Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 26, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նախագահ Սահակեան Բարձր Գնահատած Է
Արցախի Մէջ Քարոլայն Քոքսի Ներդրումը

Cox_8-26-15

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 օգոստոսին ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահ Սահակեան մեծապէս արժեւորած է պարոնուհիին կողմէ պարբերաբար Արցախ կատարուող այցելութիւնները, պատուիրակութեան կազմին մնայուն ընդարձակումը` այս մէկը նկատելով Արցախը ճանչնալու եւ Արցախի ու անոր ժողովուրդին հետ բարեկամական կապերը ամրապնդելու կարեւոր գործօն ու հանգամանք:

Ճափոնի Մէջ Կոմիտաս Մեծաթիւ
Երկրպագուներ Ունի

0195Gomidas_8-26-15

Կոմիտաս կը շարունակէ արդիական ըլլալ իր ստեղծած երաժշտութեան գեղարուեստական լուծումներով, յօրինումի եւ գիտարուեստական հնարքներով, երաժշտական մտածողութեամբ: Հայ ազգային դասական երաժշտական դպրոցի հիմնադիրը մեծ թիւով երկրպագուներ ունի Ճափոնի մէջ, եւ բազմաթիւ երաժիշտներ կը փափաքին համերգներ տալ Հայաստանի մէջ:

«Արմենփրես»-ի համաձայն, Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարան կատարած այցելութեան ընթացքին նման կարծիք արտայայտած է¬ Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Էյճի Թաքուչին, որ մեծապէս տպաւորուած էր նորակառոյց թանգարանով: «Հրաշալի թանգարան է: Շատ տպաւորուած եմ թանգարան կատարած այցելութեամբ եւ կը կարծեմ, անիկա կ՛ըլլայ Երեւան իմ բնակութեան հետ կապուած անմոռանալի յիշողութիւններէն մէկը: Կոմիտասի ստեղծագործութեան առաջին անգամ ծանօթացած եմ ընկերոջս միջոցով, որ կը հիանար եւ քաջատեղեակ էր անոր մասին: Այսօր ես շատ աւելին իմացայ Կոմիտասի մասին եւ լսեցի անոր երաժշտութիւնը», թանգարան կատարած այցելութենէն ետք յայտնեց դեսպանը: Անոր կարծիքով, թանգարանին մէջ տիրող մթնոլորտը, ներքին բակը հոգեհարազատ է ճափոնական մշակոյթին, որուն բարձրագոյն դրսեւորումներէն են թանգարանները: «Միջավայրը ճափոնականին նման է, եւ կը կարծեմ` բոլոր ճափոնցիներուն հաճելի կը թուի անիկա, եւ բազմաթիւ երաժիշտներ կը ցանկան նուագել այստեղ», աւելցուց դիւանագէտը:

Անոր ուշադրութիւնը գրաւեցին Կոմիտասի երաժշտական գործիքները, յատկապէս` եղէգնեայ սրինգը, որ լայնօրէն կը կիրարկուի ճափոնական հոգեւոր երաժշտութեան մէջ: Գործիքը տեսնելէն ետք դեսպանը յղացաւ գաղափար մը` միացեալ համերգ կազմակերպել հայ սրնգահարներու եւ ճափոնցի սրնգահարին հետ, որ աշնան պիտի այցելէ Հայաստան:

Թանգարան-ուսումնարանի տնօրէն Նիքոլա Կոստանդեան «Արմենփրես»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Ճափոնի դեսպանատան հետ համագործակցութեան հիմքը դրուած է ապրիլ 2015-ին` Ճափոնի դեսպանի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի այցելութեան ընթացքին:

«Նուիրում Կոմիտասին» խորագիրի տակ համերգ ունեցաւ Ամսթերտամ բնակող ճափոնցի դաշնակահարուհի Սիչիծօ Քէիքոն: Իսկ մայիսին կրկին թանգարան-ուսումնարանին մէջ կայացաւ Կոմիտասի ազգային քառեակի (գեղարուեստական ղեկավար` Էդուարդ Թադէոսեան) եւ ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի համատեղ համերգը:

«Թանգարանը պատրաստ է խթանելու հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները մշակութային ոլորտին մէջ», ըսաւ Կոստանդեան: Իսկ Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանի գիտական խորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեան նշեց, որ Կոմիտասի հանդէպ ճափոնական հասարակութեան հետաքրքրութիւնը կու գայ տակաւին խորհրդային տարիներէն, երբ հայ երաժիշտները` Կոմիտասի անուան լարային քառեակը, դաշնակահար Սվեթլանա Նաւասարդեան, համերգներով հանդէս եկան Ճափոնի մէջ:

«Զարմանալի են այդ հեռաւոր երկրին հետ մեր կապերը: Ճափոնը 1918-1920 թուականին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւններէն եղած է: Մեր յօրինողները իրենց գործունէութեան ընթացքին անընդհատ դիմած են ճափոնական մշակոյթին. հոգեկան հարազատութիւն ունինք այդ մշակոյթին հետ եւ միաժամանակ խիստ տարբեր ենք», ըսաւ Նաւոյեան:

«Տարօրինակ չէ, որ Կոմիտաս շատ լաւ կ՛ընկալուի ճափոնցիներուն կողմէ: Պատճառը, իմ կարծիքով, լակոնականութեան, խտացուած մտքի, առանց որեւէ աւելորդութեան, սուղ միջոցներով գեղարուեստական մտքի բացարձակ արտայայտչականութեան հասնելու կարողութեան մէջ է», աւելցուց արուեստագիտութեան թեկնածու փրոֆ. Նաւոյեան:

Աւելի՛ն. ըստ անոր, Կոմիտասը շատ մեծ յաջողութիւն կ՛ունենայ համաշխարհային բեմերուն վրայ: Երաժշտական շրջանակներուն մէջ ընդունուած է, որ եթէ համերգային ծրագրին մէջ կայ Կոմիտաս, ապա համերգին յաջողութիւնը ապահովուած է:

Յեղափոխական Երգերու Մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան
Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ-ԱԵՄ-ի Անդամներուն Հետ

DSC_0658

Ազգային-յեղափոխական երգերու հեղինակ եւ մեկնաբան, սփիւռքահայ Գառնիկ Սարգիսեան 19 օգոստոսին Արցախի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը:

Հանդիպման ընթացքին Գառնիկ Սարգիսեան ըսած է, որ չափազանց յուզուած եւ ուրախ է, որ անգամ մը եւս կարելիութիւն ունեցած է հանդիպելու Արցախի երիտասարդներուն հետ:

DSC_0680

«Հանդիպումներ ունենալով տարբեր երկիրներու հայ երիտասարդներուն հետ` կարելիութիւն կը ստեղծուի հասկնալու տուեալ երկրին մէջ ապրող երիտասարդութեան միտքերն ու գաղափարները, նաեւ` այդ բոլորը փոխանցելու տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ երիտասարդներուն», ըսած է Գառնիկ Սարգիսեան:

Անկէ ետք երգիչը պատասխանած է երիտասարդները հետաքրքրող  հարցումներուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հայոց զինեալ պայքարին, Հայ դատի եւ  պահանջատիրութեան:

Հանդիպման աւարտին ներկաները միասնաբար երգած են «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը եւ այցելած` Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) անուան պուրակ:

Հայաստանը Ճանչնալու Լաւագոյն Միջոցը
Կամաւորաբար Հայրենիքի Մէջ Աշխատիլն Է

IMG_8609

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գրասենեակներուն մէջ հիւրընկալուած են տարբեր երկիրներէ Հայաստան ուղղուած 20-32 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք միջին հաշուով չորս ամիս շարունակ իրենց մասնագիտական հմտութիւնները կամաւորաբար պիտի դնեն ի սպաս Հայաստանի տարբեր շրջաններու կարիքներուն: Անոնք ընդունուած են «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի կողմէ, որ հիւրերուն ներկայացուցած է հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ առաջատար ընկերութեան ձեռքբերումները, այն արժէքները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ` հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ ընկերութեան կողմէ իրականացուող համագործակցական-ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրները:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կարեւոր կը նկատէ սփիւռքահայ երիտասարդները հայրենիքի մէջ աշխատելու ճամբով երկրին ծանօթանալու վերաբերող նախաձեռնութիւնները: Ընկերութիւնը հաւատացած է, որ Հայաստանը ճանչնալու լաւագոյն միջոցը ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկ այցելութիւնն է, այլ հայրենիքի մէջ աշխատիլը կամ կամաւորաբար, անհատին մասնագիտութենէն մեկնած, ժողովուրդին կեանքի որակի բարձրացման նպաստելն է, որովհետեւ այդպիսով սփիւռքահայը պիտի զգայ, որ երկրին տէրն է:

Կարելի չէ համարկուիլ որեւէ հասարակութեան եւ երկրին տէր դառնալ առանց այդ երկրի բնակիչներուն հետ ամէնօրեայ կապին, անոնց առօրեայ խնդիրներուն ծանօթանալու եւ ձեռք ձեռքի լուծումներ որոնելու գործին լծուելու:

IMG_8587

«Դէպի Հայք» ծրագիրը, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի աջակցութեամբ, 2004 թուականէն կազմակերպած է 37 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1000 հայ երիտասարդներու կամաւոր նախաձեռնութիւններու մասնակցութիւնը Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ: «Դէպի Հայք» ծրագիրով Հայաստան ժամանողները անմոռանալի փորձառութիւն կ՛ապրին իրենց տարեկիցներուն հետ կապ հաստատելով եւ իրենց մասնագիտութիւններուն հիման վրայ կամաւոր աշխատանքի լծուելով:

«Օգտագործէք երիտասարդ տարիքին հասանելի կարելիութիւնները, բաց եղէք նորը տեսնելու, զայն զարգացնելու եւ երկրի յառաջխաղացման նպաստելու: Պարզապէս ձեռք մեկնեցէք ձեր հայրենակիցներուն` փոքր գործեր ընելով: Այսպիսով, դուք կրնաք հարստանալ հոգեպէս, կեանքի փորձառութիւն ձեռք բերել եւ այս ձեւով փոխել աշխարհը: Յիշեցէք, որ դուք Հայաստանի դեսպաններն էք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ լաւագոյն օրինակը` ձեր երեխաներուն համար», յայտնած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը` ողջունելով Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Ուքրանիայէն, Բրիտանիայէն, Լիբանանէն եւ Քանատայէն Հայաստան մեկնած կամաւորները:

Կամաւորները Ռալֆ Եիրիկեանի հետ կիսած են իրենց տպաւորութիւնները եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ստեղծման եւ անցած ուղիին մասին հարցումներ ուղղած են: Հանդիպումէն ետք սփիւռքահայ երիտասարդները, Ռալֆ Եիրիկեանի ընկերակցութեամբ, շրջագայած են ընկերութեան գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ:

Հայաստանի Մէջ Կը Բացուի Միջազգային
Աստղագիտական Միութեան Գրասենեակ

0822astrology

Միջազգային աստղագիտական միութեան Աստղագիտութեան զարգացման գրասենեակը նոր համակարգման բաժիններ հիմնադրած է` Հայաստանի, Քոլոմպիոյ, Յորդանանի, Նիկերիոյ եւ Փորթուգալի մէջ:

Միութեան կայքին վրայ նշուած է, որ նոր երկիրներու հետ գործընկերութիւնը մաս կը կազմէ կազմակերպութեան տասնամեայ ռազմավարական ծրագիրին, որուն թիրախը աստղագիտութեան հասարակական շահի իրացումն է:

Համաձայնագիրը ստորագրուած է Հոնոլուլուի մէջ, կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին:

Հինգ նոր գրասենեակները պիտի կատարեն երկու կարեւոր գործառնութիւն. շրջանային բաժանմունքները պիտի համակարգեն գործունէութիւնը դրացի երկիրներուն մէջ աստղագիտութեան զարգացման ոլորտին մէջ, մինչ լեզուական փորձագիտական կեդրոնները պիտի զբաղին լեզուական եւ մշակութային կողմերով:

Հարաւ-արեւմտաասիական շրջանային գրասենեակ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ` Բիւրականի աստղադիտարանին կից:

Արցախի Շեխեր Գիւղին Մէջ
Նոր Եկեղեցւոյ Հիմնաքարերը Օծուեցան

Արցախի Շեխեր շրջանի 2 եկեղեցիները աւերուած էին խորհրդային տարիներուն. անոնցմէ գրեթէ ոչինչ մնացած է: Գիւղի բնակիչները եկեղեցւոյ կարիք ունէին: Այս տարի շրջանի բարձունքին վրայ գտնուած խաչքարի խորհրդաւորութիւնը շեխերցիներուն յուշած է, որ գիւղին մէջ պէտք է եկեղեցի կառուցուի: Անմիջապէս սկսած են գաղափարը իրականացնելու: Համագիւղացի Գրիգորի Սաֆարեանի գլխաւորութեամբ կատարուած այս աշխատանքին միացած են շրջանի բնակիչները:

Որպէս վայր ընտրուած է նախկին դպրոցի տարածքը:

Օգոստոս 18-ին տեղի ունեցաւ հիմնաքարերու օծումը. արարողութեան ընթացքին նախ ջուրով ու գինիով լուացուեցան 16 սրբատաշ քարերը: Այնուհետեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան զանոնք օծեց սուրբ միւռոնով, ու շրջանի 16 ներկայացուցիչներ քարերը տեղադրեցին Քրիստոսի 12 առաքեալները, աւետարանիչները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Ս. Պօղոս առաքեալը խորհրդանշող սիւներու հիմերուն մէջ:

Պարգեւ սրբազան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատելով եկեղեցւոյ դերը` մաղթեց, որ հիմնաքարերը ամուր ու օրհնաբեր ըլլան, որ կառուցուող տաճարի դռները երբեք չփակուին, եկեղեցին չսասանի եւ հազարաւոր տարիներ իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցէ գիւղի բնակչութեան:

Մէկ շաբաթէն պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները, սակայն յստակ չէ, թէ ե՛րբ կ՛աւարտին անոնք:

Վերջին 5 Տարիներուն Մարդու
Օգտագործման Դէմ 41 Դատ Բացուած Է

2004 թուականին ամբողջ աշխարհին մէջ մարդու օգտագործումէն ստացուած տարեկան եկամուտը գնահատուած է 5-9 միլիառ տոլար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկոյցին համաձայն, Հայաստան արդէն 3-րդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը նկատուի մարդու օգտագործման դէմ արդիւնաւէտ կերպով պայքարող երկիր: ՄԱԿ-ի տուեալներով, ամէն տարի  2.5 միլիոն մարդ 127 երկիրներէ կը դառնայ օգտագործման զոհ: Շահագործման կրնան ենթարկուիլը բոլորը` անկախ տարիքէն, սեռէն, ազգութենէն կամ դաւանանքէն, սակայն հիմնական թիրախները կը դառնան կիներն ու երեխաները:

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի քրէական գործերու քննութեան աջակցութեան վարչութեան աւագ քննիչ Դաւիթ Թումասեանին աշխատանքային փորձառութիւնը կը յուշէ, որ յաճախ կարելի չէ ճշգրիտ ըսել, թէ մարդու շահագործումը ի՛նչ ձեւով եղած է, որո՛ւ հանդէպ կատարուած է, որովհետեւ ապացոյցներ գտնելը դիւրին չէ: Ըստ անոր, վերջին 5 տարիներուն Հայաստանի մէջ մարդու շահագործման վերաբերող 41 քրէական գործ յարուցուած է: «Դրանց մի մասը կարճուել է` յանցակազմի կամ այլ ապացոյցների բացակայութեան պատճառով: Այդ գործերից 15-ի մէջ անչափահասների անուններ են», նշած է ան:

Այս ծիրին մէջ պետութեան կողքին պայքար կը տանին նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններ: «Յոյս եւ աջակցութիւն» կազմակերպութիւնը արդէն երկար տարիներէ այդ հարցով կը զբաղի: Ստեղծած են ապաստաններ` տուժածներուն համար, կը տրամադրուի հոգեբանական ու ընկերային աջակցութիւն: Օգտագործման զոհերուն համար բաւական դժուար է կրկին հանրութեան մէջ տեղ գտնելը: Հոգեբան Թամարա Յարութիւնեան խոստովանած է, որ հոգեբանական երկար աշխատանքի կը կարօտի, իսկ անոնք, որոնք չեն դիմեր հոգեբանի, յաճախ չեն կրնար բնական կեանքին վերադառնալ: Ցաւօք, հասարակութեան դիրքորոշումը միշտ ալ ժխտական է, յատկապէս` սեռային բռնութիւններու ենթարկուածներուն նկատմամբ:

VivaCell-MTS_logotype_high

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ծանր Բախումներ Եւ Իսրայէլեան Օդուժի Վայրագ Յարձակումներ Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Հարաւի Մէջ

Յաջորդը

Կարեւոր Չէ, Թէ Ի՛նչ Լեզուով Եմ Խօսում, Կարեւորը` Ինձ Հայ Եմ Զգում…

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?