Մահացաւ Պարոյր Սեւակի Որդին`
Գրականագէտ Արմէն Ղազարեանը
Երեւանի պետական համալսարանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական համակարգը ծանր կորուստ ունեցան: 27 ապրիլ 2024-ին մահացաւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան պատմութեան եւ գրաքննադատութեան ամպիոնի երկարամեայ դասախօս Արմէն Պարոյրի Ղազարեանը:
Ծնած է 1958-ին, Մոսկուա, հայ նշանաւոր բանաստեղծ եւ գրականագէտ Պարոյր Սեւակի եւ թարգմանչուհի Նելլի Մենաղարաշվիլիի ընտանիքին մէջ: 1975-1980 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին մէջ: 1983-ին աւարտած է ասպիրանտուրան եւ լծուած` դասախօսական աշխատանքի: Մինչեւ 2023 թուական հայ նորագոյն գրականութիւն դասաւանդած է հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ: 1990-ին պաշտպանած է ատենախօսութիւն «Դ. Դեմիրճեանի պատմագեղարուեստական ստեղծագործութիւնը» թեմայով եւ ստացած` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:
Ա. Ղազարեանը հեղինակ է Դ. Դեմիրճեանի, Վ. Դաւթեանի, Պ. Սեւակի ստեղծագործութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ յօդուածներու: Կազմած եւ հրատարակած է Պարոյր Սեւակի անտիպ երկերը ամփոփող շարք մը ժողովածուներ:
1990-ական թուականներէն Արմէն Ղազարեան կրթական, գիտական եւ կազմակերպչական ղեկավարի աշխատանք կատարած է նաեւ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան կրթահամալիրի ակադեմիային մէջ: Ոստիկանութեան գնդապետ էր:
Արմէն Ղազարեան Պարոյր Սեւակի տոհմի պահապանն ու շարունակողն է:
Մահացաւ Ազգային–Յեղափոխական
Երգերու Մեկնաբան Սահակ Սահակեանը
Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, 73 տարեկանին մահացաւ մեծանուն մտաւորական, հայ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական կատարող եւ մեկնաբան, հայոց ազատամարտի երգիչ Սահակ Սահակեանը:
Սահակ Սահակեանը կազմած եւ հրատարակած է հայոց ազատամարտի երգերու ժողովածու` կից մեկնաբանութիւններով: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անդամագրուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Անոր ազատաշունչ երգերով հայ կամաւորական ջոկատները յաղթանակներ տարին արցախեան գոյապայքարի ընթացքին:
Մահացաւ Ականաւոր Պատմաբան
Փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեանը
Հայկական գիտական աշխարհը ունեցաւ ծանր կորուստ մը, կեանքէն հեռացաւ ականաւոր գիտնական, հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեանը, որ միեւնոյն ժամանակ գործունէութիւն կը ծաւալէր` որպէս հասարակական գործիչ:
Նիքոլայ Յովհաննիսեանի մահը հաղորդուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեամբ:
Փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ էր: 1995-2006 թուականներուն ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէնը եղած էր: Ան հայ ժամանակակից արաբագիտական պատմագիտական դպրոցի հիմնադիրը կը համարուէր: Պատմական գիտութիւններու դոկտոր էր: Հեղինակած էր բազմաթիւ կարեւոր գիրքեր, նաեւ ստորագրած էր կարեւոր գիտական յօդուածներ` տասնամեակներու տեւողութեան հասցուցած սերունդներուն առընթեր: