Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«2015-ի «Արի Տուն» Եւ «Սփիւռք Ամառնային
Դպրոց» Ծրագիրներով` 2000-2500
Սփիւռքահայ Երիտասարդ Հայաստանի Մէջ
29 մայիսին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ «Արի տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն նուիրուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարարը նշած է, որ 2015-ին այս ծրագիրներով Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուին 2000-2500 սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնց ճամբու, անվտանգութեան, առողջապահական եւ այլ հարցերը լուծելու համար նախարարութիւնը կը գործէ պետական կառավարման բոլոր բնագաւառներուն հետ:
«Արի տուն» ծրագիրի աշխատանքային խումբի ղեկավար Ֆ. Զաքարեանը ներկայացուցած է 2015-ի ծրագիրով կատարուած եւ նախատեսուող աշխատանքները: «Այս տարի նախորդ տարիներուն նման կը նախատեսուի երկշաբաթեայ ծրագիրով ընդունիլ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդ: Մշակուած եւ հաստատուած է 2015-ի ծրագիրի գրքոյկ-ուղեցոյցը, թարգմանուած է ռուսերէնի եւ անգլերէնի: 2015¬ին ծրագիրը կ՛իրականացուի յունիսի 14-էն մինչեւ օգոստոսի 29` 8 հանգրուաններով: 2015 թուականի մայիսի 21¬ի դրութեամբ ծրագիրին մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած է 160 սփիւռքահայ` 20 երկիրներէ: Այս տարի Տէրսիմէն եւ Տիգրանակերտէն նախատեսուած է ընդունիլ 40-ական մասնակից: Հայ սոցիալ-դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան երիտասարդական հաւաքի ծիրին մէջ պիտի մասնակցին նաեւ 200-220 երիտասարդներ` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Քուէյթէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն: Ծրագիրին մասնակցելու փափաք յայտնած է 50 սուրիահայ երեխայ», տեղեկացուցած է ան:
Ֆ. Զաքարեանը ներկայացուցած է նաեւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը` իր վեց ուղղութիւններով եւ նախապատրաստական աշխատանքներով:
Խօսելով «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի դասընթացքներու արդիւնաւէտութեան մասին` Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը առաջարկած է, որ դասընթացքները ըլլան շարունակական` հեռաուսուցման համակարգի ներդրման միջոցով:
Նախարարը ամփոփած է նիստը եւ տուած յանձնարարականներ` աշխատանքը աւելի համակարգուած ու բովանդակալից դարձնելու նպատակով: «Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այս տարուան ծրագիրը միասնական ջանքերով կեանքի կոչելով, Հայաստանի նախագահին, վարչապետին յանձնարարականները լիարժէքօրէն պիտի կատարուին», համոզում յայտնած է ան:
2014-ին «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը 2 Միլիառ 45 Միլիոն
Դրամ Յատկացուցած Է Ընկերային Ներդրումներու
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը ամփոփած է համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ իրականացուած ընկերային ներդրումներու 2014-ի պիւտճէն: Իր գործունէութեան առաջին օրէն իսկ այս պատասխանատուութիւնը դարձած է ընկերութեան ռազմավարութեան առանցքային ուղղութիւնը:
Ընդհանուր առմամբ, 2014-ին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 2 միլիառ 45 միլիոն դրամ յատկացուցած է ընկերային ներդրումներու իրականացման` հետեւեալ ձեւով.
կրթութիւն` 670 միլիոն 8 հազար դրամ, մշակոյթ` 690 միլիոն 800 հազար դրամ, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն, բնապահպանական իրազեկում եւ կրթութիւն` 190 միլիոն դրամ, առողջապահութիւն` 237 միլիոն 792 հազար դրամ, համայնքային զարգացում` 135 միլիոն դրամ, մարմնակրթութիւն եւ առողջ ապրելակերպի խրախուսում` 121 միլիոն 400 հազար դրամ:
2014-ին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը նաեւ ստանձնած է հովանաւորութիւնը շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու, ինչպէս` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի, Երեւանի 2796-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն, Ուիլիըմ Շէյքսփիրի ծննդեան 450-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու, «Մեծ չեմպիոններ» եւ «100 վայրկեան» նախագիծերուն` տրամադրելով շուրջ 252 միլիոն դրամ: Այսպիսով, համագործակցական պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ եւ հովանաւորչական ծրագիրներուն համար «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կողմէ նախորդ տարի կատարուած է 2 միլիառ 297 միլիոն դրամի ներդրում:
18-19-րդ Դարերու Հազուագիւտ Ջութակներու
Ցուցահանդէս-Վաճառք
Արամ Խաչատրեանի երեւանեան տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած են 18-19-րդ դարերու հազուագիւտ ջութակներ, որոնց կարգին` Անթոնիօ Սթրատիվարիուսի, Նիքոլօ Կալիանոյի եւ աշխարհահռչակ այլ վարպետներու պատրաստած 8 ջութակներ:
«Աշխարհի մէջ ընդունուած է, որ մրցոյթներու ընթացքին կազմակերպուին այսօրինակ ցուցահանդէսներ: Կրնամ փաստել, որ ո՛չ միայն «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ»-ին ընթացքին, այլ առհասարակ, Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը բերուին այսպիսի որակի եւ քանակի գործիքներ», յայտնած է «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ»-ի մշակութային հիմնարկի տնօրէն Աննա Տէր Յովակիմեան:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչն է «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ»-ի մշակութային հիմնարկը: Ջութակները տրամադրած է զուիցերիական «Տել Ճեզու» հիմնադրամը: Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան հիմնադրամի տնօրէն Ռոպերթ Տիմիթրեսքու նշած է, որ ուրախ են` դառնալով Արամ Խաչատրեանի անուան մրցումի մասնակիցներէն:
«Յաճախ հանդիպած եմ հայ երաժիշտներու, կը կարծեմ, թէ Հայաստանը դասական երաժշտութեան վառ աւանդոյթներ ունի, եւ շատ ուրախ եմ, որ այս պատմական հաւաքածուն այսօր Հայաստանի մէջ է եւ կը ներկայացուի «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ»-ին առիթով», յայտնած է Ռոպերթ Տիմիթրեսքու:
Նշենք, որ կազմակերպիչներուն ընտրութեամբ մրցումի դափնեկիրներէն մէկուն իրաւունք պիտի վերապահուի մէկ տարի նուագելու ցուցադրուած գործիքներէն Ուիլէոմի 1825 թուականի ջութակով: Ուստի, այդ ջութակը ցուցադրուած է, բայց չի վաճառուիր:
Եռաբլուրի Մէջ Պիտի Բացուի
Ազատամարտիկներու Թանգարան
Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնի տարածքը մնայուն կերպով բարեկարգման մէջ է: Յաջորդ տարի` 2016-ին, հանրութեան դիմաց իր դռները պիտի բանայ պանթէոնին յարակից տարածքին մէջ կառուցուող, ճարտարապետական ինքնատիպ ոճով օժտուած Ազատամարտիկներու թանգարանը:
Նախագծային ծրագիրներուն եւ իրականացուելիք աշխատանքներու ժամանակացոյցին ծանօթանալու նպատակով 11 յունիսին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ պաշտպանական գերատեսչութեան այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ նախարար Օհանեան շրջագայած է պանթէոնին մէջ, տուած է շարք մը ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ` գերեզմանաքարերու շրջակայ տարածքներուն մէջ բարեկարգման աշխատանքներ եւ շաբաթօրեակներ կազմակերպելու նպատակով, որպէսզի ուխտատեղի դարձած Եռաբլուրի բարձունքը քաղաքացիներու այցելութիւններուն համար առաւել յարմարաւէտ վայր մը ըլլայ:
Ազատամարտիկներու թանգարանի նախագծային-հաշուարկային աշխատանքներուն մասին նախարար Օհանեանին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարութեան Շինարարութեան եւ զօրքերու բնակաւորման վարչութեան նախագահ Աշոտ Գրիգորեան, կառուցման աշխատանքներ կատարող ճարտարապետները եւ պատասխանատու այլ մասնագէտներ, որոնք հաստատած են, որ շինարարական եւ կահաւորման աշխատանքներու աւարտէն ետք երկյարկանի շինութիւնը ամբողջովին համահունչ պիտի ըլլայ ժամանակակից թանգարանային պահանջներուն: Յատկանշական է, որ իբրեւ զոհուած հերոս հայորդիներուն քաջագործութիւնն ու սխրանքը վերարժեւորելու այլ կարեւոր հարթակ մը` Ազատամարտիկներու թանգարանը պիտի ունենայ գեղեցիկ ցուցասրահներ, ինչպէս նաեւ տեսերիզի սրահ` յագեցած ժամանակակից արհեստագիտական միջոցներով:
Վահան Յովհաննիսեանի Գիրքը`
Շաբթուան Լաւագոյնը
«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան «Երեւանեան բեսթսելեր» հեղինակային նախագիծի վարկանշային աղիւսակը այս շաբաթ կը գլխաւորէ Վահան Յովհաննիսեանի «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքը:
Քաղաքական գործիչ, գրող եւ մտաւորական Վահան Յովհաննիսեանի կեանքին վերջին տարիներու մտորումները ամփոփող գիրքը ընթերցողին հասաւ առանց գրողի մակագրութեան` իր մահէն ետք: Գիրքէն որոշ բաժիններ Վահան Յովհաննիսեանի կենդանութեան հրապարակուած էին ելեկտրոնային տարբերակով:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Պատուէրով
Կայացաւ 2014-ին Հրատարակուած
Գիրքերու Շնորհահանդէս
Վերջերս կայացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով 2014 թուականին հրատարակուած գիրքերու շնորհահանդէսը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ տարուէ տարի մեր հետազօտութիւններուն թիւը ո՛չ միայն չի նուազիր, այլեւ առաւել թիրախային կը դառնայ: Հաճոյքով պէտք է նշեմ, որ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն աշխուժութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ կը համագործակցինք Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ առաւելաբար 5-6 հիմնարկներու հետ: Երեւանի պետական համալսարանը, «Նորավանք» գիտական կրթական հիմնադրամը եւ ԵՊՄՀ «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնները, որոնք նոյնպէս մեր գործընկերներն են եւ նախանձախնդրօրէն կը վերաբերին մեր դրամաշնորհներուն նկատմամբ»:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան երկարամեայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, նշեց, որ գերատեսչութիւնը մնայուն կերպով կ՛աջակցի հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, նախաձեռնութիւններուն:
2014 թուականին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած են 12 գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնականօրէն ունին հայագիտական ուղղուածութիւն եւ մեծապէս կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստանի ու սփիւռքի հայագիտական ուսումնասիրութիւններով զբաղող գիտնականներուն եւ կեդրոններուն:
Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Բարխուդարեան անդրադարձաւ «Ռուսիոյ հայ գաղթօճախներու պատմութիւն» աշխատութեան, որ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ հայ գաղթօճախներու բազմադարեան պատմութեան` կազմութենէն մինչեւ ժամանակակից օրերուն պատահած զարգացումները:
Խօսելով «Programs of Genocide in the Ottoman Empire (1876-1920)» հետազօտութեան մասին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան նշեց, որ գիրքին մէջ տեսական ցեղասպանագիտութեան տեսանկիւնէն համընդհանուր կերպով հետազօտութեան ենթարկուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան ծրագիրի ծագումնաբանութեան գործընթացը:
Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ լեզուի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Գալստեան` ներկայացնելով «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի եզրաբանական համակարգերու զուգադրական քննութիւն» աշխատութիւնը ընդգծեց, որ գիրքին մէջ զուգադրական քննութեան կ՛ենթարկուին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի եզրաբանական շարք մը ենթահամակարգեր, լուսարձակի տակ կ՛առնուին երկու ճիւղերու եզրաբանական համակարգերու փոխհարստացման, մերձեցման եւ միասնական զարգացման կարելիութիւններն ու ուղիները:
«Հայկական կտակներու իրաւական դաշտի ուսումնասիրութիւն» հետազօտական աշխատանքին անդրադարձաւ փորձագէտ Լիլիթ Միրզոյեանը: Գիրքին մէջ փորձ կատարուած է ուսումնասիրել Իսրայէլի, Փորթուգալի, Կիպրոսի եւ Հնդկաստանի մէջ հայերուն ձգած կտակներուն իրաւական կարգավիճակը` լուսարձակի տակ առնելով տուեալ երկիրներուն մէջ հայերուն կտակներուն իրաւական երեւոյթները` սահմանուած տուեալ երկիրներուն օրէնսդրութեամբ, միջազգային մասնաւոր իրաւունքով եւ համաձայնագիրներով:
«Համընդհանուր ցանցային լեզուի օգտագործմամբ հայերէնի բառապաշարային տուեալներու հենքի մշակում» աշխատութիւնը ներկայացուց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Տեղեկատուական եւ մեքենական ինքնագործութեան հարցերու հիմնարկի տնօրէն Վլատիմիր Սահակեանը: Բառարանը համակարգուած կերպով կ՛անդրադառնայ ժամանակակից լեզուներու բառապաշարին` նորագոյն արհեստագիտական միջոցներու հաշուառմամբ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուց` «Գրական սփիւռք-սփիւռք 2014.» տարեգիրքը, որ կը հրատարակուի 5-րդ տարին ըլլալով:
«Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան անդրադարձաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով իրականացուած իր` «Սփիւռքահայ գրականութեան նուաճումները եւ զարգացման միտումները (1920-1960-ական թուականները)» մենագրութեան:
Հայագէտ Սոնա Յարութիւնեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» աշխատութեան մասին խօսեցաւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան նշեց, որ գիրքին մէջ մէկտեղուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւնները եւ գեղարուեստական գրականութիւնը:
Ս. Սրապիոնեան ընթերցեց հեղինակին շնորհակալական նամակը` ուղղուած նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Փորձած ենք ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւնները եւ գեղարուեստական գրականութեան պատկերը, ինչպէս նաեւ վերլուծած Մեծ եղեռնի թեման լուսաբանող միջոցներուն ազդեցութիւնը ընթերցողին եւ հանդիսատեսին վրայ, ինչպէս նաեւ միջոցներէն իւրաքանչիւրին կարելիութեան սահմանները»:
«Նորավանք» հիմնարկի պատասխանատուներէն Վահրամ Հովեանը հանգամանօրէն ներկայացուց «Արտերկրի հայագիտական կեդրոնները. ներուժի գնահատում» եւ «Սփիւռքի դիրքորոշումները Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու շուրջ» հետազօտութիւնները:
«Արտերկրի հայագիտական կեդրոնները. ներուժի գնահատում» գիրքին մէջ նկատի առնուած են աշխարհի հետեւեալ չորս մեծ տարածաշրջանները` Ամերիկա, Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք եւ յետխորհրդային երկիրներ: Ներկայացուած են արտերկրի մէջ հայագիտական կեդրոններու հիմնադրութեան նախադրեալները եւ այդ կեդրոններուն դերը հայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ արտասահմանեան հայագիտական կեդրոններու արդի հարցերուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն:
«Սփիւռքի դիրքորոշումները Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու շուրջ» աշխատութեան մէջ ներկայացուած են Հայաստանի համար կարեւոր աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու ընտրութեան հարցին մէջ սփիւռքի որոշ լրատուամիջոցներու եւ առանձին հայ փորձագէտներու դիրքորոշումները:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժինի վարիչ Ռուբէն Կարապետեան խօսեցաւ «Հայերը սեփական եւ այլազգի միջավայրին մէջ. համեմատական ազգաբանական-ընկերաբանական հետազօտութիւններ» աշխատութեան մասին: Գիտական հրապարակումը պետական նպատակային ծրագիրով իրականացուած սփիւռքի հետազօտութիւններու ասպարէզին մէջ բազմամեայ մշակումներու արդիւնք է: Գիրքին մէջ զետեղուած յօդուածները կը հիմնուին 2011-2014 թուականներու ընթացքին Երեւանի, Մոսկուայի, Լոս Անճելըսի եւ Թեհրանի hայերու շրջանակին մէջ կատարուած ազգաբանական-ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններու տուեալներուն վրայ:
Ամփոփելով շնորհահանդէսը` Սփիւռքի նախարարը Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան յանձնարարեց առանձնացնել ներկայացուող բոլոր աշխատութիւններուն մէջ մատնանշուած հիմնահարցերը, պատրաստել առաջարկներու փաթեթը եւ միջոցներու ձեռնարկել` անոնց գործնական լուծման ուղղութեամբ: