման կնքահայրը  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան ըսաւ. «Հայրենիքի համար պայքարիլը պատիւի գործ է: Հայրենիքի համար զինուոր ըլլալը` պատիւի գործ է»: Անոր  համոզումով` թշնամիին հիմնական վախը Դաշնակցութիւնն է: «Դաշնակցութիւնն է, որ այս կրակը վառ կը պահէ ժողովուրդին մէջ: Այս դժուարին օրերուն` Արցախի կորուստէն ետք, մէջքերը ուղղելու աւելի լաւ օրինակ չկայ բոլորին ցոյց տալու համար, որ մե՛նք ենք անոր ջահակիրը: Մենք այն խմորի հունցը պիտի ըլլանք, որ կարողանանք ուժեղացնել, հացը դառնալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի մեր հայրենիքը յաւերժ ապրի»:

Երդման արարողութենէն ետք, կուսակցութեան անդամները այցելեցին Գառնիի ազատամարտիկներու պանթէոն, խունկ վառեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներու շիրիմներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ Կայացաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 2023 Թուականի 43/1 Եւ 43/2 Հատորներու Շնորհահանդէսը

Փետրուար 16-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» պարբերականին 2023 թուականի 43/1 եւ 43/2 հատորներու շնորհահանդէսը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ, որ ուրախ է «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» պարբերականի շնորհահանդէսի մասնակիցները հիւրընկալելուն համար: Ան ընդգծեց, թէ` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը, որ կը միաւորէ սփիւռքի եւ Հայաստանի գիտական ներուժը, հայագիտութեան ոլորտին մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունի:

Շնորհահանդէսին խօսքերով արտասանեցին «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանը, Մատենադարանի գիտական գծով փոխտնօրէն Վահէ Թորոսեանը:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան նշեց, որ հանդէսի երկու թիւերուն մէջ ներկայացուած են 50-է աւելի յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին հայագիտութեան տարբեր բնագաւառներու` պատմութիւն, բանահիւսութիւն, կրօն, հասարակագիտութիւն, լեզուաբանութիւն եւ այլն:

Վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան իր կարգին նշեց, որ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը իւրատեսակ կամուրջ է Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ, եւ ուրախ է, որ Երեւանի մէջ եւս տեղի ունեցաւ հատորներուն շնորհահանդէսը: Ան դիտել տուաւ, որ մինչեւ Արցախի հայաթափումը կարելի եղած է 2 անգամ Արցախի մէջ եւս  շնորհահանդէսներ կազմակերպել:

Մատենադարանի գիտական գծով փոխտնօրէն Վահէ Թորոսեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հանդէսները Հայաստանի մէջ ներկայացնելու գաղափարը:

Հայերէնով Լոյս Տեսան Իրանցի Մեծ Բանաստեղծ Հաֆեզի Գազելներն Ու Քառեակները

Բնագրային թարգմանութեամբ հայ ընթերցողին սեղանին դրուեցաւ պարսկական գրականութեան երեւելիներէն մէկուն` բանաստեղծ Հաֆեզի գազելներու եւ քառեակներու ժողովածուն, որ լոյս տեսաւ «Զանգակ» հրատարակչատան կողմէ, ՃորՃ Աբրահամեանի բնագրային թարգմանութեամբ եւ Տիգրան Գրիգորեանի խմբագրութեամբ: Շնորհահանդէսը կայացաւ Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ: Ներկայ գտնուեցան Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին, իրանագէտներ ու հաֆեզասէրներ:

292 գազելէ եւ 16 քառեակէ բաղկացած ժողովածուն կը կարդացուի մէկ շունչով, ընթերցողը կը մղէ արեւելեան բանաստեղծութիւնը վայելել իր բոլոր գոյներով: Հաֆեզի գիրքերը Իրանի մէջ ամէնէն կարդացուողներն ու վերահրատարակուողներն են: Ընդ որուն, Ղուրանէն ետք անիկա ամէնէն շատ հրատարակուած եւ կարդացուած գիրքն է:

Իրանագէտ, թարգմանիչ Ճորճ Աբրահամեան Հաֆեզի բանաստեղծութիւնը հայերէնի թարգմանած է մէկ տարուան ընթացքին: Ան ըսաւ, որ իրեն համար մեծ պատասխանատուութիւն ու համարձակութիւն եղած է Հաֆեզ թարգմանելը. «Հաֆեզ, ըլլալով 14-րդ դարու բանաստեղծ, զգալի ազդեցութիւն ձգած է ամբողջ պարսկական մշակոյթին վրայ եւ կը շարունակէ մնալ ամէնէն ընթերցուածներէն ու ընթերցուողներէն մէկը: Հաֆեզ այն գրողն է, որ, իսլամ ըլլալով հանդերձ, իր բանաստեղծութիւններուն մէջ ամէնէն շատը անդրադարձած է Յիսուս Քրիստոսի: Պարսկական բանաստեղծութիւնը ունի քանի մը գագաթներ, ինչպէս` Ռումին, Սաադին, Ֆիրտուսին եւ ուրիշներ, որոնք շատ սիրուած են: Այդ գագաթներէն մէկը Հաֆեզն է: Ան միւս  բանաստեղծներէն կը տարբերի անով, որ չափազանց մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ»:

Ճորճ Աբրահամեան ուսումնասիրած է նաեւ Հաֆեզին վերաբերող մասնագիտական գրականութիւն, փորձած է հեղինակը ներկայացնել իր բոլոր առանձնայատկութիւններով: Աբրահամեան ըսաւ, որ յաճախ լեզուական որոշ խոչընդոտներու դէմ յանդիման գտնուած է: Եղած են նոյնիսկ քառեակներ, որոնց թարգմանութիւնը տեւած է քանի մը օրեր, եւ այդ աշխատանքը իրմէ մեծ ներուժ խլած է:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը տպաւորուած է Հաֆեզի հայերէն հրատարակութեամբ: Դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտնեց, որ գիրքէն 100 օրինակ գնած է, որպէսզի իր հայ գործընկերներուն, ընկերներուն եւ հարազատներուն նուիրէ: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հայ-իրանեան յարաբերութիւնները ձեւաւորուած են նաեւ մշակութային երկխօսութեան, համընդհանուր արժէքներու շնորհիւ, եւ որ Հաֆեզի այս հրատարակութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն կը հանդիսանայ անգամ մը եւս ընդգծելու երկու երկիրներուն բարեկամական յարաբերութիւնները եւ մշակութային կապերը: «Ուրախ եմ, որ գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ: Ասիկա մեզի համար խորհրդանշական վայր մըն է: Հաֆեզի գազելներն ու քառեակները թարգմանուած են շատ մը երկիրներու մէջ: Հաֆեզ գրած է սիրոյ, խաղաղութեան, արդարութեան մասին, եւ այդ բոլորը հարկաւոր են տարբեր ժողովուրդներու մերձեցման համար: Ուրախ եմ, որ Հաֆեզը հասանելի է նաեւ հայ ընթերցողին», շեշտեց դեսպանը:

«Զանգակ» հրատարակչութեան թարգմանական բաժինի պատասխանատու խմբագիր Յասմիկ Եղիազարեան նշեց, որ «Զանգակ»-ը առաջին անգամն է, որ կ՛անդրադառնայ պարսիկ հեղինակի: Շատ մը հրատարակչատուներու համար վաճառքի տեսանկիւնէն վտանգաւոր է բանաստեղծութիւն թարգմանելը եւ հրատարակելը: Բայց եւ այնպէս գիրքի վաճառքի ցուցանիշներէն գոհ են: Երկու ամսուան ընթացքին արդէն վաճառուած է տպաքանակին մեծ մասը. «Կը պատրաստուինք վերահրատարակելու զայն: Գիտէք, գործ ունինք իրանական գրականութեան երեւելիներէն մէկուն` Հաֆեզին հետ, իսկ անոր գազելներն ու քառեակները հայերէն հրատարակելու նախաձեռնութիւնը թելադրուած է անով, որ մենք պատմականօրէն կապուած ենք իրանական մշակոյթին հետ, բան մը, զոր շատ յաճախ կը մոռնանք, ուստի որոշեցինք այդ կամուրջը դառնալ եւ մարդոց յիշեցնել այդ մասին»:

«Ծիլ» Մրցումին Մասնակից Լուսանկարիչները Վաւերագրեցին Արցախի Մէջ Ապրած Վերջին Օրերը Եւ Գաղթի Ճամբան

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ կայացաւ «Ծիլ 2023» գրական-ստեղծագործական մրցումի ամփոփումը: Այս տարուան մրցումը, բացի ստեղծագործական եւ գրական ուղղուածութենէն, ունեցաւ նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն, ներառելով` «2023 թուականի սեպտեմբերը Արցախի մէջ. ականատեսի աչքերով» կամ «2023 թուականի սեպտեմբերը Մայր Հայաստանի մէջ. ականատեսի աչքերով» նիւթը: «Կամք» եւ «Յառնում» վերնագիրներու ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր անով, թէ այդ իրադարձութիւններէն ո՞ր մէկուն անձամբ ականատես եղած է մասնակիցը:

«Լուսանկար» անուանակարգին մէջ ցուցադրուեցան ամէնէն բարձր նիշեր հաւաքած աշխատանքները, որոնք վաւերագրած էին Արցախի մէջ վերջին օրերը եւ գաղթի ճամբան: Ձեռնարկին հիւրերը կարելիութիւն ունեցան տեղւոյն վրայ քուէարկելու լաւագոյն լուսանկարի օգուտին, եւ յաղթող մասնակիցը ստացաւ յաւելեալ դրամական պարգեւ: Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան ժամանակակից գրողներ, բեմադրիչներ, լուսանկարիչներ, պատկառելի կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Անոր տարածման աջակցեցան Հայաստանի գրողներու միութիւնը, «Մարզերու երեխաները` մարզերու մէջ» կառոյցը, գրադարաններ, թանգարաններ:

Տեղեկացնենք, որ յաղթողները ստացան դրամական պարգեւներ` «Ամրոց» հիմնադրամին կողմէ, որ ի թիւս «Ծիլ» ծրագիրին` կը մեկնարկէ, կը ֆինանսաւորէ եւ կը համաֆինանսաւորէ ազգային արժէքներու պահպանման բազմաթիւ ծրագիրներ:

Հայկազ Յակոբջանեանի «Պադուալի Վաղոն» Հերոսական Իրապատում Վիպակի Ներկայացում

Գիւմրիի «Մտորումներու թատրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազ Յակոբջանեանի «Պադուալի Վաղոն» հերոսական իրապատում վիպակին ներկայացումը:

Հայդուկ, հայրենիքի համար նահատակուած Աւետիս Ղարիպեանի` Պադուալի Վաղոյի հերոսական ուղիին նուիրուած վիպակը լոյս տեսած է 1996 թուականին, Պէյրութ:

Ներկայացման բեմադրութիւնը, նկարչական ու երաժշտական ձեւաւորումները կատարած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս  Յովհաննիսեան, իսկ գլխաւոր դերակատարութիւնը` Դաւիթ Մարդոյեան:

Աւետիս Ղարիպեան-պադուալի Վաղոն (1866-1904) ծնած եւ ապրած է Գիւմրի: Տունը, ուր` ծնած եւ ապրած է, Տէրեան փողոցին մէջ տակաւին կանգուն է: Ղարիպեան կազմակերպած է խումբեր, որոնք զինած եւ ուղարկած է թուրքերուն դէմ կռուելու: Ըստ վկայութիւններու, 1904 թուականի ամրան ինքն ալ մեկնած է թուրքերուն դէմ կռուելու եւ` նահատակուած:

«Ժամանակն էր այս նիւթը հանրութեան ներկայացնելու: Շատ այժմէական է` այսօրուան ու մեր մասին է: Կը կարդաս տարիներ առաջ գրուած այս գործը ու կը զարմանաս` ամբողջովին մեր օրերու կրկնութիւնն է: Պադուալի Վաղոն իրական կերպար է:  Այս  գործը մեր հերոսները յիշելու, միաւորուելու եւ պայքարի կանչ է», նշեց Յովհաննէս Յովհաննիսեան:

Այս անգամ «Մտորումներու թատրոն»-ին մէջ, նոյն հարթակին վրայ տարբեր սերունդներ են` փորձառու դերասաններն ու թատրոնի սաները: Բեմական ու բեմագրային նամակները խոր էր, իսկ դերասանական խաղը` դիպուկ:

 

 

 

 

Նախորդը

Նահատակութենէն Ութսուն Տարի Ետք. Միսաք Մանուշեանի Աճիւնները Կ՛ամփոփուին Փարիզի Պանթէոնին Մէջ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Նահանջ Լեզուի, Գիրքի… Ու Կամքի (Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?