Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Բարերարին Հետ Ինքնաշարժներ
Յանձնած Է Պետական Կառոյցներուն
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 սեպտեմբերին ընդունած է բարերար Արթուր Վարժապետեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Այնուհետեւ նախագահ Բ. Սահակեան եւ Արթուր Վարժապետեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը պետական կառոյցներու ինքնաշարժներ յանձնելու հանդիսաւոր արարողութեան:
Երկրին ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Արթուր Վարժապետեանին` մնայուն կերպով Արցախին սատարելուն համար, նշելով, որ այդ մէկը ընդօրինակման արժանի հայրենանուէր գործունէութիւն է:
Նախաձեռնութեան ներկայ եղած են` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Արագածոտնի Մէջ Տեղադրուած Է
Ֆիտայապետ Արաբոյի Կիսանդրին
Արագածոտնի մարզի Աւան գիւղին մէջ տեղադրուած է հայ առաջին ֆիտայապետ` դաշնակցական Արաբոյի կիսանդրին:
Սասունցիներով ու մշեցիներով բնակեցուած գիւղին մէջ ասիկա առաջին նմանատիպ կոթողի բացումն էր, որ իսկական տօնախմբութեան վերածուած էր:
Հանդիսաւոր արարողութեան ատեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմի ներկայացուցիչներուն կողմէ հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուած է` ազատագրական պայքարին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին:
Ցեղասպանութեան Ս. Նահատակներու Սրբապատկերը
Տեղափոխուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի
Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի ծննդեան տօնին` սեպտեմբեր 8-ին, Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու սրբապատկերը առաջին անգամն ըլլալով Մայր Աթոռէն տեղափոխուեցաւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի` զոհուածներու համար աղօթքի եւ անոնց յիշատակին առջեւ խոնարհելու համար:
Յակոբ քհնյ. Խաչատրեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Սրբապատկերը մէկ ամիս պիտի մնայ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: «Այստեղէն սրբապատկերը պիտի տեղափոխուի Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի: Հաւատացեալները կրնան այս մէկ ամսուան ընթացքին գալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ աղօթել Ցեղասպանութեան զոհերուն համար», յայտնած է ան:
Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Ցեղասպանութեան
100-Ամեակի Համերգներ Պիտի Տայ Երեք Երկիրներու Մէջ
Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Լեհաստանի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ելոյթներ պիտի տայ:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան յայտնած է, որ երաժիշտները դրուած են շատ պատասխանատու կացութեան մէջ: «Երկու համերգով նոյեմբերի 27-29-ը կը գնանք Լեհաստան, երեք համերգով նոյեմբերի 30-ից դեկտեմբերի 1-ը Իտալիա եւ երեք համերգով Գերմանիա` դեկտեմբերի 2-3-ն ընկած ժամանակահատուածում: Բոլոր համերգները հեղինակաւոր, մեծ դահլիճներում են անցնելու: Շատ լաւ կազմակերպիչներ ունենք», յայտնած է Էդուարդ Թօփչեան:
Մայէսթրօն աւելցուցած է, որ ուղեւորութիւններուն ճամբու ծախսը կը հոգայ հայկական կողմը: «Մեր ճանապարհածախսը միշտ տուել է մեր պետութիւնը, առանց որի անկարելի կը լինէր այսպիսի նուագախումբ տեղափոխելը: Հսկայական ծախսեր են: Մեր երկիրը միշտ մեզ սատար է կանգնում, դրա շնորհիւ կարողանում ենք շրջագայել եւ մեծ յաջողութիւնների հասնել` ի շահ երկրի եւ նուագախմբի: Շատ շնորհակալ եմ», ըսած է Էդուարդ Թօփչեան:
90-րդ յոբելեանը բոլորած նուագախումբը արդէն իսկ բազմաթիւ երկիրներու մէջ համերգներ տուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Մեծ արձագանգներ ունեցած են յատկապէս նուագախումբին Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի մէջ կայացած ելոյթները, այս տարուան Մայիսին:
«Ֆրանսական Օրեր
Արցախի Մէջ» Խորագիրով
Փառատօն
17-19 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի կայանայ «Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» խորագիրով փառատօն, որուն ծիրին մէջ պիտի կայանան Ֆրանսան եւ անոր մշակոյթը ներկայացնող շարք մը նախաձեռնութիւններ: Փառատօնին նպատակն է սերտացնել Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ հաստատուած բարեկամական կապերը եւ ընդլայնել երկխօսութիւնն ու համագործակցութեան ոլորտները:
Փառատօնին ծիրին մէջ Արցախ պիտի գան «Ֆրանսա-Ղարաբաղ» բարեկամութեան շրջանակի, Արցախի շրջաններուն հետ բարեկամացած Ֆրանսայի քաղաքներու, «Սատար Ղարաբաղին» միութեան եւ Ֆրանսայի հայկական գաղութի շուրջ 200 ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` արուեստագէտներու լրագրողներ:
«Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» փառատօնի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Ստեփանակերտի Ֆրանսայի պուրակին մէջ «Յաւերժութիւն» քանդակի (հեղինակ Թորոս) հանդիսաւոր բացման եւ «Փոլ Էլիւարի Տուն» ֆրանսախօսութեան կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւններ, գրական-գեղարուեստական ցերեկոյթ Ստեփանակերտի թիւ 1 դպրոցին մէջ, արցախեան եւ ֆրանսական խոհանոցներու ներկայացում, «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանի բացման արարողութիւն Շուշիի մէջ, ֆրանսական «Ֆոլիմաժ» սթիւտիոյի գծանկարային ժապաւէններու շնորհահանդէս Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ, Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութիւնը խորհրդանշող բացիկներու պատրաստութեան մրցում Ստեփանակերտի Ս.Շահումեանի անուան պուրակին մէջ: Փառատօնը պիտի աւարտի 19 սեպտեմբերին ֆրանսահայ երգիչ Փաթրիք Ֆիորիի համերգով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ:
Նոր Կիլիկիա Բնակավայրի Կառուցումը
Կը Շարունակուի Արցախի Մէջ
Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի եւ Կիչան համայնքներու հարեւանութեամբ կը շարունակուին Նոր Կիլիկիա բնակավայրի կառուցման երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները:
Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ծրագրի առաջին հանգրուանին շահագործման յանձնուած է 10 բնակարան, ընթացքի մէջ է 20-ը եւս:
Շինարարութեան զուգահեռ կ՛ընթանան նաեւ բնակավայրի արտաքին ճարտարագիտական աշխատանքները, որոնք աւարտման հանգրուանին մէջ են:
Բնակարանները կը տրամադրուին Նոր Ղազանչի եւ Կիչան համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն: Նշենք, որ շինարարութիւնը սկսած է 2013-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նիւթական միջոցներով:
Ազգային Գրադարանին Մէջ Գիրքերու
Թուայնացումը Կը Շարունակուի
Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը շարունակէ գիրքերու եւ թերթերու թուայնացումը: «Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը:
«Հայկական գիրքերու եւ մամուլի թուայնացման նախագիծը մեծածաւալ աշխատանք կ՛ենթադրէ: Կ՛ակնկալենք մինչեւ 2020 թուականը որոշակի արդիւնքի հասնիլ: Մշակումները պիտի իրականացուին` պահպանելով հեղինակային իրաւունքները», նշած է Տ. Զարգարեան:
Նշենք, որ Ազգային գրադարանը արդէն մօտաւորապէս 1 միլիոն 300 հազար էջ մշակած է` իբրեւ նկար «սքեն» եղած եւ շարուած տարբերակով:
Սկսաւ Սրտաբաններու Եւրոկովկասեան
5-րդ Համաժողովը
Սեպտեմբեր 11-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ սկսաւ «Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 5-րդ համաժողովը», որուն կը մասնակցին 50-է աւելի օտար եւ սփիւռքահայ նշանաւոր սրտաբաններ` Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ մօտաւորապէս 200 մասնագէտ` Հայաստանէն եւ Արցախէն:
Համաժողովի նպատակն է` նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններուն միջեւ համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձառութեան փոխանակման:
Նշենք, որ «Սրտաբաններու եւրոկովկասեան համաժողով»-ը սկսած է կազմակերպուիլ 2007 թուականէն, երկու տարին անգամ մը: Նախորդ` 2009, 2011, 2013 թուականներու համաժողովները կազմակերպած են Հայաստանի սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները: Նշուած համաժողովները էապէս նպաստած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի սրտաբաններու համագործակցութեան ամրապնդման եւ համաշխարհային փորձառութեան փոխանակման: 2009 թուականի համաժողովին ստեղծուեցաւ «Սրտաբաններու եւրոկովկասեան քոնկրեսը»:
Տեղեկացնենք, որ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախագահն է ֆրանսահայ սրտաբան Աւետիս Մատիկեանը: Կառոյցին նախաձեռնութեամբ 2010-ին Գորիսի մէջ հիմնուած է Ֆրանս-հայկական սրտաբանական կեդրոնը, որ առանցքային դերակատարութիւն ունի Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս` Սիւնիքի մարզին մէջ առողջապահական բազմաթիւ հարցեր լուծելու առումով:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» Ընկերութեան Աջակցութիւնը
«Պաղպաղակի Օր» Ձեռնարկին
Սեպտեմբեր 5-ին Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ ամրան համերն ու գոյները միախառնուած էին. արդէն 5-րդ անգամ ըլլալով` Երեւանի մէջ իրականացուեցաւ «Պաղպաղակի օր» բացօթեայ ձեռնարկը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան` ուրախ երաժշտութիւն, հեքիաթի հերոսներ, խաղեր եւ մրցոյթներ: Խորհրդանշական վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի պարտէզի անասուններու խնամքին եւ անոնց պայմաններու բարելաւման: Նշենք, որ տօնական պաղպաղակը տրամադրած էր «Աշտարակ կաթ» ընկերութիւնը:
Ամրան հրաժեշտի զովացուցիչ տօնը բոլորին հասանելի դարձնելու նպատակով սեպտեմբեր 5-ին մինչեւ 16 տարեկան այցելուներու մուտքը պարտէզ անվճար էր:
Հետաքրքրականը այն էր, որ «Պաղպաղակի օր»-ը նշած են նաեւ պարտէզին անասունները. անդրկովկասեան գորշ արջերը, օրինակ, սովորական սննդակարգէն բացի, պտուղներով պատրաստուած սառոյցէ խորանարդիկներ վայելած են: «Ուրախ ենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանին հետ իրականացուող այս ուրախ տօնը արդէն իսկ դարձած է աւանդական: Այս հրաշալի կարելիութիւն է` նպաստելու կենդանաբանական պարտէզին բարեկարգման` միաժամանակ լրացնելով պաղպաղակի այն բացը, որ մարդիկ չեն հասցուցած վայելելու ամրան ընթացքին», նշեց Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի տնօրէն Ռուբէն Խաչատրեանը:
«Պաղպաղակի օր»-ը մանկական գունաւոր եւ համեղ ցանկութիւնները մէկտեղելու հրաշալի առիթ էր: Փոքրիկ այցելուներուն պարտէզի մնայուն բնակիչներէն բացի, դիմաւորեցին նաեւ հեքիաթի հերոսներն ու խաղավարները: Իսկ պատանիները նաեւ օրուան գլխաւոր մրցանակի` հեծանիւի համար մրցելու կարելիութիւն ստացան: Հաղորդենք, որ անասուններու մասին գիտելիքներու մրցոյթին 25 մասնակիցներէն յաղթեց 12-ամեայ Նարեկ Յովակիմեանը:
Հայաստան 96 Երկիրներու Մէջ 43-րդն Է`
Տարեց Մարդոց Կեանքի Որակի Ցուցանիշով
Հայաստան 96 երկիրներու մէջ գրաւած է 43-րդ դիրքը` տարեց մարդոց կեանքի որակի ցուցանիշով: Այս մասին կը վկայեն այն տուեալները, որոնք հրապարակուած են «Կլոպըլ ուըրլտ էյճ ինտեքս 2015»-ի զեկոյցին մէջ:
Ըստ զեկոյցին, մինչեւ 2030 թուական 60 տարեկանը շրջանցած քաղաքացիները պիտի կազմեն բնակչութեան ընդհանուր թիւին 23.8 առ հարիւրը: Հայաստան լաւ ցուցանիշներ ունի տարեց մարդոց կրթուածութեան մակարդակով: Սակայն առողջապահական ցուցանիշները բաւական ցած են, ցած են նաեւ քաղաքացիական ազատութեան, փոխադրամիջոցներու համակարգի եւ ընկերային կապերու առումով բաւարարուածութեան ցուցանիշները:
Տարեցներու համար ամէնէն բարենպաստ երկիրը, մասնագէտներու կարծիքով, Զուիցերիան է. վերջին դիրքի վրայ է Աֆղանիստանը:
Տարածաշրջանի երկիրներէն զեկոյցին մէջ ներկայացուած են նաեւ Վրաստանը 29-րդ եւ Թուրքիան 75-րդ, իսկ Ազրպէյճանի եւ Իրանի մասին տուեալներ չկան:
Արցախեան Գինիի Երկրորդ Փառատօնը
Պիտի Կայանայ 17 Հոկտեմբերին
Արդէն աւանդական դարձած արցախեան գինիի փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 հոկտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ, Տողի Մելիքական ապարանքի յարկին տակ: Փառատօնի կազմակերպիչները հաստատած են, որ այս անգամ ալ փառատօնը պիտի կազմակերպուի ժամանցի, ուրախութեան եւ արձակուրդի ոգիով: Հաղորդենք, որ փառատօնը կ՛ընդգրկէ արցախեան գինիի եւ բերքի ցուցահանդէս-վաճառք, հարուստ համերգային ծրագիր, աւանդական խաղեր, ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս:
Գինիի տօնավաճառին պիտի ներկայացուին գինեգործութեամբ յայտնի Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանէն գինեգործներ:
Արցախեան գինիի երկրորդ փառատօնը կազմակերպուած է Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ` անձնական ընկերութիւններու հետ համագործակցութեամբ: