Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շուշիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ
Արհեստագործական Ուսումնարանի Եւ
Վերականգնեցման Արհեստագործական
Աւանդութիւնները
Սեպտեմբեր 19-ին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Շուշիի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Եզնիկ Մոզեանի անուան նորակառոյց արհեստագործական ուսումնարանին: Կրթօճախը կառուցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ, ըստ ֆրանսահայ Եզնիկ Մոզեանի կտակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Ուսումնարանը շինարարական արհեստներու մասնագիտական ուսուցման միակ կրթօճախն է Արցախի մէջ:
Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայէն Արցախ եկած մօտաւորապէս 100 հոգիէ կազմուած պատուիրակութիւնը, այդ թիւին մաս կը կազմէին` Եզնիկ Մոզեանի ընտանիքի անդամները, խորհրդարանի անդամներ, նահանգներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, հայկական միութիւններու եւ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներ: Բացման հանդիսութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեանը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի ուղեկցութեամբ:
Եռայարկ կրթօճախը կը զբաղեցնէ մօտաւորապէս 4050 քառ. մեթր մակերես: Ուսումնարանը կառուցուած էր ֆրանսական նմանատիպ մասնագիտական կրթօճախներու օրինակով` յատուկ մասնագիտական յանձնախումբի խորհրդատուութեամբ: Ուսումնարանի նախագիծին հեղինակն է ճարտարապետ Ալեն Տարոնժեանը: Ծրագրի իրականացման գործին մէջ առանցքային տեղ գրաւած է ծրագրի համակարգող, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի անդամ եւ «Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական դպրոց»-ի հիմնարկի փոխնախագահ Ռոպերթ Այդաբիրեանը: «Մեր մօրեղբօր` Եզնիկ Մոզեանի երազած արհեստագործական դպրոցի բացումը ամենամեծ հատուցումն է տարիներու մեր անխոնջ ջանքերուն: Դպրոցը իր հիմնադրման առաջին իսկ տարին ընդունած է 70 աշակերտ: «Եզնիկ Մոզեան» հաստատութիւնը իր հովանաւորներուն եւ երիտասարդ տնօրէնութեան օժանդակութեամբ կը պատրաստէ արհեստավարժ եւ որակեալ մասնագէտներ, որոնց շնորհիւ եւ մասնակցութեամբ քաղաքներն ու գիւղերը պիտի ունենան կայուն ապագայ: Նոր արհեստագիտութիւններուն օգտագործումը, նորարական մօտեցումներու կիրարկումը եւ ընդհանուր դրական միջավայրը իրենց անդրադարձը պիտի ունենան բնակչութեան ամենատարբեր շերտերուն վրայ», ըսած է Ռոպերթ Այդաբիրեանը: Հանդիսութեան աւարտին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանը Ռոպերթ եւ Հերմինէ Այդաբիրեաններուն շնորհեց Շուշիի պատուաւոր քաղաքացիի վկայագիրը:
Ընդհանուր 450 ուսանողի համար նախատեսուած ուսումնական հաստատութիւնը ունի հանրակրթական առարկաներու եւ շինարարական արհեստներու ուսուցման համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները` կահաւորուած դասասենեակներ, սարքաւորումներով եւ պարագաներով յագեցած աշխատանոցներ, արհեստանոցներ, գրադարան, օժանդակ սենեակ` նիւթերու եւ սարքերու պահեստաւորման համար, ինչպէս նաեւ` արդիական կեդրոնական ջեռուցում եւ օդափոխութիւն: Կրթօճախը արդէն իսկ ունի իր ուսանողները, որոնք եկած են Արցախի ամենատարբեր համայնքներէն:
Ուսումնարանի սաները այստեղ պիտի ստանան եռամեայ կրթութիւն: Հանրակրթական ուսման զուգահեռ, անոնք պիտի աշխատին շինարարական ձեռնարկութիւններու մէջ եւ ձեռք պիտի բերեն փականագործի, մետաղագործի, տանիքագործի, թիթեղագործի, զօդողի, ամրագործի, պատշարի, ներկարարի, սալիկապատող-յարդարողի, ելեկտրագէտի, սանտեխնիկի, ջերմատեխնիկի մասնագիտութիւններ: Գործնական դասաւանդութեան վարպետ-մանկավարժները վերապատրաստուած են Ֆրանսայի մէջ: Երկարաժամկէտ համագործակցութիւնը ֆրանսական նմանօրինակ հաստատութեան հետ կարելիութիւն պիտի ընծայէ ուսումնարանին մէջ ապահովելու եւրոպական չափանիշներուն համարժէք մասնագիտական կրթութիւն:
Նշենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Ֆրանսահայ համայնքին գումարներով իրագործուած բազմաթիւ կրթական ծրագիրներու մէջ Մոզեանի անուան արհեստագործական ուսումնարանի կառուցումը կ՛առանձնանայ իր ֆիզիքական եւ ներդրումային ծաւալներով, ինչպէս նաեւ` այն հեռահար նպատակներով եւ ազդեցութեամբ, որ ուսումնարանը կ՛ունենայ Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման վրայ` շարունակաբար լրացնելով մասնագիտական այն ներուժը, որուն կարիքը այսօր խիստ զգալի է:
Վարչապետ Յարութիւնեան Ընդունած Է
«Հայաստան» Հիմնադրամի Ներկայացուցիչները
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան վերջերս ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի խումբ մը բարերարներ, որոնք ճանաչողական այցելութիւն կու տան Արցախ:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն` Արցախի հանդէպ ցուցաբերուող մնայուն ուշադրութեան համար: Ան համառօտ կերպով ներկայացուցած է հանրապետութեան կենսագործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները. մասնաւորապէս անդրադարձ կատարած է ժողովրդագրութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն, ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացուող տնտեսական հիմնական նախագիծները:
«Մեր ունեցած ձեռքբերումներուն զգալի մասը նշանակալիօրէն պայմանաւորուած է սփիւռքահայութեան գործօն մասնակցութեամբ: Արցախի զարգացման գրեթէ բոլոր ուղղութիւններուն մէջ մեծ է յատկապէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին դերը», նշած է վարչապետը` աւելցնելով, որ Արցախի մէջ իրականացուող իւրաքանչիւր ծրագիր միտուած է ապագային, եւ կատարուող աշխատանքները հաստատապէս պիտի ծառայեն սերունդներուն:
Ան շեշտած է, որ բացի ցուցաբերուող աջակցութենէն, Արցախի տնտեսութիւնը մեծ ներուժ ունի, որ կարելի է զարգացնել նաեւ սփիւռքահայութեան ներդրումներով: «Հզօր հայրենիքի գոյութիւնը կախուած է նաեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն աշխուժ ներդրումներէն, որ նոր թափ պիտի հաղորդէ Արցախի եւ Հայաստանի տնտեսութիւններուն զարգացման», ըսած է վարչապետը:
Հանդիպման աւարտին ան պատասխանած է ներկաներուն հարցումներուն:
Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունած Է
«Մայքրոսոֆթ»-ի Շրջանային Տնօրէնը
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 15 սեպտեմբերին ընդունած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանային տնօրէն Տան Կրենթհեմի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, վարչապետը բարձր գնահատած է «Մայքրոսոֆթ»-ի հետ շարունակական համագործակցութիւնը եւ` նշած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է երկկողմանի գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացնելու եւ խորացնելու:
Իր կարգին Տան Կրենթհեմ բարձր գնահատած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման առումով Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներն ու առնուած քայլերը:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ միացեալ նոր ծրագիրներու իրականացման, մտաւորական ներուժի պաշտպանութեան եւ կիպեռնեթիկային յանցագործութիւններուն դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ վարչապետը կարեւոր նկատած է «Մայքրոսոֆթ»-ի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ աշխուժ համագործակցութիւնը` Հայաստանի պաշտպանական համակարգը կատարելագործելու իմաստով:
Տեսակցութենէն ետք անոնք այցելած են «Մայքրոսոֆթ» նորարարութեան կեդրոն, ուր շրջագայած, ծանօթացած են անոր գործունէութեան եւ արդիւնքներուն: Կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է նաեւ Հայաստանի մէջ գործող շարք մը սկսնակ ընկերութիւններու (Start-Up) ղեկավարներուն հետ, ծանօթացած է անոնց արտադրութիւններուն եւ քննարկած` սկսնակ ընկերութիւններու զարգացման կարելիութիւններն ու ուղիները:
Տան Կրենթհեմին եւ Յովիկ Աբրահամեանին փոխանցուած է այն տեղեկութիւնը, որ «Մայքրոսոֆթ» կեդրոնը իր քառամեայ գործունէութեան ընթացքին վերապատրաստած է աւելի քան 3000 ուսանողներ, որոնք ներկայիս կ՛աշխատին տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ:
Վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած է «Մայքրոսոֆթ» նորարարական կեդրոնին դերը տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման մէջ եւ կարեւոր նկատած սկսնակ ընկերութիւններուն գործունէութիւնը` աշխատատեղերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ նորարական լուծումներ ստեղծելու տեսանկիւնէ: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը ունի զարգացման մեծ ներուժ, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու ոլորտի սկսնակ ընկերութիւններուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու իւրաքանչիւր ողջամիտ առաջարկ:
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ
«Երեւան Ճազ Ֆեսթ 2015» Փառատօնը
«Երեւան Ճազ Ֆեսթ 2015» Փառատօնը
17, 18 եւ 19 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւան ճազ ֆեսթ 2015» փառատօնը, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ոչ միայն հայ, այլ նաեւ Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն նշանաւոր ճազի երաժիշտներ:
Այս առիթով 17 սեպտեմբերին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին յարակից բակին մէջ տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը` մասնակցութեամբ ճազի վարպետներ Լեւոն Մալխասեանի, Արմէն Թիւթիւնճեանի, Էրնա Իւզպաշեանի, Սերգէյ Մանուկեանի, Վահագն Հայրապետեանի, ֆրանսացի թմբկահար Լորեն Ռուպինի եւ ամերիկացի երգիչ Հիւպըրթ Տապպսի:
«Ես շատ ուրախ եմ եւ յուզուած, որ երկարատեւ դադարէ ետք մեզ մօտ կրկին իրականացուեցաւ միջազգային ճազ փառատօնը: Կը կարծեմ, որ երեւանցիներուն համար հետաքրքրական թուեցաւ, որովհետեւ կազմակերպիչները շատ լուրջ եւ լաւ պատրաստուած էին», յայտնած է Լեւոն Մալխասեան:
Էրնա Իւզպաշեան փափաք յայտնած է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ աւելի յաճախակի բնոյթ ունենան, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ այսպիսի նախաձեռնութիւնները առկայ վիճակը կը տանին դէպի աւելի լաւ:
Վահագն Հայրապետեանին համաձայն, ասիկա պարզապէս երաժշտական նախաձեռնութիւն չէր, այլ իսկական տօն էր:
Խօսելով հայկական ճազի ապագայի մասին` Արմէն Թիւթիւնճեան ըսած է, որ հայերը ճազին առնչուած երկար տարիներու պատմութիւն ունին: «Երեւանը կայ ճազի քարտէսին վրայ», յայտնած է ան:
Հայ երաժիշտներէն նուազ ոգեւորուած չէին արտասահմանէն եկած հիւրերը: Ֆրանսայէն եկած Լորեն Ռուպինը իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնած է Երեւան գտնուելուն համար եւ նման փառատօնի մը հիւրընկալուելուն համար: Իսկ Աւստրիայէն եկած երգիչ Հիւպըրթ Տապպս նշած է, որ անհամբերութեամբ սպասած է համերգներուն, որոնք հրաշալի եղած են:
Տեղեկացնենք, որ փառատօնին իրենց ելոյթներով հանդէս եկած են հայ նշանաւոր ճազ նուագողներ` Արմէն Թիւթիւնճեանը, Լեւոն Մալխասեանը, Էրնա Իւզպաշեանը, Վահագն Հայրապետեանը, Կարէն Մամիկոնեանը, Արթուր Սաթեանը, Երուանդ Երզնկեանը, Վազգէն Ասատրեանը, Սերգէյ Մանուկեանը, Տիգրան Լալայեանը, Արմէն Հիւսնունցը, ինչպէս նաեւ օտար երաժիշտներ` Լորեն Ռոպինը, Մարիամ Մերապովան, Հիւպըրթ Տապպսը, Ռիչըրտ Պոնան եւ Նինօ Քաթամածէն:
Սերժ Թանկեանի Կիթառը Աճուրդի Պիտի Դրուի
Վանաձորի Կարիքաւորներուն Օգնելու Համար
Վանաձորի Կարիքաւորներուն Օգնելու Համար
Հանրայայտ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանկեանին կիթառը, որով ան նուագած է «Սիսթտըմ աֆ է տաուն»-ի «Ուէյք ափ տը սոլզ» շրջագայութեան եւ 23 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համերգին ընթացքին, 8 նոյեմբերին աճուրդի պիտի դրուի Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք «Օրրան» բարեսիրական հիմնադրամի դրամահաւաք-ճաշկերոյթին: Այս մասին նշուած է «Օրրան»-ի հաղորդագրութեան մէջ:
«Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք խումբը կ՛օգնէ կարիքաւոր փոքրիկներուն եւ տարեցներուն Վանաձորի մէջ, որ իր մեծութեամբ Հայաստանի երրորդ քաղաքն է եւ ունի անգործութեան եւ աղքատութեան բարձր ցուցանիշ:
Խումբի անդամները SOAD վերնաշապիկներու վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը նուիրեցին «Օրրան»-ին` օժանդակելով վերջինին իրականացնելու աղքատ կենսապայմաններ ունեցող աւելի քան երկու հարիւր փոքրիկներու եւ հարիւր տարեցներու յատուկ բարեգործական ծրագիրներուն: Այդ վերնաշապիկներէն մէկուն գաղափարը խումբի մենակատար Սերժ Թանկեանի մտայղացումն էր: Վերնաշապիկներուն վրայ պատկերուած նկարները կը յիշատակեն հայոց Մեծ եղեռնի 100-ամեակը:
Խումբը մօտաւորապէս 4500 տոլարի գումար հանգանակեց «Օրրան»-ին համար: «Մենք շատ երջանիկ ենք SOAD-ի աջակցութեան եւ օգնութեան համար: Սերժ եւ Անժելա Թանկեանները երկու տարի առաջ իրենց կատարած անձնական նուիրատուութեան շնորհիւ մեզ ոգեւորեցին Վանաձորի «Օրրան»-ին մէջ հիմնելու տաք սնունդի խոհանոց տարեցներու համար: Ուրախ եմ, որ խումբին միւս անդամները նոյնպէս մեզի միացան: Իսկապէս հիանալի է, որ խումբը լայնօրէն կը տարածէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկացուածութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ եւ միաժամանակ նաեւ կ`օգնէ կարիքաւորներուն հայրենիքի մէջ», յայտնած է Արմինէ Յովհաննէսեան, որ իր ամուսնոյն` Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ 2000 թուականին հիմնեց «Օրրան»-ը:
Հայաստանի Հինգ Դպրոցներու Մէջ
Պիտի Դասաւանդուին «Միկրոելեկտրոնիկա»,
«Հեռահաղորդակցութեան Հիմունքներ»,
«Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններ» Նիւթերը
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հրամանով հաստատուած են տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագիտական առարկաներու առարկայական չափորոշիչները եւ ծրագիրները:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի կրթական հիմնական ծրագիրներ իրականացնող 5 դպրոցներու մէջ եւ կը միտի երկրի տնտեսական եւ գիտաարհեստագիտական յառաջընթացի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն եւ գերակայ ուղղութիւններէն մէկը հանդիսացող տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման:
Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ մասնագիտական կրթութեան ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի, «Սինոփսիս Արմենիա» եւ «Եունիքոմփ» ընկերութիւններու ջանքերով` նախարարութեան եւ նշուած կազմակերպութիւններուն միջեւ մարտ 30-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրի հիման վրայ:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ վերջերս կայացած միացեալ ասուլիսի ընթացքին նախարար Արմէն Աշոտեան, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայելեան եւ «Եունիքոմփ» ընկերութեան տնօրէն Արմէն Բալդրեան ներկայացուցին ծրագրի իրականացման ընթացքը եւ նախնական արդիւնքները:
Այսպէս, մինչեւ 2015-2016 ուսումնական տարուան սկիզբը Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ մշակուած են «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ» մասնագիտական առարկային չափորոշիչները եւ ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իրականացուած է տուեալ առարկային ուսուցիչներու վերապատրաստում: Վերը նշուածէն բացի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ֆինանսաւորմամբ իրականացուած են «Միկրոէլեկտրոնիկա», «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ», «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ» առարկաներու գիտաշխատանոցներու ստեղծման աշխատանքները: Ընդհանուր առմամբ, ծրագրի իրականացման նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նախատեսած է յատկացնել մօտաւորապէս 70 միլիոն դրամ:
«Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը եւս իր ներդրումը ունեցած է «Միկրոէլեկտրոնիկա» առարկայի չափորոշիչներուն եւ ծրագրի մշակման մէջ, ինչպէս նաեւ իրականացուցած է «Միկրոէլեկտրոնիկա» առարկայի ուսուցիչներու վերապատրաստում:
«Եունիքոմփ» ընկերութիւնը մասնակցած է «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ» նիւթին առարկայական չափորոշիչներուն եւ ծրագրին մշակման, իրականացուցած է «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ» նիւթին ուսուցիչներու վերապատրաստում, ինչպէս նաեւ տրամադրած է «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ» նիւթին ուսուցման անհրաժեշտ գիտաշխատանոցային սարքաւորումներ եւ գործիքներ: «Միկրոելեկտրոնիկա», «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ», «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ» նիւթերուն գիտաշխատանոցներու ապահովման եւ առանձին համակարգչային ցանցերու ստեղծման աշխատանքները կը գտնուին իրականացման հանգրուանին մէջ:
Կրթական ծրագիրը պիտի իրականացուի թիւով 5 ուսումնական հաստատութիւններու մէջ` Գիւմրիի «Ֆոտոն» վարժարանին, Երեւանի «Քվանտ» վարժարանին, Վանաձորի մաթեմատիկայի եւ բնագիտական առարկաներու խորացուած ուսուցմամբ յատուկ դպրոցին, Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին Երեւանի աւագ դպրոցին եւ Արտաշէս Շահինեանի անուան ֆիզիկամաթեմատիկական յատուկ դպրոցին մէջ:
«Մեր յաւակնութիւնն է` ունենալ Հայաստանի մէջ կրթական, պրենտային նոր ծրագիր, որպէսզի կարենանք նաեւ արտահանել իբրեւ գաղափար եւ բովանդակութիւն` «ճատրակ» նիւթին պէս: Ծրագրին ներդրումը պայմանաւորուած է արհեստագիտական կրթութեան զարգացման միտումներով եւ դպրոցներուն մէջ գիտական արհեստագիտական նիւթերու յստակ ներկայացուածութեամբ: Ծրագիրը իսկապէս աննախադէպ է արհեստագիտական կրթութեան զարգացման տեսանկիւնէն. նախագիծը տակաւին չի սկսած արդէն ունի մեծ արձագանգներ շարք մը արտասահմանեան երկիրներէ եւ միջազգային կառոյցներէ, որոնք հետաքրքրուած են ծրագրի դիտարկումով եւ ապագային փորձի փոխանակմամբ», յայտնած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը:
«Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ մասնագիտական կրթութեան ծրագրին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է Հայաստանի մեր տեսլականով` իբրեւ երկրի, որ ոչ միայն կը կիրարկուին բարձր մակարդակի արհեստագիտութիւններ, այլեւ աշխարհին կը ներկայացուին իր կողմէ ստեղծուած նորարարութիւնները: Հեռահաղորդակցութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ միկրոելեկտրոնիկայի ոլորտները տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն խթան են: Այս աննախադէպ կրթական ծրագիրը նաեւ պիտի ունենայ նշանակալի ընկերային ազդեցութիւն` նպաստելով աշխատանքային շուկայի պահանջներուն համապատասխանող մասնագէտներու պատրաստման եւ օգնելով հայ երիտասարդներուն մնալու եւ աշխատելու Հայաստանի մէջ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը»:
«Այս ծրագրին շնորհիւ քանի մը տարի ետք որակական եւ արմատական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, որովհետեւ համալսարանները դպրոցներէն պիտի ստանան տաղանդաշատ պատանիներ, որոնք տարբեր մասնագիտութիւններու գծով պիտի պատրաստեն որակաւոր անձնակազմեր», նշած է «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը: