Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արարատեան Թեմի Նախաձեռնութեամբ 50 Միլիոն
Դրամ Տրամադրուեցաւ Զոհուած Զինուորներու
Ընտանիքներուն
Արարատեան հայրապետական թեմը 23 յունիսին 350 հազարական դրամ տրամադրած է 2014-2015 թուականներուն, 1 յունիսի դրութեամբ թեմի զաւակներէն Հայաստանի սահմանին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ առաջին կարգի հաշմանդամ դարձած զինուորներուն:
Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցած է զոհուած զինուորներու յիշատակին` ներկայութեամբ զոհուած զինուորներու հարազատներուն եւ շրջաններու քահանայ հայրերուն:
Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան բաժինի պետ Վարդան Աւետիսեանը:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք Կճոյեան սրբազան ընդունած է զինուորներուն հարազատները եւ` գումարները յանձնած անոնց:
Նշենք, որ թեմը դրամական աջակցութիւնը կը տրամադրէ «Մենք մեր զինուորի կողքին ենք» ծրագիրով:
Նաւասարդ արք. Կճոյեանի նախաձեռնութեամբ այս տարի հաւաքուած է 50 միլիոն դրամ, որ պիտի տրամադրուի 362 ընտանիքներու:
Մօտաւորապէս 200 Արցախցի Ընտանիքներ
Ինքնաշարժներով Արցախ Ժամանած Են
Յունիս 20-ին Վարդենիս-Քարվաճառ ճամբով Արցախ հասած է մօտաւորապէս 200 ինքնաշարժներու շարասիւնը, մեծամասնութեամբ` ռուսաստանաբնակ արցախցի ընտանիքներ, «Արցախ» հայրենակցական միութեան նախագահ Վարուժան Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ:
Քարվաճառի մօտ, հայրենի երկիրին մէջ իրենց ամառնային հանգիստը անցընելու նպատակով Արցախ ժամանողները անձամբ դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը:
Ներկայ եղած են նաեւ արցախեան երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որոնք շարասիւնի մասնակիցները դիմաւորած են աղ ու հացով, բարի գալուստի պաստառներով եւ ծափերով:
Վարչապետը ողջունելով բոլորը` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է «Արցախ» հայրենակցական միութեան` ի դէմս նախագահ Վարուժան Գրիգորեանի, նման նախաձեռնութեան համար: Յարութիւնեան նշած է, որ այդ նախաձեռնութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի ու Արցախէն դուրս ապրող ծագումով արցախցիներուն համար:
«Նախ ասիկա իւրաքանչիւր արցախցիի կարելիութիւն կու տայ գոնէ տարին անգամ մը այցելելու Արցախ եւ ապրելու իր հայրենակիցներուն հետ: Ձեր երեխաներն ու թոռներն այսպիսով կը կապուին հայրենիքին, որպէսզի անոնք չկորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը, այդպէս նաեւ մեծապէս կ’աջակցիք Արցախի շէնացմանը», ըսած է վարչապետը:
Իր հերթին «Արցախ» հայրենակցական միութեան նախագահ Վարուժան Գրիգորեան, շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետ Յարութիւնեանին նման ջերմ ընդունելութեան համար` ըսած է. «Ես շատ ուրախ եմ եւ ոգեւորուած, որ այսքան մարդ արձագանգած է մեր առաջին կոչին: Ասիկա անշուշտ շարունակական պիտի ըլլայ: Իսկապէս, ասիկա հայրենասիրական մեծ քայլ է, եւ կը կարծեմ, թէ ամէն մէկ հայ պէտք է գոնէ միաշաբաթեայ արձակուրդ անցընէ իր հայրենի հողին վրայ»:
Կոչը, ըստ Գրիգորեանի, չորս միտում ունի` հայրենասիրութիւն, տնտեսական աճ, վերաբնակեցում` հայրենադարձութիւն եւ անվտանգութեան խնդիրներու ապահովում:
«Ես Մարտակերտի շրջանի Չափար գիւղէն եմ: «Արցախ» հայրենակցական միութեան կոչին նաեւ արձագանգեց մեր ընտանիքը: Մենք եկած ենք Ռոստով քաղաքէն: Ամէն տարի միամսեայ արձակուրդ ունինք, մեր սրտերը կը հանգստացնենք եւ մեր կարօտը կ’առնենք հայրենի հողէն», ըսած է նախաձեռնութեան մասնակիցներէն Կարինէ Դանիէլեան:
Նշենք, որ «Արցախ» հայրենակցական միութիւնը կոչ ուղղած էր աշխարհի բոլոր հայերուն, եւ յատկապէս` ծագումով ղարաբաղցիներուն, պարբերաբար այցելելու հայրենի երկրամաս եւ ամէն տարի իրենց ընտանեկան արձակուրդին գոնէ մէկ շաբաթը Արցախի մէջ անցընելու:
«Արեւմտահայերէնի Եւ Արեւելահայերէնի
Մերձեցման Խնդիրներ» Նիւթով Համաժողով
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկը 29-30 յուլիսին պիտի կայացնեն «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» նիւթով համաժողով, որ տեղի պիտի ունենայ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:
Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնագէտները, մտաւորականները հրաւիրուած են մասնակցելու քննարկումներուն հետեւեալ ուղղութիւններով.
1. Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման հարցեր.
2. Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման հարցեր.
3. Հայերէնին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներ:
Համաժողովին մասնակցիլ ուզողները պէտք է իրենց դիմումները յղեն մինչեւ 20 յուլիս` հետեւեալ ե-նամակի հասցէին` lingvinst@sci.am :
Նշենք, որ համաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքերը` www.mindiaspora.am, www.hayernaysor.am եւ www.language.sci.am:
Արցախի Երեք Գիւղերու Մէջ
Համայնքային Կեդրոն Կը Կառուցուի
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Կիւրաթաղ (Հադրութի շրջան), Գետաւան (Մարտակերտի շրջան) եւ Սարգսաշէն (Մարտունիի շրջան) գիւղերուն մէջ սկսած են համայնքային կեդրոններու կառուցման աշխատանքները: Այս մասին կը տեղեկացնեն հիմնադրամի մամլոյ գրասենեակէն:
Ծրագիրները կը համաֆինանսաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ: Այս շրջաններու բնակիչները` շուրջ 1030 անձ, հիմնականին մէջ կը զբաղին երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Հիմնադրամի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, մէկ յարկի տակ բժշկական կեդրոնի, գրադարանի, հանդիսասրահի ու գիւղապետարանի կեդրոնացումը կը նպատակադրէ արդիւնաւէտ դարձնել այս ենթակառուցուածքներուն օգտագործումն ու տնտեսվարումը:
Վարչապետը Պարգեւատրած Է
Երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 22 յունիսին ընդունած է յայտնի երգիչ, երաժիշտ Յարութ Փամպուքճեանը եւ անոր ծննդեան 65-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու իմաստով ունեցած նշանակալից աւանդին համար զայն պարգեւատրած է Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով:
Յարութ Փամպուքճեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` իր 50-ամեայ բեմական գործունէութիւնը բարձր գնահատելուն համար:
Յիսուն Միլիոնի Դրամի Յատկացում
«Հրանտ Մաթեւոսեան» Թանգարանի Շինութեան
Յունիս 18-ին կառավարութեան որոշումով 50 միլիոն դրամ յատկացուեցաւ «Հրանտ Մաթեւոսեան» մշակոյթի կեդրոն-թանգարանի շինարարութեան աշխատանքներուն սկսելու համար:
Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան յայտնեց, որ կառոյցի կմախքային աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար 140 միլիոն դրամի կարիք կայ:
«Քաղաքապետարանի կողմից յատկացումն արդէն կատարուած է, նախագծային աշխատանքները` աւարտուած: Միայն կմախքային աշխատանքները կը կազմեն 140 միլիոն դրամ, որից 50 միլիոն դրամը յատկացուելու է կառավարութեան կողմից: Բարեգործը, որը նախաձեռնել է այս աշխատանքները, խոստացել է մինչ տարեվերջ յատկացնել 110 միլիոն դրամ», բացատրած է ան:
Նարեկ Սարգսեան յայտնած է նաեւ, որ նախագիծին ընդհանուր արժէքը 420 միլիոն դրամ է:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը «Ֆուլեր Տնաշինական
Կեդրոնը» Գեղարքունիքի Մէջ Տուն Կը Կառուցեն
«Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, ընկերութեան աշխատակիցները եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի խումբը միասնական ուժերով կը շարունակեն բնակարանաշինութիւնը Հայաստանի մարզերուն մէջ: Այս անգամ անոնք Գեղարքունիքի մարզի Դդմաշէն շրջանին մէջ մասնակցած են Մելիքեաններու ընտանիքի կիսակառոյց տան շինարարութեան: Այս անգամ խումբը ծեփած է տան պատերը:
Մելիքեաններուն ընտանիքը այն 40 երջանիկ օճախներէն մէկն է, որ այս տարի «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի ֆինանսաւորմամբ, «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ին կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրով վերջապէս բարեկարգ տուն կ’ունենայ:
Ընտանիքին մայրը` Լէյլա Առաքելեանը, տարիներ շարունակ փայփայած է տուն ունենալու բաղձալի երազը, սակայն, հանգամանքներու բերումով, քսան տարի անցած է այս նպատակը իրականացնելու համար: Ընտանիքը քանի մը տարի ապրած է Լէյլայի ամուսնոյն` Ջումշուդի ծնողներուն տան մէջ, ապա վարձքով` Սեւան քաղաքին մէջ, այնուհետեւ` շուրջ 15 տարի, ազգականներէն մէկուն հողամասին վրայ տեղադրուած վակոն-տնակին մէջ: Ընտանիքը միայն տասը տարի առաջ կրցած է գնել կիսակառոյց, միայն պատ եւ երդիք ունեցող այս տունը: Մէկ տարի առաջ Մելիքեանները կրցած են երկու սենեակ առանձնացնել եւ վակոն-տնակէն տեղափոխուած են կիսակառոյց տուն:
«Բոլոր այս տարիներուն երազած եմ տան մասին: Տղաներս իրենց կեանքին մէջ չեն զգացած ապահով ու ամուր տանիք ունենալու բերկրանքը: Անհնար է նկարագրել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ վակոն-տնակի մէջ ապրիլը: Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնց աջակցութեամբ, այսքան տարիներ ետք, կարելիութիւն կ’ունենանք ապրելու կենցաղային գոհացուցիչ պայմաններու մէջ», ըսած է Լ. Առաքելեան:
Այս ծրագիրով հանրապետութեան տարբեր շրջաններու մէջ 53 ընտանիք ապահով կացարան ունին: Տարեվերջին բարեկարգուած կամ կիսակառոյցը աւարտին հասցուած տուն ունեցող ընտանիքներուն թիւը պիտի հասնի 93-ի:
«Գիւղի զարգացման աջակցիլը մեր ընկերութեան հիմնական առաջնահերթութիւններէն է` հաշուի առնելով անոնց կարեւորութիւնը: Հայաստանի համար գիւղական ենթակառուցուածքներու զարգացումը նաեւ կարեւոր է գիւղական շրջաններէն արտագաղթը կարելի եղածին չափ նուազեցնելու իմաստով: Հայրենեաց հողին մէջ արմատներ նետելու, հողին ամուր կառչելու, ապագային լաւատեսութեամբ եւ հաւատքով նայելու համար հողին մշակը պէտք չէ ունենայ տանիքի խնդիր: Ուրախ ենք այստեղ գտնուելու եւ Մելիքեաններուն վաղեմի երազը միացեալ ուժերով իրականութիւն դարձնելու համար», ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Ահաւոր է, երբ երջանիկ մանկութիւն վայելելու փոխարէն` ընտանիքի երեխաները իրենք կ’ապրին անտուն ըլլալու մտահոգութիւնը: Այս ընտանիքին երեխաները իրենց մանկութեան տուն չեն ունեցած, բայց գոնէ երիտասարդութիւնը կը վայելեն բնական կենցաղային պայմաններու մէջ», ըսած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
Ծրագիրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ը 100 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է (2014-ին` 55 միլիոն դրամ), իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ը ստանձնած է ծրագիրի իրականացումը:
Սուրիահայերուն Հիմնախնդիրները Համակարգող
Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստ
Յունիս 26-ին կայացած է սուրիահայերուն հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբին հերթական նիստը, զոր գլխաւորած է յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն սփիւռքի նախարարութենէն:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ծանր է, եւ հոնկէ դուրս եկող սուրիահայերը օր ըստ օրէ աւելի կը հակին այն միտքին, որ լաւագոյն տարբերակը Հայաստան հաստատուիլն է, որովհետեւ հայրենիքի մէջ աւելի արագ կը լուծուին ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ միւս հարցերը:
«Մենք ամէն օր կ՛ընդունինք զանոնք եւ ըստ անհրաժեշտութեան` լուծումներ կու տանք կեցութեան առաջնահերթ հարցերուն: Հիմնական հարցը կը մնայ նորեկները բնակարաններով եւ աշխատանքով ապահովելու հարցը, նշած է նախարարը` աւելցնելով, որ ամառնային շրջանին կարեւոր է կազմակերպել նաեւ սուրիահայ փոքրիկներու ճամբարային հանգիստը»:
Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ տիրող լարուած իրավիճակն ու հայ գաղութին հարցերը: Ան նշած է, որ ներկայ դրութեամբ, Սուրիոյ մէջ մնացած են մեծաթիւ հայեր, եւ այն վայրերուն մէջ, ուր կը սաստկանան ռազմական գործողութիւնները, կը մեծնայ նաեւ մարդկային ճգնաժամը: Հալէպ զրկուած է համացանցէն, դժուարացած է նաեւ հայկական անուն եւ մականուն չունեցող հայերուն հայկական անձնագիրի տրամադրումը:
Հանրակրթական եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սուրիահայերուն ուսումնառութեան կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան:
Երեւանաբնակ սուրիահայերուն ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներուն մասին խօսած է Երեւանի քաղաքապետարանի ընկերային ապահովութեան վարչութեան նախագահ Ռուզաննա Զաքարեանը:
Ինչպէս նաեւ քննարկուած են ընթացիկ այլ հարցեր:
Չինական Կազմակերպութիւնը
Կ՛ուզէ Մասնակցիլ Հայաստանի Հարաւային
Երկաթուղիի Կառուցման Ծրագիրին
Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան հանդիպում ունեցած է Չինաստանի քաղաքացիական երկրաչափական-շինարարական կազմակերպութեան (CCECC) խորհուրդի նախագահ Վու Վանլիանկին եւ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարը ողջունած է հիւրերը` յոյս յայտնելով, որ նման հանդիպումներու ընթացքին քննարկուող հարցերը եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պիտի նպաստեն Հայաստանի ենթակառուցուածքային համակարգի զարգացման:
«CCECC» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Վու Վանլիանկի վերահաստատած է չինական կազմակերպութեան հետաքրքրութիւնը եւ փափաքը` մասնակից դառնալու Հայաստանի հարաւային երկաթուղիի կառուցման ծրագիրին:
Չինական կողմը ներկայացուցած է ծրագիրի ֆինանսաւորման հաւանական քանի մը մեքանիզմներ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկաթուղիի կառուցման վերաբերեալ շարք մը այլ հարցեր:
Կողմերը հանգամանալից կերպով քննարկած են «Հայաստանի հարաւային երկաթուղի» ծրագիրի իրականացման առանձնայատկութիւնները: Երկուստեք ընդգծած են երկաթուղիի կառուցման կարեւորութիւնը ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանին համար: