Սեպտեմբեր 21-ին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ, արցախեան ազատամարտի մասնակից Պետրոս Մեղրեանի հետ, այցելած է հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին հակառակորդի գնդակէն զոհուած 40-ամեայ զինուորական ծառայող Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքին:
Հերոսի ընտանիքին այցելութեան օրը պատահականօրէն չէր ընտրուած. Հայաստանի անկախութեան օրն էր, որ ձեռք բերուած է պայքարի, արեան եւ հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան շնորհիւ: Այդ ձեռք բերուած անկախութեան պահպանման համար իր կեանքը նուիրաբերած էր նաեւ Հայկ Դեւոյեանը, որ երկու որդիներու եւ երեք դուստրերու հայր էր:
«Ո՛չ մէկ նահատակ զինուորի ընտանիք կարիքաւոր պէտք է մնայ» կարգախօսով սփիւռքի հայորդիներ իրենց նուիրատուութիւններով (4600 տոլար) Հայաստանի Նորաշէն գիւղ ուղարկած էին «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանը:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը եւս չէր կրնար աջակից չըլլալ եւ իր ուշադրութիւն չդարձնել Հայկին բազմազաւակ ընտանիքին, որուն ամենակրտսերը չորս տարեկան Արմանն է:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամ Դիանա Յովսէփեան նշեցին, որ ՀՕՄ-ը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ եղած է հայ զինուորին կողքին:
Այցելուները իրենց երախտագիտութեան խօսքը յայտնեցին հերոսին ընտանիքին: