Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ
Սէյրան Օհանեան Պարգեւատրած Է
Փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեանը
Յունիս 19-ին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է պաշտպանութեան նախարարութեան Դրաստամատ Կանայեանի անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետի խորհրդական, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեանը:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետ, պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, հազարապետ-զօրավար Հայկ Քոթանջեանը:
Ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առիթով, շնորհաւորելով դոկտոր Յովհաննիսեանը` նախարար Ս. Օհանեան բարձր գնահատած է անուանի գիտնականին մեծ աւանդը հայրենական գիտութեան զարգացման իմաստով եւ` ընդգծած, որ անոր նման հայրենանուէր, գրագէտ եւ վերլուծական խոր մտածողութեան տէր անձնաւորութիւնները օրինակ կը ծառայեն երիտասարդ սերունդին ճիշդ եւ հայեցի դաստիարակութեան համար:
Հայրենանուէր մեծ գործունէութեան համար նախարար Օհանեան մեծանուն գիտնականը պարգևատրած է պաշտպանութեան նախարարութեան «Դրաստամատ Կանայեան» մետալով:
Նիկոլայ Հովհաննիսեանը Հայաստանի մէջ արաբագիտութեան դպրոցի հիմնադիրն է եւ երկար տարիներ ղեկավարած է ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկը: Հեղինակ է աւելի քան 500 աշխատութիւններու, որոնց կարգին` 80 մենագրական հետազօտութեան, որոնց մեծ մասը հրատարակուած է արտասահմանի մէջ: Անդամ է աւելի քան տասնեակ մը ակադեմիաներու եւ գիտական ընկերութիւններու: Պարգեւատրուած է բազմաթիւ մետալներով եւ պատուոյ գիրերով:
Տասնամեակներ շարունակ ականաւոր գիտնականին գիտական ուսումնասիրութեան առանցքը կազմած են այնպիսի հանգուցային հիմնախնդիրներ, ինչպիսիք են Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու պատմութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ ազգա-քաղաքական առճակատումները, Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ-արաբական յարաբերութիւնները եւ այլն: Մեծ աւանդ ունեցած է ռազմավարական-անվտանգութեան հետազօտութիւններու զարգացման իմաստով:
«Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերի Փառատօնին
Մասնակցելու 1600 Դիմում Ներկայացուած Է
«Ոսկէ Ծիրան» 12-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 12-19 յուլիսին:
15 յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ոսկէ Ծիրան»-ի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան:
Ծրագիրի տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանի համաձայն, այս տարի փառատօնին մասնակցելու շուրջ 1600 դիմում ներկայացուած է` 105 երկիրներէ, ինչ որ կ՛ապացուցէ փառատօնին նկատմամբ աճող հետաքրքութիւնն ու ներկայացուող ժապաւէններուն աշխարհագրական ընդարձակումը:
Ան նշած է, որ 12-րդ «Ոսկէ Ծիրան»-ի հիմնական առանցքը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէններու ցուցադրութիւնը:
«Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» ծրագիրին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու մշակոյթի նախարարներ: Ծրագիրի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին մասնակից երկիրներուն մէջ վերջին տարիներուն բեմադրուած լաւագոյն ժապաւէնները, յայտնած է Միքայէլ Ստամբոլցեան:
Փառատօնի անփոխարինելի հովանաւոր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, թէ ուրախ ու հպարտ են, որ այս առաքելութիւնը կ՛իրականացուի:
«Մենք կը հաւատանք, որ փառատօնը ո՛չ միայն միջազգային շարժապատկերի փառատօն է, այլ` նաեւ առաքելութիւն, որուն նպատակն է ալ աւելի ճանաչելի դարձնել մեր երկիրը», նշած է Եիրիկեան: Ան հաստատած է, որ արուեստը այն հզօր ուժն է, որով կարելի է փոխել աշխարհը, մարդոց գիտակցութիւնը, արժեհամակարգը: Ռ. Եիրիկեանի համաձայն հաւանաբար արուեստը ամէնէն ազդեցիկ միջոցն է իրարու
Շարժապատկերներու ցուցադրութեան զուգահեռ պիտի կայանան ուսանողներու եւ շարժապատկերի սիրահարներու յատուկ վարպետութեան դասեր:
Փառատօնը կը կազմակերպէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ:
«Գրական Վաստակի Համար» Մետալ`
Յակոբ Պալեանին
Սփիւռքահայ գրող, հրապարակագիր Յակոբ Պալեանը 80-ամեակին առիթով Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան բարձրագոյն պարգեւով` «Գրական վաստակի համար» մետալով:
Կատարելով ձեռնարկին բացումը` Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը ըսած է. «Գրող, խմբագիր, մտահոգ հայ Յակոբ Պալեանը վերջին տարիներուն կը խմբագրէ «Բագին» ամսագիրը, որուն մենք ծանօթ ենք խորհրդային տարիներէն, երբ այդ հանդէսը դժուարութեամբ կը հասնէր Հայաստան. գիտէինք, որովհետեւ «Գարուն» ամսագիրին նման կը տպագրէր գործեր ժամանակակից գրողներէն, եւ առաջին արձագանգները հոնկէ կը ստանայինք»:
Յայտնելով, որ Յակոբ Պալեան բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է` Միլիտոնեան դիտել տուած է, որ անոր գործերուն մէջ ամէնէն կարեւորը այն է, որ` «մարդը ժամանակին հետ է, ժամանակը իր մէջէն կ’անցնի, ինքն ալ` ժամանակին, ու այս երկու թափանցումները համաձուլուելով` կը վերածուին գիրքերու, որոնք մեր մտահոգութիւններուն, ծագած հարցերուն պատասխան կ’ուզեն տալ: Անոր «Մարդը ժամանակին հետ», «Ամերիկա, Ամերիկա» եւ այլ գիրքեր իր ըսածին հաստատումն են, իսկ սփիւռքի մէջ անոր ըսած խօսքը «շատ պատուական է, շատ խիստ է, կտրուկ եւ արժանահաւատ»:
Յակոբ Պալեանի կեանքն ու գործը ներակայացուցած է ՀԳՄ քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեանը: Վերլուծելով Յակոբ Պալեանի ստեղծագործութիւնը` ան դիտել տուաւ, որ հեղինակը կ’անդրադառնայ առաջին հերթին հայութեան ճակատագիրի առնչուած տեղեկատուութեան, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. «Այնուհետեւ գրողը կարեւոր կը նկատէ գրող-ընթերցող կապը, որ հետզհետէ կը խզուի, բան մը, որ այսօր ալ շեշտուած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Այսինքն, եթէ ընթերցող չկայ, որո՞ւ համար կը գրուի գրականութիւնը: Եւ այս կապին խզումը մեր անվտանգութեան խնդիրը կը դառնայ, ոչ միայն մշակութային, այլ նաեւ` ազգային անվտանգութեան, որովհետեւ, ըստ Յակոբ Պալեանի, գրականութիւնն ու մշակոյթն են, որ կը պահեն ազգը: Գրողը կը խօսի նաեւ լեզուի պահպանութեան, գրականութիւններու, հայկական տպարաններու ստեղծման եւ այլ խնդիրներու մասին», ըսած է Դեմիրճեան:
Յ. Պալեանը ողջունած են նաեւ թատերագետ Լեւոն Մութաֆեանը եւ բանաստեղծ Մարուշ Երամեանը: Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանը յոբելեարին նուիրած է երգերու արժէքաւոր հրատարակութիւններ եւ երգած է Ջիւանիի «Ես մի ծառ եմ ծիրանի» երգը:
Շնորհակալութեան խօսք արտասանած է Յակոբ Պալեան` նշելով, որ գրողը անպայման պէտք է վարձատրուի իր ստեղծագործութեան համար, պէտք է զարկ տրուի ազգային գրականութեան բարձրարժէք թարգմանութեան, պէտք է ամրապնդուին հայրենիք-սփիւռք գրական յարաբերութիւնները, յառաջ քշուի գրական առողջ քննադատութեան խնդիրը, որ կը բացակայի մեր օրերուն:
Հայաստանի Գրողներու Միութեան Ղեկավար
Մարմինը Պիտի Ընտրուի 4 Տարին Անգամ Մը
Յունիս 16-ին կայացած յատուկ ժողովի մը ընթացքին Գրողներու միութեան անդամներուն քուէարկութեամբ որոշուեցաւ, որ ասկէ ետք Հայաստանի Գրողներու միութեան ղեկավար մարմինի ընտրութիւնը չորս տարին անգամ մը տեղի ունենայ: Նախապէս մարմինը կ’ընտրուէր երկու տարին մէկ:
«Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը տուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեան:
«Այս փոփոխութիւններուն առաւելութիւնը այն է, որ եթէ նախապէս ղեկավար կազմը կ’ընտրուէր երկու տարիով, այդ ժամանակահատուածը շատ քիչ էր 500 հոգիէ աւելի անդամ ունեցող կազմակերպութեան նախագիծերը իրագործելու համար: Իսկ չորս տարին մէկ ընտրութիւններու իրականացումը բաւարար է նախագծած աշխատանքները իրականացնելու համար», նշած է Պետրոս Դեմիրճեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ 2013-ի օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութեան հիման վրայ` «միութիւն» բառ բովանդակող կազմակերպութիւնները պէտք է վերանուանուէին: Սակայն նախորդ տարի Ազգային ժողովը որոշում տուած էր հասարակական կազմակերպութիւններուն վերաբերեալ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարել:
«Հաշուի առնելով հասարակական կազմակերպութիւններու օրէնքին մէջ տեղ գտած նոր փոփոխութիւնները` մենք եւս պէտք է փոփոխութիւն կատարենք մեր կանոնադրութեան մէջ, որպէսզի զայն համապատասխանեցնենք հասարակական կազմակերպութիւններու մասին օրէնքի պահանջներուն: Հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց անուանումներուն մէջ կրկին կարելիութիւն ունին գործածելու «միութիւն» բառը», տեղեկացուցած է Պետրոս Դեմիրճեան: Այսպիսով, «Հայաստանի գրողների միաւորում» ՀԿ-ն այսուհետեւ կրկին պիտի ստանայ «Հայաստանի Գրողների միութիւն» իրաւաբանական անուանումը:
Ժողովէն ետք Պետրոս Դէմիրճեան տեղեկացուցած է, որ ժողովին ներկայ եղած են միութեան 101 անդամներ: Իրենց քուէարկութիւնները նախօրօք համացանցի միջոցով ուղարկած էին միութեան անդամակցող գրողներ` մարզերէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Քուէարկութեան մասնակցող անդամներուն գերիշխող մասը թեր էր փոփոխութեան եւ միայն մէկը` ձեռնպահ:
Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի
Առաջին Հանգրուանի Բացումը
Յունիս 15-ին տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի տուն» 2015-ի ծրագիրի առաջին հանգրուանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Երևան քաղաքի վարչական շրջաններու ու պատասխանատու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:
Առաջին հանգրուանին կը մասնակցին 58 երիտասարդներ, որոնցմէ 38-ը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր են, իսկ 20-ը` 13-18 տարեկան պատանիներ ու աղջիկներ` Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն, Թուրքմենիստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարը` նշելով, որ 7-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի սփիւռքահայ պատանի-պարմանուհիներուն հայրենաճանաչութեան այցելութիւնը հայրենիք: Անոր համաձայն, «Արի տուն» ծրագիրով նախորդ 7 տարիներուն հազարաւոր երիտասարդներ այցելած են Հայաստան, անոնք ճանչցած, սիրած ու կապուած են մայր հայրենիքին, շատերը իրենց ուսումը շարունակած են հայրենիքի մէջ, հարիւրաւոր մասնակից երեխաներուն խնդրանքով եւ խորհուրդով անոնց ընտանիքները եւս արձակուրդը անցուցած են Հայաստանի մէջ, տասնեակ երիտասարդներ ընտանիք կազմած են: «Սիրելի՛ երեխաներ, այն զգացողութիւններն ու ապրումները, զորս դուք կ’ապրիք հայրենիքի մէջ, անփոխարինելի ու անկրկնելի պիտի ըլլան», ըսաւ ան:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարևոր նկատեց Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններու, մարզային ու համայնքային կառոյցների աջակցութիւնը «Արի տուն» ծրագիրին:
«Կը խոնարհիմ բոլոր այն հայաստանեան ընտանիքներուն առջեւ, որոնք սիրով կը հիւրընկալեն մեր մանուկներն ու պատանիները», դիտել տուաւ նախարարը` աւելցնելով. «Մենք յատուկ ջերմութեամբ հոգ պիտի տանինք սուրիահայ մանուկներուն, որոնք ժամանակաւորապէս հեռանալով ռմբակոծուող Սուրիայէն` որոշած են իրենց արձակուրդը անցընել Հայաստանի խաղաղ երկնքին տակ»:
Ազդարարելով «Արի տուն» ծրագիրի մեկնարկը` նախարարը, աւանդութեան համաձայն, կրտսերագոյն մասնակիցին` 13-ամեայ Ռայմոնդ Նազարեանին (Ռուսիա) հագցուցած է «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկն ու գլխարկը եւ` յանձնած պայուսակը:
Ցուցադրուած է «Արի տուն»-ի վերաբերող ժապաւէն, իրենց կատարումներով արիտունցիները ողջունած են Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները, – «Մանկական եւրոտեսիլ 2014» երգի մրցումին Հայաստանը ներկայացուցած Պեթին եւ այլն:
Այնուհետեւ արիտունցիները ծանօթացած են աշխատանքային խումբի անդամներուն, որոնք 14 օր շարունակ պիտի ընկերակցին իրենց:
Առողջապահութեան Նախարարը
Ուռուցքաբանութեան Կեդրոն Այցելած Է
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան «Վ. Ֆանարջեանի անուան ուռուցքաբանութեան ազգային կենտրոն» կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան ծանօթացած է կեդրոնին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն` տեղեկացնելով, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է վերանորոգուած եւ այցելուներուն դիմաց նոր բացուած առաջին յարկի ընդունարանին, ուր կը կատարուի հիւանդներու հերթագրութիւն:
Ընդարձակ սրահներուն մէջ ելեկտրոնային հերթագրութիւն կը կատարուի, յատուկ քարտեր կը պատրաստուին եւ կ՛ամբողջացուի հիւանդին պարագան ներկայացնող ամփոփ տեղեկագրութիւն:
Այս նորարարութիւնը, ըստ «Ուռուցքաբանութեան ազգային կենտրոն»-ի տնօրէն Արմէն Տանանեանի, կարելիութիւն կու տայ խուսափելու շարքերէն, ինչ որ դժգոհութիւն կը պատճառէ հիւանդներուն:
Օրական դրութեամբ կեդրոնը կը սպասարկէ 200 պարագայի:
Բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած են նաեւ հիւանդանոցի յարակից տարածքին մէջ, վերանորոգուած է աստիճանավանդակը:
«Ուռուցքաբանութեան կենտրոն»-ին մէջ բուժում ստացող հիւանդներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ «Ուրոլոգիական բաժանմունքի եւ ամպիոն»-ի աշխատակիցներուն խնդրանքով նախարար Արմէն Մուրադեան վիրահատած է հիւանդը` նկատի ունենալով վիրահատութեան բարդութիւնը:
Ներմիզուկային մասնատման վիրահատութիւնը եղած է բարեյաջող. հիւանդին վիճակը լաւ է:
Համասեանի Խենթ Ելոյթ
Զուարթնոցի Մէջ
Ուրբաթ, 10 յունիսին, Զուարթնոցի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Համասեանի բացօթեայ համերգը` «Լոյս ի լուսոյ» խորագիրով:
Դաշնակահարը ներկայացուցած է Մաշտոցի, Նարեկացիի եւ Կոմիտասի գործերու իր մշակումները: Համերգին մասնակցած է նաեւ Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը` Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ:
Համասեանի հայաստանեան համերգներու կազմակերպիչը TM Production-ն է:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշած է, որ բարձր կը գնահատէ Տիգրան Համասեանի այս համերգաշարը, որովհետեւ` «մեզանում գտնուեցին մի քանի երաժիշտներ, ովքեր յստակ գիտակցեցին, որ իրենք առաքելութիւն ունեն 2015-ին, եւ այդ իմաստով Տիգրանի համերգների խորհուրդը միանշանակ է»:
Նշենք, որ Տիգրան Համասեան նոյն ելոյթը կրկնեց Ստեփանակերտի եւ Գիւմրիի մէջ:
Երեւանի Տեսարժան Վայրերուն Կարելի Է
Ծանօթանալ «Երեւան Սիթիտուր»-Ով
Յունիս 6-ին պաշտօնապէս իր 4-րդ տարեշրջանը սկսաւ «Երեւան սիթիտուր» քաղաքային պաշտօնական զբօսաշրջային ծրագիրը:
«էքսկուրսավար աւտոբուս»-ը 16 յունիսին ընդունած է իր առաջին այցելուները: Ծրագիրով կը նախատեսուի յստակ երթուղիով երկժամեայ պտոյտ կատարել Երեւանի մէջ: Անիկա պիտի առաջարկուի շաբաթը վեց օր, բացի երկուշաբթի օրերէն, ճշդուած ժամերու:
Վերջին երեք տարիներուն «Երեւան սիթիտուր» ծրագիրէն օգտուած է աւելի քան 15 հազար այցելու:
Շրջագայութիւն կատարող պասը նաեւ ֆիզիքական հարցեր ունեցողներուն համար յարմարեցուած է: