Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 30, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց
Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծում

0925Catholic-church

Սեպտեմբեր 24-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Գիւմրիի մէջ ներկայ գտնուած է Հայ կաթողիկէ «Սրբոց Նահատակաց» աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան եւ սուրբ պատարագին, որ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Եկեղեցին «Սրբոց Նահատակաց» կոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու անմար յիշատակին:

Սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի պաշտօնատարներ, օտար դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոտոսի անդամ եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ կառուցման բարերարները եւ տարբեր երկիրներէ եկած հիւրեր: Արարողութիւնը կատարուած է Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու նախագահ կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրիի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Գապրոյեանի համանախագահութեամբ:

Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնած է Աստուծոյ, որ կարելի դարձուց տաճարին շինութիւնը: «Մենք չե՛նք պաշտեր քարերը, որքան ալ արիւն, արցունք, աշխատանք պահանջած ըլլան անոնք: Մենք կը պաշտենք Աստուծոյ ներկայութիւնը այս տաճարին մէջ: Խաչերը խորհրդանիշերն են Աստուծոյ ներկայութեան, մարդացեալ Քրիստոսի ներկայութեան: Այս տունը Աստուծոյ տունն է, բայց բոլորիս տունն է: Մենք, որ Աստուծոյ զաւակներն ենք, Աստուծոյ տաճարները դարձուցած ենք Սուրբ Հոգիի զեղումով, սուրբ մկրտութեամբ: Եւ այս մեր ներկայութիւնը այս տաճարին մէջ եւ տաճարէն դուրս խորհրդանիշն է Աստուծոյ սիրոյն` համայն մարդկութեան հանդէպ, մենք Քրիստոսի վկաներն ենք»:

Պատրիարքը յիշեցուցած է, որ 301 թուականէն ի վեր հայութիւնը ճանչցաւ, սիրեց Քրիստոսը, որովհետեւ Ան սիրեց ու ինքզինք նուիրեց մեզի, ուստի մեր սէրը փոխադարձ հաւատարմութիւն է Քրիստոսի: «Մենք կը պաշտենք Քրիստոսը, ոչ թէ քարերը, Քրիստոսին հաւատարիմ գտնուեցան մեր միլիոնաւոր վկաները պատմութեան ընթացքին: Այսօր այս սուրբ տաճարին մէջ, նուիրուած` միլիոնաւոր մեր նահատակաց, անոնց միջնորդութիւնը կը խնդրենք մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որպէսզի մեր ժառանգած հաւատքը միշտ աւելի զօրաւոր ըլլայ, եւ քաջութիւն ունենանք աշխարհին աչքին առջեւ ապրելու, խոստովանելու քրիստոսաւանդ հաւատքը», ըսած է Գրիգոր Պետրոս Ի.: Անոր համաձայն, եկեղեցին պէտք է ժամադրավայրը ըլլայ բոլորին, ուր պէտք է հաւաքուիլ եւ աղօթել: «Երախտագիտութիւն պիտի յայտնենք Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց հայութիւնը, որ առաջի՛նը ըլլայ Զինք ճանչցող եւ սիրող: Աշխարհը կը վկայէ, թէ հայ ժողովուրդը յարութիւն առած է Քրիստոսի հետ, կ՛ապրի եւ պիտի ապրի Աստուծոյ շնորհով», եզրափակած է ան:

Պապական նուիրակ Մարեք եպս. Սոչինսքի կարդացած է Հռոմի Ֆրանչեսկոս պապին ուղերձը, իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի` եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան խօսքը:

Նշենք նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած է նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքար:

Գիւմրիի Մէջ Նշուեցաւ «Պատուոյ Բլուր»
Յուշահամալիրին Վերաբացման Հնգամեակը

0917Gumri

Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ «Պատուոյ բլուր»  յուշահամալիրին վերաբացման հնգամեակը: Յուշարձանի տարածքին կատարուած է հոգեհանգիստի կարգ: Արարողութեան ներկայ եղած են Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքինը, Ռուսիոյ հիւպատոս Եւկենի Քոնիշեւը, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձեր: Իր խօսքին մէջ դեսպան Իւան Վոլինքին կարեւոր նկատած է հայ եւ ռուս ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը` նշելով, որ այս յուշահամալիրը այդ բարեկամութեան վառ ապացոյցն է: Շիրակի մարզպետը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ «Պատուոյ բլուր» յուշահամալիրին բացումը իրապէս պատմական իրադարձութիւն կարելի է համարել: «Հինգ տարի առաջ, օգոստոս 20-ին վերաբացուեցաւ այս յուշահամալիրը, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած էին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահները: Այս իրադարձութիւնը առաւել սերտացուց հայ-ռուսական բազմադարեան բարեկամութիւնը: Յուշահամալիրին վերաբացումը եւս մէկ ապացոյց էր, որ մեր երկու ժողովուրդները փառքով կը յիշեն եւ կը խնկարկեն իրենց այն որդիներուն, որոնք զոհուած են յանուն ազատութեան:  Այսօր հինգ տարի անցած է արդէն, եւ մենք այստեղ հաւաքուած ենք, որպէսզի վառ պահենք անոնց յիշատակը, կրկին ու կրկին շնորհակալութիւն յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ջանք ու եռանդ չխնայեցին համալիրի վերակառուցման համար», նշած է Ֆելիքս Ցոլակեան:

Այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ զետեղած են յուշարձանին առջեւ, այցելած են տարածքին մէջ գտնուող  ռուսական մատուռը: «Պատուոյ բլուր» յուշահամալիրին մէջ ամփոփուած են 1855-ի ռուս-թրքական պատերազմին զոհուած ռուս զինուորականներուն աճիւնները: 2009-ին Շիրակի եւ Ռուսիոյ Ուլեանովսքի մարզերու իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ եւ հայ-ռուսական բարեգործական «Պատուի գործ» կազմակերպութեան միացեալ ջանքերով այս տարածքին մէջ կատարուած են բարեկարգման եւ վերակառուցման աշխատանքներ, եւ կառուցուած է ռուս սպաներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան:

Տեղի Ունեցաւ «Երգում Ենք Կոմիտաս»
Փառատօնի Շքահամերգը

Yerkoum-enk-Gomidas_9-30-15

Սեպտեմբեր 25-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնի համերգը, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 12 երկիրներէ եկած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ անհատ կատարողներ:

«Հայրապետական մաղթանք» երգով փառատօնին բացումը կատարեց Պոլսոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Մամիկոնեանի խմբավարութեամբ:

Հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները հայ եւ օտար երաժիշտներու կատարմամբ:

Մեներգներով հանդէս եկան` Ֆրանքֆորթէն Սոնա Տալեանը, Էսթոնիայէն Թամարա Պեզլուտովան, Արցախէն Յակոբ Բաբայեանը, Տոնի Ռոստովէն Տաթեւիկ Գէորգեանը: Կոմիտասի անզուգական «Անտունին» կատարեց լիբանանահայ Շողիկ Թորոսեանը: «Սաթ» եռեակի կատարմամբ հնչեց «Խորհուրդ խորին» ստեղծագործութիւնը:

Ելոյթ ունեցան նաեւ «Վասպուրիկ» խամաճիկներուն թատրոնը եւ «Արմաւիր» պարախումբը:

Փառատօնի մասնակից, ազգութեամբ թրքուհի, Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքէն եկած Լեման Շթէյնը կատարեց ամէն հայու զգացմունքային աշխարհի հիմը` «Տլէ եաման»-ը:

Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ` վիրահայոց թեմի Պաթումի Ալեքսանդր Մանթաշովի անուան կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնի «Աղբիւր» երգչախումբը, Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» խումբը, Վլատիկավկազի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» երգչախումբը, վիրահայոց թեմի «Հայարտուն»  մշակոյթի կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» երգչախումբը, նաեւ` Ամմանի մարզական միութեան «Երեւան» երգչախումբը: Ռուսիոյ Ռոստովի մարզի Միասնիկեանի  շրջանի Չալտըր հայաբնակ գիւղի փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերած է «Զանգեր» երգչախումբը, ինչպէս նաեւ` Շահէ Քէշիշեանի ղեկավարած հայ-սուրիական «Ովսաննա» երգչախումբը, Աթէնքէն կիթառահար Յակոբ Քոլանեանը, Շուէտէն Կարինէ Հելման-Գէորգեանը, ինչպէս նաեւ` շուէտացի երգչուհի Վիլունդ Անն-Քրիսթինէն:

Հաճելի աւանդութիւն դարձած է արդէն ճափոնցիներու մասնակցութիւնը կոմիտասեան փառատօներուն: Մեզի հայրենակից Կարէն Իսրայէլեանի եւ ճափոնուհի տաւիղահար Ուլալա Իոունէի կատարմամբ հնչեցին «Ծիրանի ծառ» եւ «Քելեր, ցոլեր» գործերը:

Համերգը եզրափակուեցաւ Գառնիի երգային հնգեակի ելոյթով:

Աւարտին, Համահայկական մշակութային փառատօնի մասնակիցներուն Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անունով ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանը: Ան շեշտեց Կոմիտասին նուիրուած փառատօներուն շարունակականութիւնը` նշելով, որ Կոմիտասին նուիրուած փառատօնը կ՛իրականացուի երկրորդ անգամ ըլլալով: 2013 թուականին իրականացած էր «Կոմիտաս վարդապետ» խորագրով:

Սերժ Սրապիոնեան փառատօնի մասնակցութեան հաւաստագրեր յանձնեց պոլսահայ երգահան Մաժակ Թոշիկեանին, Պոլսոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Մամիկոնեանին եւ Արմաւիրի «Արմաւիր» պարախումբին:

Համահայկական Մշակութային Փառատօնին
Մասնակցելու Նպատակով Հայրենիք Եկած
Երգչախումբերու Խմբավարները Եւ Անհատ Կատարողները
Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

masnakicner1_9-30-15

Սեպտեմբեր 25-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ընդունեց Համահայկական մշակութային փառատօնի մասնակից երգչախումբերու խմբավարները եւ անհատ կատարողները:

Ողջունելով հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Կոմիտասի արուեստը  յաւուր պատշաճի ներկայացնելու համար` նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց փառատօնին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելուն համար եւ նշեց. «Այս փառատօնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ ուրախ եմ, որ 13 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, այդ թիւին մէջ նաեւ օտար կատարողներ եկան Հայաստան, առաւել լաւ ճանաչցան մեծն Կոմիտասի արուեստը: Փառատօնի գերնպատակը Կոմիտասը հանրահռչակելը եւ աշխարհին ներկայացնելն է: Այս մէկը պիտի նպաստէ նաեւ հայկական համայնքներու մէջ ընդլայնելու Կոմիտասի երաժշտութիւնը ներկայացնող երիտասարդներուն շրջանակը»:

Շեշտելով հայապահպանութեան ուղղուած համահայկական մշակութային փառատօնի իրականացումը` նախարարը յաջողութիւն, նորանոր ստեղծագործական մտայղացումներ եւ ձեռքբերումներ մաղթեց փառատօնի մասնակիցներուն:

Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին  հայրենիքի մէջ անցուցած օրերուն եւ մեծն Կոմիտասի արուեստը ներկայացնելու` սփիւռքի նախարարութեան ընձեռած կարելիութեան համար:

Քննարկուեցան սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան, հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի, մասնաւորապէս հայ երաժշտութեան պահպանման եւ զարգացման վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ Համահայկական մշակութային փառատօնի մասնակիցները այցելեցին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկ, որմէ ետք` Կոմիտասի անուան պանթէոն, ուր հայ երաժշտութեան մեծ նուիրեալի շիրիմին մօտ ներկայ գտնուեցան Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Շահէ քհնյ. Հայրապետեանի ձեռամբ մատուցուած հոգեհանգիստի կարգ-խնկարկութեան արարողութեան:

Այնուհետեւ  Կոմիտասի բացառիկ կերպարին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` մասնաւորապէս նշելով. «Կոմիտասը մեր անհաս գագաթն է: Կ՛ուզեմ, որ միշտ լսենք եւ երգենք Կոմիտաս: Մեր երաժշտական ճաշակի ձեւաւորման հիմքը պէտք է ըլլայ Կոմիտաս: Վարդապետին ստեղծագործութիւնները մենք պէտք է աւելի ու աւելի ճանաչելի դարձնենք աշխարհին, որովհետեւ օտարները հայուն տեսակն ու Հայաստանը պէտք է ճանչնան մեր մեծերով, երաժշտական մտքի հսկայով` Կոմիտասով»:

Կենդանաբանական Պարտէզին Մէջ Ստեղծուած Է
Օպտիկամանրաթելային Ցանց Եւ Ընդարձակուած Է
Անթել Համացանցի Հասանելիութեան Ծածկոյթը

IMG_8980

Պաշտօնապէս ազդարարուած է Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ գերարագ անթել համացանցի գօտիի ընդլայնման եւ օպտիկամանրաթելային  ցանցի գործարկման մասին:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուած են` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան եւ Երեւանի կենդանաբանական այգիի տնօրէն Ռուբէն Խաչատրեան:

Կազմակերպիչները շեշտած են նախաձեռնութեան տեղեկատուական եւ կրթական բաղադրիչները: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ տրամադրուող անվճար համացանցի կապի միջոցով այցելուները, տպագիր ցուցանակներէ բացի, կարելիութիւն պիտի ունենան օգտուելու նաեւ պարտէզին ելեկտրոնային ներգործօն քարտէսներէն և ուղեցոյցերէն:

Կենդանաբանական պարտէզի ամբողջ տարածքին գործող անթել համացանցի գօտիին սահմաններուն մէջ այցելուները պիտի կարենան անխոչընդոտ այցելել պարտէզին պաշտօնական կայքը, ծանօթանալու լրահոսին եւ դիտելու պարտէզին եւ անոր բնակիչներուն մասին պարբերաբար թարմացուող տեսանիւթերը:

Նշենք, որ օպտիկամանրաթելային ցանցի ստեղծումը նաեւ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ գործարկելու անասուններուն մասին պատմող ցուցատախտակներուն վրայ տեղադրուած QR ծածկագրերը: Համապատասխան ծրագիր ունեցող այցելուները կրնան վայրկեաններու ընթացքին ստանալ տուեալ անասնատեսակին մասին բազմակողմանի տեղեկութիւն: Առանձին տեսողական ծրագիրներ պիտի մշակուին տեսողական հարցեր ունեցող մարդոց համար:

Օպտիկամանրաթելային ցանցի կառուցումը պիտի իրագործուի Ռալֆ Եիրիկեանի անձնական` 3.8 միլիոն դրամի ներդրման շնորհիւ` հիմք ընդունելով այն հիմնարար արժէքներէն մէկը, որ ընկերութիւնը գործունէութեան առաջին իսկ օրէն կը խրախուսէ իր աշխատակիցները հանրային բարիք ստեղծելու գործին մէջ կամաւոր հիմունքներով մասնակցելու անհրաժեշտութեանը: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու հիմնադրամը (FPWC) նոյնպէս մասնակցած է նախագիծին` յատկացնելով եւս 3.8 միլիոն դրամ: Օպտիկամանրաթելային ցանցի գործարկումը պիտի նպաստէ նաեւ անասուններու խնամքի մակարդակի բարձրացման: Ցանցի առկայութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ պարտէզի ամբողջ տարածքին տեղադրել առցանց  տեսախցիկներ` ապահովելով անասուններու նկատմամբ անընդհատ վերահսկողութիւն, իսկ առկայ տեսագրական նիւթերը կրնան օգտագործուիլ ինչպէս գիտամեթոտական, այնպէս ալ կրթական նպատակներով:

«Վերջին շրջանին կատարուած բարեփոխումներէն ետք Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը իրապէս դարձած է կենսոլորտի պահպանման, դաստիարակչական կարեւոր կեդրոն, ուր մանուկները կը սորվին հոգ տանիլ բնութեան, կը համալրեն անասուններու մասին իրենց ունեցած գիտելիքները, կը մասնակցին հետաքրքրասիրութիւն եւ առողջ ապրելակերպ խրախուսող միջոցառումներու, կը դիտեն ուսուցողական ժապաւէններ: Բնական է, որ այդ բոլորը պատշաճ կերպով կազմակերպելու, առաւել գունեղ դարձնելու եւ շրջայցերը արհեստագիտական միջոցներով առաւել յարմարաւէտ դարձնելու համար անհրաժեշտ է համացանցի հասանելիութիւն: Իբրեւ անձ` ուրախ եմ աջակցելու կենդանաբանական պարտէզի նախաձեռնութիւններուն: Օպտիկամանրաթելային ցանցի կառուցումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ պարտէզին տարածքին գործարկել տեսախցիկներ, ինչպէս նաեւ` էականօրէն ընդլայնել անվճար անթել համացանցի կապի հասանելիութիւնը», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

ՀՕՄ Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ
Շահումեանի Ընտանիքներուն

11064824_1641112036174431_849814916349056676_n 11998977_1641112349507733_5818402831386218742_nՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին նախաձեռնութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի անդամներուն աջակցութեամբ, այս անգամ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի Շահումեանի շրջան: Շրջանի մօտաւորապէս 7 համայնքներու 30 բազմազաւակ ընտանիքներուն իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերելու համար անոնք իրենց հետ տարած են ձմրան հագուստներ, կօշիկներ եւ խաղալիքներ: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները հանդիպում ունեցած են նաեւ շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կ. Եղիշեանին հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ականներուն` շրջանին աջակցելուն եւ իրենց օգնութիւնը ցուցաբերելուն համար:

ՀՕՄ-ականները այցելած են Շահումեանի շրջանի Չարեքտար, Նոր Վերինշէն, Նոր Էրքեջ, Նոր Գետաշէն, Նոր Բրաջուր, Դադիվանք եւ Քարվաճառ համայնքները: Անոնց նախաձեռնութեամբ Շահումեանի մէջ բացումը կատարուած է Արցախի միաւորի մասնաճիւղին, նոյն օրը տասը անդամներ երդում տալով` միացած են ՀՕՄ-ի շարքերուն: ՀՕՄ-ականները շնորհաւորելով նորագիրները` խոստացած են ապագային եւս օժանդակել շրջանի ծրագիրներուն եւ միասնաբար կեանքի կոչելու նոր նախաձեռնութիւններ:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը իր շնորհակալութիւնը յայտնած է նաեւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի անդամներուն` ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ծրագիրներուն ընթացք տալու եւ համապատասխան օժանդակութիւնը ցուցաբերելուն համար, մաղթելով անոնց ուժ եւ կարողութիւն:

VivaCell-MTS_logotype_high

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւմտեան Պէյրութ Պաշարման Օղակի Մէջ

Յաջորդը

Արտակարգ Օրեր Երկրի Տարածքին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?