Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 15, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մշակոյթի Նախարարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի
Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկած Է
Սուրիոյ Մէջ Հայկական Յուշարձաններուն Հարցը

7-15-15_unescoՅուլիս 10-ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը հանդիպում ունեցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի  մշակոյթի հարցերու օգնական Ալֆրետօ Փերես տ՛Արմինիանի հետ:

Կարեւոր նկատելով համագործակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ` Յասմիկ Պօղոսեան ընդգծած է. «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կազմակերպութիւն է, որ այս արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ կարեւորագոյն առաքելութիւն կ՛իրականացնէ` մշակոյթի եւ կրթութեան, ազատ արտայայտման իրաւունքի  պահպանման առումով: Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործունէութեան մշակութային արժէքներու պահպանութեան հարցին մէջ:  Այս այցելութեամբ դուք կարելիութիւն կ՛ունենաք ճանչնալու մեր երկիրը, մեր մշակոյթը, եւ հետագային մեր համագործակցութիւնը աւելի աշխուժ կ՛ըլլայ», նշած է ան` աւելցնելով, որ մերօրեայ աշխարհին մէջ անգնահատելի է մշակոյթի դերն ու նշանակութիւնը:

Յասմիկ Պօղոսեան յատուկ կերպով շեշտը դրած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական պայմաններուն մէջ հայկական յուշարձանները քանդելու երեւոյթին: «Ներկայիս Սուրիոյ մէջ կ՛ոչնչացուին յուշարձաններ, նաեւ` հայկական: Եւ մենք  հաւասարապէս մտահոգ ենք բոլոր յուշարձաններու ճակատագիրով: Վստահ եղէք, որ Հայաստան բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն կը ձեռնարկէ զինուած ընդհարումներու պարագային մշակութային արժէքներու ապօրինի ներածման, արտածման եւ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցման արգելումն ու կանխումն ապահովելու նպատակով», նշած է Յասմիկ Պօղոսեան` աւելցնելով, որ ամէն պարագայի ինք լաւատես է, քանի որ ոչ ոք կրցած է աւերել մշակութային աշխարհը:

Ալֆրետօ Փերես տ՛Արմինիանի համաձայն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2 գաղափարի կողմնակից է` միացեալ համերաշխ աշխարհի եւ միեւնոյն ժամանակ մշակութային բազմազանութեան եւ բազմաթիւ ըլլալը. «Մշակոյթը բազմաբովանդակ երեւոյթ է, եւ ինչպէս «Ետ-2015 թ. զարգացման օրակարգ»-ին մէջ նշուած է, մշակոյթի պահպանման եւ բազմազանութեան համար կարեւոր է մշակութային ինքնութեան գիտակցութիւնը: Ցաւալի է, որ հազարամեակի նպատակներու ցանկին մէջ (Millenium Development Goals) մշակոյթին պատշաճ ուշադրութիւն չէ դարձուած, եւ շեշտը դրուած է հիմնականին մէջ տնտեսական զարգացման վրայ»:

Նախարար Պօղոսեան կարեւոր նկատած է մշակոյթի զարգացումը` հասարակութեան մտաւոր զարգացումը նկատելով մարդկութեան ապագան եւ հաստատելով, որ աշխարհի վաղուան քաղաքացին ու զարգացած մարդն է, որ պիտի չկործանէ աշխարհը: Ան աւելցուցած է, որ հարիւր ամեակներէ ի վեր Հայաստան չէ ունեցած պետականութիւն, սակայն զարգացած է այն հայ անհատներուն շնորհիւ, որոնք համարկուելով եւրոպական մշակոյթին մէջ` զայն զարգացուցած են:

«Մենք բազմաթիւ մշակոյթներէն մէկն ենք եւ այդ իրաւահաւասարութեան սկզբունքները շատ կարեւոր են մեզի համար: Ասոր ապացոյցները բազմաթիւ են Հայաստանի մէջ` հրէական գերեզմանը, Կապոյտ մզկիթը, թուրքմէնական դամբարանը եւ այլն: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական եւ համաշխարհային ժառանգութեան ցանկերը հայկական աւանդական մշակոյթի տարրերով համալրելու ուղղութեամբ», նշած է ան:

Հանդիպման աւարտին Յասմիկ Պօղոսեան Ալֆրետօ Փերես տ՛Արմինիան նուիրած է հայկական տուտուկ եւ Թորոս Ռոսլինին նուիրուած յուշադրամ:

Ալֆրետօ Փերես տ՛Արմինիան շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրի, համագործակցութեան եւ ցուցաբերուած մեծ պատրաստակամութեան համար` խոստանալով վերադառնալ:

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունած Է
«
Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի
Հայկական Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Փանոսեանը

7-15-15_8Յուլիս 7-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը:

Զրոյցին ընթացքին նախարարը հիւրը տեղեակ պահած է վերջերս Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ բացուած հայկական վարժարանին մասին, որուն պաշտօնական բացման հանդիսութեան մասնակցած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետեր Յովիկ Աբրահամեան եւ Մանուէլ Վալս, Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոն, խորհրդարանի անդամներ, նախարարներ` Հայաստանէն, երկու երկիրներու դեսպանները, Ալֆորվիլի քաղաքապետը, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, սրբազան հայրեր:

Ռազմիկ Փանոսեան կարեւոր նկատելով սփիւռքի մէջ նոր դպրոցներու հիմնադրութիւնը` նշած է, որ մեծապէս հետաքրքրուած է հայ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն կրթութեան հարցերով եւ այդ նպատակով մասնակցած է Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տեղեկատուական արհեստագիտութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած գիտաժողովին, որուն ներկայ էին հայոց լեզուի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ: Քննարկման գլխաւոր թեման կ՛առնչուէր հայոց լեզուի, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի ուսուցման` տեղեկատուական արհեստագիտութեան կիրարկումով: Ան յայտնած է, որ գիտաժողովին ընթացքին քննարկուած է արեւմտահայերէն գրագրութեան ծրագիր ստեղծելու գաղափարը:

Նախարար Յակոբեան ողջունած է այդ գաղափարը` կարեւոր նկատելով հայոց լեզուի պահպանման եւ հայրենաճանաչութեան խնդիրները: Ան առաջարկած է գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուած ծրագիրները միասնաբար քննարկել եւ մասնագիտական եզրակացութիւններ տալ, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը նպատակայարմար է կեանքի կոչել:

Նախարարը հիւրին ներկայացուցած է նաեւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Ամառային դպրոց», «Արի տուն», ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն եւ հակառակը փոխարկիչ ծրագիրները (www.translator.am, ISMA լեզուային ծառայութիւններու համացանցային ծրագիր), որոնց նպատակը սփիւռքահայութեան համար հայոց լեզուի ուսուցման ու հայրենաճանաչութեան ապահովումն է:

Երկուստեք շեշտած են, որ ուծացման վտանգին դիմակայելու համար անհրաժեշտ է կիրարկել ժամանակակից կարելիութիւններն ու արհեստագիտական միջոցները, որոնք ընկալելի եւ ընդունելի են նոր սերունդին համար: Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքագիտութեամբ զբաղող ուսանողներուն համար կրթաթոշակ հիմնելու եւ անոնց ուսումը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու կարելիութիւնները:

Հայաստանի Հիւսիսը Պիտի Ստեղծուի
Արեւմտեան Հայաստանի Շրջանները Խորհրդանշող
10
Անտառ

Հայաստանի Շիրակի, Լոռիի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ պիտի ստեղծուին 10 անտառներ, որոնք պիտի խորհրդանշեն Եղեռնի ընթացքին հալածուած Արեւմտեան Հայաստանի շրջանները: Այս մասին կը հաղորդէ «Էկօ լուր»-ը:

Անտառներու հիմնումը կը կատարէ «Էյ. Թի. Փի.»-ն` «Կենաց դար» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած բոլոր հայերուն` հովանաւորել այս նախաձեռնութիւնը` տնկելով ծառեր ի պատիւ հարազատներու եւ ի յիշատակ նախնիներու: «Կենաց դար»-ը կարելիութիւն կու տայ տնկել Նոր Ատանա, Խարբերդ, Մարաշ եւ այլ անտառներ… Կ’ակնկալենք «Կենաց դար»-ի ծիրին մէջ մինչեւ այս տարուան աւարտը տնկել մօտ 300,000 ծառ, նաեւ` 250,000 ծառ ալ, որոնք պիտի ծառայեն անտառներու վերականգնման նպատակներով», յայտնած է «Էյ. Թի. Փի.»-ի գործադիր տնօրէն Ժինմարի Փափելեանը:

«Կենաց դար» նախաձեռնութեան համար ստեղծուած է www.livingcentury.org կայքը, ուր կարելի է ծանօթանալ այս քարոզարշաւին, պատմական հայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւններ ընել` այս անտառները նորանոր ծառերով համալրելու նպատակով:

Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուած 18-րդ Դարու
Ձեռագիր Աղօթագիրք` Էջմիածինի

Յունիս 29-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունած է Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Օքլընտ քաղաքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովել քհնյ. Օհանեանը: Տէր հայրը վեհափառ հայրապետին յանձնած է 18-րդ դարու ձեռագիր աղօթագիրք, որ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Մեհամեճեան ընտանիքը սերունդէ սերունդ փոխանցելով` պահպանած է մինչեւ մեր օրերը եւ փափաք յայտնած է Մայր Աթոռին նուիրել զայն:

Ազգային Արխիւը Պիտի Հրատարակէ
«
Հայ Եկեղեցու Կալուածները Օսմանեան Թուրքիայում»
Իրաւական Փաստաթուղթերու Ժողովածուն

7-15-15_arkhivՀայաստանի Ազգային արխիւը աշնան պիտի հրատարակէ «Հայ եկեղեցու կալուածները օսմանեան Թուրքիայում» աշխատութիւնը` օսմաներէն լեզուով, ուր պիտի ներկայացուին զուտ արխիւային փաստաթուղթեր: Այս մասին յայտնած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան:

Ան նկատել տուած է, որ աշխատութեան հրատարակութիւնը կարեւոր է, քանի որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կալուածներուն հարցը այսօր արդիական է:

«Մասնաւորապէս գիտենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին դիմում ներկայացուցած է` Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու պահանջով: Մենք կը հրատարակենք փաստաթուղթերը օսմաներէնով եւ անոնց հայերէն թարգմանութիւնները, փաստաթուղթերը պիտի ըլլան լուսանկարի ձեւով, այնպէս` ինչպէս բնագիրն է: Աշխատութիւնը հաւանաբար կը թարգմանուի նաեւ անգլերէն: Կան սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուած են օսմանեան Թուրքիոյ մէջ այս եկեղեցիներու հողերու, կալուածներու համար», յայտնած է Վիրաբեան` ըստ «Թերթ»-ին:

Բացի ատկէ, Վիրաբեան տեղեկացուցած է, որ այս տարի Ազգային արխիւը կը պատրաստուի մասնակցելու միւռոնօրհնութեան արարողութեան, որ հայ եկեղեցին 7 տարին անգամ մը կը կատարէ:

«Միւռոնի եփելու արարողութիւն կայ, եւ մենք որոշեցինք մեր մօտ պահպանուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին հայոց եկեղեցւոյ այդ գլխաւոր արարողութեան, հրապարակել: Կը ներառենք նաեւ տեղեկութիւններ, թէ ի՛նչ ծաղիկներէ կը պատրաստուի միւռոնը եւ այլն», յայտնած է Ազգային արխիւի տնօրէնը:

Անդրադառնալով ծրագիրներուն` Վիրաբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայի դեսպանատան հետ առցանց թանգարան ստեղծած են` նուիրուած Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայերու մասնակցութեան, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն:

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է
Ամերիկահայ Գործարարներ

0707pako

Յուլիս 4-ին նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ամերիկահայ գործարարներ Փիթըր Տուրեանն ու Լեւոն Ասլեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Նախագահը շեշտած է սփիւռքի ներուժի կարեւորութիւնը` Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման աշխատանքին մէջ` ընդգծելով, որ ներհայկական կապերու խորացումը միշտ եղած է մեր պետականաշինութեան առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Եւ «Պըրթլինք»-ի
Գործակցութիւնը Երեխաներու Կեանք Կը Փրկէ

7-15-15_vivaՄասնագէտները կը շարունակեն իրենց ուշադրութիւնը սեւեռել բարդ յղութեան եւ վաղաժամ ծննդաբերութեան դէպքերուն վրայ: Անոնք կարեւոր կը համարեն նորածինի խնամքի բարելաւման ծրագիրները` կրճատելու համար նորածնային մահացութեան ցուցանիշը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Պըրթլինք»-ի աջակցութեամբ, Սիսիանի նորածնային բաժինը մօտաւորապէս երկու տարի առաջ համալրուած է բարձրակարգ սարքաւորումներով: Համալիր աջակցութեան արդիւնքով` այդ ընթացքին լոյս աշխարհ եկած 503 նորածիններէն 48-ին կեանքը փրկուած է այդ սարքերու առկայութեան շնորհիւ: Միայն ընթացիկ տարուան եօթը ամիսներուն ընթացքին փրկուած է 16 նորածինի կեանք:

Յիշեցնենք, որ մայրաքաղաքի եւ մարզային նորածնային բաժանմունքները գերժամանակակից սարքաւորումներով համալրելու ծրագիրը մեկնարկած էր 2008-ին:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ
Այցելող Թուրքերուն Թիւը Մեծապէս Աւելցած Է

Վերաբացումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ այցելողներուն թիւը մեծապէս աւելցած է: Ըստ թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի, ատիկա ցուցանիշ է ո՛չ միայն նիւթին հանդէպ հետաքրքրութեամբ, այլեւ` նոր հաւաքածոյով, որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ նախորդը:

Դեմոյեանի համաձայն, թանգարանին հանդէպ յատկապէս աւելցած է թուրք այցելողներուն հետաքրքրութիւնը: «Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին թանգարանը ամէն օր ունեցած է թուրք այցելուներ: Անոնք կը շրջագային թանգարանին մէջ, կը ծանօթանան փաստաթուղթերուն», դիտել տուած է Դեմոյեան` աւելցնելով, որ Երեւանի մէջ կայանալիք «Ցեղասպանութիւնների համեմատական վերլուծութիւն» խորագիրը կրող ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան երեւանեան համաժողովին կը մասնակցի նաեւ ներկայացուցիչ Թուրքիայէն:

Վանեւանի Նորայայտ Խաչքարը Իր Վրայ Կը Հրաւիրէ
Հայ Ու Օտար Հնագէտներու Ուշադրութիւնը

0710vanevanԳեղարքունիքի մարզի Վանեւան գիւղի հիւսիսային եզրին` համայնքի ղեկավար Նորայր Յարութիւնեանի բնակարանի կողքին, փառաշուք կերպով կը հանգչի մեծ ու գեղաքանդակ խաչքար մը, որ գրաւած է ո՛չ միայն տեղացիներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայերուն, հայ եւ օտար հնագէտներուն ուշադրութիւնը: Վիմագիր խաչքարը առանձնայատուկ է ո՛չ միայն իր վեհաշուք տեսքով, այլ նաեւ` բացառիկ պատմութեամբ, որ արդէն դարձած է աւանդազրոյց` տեղացիներու շրթերուն:

Վանեւանի գիւղապետ Նորայր Յարութիւնեան «Արմէնփրէս»-ի թղթակից Խոսրով Խլղաթեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ խաչքարը անորոշ ժամանակով նետուած էր իր ներկայի տեղէն մօտ 50 մեթր հեռաւորութեամբ գտնուող հորի մը մէջ, անտարակոյս` ազերիներու կողմէ: Անիկա հողին տակէն լոյս աշխարհ բերուած է 1989 թուականի ապրիլին` Պաքուէն բռնագաղթած Կոլեա Բաղիրեանի դստեր պահանջով: «Պաքուէն բռնագաղթի ենթարկուած հայ ընտանիքի դուստրը երազին մէջ տեսած է խաչքարը, անոր գտնուած վայրը եւ պահանջած է փորել նշուած տեղը, ուր խոր հոր բացուած է, մէջը` մեր զօրաւոր, շքեղ խաչքարը: Վարդենիսի այն ժամանակուան շրջկոմի երկրորդ քարտուղար Կորիւն Յակոբեանի օժանդակութեամբ վերամբարձ կրունկ բերուեցաւ, անոր օգնութեամբ խաչքարը դուրս հանուեցաւ իր թաքստոցէն եւ դարձաւ մեր հոգեւոր ու սուրբ մասունքը: Քանի որ հնագէտները այդպէս ալ չկրցան յստակեցնել, թէ կողոպտուելէն ու հորին մէջ պահուելէն առաջ անիկա ո՛ւր կանգնեցուած էր, որոշեցինք, որ անիկա խոյանար Վանեւանի մատուռի աւերակներու տարածքին մէջ, ուր նոյնպէս պահպանուած են քանի մը այլ խաչքարեր», նշած է համայնքի ղեկավարը:

Խաչքարը պատրաստուած է 12-րդ դարուն, կոպտատաշ պազալթէ: Անոր կանգնեցուած տեղը աւելի քան երկու տասնամեակ արդէն դարձած է ուխտատեղի` տեղացիներուն եւ արտերկրի հայերուն համար: «Անոր առջեւ կ՛երդուէին մեր ազատամարտիկները` մարտական գործողութիւններու մեկնելէ առաջ», հաստատած է համայնքին ղեկավարը:

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ծանր Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Վրայ

Յաջորդը

Թուրքիան Նկարահանել Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Առաջին Գեղարուեստական Ժապաւէնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?