Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 22, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան
12-
րդ Գիտաժողովի Փակում

0715genocide2

Յուլիս 12-ին տեղի ունեցած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովի փակման արարողութիւնը:

Այս առիթով խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն, գիտաժողովի տնօրէն Սուրէն Մանուկեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահութեան` ի դէմս Տանիէլ Ֆէյերսթէյնի եւ Տոննա Լի Ֆրիզի` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին վստահելու եւ նման կարեւոր նախաձեռնութեան կազմակերպման կարելիութիւն տալու համար:

Ըստ անոր, նախապատրաստական աշխատանքները եւ քննարկումները եղած են թէժ, երբեմն բուռն, բայց` արդիւնաւէտ: Դիմումները բազմաթիւ եղած են, իսկ ընտրութիւնը` խիստ: Իբրեւ արդիւնք` երեւանեան գիտաժողովին մասնակցած են 130 անձեր աշխարհի 35 երկիրներէ, որոնք չորս օր շարունակ ներկայացումներ, քննարկումներ կատարած են, բանավիճած են ցեղասպանագիտութեան եւ անոր յարակից ոլորտներուն շուրջ` յառաջիկայ քանի մը տարուան համար ոլորտներու զարգացման ուղղութիւններ տալով:

Գիտաժողովին արտասանուած խօսքերուն եւ ներկայացուած զեկուցումներուն մէկ մասը յօդուածի ձեւով պիտի տպագրուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովի պաշտօնական հանդէսին մէջ, որ պիտի ներառուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ հրատարակուող «Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հանդէս»-ին մէջ:

Փակման արարողութեան ելոյթ ունեցած է նաեւ Ալեքս Հինթոնը` Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահը, որուն ղեկավարութեան օրով որոշում տրուած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովը կայացնել Երեւանի մէջ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան` կատարուած աշխատանքին եւ փայլուն արդիւնքներուն համար:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, գիտաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի տեղական յանձնախումբի նախագահ Հայկ Դեմոյեան ողջունած է ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնած է թանգարանի անձնակազմին: Ի նշան երախտագիտութեան` ան «Ճէյմզ Պրայս» ոսկի մետալներ յանձնած է Տանիէլ Ֆէյերսթէյնին, Տոննա Լի Ֆրիզին, Փիթըր Պալաքեանին, Էնտրիւ Վուլֆորտին, Ալեքս Հինթընին, Ռաֆիքի Ուպալտոյին եւ Սուրէն Մանուկեանին` գիտաժողովի կազմակերպման առումով անոնց ունեցած աւանդին համար:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Հայփոստի կողմէ հրապարակուած, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հաստատութեան կողմէ 8-12 յուլիսին հիւրընկալուած Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան երեւանեան համաժողովին նուիրուած բացիկներու հրապարակում:

«Սօսէի Եւ Ալենի Ժառանգութեան Հիմնադրամ»-ը
Կ՛օժանդակէ Աշտարակեցիի Տան Մը Կառուցման

0714youthcorps2

Արդէն երրորդ տարին է, որ «Սօսէի եւ Ալենի ժառանգութեան հիմնադրամ»-ը «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնին հետ միասնաբար կ՛օժանդակէ տուներ կառուցելու կարիք ունեցող ընտանիքներուն համար: Այս տարի 34 ՀԵԴ-ական կամաւորներ, որոնք կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու հայ երիտասարդական ընկերակցութեան ծրագրին, Աշտարակի մէջ բնակող Գզիրեաններու ընտանիքին տուն կառուցելու աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն:

Գզիրեաններուն ընտանիքը բաղկացած է 6 անդամներէ` տատիկը, անոր որդին, հարսը եւ երեք փոքրիկները: Պապիկը զոհուած է արցախեան պատերազմի ատեն: Երկար տարիներ ընտանիքը ապրած է հարազատներու եւ ընկերներու տուները: 2009-ին Գզիրեանները հող գնած են, բայց կարելիութիւն չեն ունեցած տուն կառուցելու, որովհետեւ միջոցները չեն կրցած ապահովել:

Նշենք, որ «Սօսէի եւ Ալենի ժառանգութեան հիմնադրամ»-ը ստեղծուած է Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ` ի յիշատակ ամուսնացած զոյգին, որ ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած է:

«Գաֆէսճեան» Արուեստի Կեդրոնին Մէջ Ներկայացուեցաւ
Արտօ Չաքմաքճեանի «Վերածնունդ» Ցուցահանդէսը

0711arto

Յուլիս 10-ին «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ իր գործունէութեան նուիրուած «Վերածնունդ» ցուցահանդէսին ընթացքին քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեան ըսած է, թէ արձանը ինք չի ծրագրեր, այլ անիկա իր միտքին մէջ կը մշակուի եւ յանկարծ փափաք կ՛ունենայ զայն իրականութիւն դարձնելու, երբ արդէն բոլոր տարրերը հասունցած են:

Յայտնի քանդակագործին աշխատանքները կը ցուցադրուին 4 յուլիսէն 30 օգոստոս: «Շատ լաւ կը զգայի, եթէ այն մարդիկը, որոնք որոշում կը կայացնեն, այստեղ ըլլային, իրենց բացատրէի, որ իմ ուզելը, բացատրութիւնը մարդոց օգուտին է, մարդու համար է», ըսած է վարպետը` նկատի ունենալով իր «Քայլող մարդը» քանդակը, զոր կը փափաքի տեղադրել Երեւանի մէջ: Ըստ անոր, քանդակը իր գնահատանքն է հայ ժողովուրդին:

Ըստ Արտօ Չաքմաքչեանի, ղեկավարութիւնը պէտք է ճիշդ ընտրել, որովհետեւ յաճախ կը պատահին այնպիսի դէպքեր, երբ արուեստով կատարուած գործը կ՛արհամարհուի, իսկ վատ գործը կ՛ընդունուի ծափահարութիւններով: Այդ մէկը, ըստ քանդակագործին, կ՛աղաւաղէ մարդկային մշակոյթը:

«Արուեստը շատ նուրբ է, շա՜տ շա՜տ նուրբ է: Արուեստին հետ խաղալ չ`ըլլար: Հրաշքներով ստեղծուած արձաններ կան, եւ կը կարծեմ, որ դեռ պէտք է ըլլան, որովհետեւ այդ մարդկային թրթիռն է արձանի միջոցով», յայտնած է Ա. Չաքմաքչեան:

Կայացաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց – 2015»
Ծրագրի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 10-ին Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց – 2015» ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ամառնային դպրոցը սկսաւ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացքներով, որուն մասնակցած է 126 սփիւռքահայ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռումանիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն եւ Չեխիայէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան` «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը միատեղ իրականացնելու նախորդ տարիներու ջանքերուն համար. Հայաստանի սփիւռքի նախարարը նշեց. «2015 թուականի ծրագիրը առանձնայատուկ է անով, որ այս տարի համայն հայութիւնը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Արդէն 4 տարուան պատմութիւն ունեցող «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բոլոր դասընթացքներուն մէջ տեղ գտած են Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր: Ամառնային դպրոցը ստեղծուած է սփիւռքի պահանջով. սփիւռքահայերու ազգային ինքնութեան, հայերէնի կորուստի արագ ընթացքը կասեցնելու համազգային հարցին լուծման աջակցելու, համայնքներու մէջ հայապահպանութեան ծրագիրներուն նպաստելու պահանջով: Շատոնց հասունցած էր սփիւռքի ուսուցիչներու, միւս ոլորտներուն մասնագէտներու վերապատրաստման բոլոր դասընթացքները մէկ կեդրոնի մէջ միատեղելու հարցը: Սփիւռքի մէջ տարուէ տարի կ՛աւելնայ բոլոր ուղղութիւններով դասընթացքներուն մասնակցիլ փափաքողներուն թիւը, դպրոցը կը դառնայ սփիւռքի կողմէ, թերեւս, ամէնէն պահանջուած   ծրագիրներէն մէկը եւ արդէն կայացած կառոյց»:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ նախարարութեան այս տարուան գործունէութեան գերակայ հարցերէն է «Հայոց լեզուի տարածումը եւ հայ երիտասարդութեան մէջ  հայերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացումը` արդիական կիրառմամբ»: Այս նպատակով կ՛իրականացուին բազմաթիւ այլ ծրագիրներ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը բարի երթ մաղթեց ծրագրի մասնակիցներուն` համոզմունք յայտնելով, որ վերջիններս իրենց ձեռք բերած գիտելիքներն ու փորձը պիտի ծառայեցնեն սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու մերձեցման եւ իրենց մտաւոր կարողութիւնները պիտի ներդնեն հայրենիքի շէնացման, հզօրացման գործին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` դպրոցի ծրագիրը միասին իրագործելու հարցին մէջ մայր համալսարանին վստահելուն համար, Արամ Սիմոնեան նշեց. «Այս տարի եւս մենք ջանք եւ եռանդ չենք խնայեր` սփիւռքի մանկավարժները, փոքրերը եւ երիտասարդները, երիտասարդ առաջնորդները վերապատրաստելու, մայրենիի դասընթացքները յաւուր պատշաճի իրականացնելու համար»:

Մասնակիցներուն երաժշտական կատարումներով ողջունեցին  Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի սաները:

Դպրոցին մէջ դասընթացքները պիտի իրականացուին վեց ուղղութիւնով.

1. Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում` յուլիս 9 – օգոստոս 1,
2. Կրթօճախներու հայոց լեզուի ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում` յուլիս 14 – օգոստոս 1,
3. Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք` յուլիս 21 – օգոստոս 1,
4. Ազգային երգի եւ պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքներ` յուլիս 21 – օգոստոս 1,
5. Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք` յուլիս 21 – օգոստոս 1,
6. Սփիւռքի մէջ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք` յուլիս 26 – օգոստոս 1:

Այս տարի նախատեսուած է 250 սփիւռքահայու մասնակցութիւնը, սակայն նախարարութիւնը դիմումնագրեր ստացած է աւելի քան 340 սփիւռքահայէ, իսկ հաստատուած է 293-ին մասնակցութիւնը` 22 երկրէ:

2012 թուականին նախատեսուած 70 մասնակիցին փոխարէն`  «Սփիւռք» ամառնային դպրոց»-ը ընդունած է 131 մասնակից` 15 երկրէ, ապա 2013 թուականին նախատեսուած 100-ի դիմաց մասնակցած է 201 սփիւռքահայ` 20 երկրէ, 2014 թուականին նախատեսուած 100-ի դիմաց` 222 սփիւռքահայ, աշխարհի 21 երկրէ:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Աջակցութեամբ
Երեւանի Մէջ
Կենսոլորտային Գրադարան Ստեղծուած Է

IMG_7048

Բժշկական ամէնէն մեծ տեղեկատուական կեդրոնը` Հանրապետական գիտական բժշկական գրադարանը, սկսած է գործել նաեւ կենսոլորտային տարբերակով: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ ստեղծուած պարտէզը այլընտրանքային հրաշալի միջավայր է` մասնագիտական քննարկումներու, տարբեր դասընթացքներու կազմակերպման եւ ընթերցանութեան համար:

Հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը 2 միլիոն դրամ յատկացուցած է` երբեմնի հողածածկ տարածքը կանաչապատելու, պարտէզ ստեղծելու, եղանակային տարբեր պայմաններու յարմարեցուած գրապահարաններ տեղադրելու եւ ելեկտրոնային շտեմարաններէն օգտուիլը կարելի դարձնելու համար: Կենսոլորտային գրադարանին տրամադրուած է նաեւ արտօնագրուած ծրագրով ներբեռնուած եւ համապատասխան գրականութեամբ ապահովուած 5 փլանշետ:

«Առհասարակ, կանաչ գօտիներու պահպանման եւ ստեղծման գաղափարը կարեւոր է ամբողջ աշխարհին մէջ: Կենսոլորտային այս տարածքը կրթական հրաշալի միջավայր է առողջութեան իրական արժէքը գնահատողներու` բժիշկներու համար: Իր տեսակին մեջ եզակի այս գրադարանը շատ կարեւոր է նաեւ բնապահպանական տեսանկիւնէն: Այսօրինակ նախաձեռնութեան հիմքին մէջ լաւ եւ կայուն ապագայ ստեղծելու մօտեցումն է: Քաղաքակիրթ, առողջ եւ կիրթ միջավայրի մէջ ապրելու ձգտումը պէտք է իրականացնել երկարաժամկէտ ծրագրերով: Մենք այնտեղ ենք, ուր կայ այս մօտեցումը», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Արդէն 76 տարի գործող գիտական բժշկական գրադարանին մէջ կեդրոնացուած է աւելի քան կէս միլիոն միաւորէ կազմուած կենսական բժշկական գրականութեան եւ տեղեկատուական աղբիւրներու լաւագոյն հաւաքածոյ: Այստեղ կան բժշկական ելեկտրոնային եւ տպագիր գիրքեր, ամսագրեր, սեղմագրեր, սկաւառակներ եւ տեսալսողական նիւթեր:

«Բացօթեայ ընթերցարանը կը խրախուսէ ընթերցանութեան, յատկապէս` ելեկտրոնային ընթերցանութեան գործառոյթը: Վերջինս շատ կարեւոր է, որովհետեւ գրադարանը այսօր կը տրամադրուի հիմնականօրէն Սփրինկըր լինք հրատարակութեան` արտօնագրուած ելեկտրոնային բժշկական գիրքեր եւ ամսագրեր: Բացօթեայ ընթերցարանը կրնայ հաճելի միջավայր դառնալ այդ գրականութիւնը կարդալու համար», նշած է Հանրապետական գիտական բժշկական գրադարանի տնօրէն Աննա Շիրինեան:

«Դէպի Հայք»-ի Երիտասարդները Սրտաբաց
Հանդիպում Ունեցած Են Նախարար Օհանեանի Հետ

0718tebihayk11

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հանդիպումը «Դէպի Հայք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերը կ՛առնչուէին ազգային բանակին եւ զինուած ուժերու ձեռքբերումներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկած է նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան նախագահ Վարդան Աւետիսեան, որ շեշտելով աճող սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարեւոր կը նկատէ սփիւռքահայ երիտասարդներուն մասնակցութիւնը հայրենիքի բարգաւաճման եւ հզօրացման գործին:

«Դէպի Հայք» հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապաքեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, նշած է, որ այս ծրագրով Հայաստան այցելող սփիւռքահայ երիտասարդները ունին մէկ ընդհանուր նպատակ` ծանօթանալ հայրենիքին եւ սատարել անոր:

Ողջունելով Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Քանատայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ Հայաստան եկած երիտասարդները եւ կարեւոր նկատելով նմանաբնոյթ նախաձեռնութիւններու կայացումը` պաշտպանութեան նախարար Օհանեան շեշտած է, որ Հայաստան այցելող մեր հայրենակիցները միշտ ալ ցանկալի հիւր են պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, եւ ուրախալի է այն հանգամանքը, որ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ, բայց եւ այնպէս իրենց գաղափարական ուղղուածութիւնը, դաստիարակութիւնը եւ հիմնական ճամբաները կ՛ուղղեն դէպի մայր հայրենիք եւ մնայուն կերպով կը ձգտին իրենց ներդրումը ունենալ Հայաստանի զարգացման մէջ: Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է նաեւ զինուած ուժերու հիմնական ձեռքբերումներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ առկայ ռազմական համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւնները: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ հայկական բանակը օրէ օր կը կատարելագործուի եւ պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու որեւէ ոտնձգութեան: Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, միջպետական ռազմական համագործակցութեանն ու զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեանը:

Հանդիպման աւարտին «Դէպի Հայք» հիմնարկի անդամները, անկեղծ եւ անկաշկանդ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով Պաշտպանութեան նախարարին, անոր հետ փոխանակած են յուշանուէրներ եւ յոյս յայտնած, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ շարունակական կ՛ըլլան:

Viva-cell-logo2

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բուռն Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Եւ Սաննինի Բարձունքներուն Վրայ

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Զ. Դասարանի Հանդէս

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?