Այցելութիւն Հերոսի Ընտանիքին
Սեպտեմբեր 21-ին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ, արցախեան ազատամարտի մասնակից Պետրոս Մեղրեանի հետ, այցելած է հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին հակառակորդի գնդակէն զոհուած 40-ամեայ զինուորական ծառայող Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքին: Հերոսի ընտանիքին այցելութեան օրը պատահականօրէն չէր ընտրուած. Հայաստանի անկախութեան օրն էր, որ ձեռք բերուած է պայքարի, արեան եւ հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան շնորհիւ:...


















