Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել Էմ.Թի.Էս»-ի Աջակցութեամբ
Չկալով Գիւղը Պիտի Ունենայ Ըմպելի Ջուր
«Վիվասել Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկը ամփոփած են ջրամատակարարման բարելաւման ծրագիրով գիւղական շրջաններուն մէջ միացեալ նախաձեռնութեամբ իրականացուած հերթական ծրագիրին արդիւնքները:
Այս նախագիծով Լոռիի մարզի Չկալով շրջանին մէջ կառուցուած է 22 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրագիծ:
Այս աշխատանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են «Վիվասել Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, որ իր անձնական միջոցներէն յատկացուցած է շուրջ 13.400.000 դրամ, «Վիվասել Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնն ու Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկը` յատկացնելով շուրջ 11.000.000 դրամ եւ «Նոյարք» հիմնադրամը` շուրջ 13.700.000 դրամ մասնակցութեամբ:
«Հինէն ի վեր ջուրը պաշտամունքի առարկայ է: Աւելորդ է խօսիլ ջուրի կենսական անհրաժեշտութեան մասին: Ջուրը` բնութեան չորս տարերքներէն մէկը, կեանքի գոյութեան սկզբնաղբիւրն է: Ըմպելի ջուրի որակով պայմանաւորուած են մարդու առողջութիւնն ու կեանքի որակը: Քանի մը անհատներու անձնական նուիրատուութեամբ եւ կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ գիւղացիներու ջանքերով կարելի դարձաւ լեռնային այս գիւղը ապահովել ըմպելի ջուրով», ըսած է «Վիվասել Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Հին Երեւան» Ծրագիրը Պիտի Իրականացուի
Զուիցերահայ Գործարարի Մը Ներդրումով
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է զուիցերահայ գործարար, բարերար, «Ֆրանք Միւլլըր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքեշը: Վարչապետը բարձր գնահատած է Սրմաքեշի ներդրումը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ եւ` նշած, որ անոր կողմէ իրականացուող բոլոր ծրագիրները կը նպաստեն հայրենիքի տնտեսութեան զարգացման ու նոր աշխատատեղերու հաստատման:
Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է զուիցերահայ բարերարին ֆինանսաւորմամբ «Հին Երեւան» ծրագիրի իրականացումը, որուն կեանքի կոչման համար պիտի ներդրուի շուրջ 150 միլիոն տոլար:
Վարդան Սրմաքեշ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին եւ` ընդգծած, որ Հայաստանի կառավարութեան մատնանշած առաջնահերթութիւնները իրեն համար համոզիչ են, ուստի վստահ է, որ Հայաստան մեծ ապագայ ունի: Զուիցերահայ գործարարին համաձայն, ինք պատրաստ է տարբեր ծրագիրներու միջոցով նպաստելու Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու զարգացման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման եւ տնտեսութեան աշխուժութեան ապահովման:
Վարչապետ Աբրահամեան կարեւոր նկատած է նաեւ Վ. Սրմաքեշի` Արցախի մէջ իրականացուցած ներդրումային ծրագիրները: Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է գործարարին` հետեւողական աշխատանքին համար եւ համոզում յայտնած` այն մասին, որ իրականացուելիք բոլոր ծրագիրները պիտի ունենան մեծ արդիւնքներ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նախատեսուող ներդրումային ծրագիրներուն առնչուած հարցեր:
Զուիցերահայ Գործարար, Բարերար
Վարդան Սրմաքեշը
Պիտի Աջակցի Սուրիահայութեան
Յուլիս 31-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպում ունեցած է զուիցերահայ գործարար, բարերար, Մարսէյի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, «Ֆրանք Միւլլեր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքեշի հետ:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրին` Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ իրականացուող նեդրումներուն համար եւ` նշած, որ անոր գործունէութիւնը իսկական հայրենասիրութեան հրաշալի օրինակ է եւ մեծապէս կը նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման ու երկրի տնտեսութեան զարգացման:
Պատմելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն մասին` Վարդան Սրմաքեշ հաստատած է, որ պիտի շարունակէ իր ներդրումային քաղաքականութիւնը եւ ներկայիս ծրագրած է աջակցիլ յատկապէս Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի առաւել կարիքաւոր գիւղերու տնտեսութեան բարելաւման: Արդէն իսկ որոշ քայլեր առնուած են Շիրակի մարզին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ կրթական ու մշակութային օճախներու վերականգնման ուղղութեամբ:
Ողջունելով իրականացուող ծրագիրները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան Վարդան Սրմաքեշի ուշադրութեան յանձնած է նաեւ հետզհետէ աւելի տագնապալի դարձող սուրիահայութեան, յատկապէս հալէպահայութեան հիմնախնդիրները:
Վարդան Սրմաքեշ խոստացած է կարելի եղածին չափ աջակցիլ սուրիահայութեան` ստանձնելով որոշ բնագաւառներու մէջ անոնց աջակցելու պատրաստակամութիւնը, որոնց կարգին` Հալէպի մանկատան հովանաւորութիւնը:
Քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող այլ հարցեր:
Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան, առ ի գնահատանք Վարդան Սրմաքեշի հայրենանուէր գործունէութեան, զայն պարգեւատրած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով:
1 Միլիառ 200 Միլիոն Դրամ`
Վարդենիս-Մարտակերտ Մայրուղիի
Նորոգման Երկրորդ Հանգրուանին Համար
Կառավարութիւնը 30 յուլիսի իր նիստին որոշած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի երկրորդ հանգրուանի հիմնովին նորոգութեան համար իր պահեստային ֆոնտէն Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան յատկացնել 1 միլիառ 200 միլիոն դրամ, 2015-ի 9 ամիսներուն: Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատած է այս ծրագիրը, որ նաեւ պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման:
Մայրուղիի Վարդենիսի հատուածի առաջին հանգրուանի նորոգութեան նպատակով 18 յուլիսին արդէն իսկ 1 միլիառ 540 միլիոն դրամ յատկացուած էր:
116 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող Վարդենիս (Հայաստան) – Մարտակերտ (Լեռնային Ղարաբաղ) երկրորդ ռազմավարական մայրուղիի շինարարութիւնը «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ հաստատուած ռազմավարական ծրագիր է:
Մայրուղին, որուն վերակառուցումը պիտի աւարտի 2016-ի սկիզբը, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ այլընտրանքային կապ պիտի ապահովէ: Անիկա ո՛չ միայն պիտի աշխուժացնէ ճամբու երկայնքով ձգուող 22 փոքր ու մեծ համայնքներուն կեանքը, այլ նաեւ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան զարգացման:
Մայրուղիի վերակառուցման համար պիւտճէէն նախատեսուած է յատկացնել մօտաւորապէս 9 միլիառ դրամ:
Հայաստան Ապրանք Տանելու
Սահմանափակումներ
Ասկէ ետք կարելի պիտի ըլլայ Հայաստան ներածել միայն 1 նոթպուք եւ երկու բջիջային հեռաձայն: Հասարակ քաղաքացիներու համար ոչ առեւտրական ներմուծման քանակներու նոր սահմանափակումներու մասին համապատասխան որոշումը տրուած է կառավարութեան 30 յուլիսի նիստին:
Դեղորայքի պարագային կարելի է Հայաստան տանիլ ոչ աւելի քան 5 տեսակ դեղ` իւրաքանչիւրէն 3 ծրար կամ տուփ, եթէ բժշկական հաստատագիր չկայ այն մասին, որ տուեալ անձի բուժման համար աւելի դեղ անհրաժեշտ է:
Թանկարժէք զարդերու պարագային կարելի է տանիլ ոչ աւելի քան երեք հատ, իսկ թանկարժէք քարեր (ադամանդէն բացի)` ոչ աւելի քան 1 քարաթ կամ 1 քարաթէն աւելի միայն մէկ քար: Երկու պարագային ալ գինի սահմանափակում դրուած է. արժէքը պէտք չէ շրջանցէ 25 հազար տոլարը: Ոսկեայ զարդերէն բացի` ալմաստ եւ ադամանդ ներածել կարելի չէ:
Ոգելից եւ ոչ ոգելից ըմպելիներու պարագային, թոյլատրելի շեմը 2 լիթրն է կամ 2 լիթրը գերազանցող մէկ շիշը: Ծխախոտի քանակը կը սահմանափակուի 400 հատով, իսկ պենզինը` 10 լիթրով:
Նախարար Յակոբեան Կը Գնահատէ
Արարատ Բարձրացած Ծովակ Քէօշկէրեանը
Յունիս 28-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Արարատի գագաթը բարձրացած` մրցանիշակիր Ծովակ Քէօշկէրեանը եւ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով լրագրողներ, եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:
Նախարարը բարձր գնահատեց Ծովակին կատարածը` հերոս անուանելով զայն: «13-ամեայ աղջիկը նուաճած է պիպլիական Արարատի գագաթը: Որքան կամք, սէր, հայրենասիրութիւն, Արարատը տեսնելու, նուաճելու ձգտում անհրաժեշտ է այդ համարձակ քայլը առնելու համար», հաստատած է նախարարը: Մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Հրանուշ Յակոբեան նուէրներ յանձնեց Ծովակին: Խօսք առաւ նաեւ Նազօ Ճէրէճեան:
Վարչապետը Ծանօթացած Է Աղձքի Պատմական
Հնավայրերու Պեղումներուն Ընթացքին
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 28 յուլիսին այցելած է Արագածոտնի մարզի Աշտարակի Աղձք համայնք (նախապէս` Ձորափ)` գիւղին մէջ գտնուող պատմամշակութային հնավայրերու պեղումներուն ընթացքին ծանօթանալու նպատակով: Նշենք, որ պեղումներ կատարուած են պարբերաբար, սակայն անոնք կիսատ մնացած են: Նախորդ տարի Աղձք կատարած այցելութեան ծիրին մէջ ծանօթանալով 4-րդ դարու կառոյցներուն` մատուռին, պազիլիք եկեղեցւոյ, Արշակունեաց թագաւորներու դամբարանին եւ պեղումի վայրի վիճակին` վարչապետը խոստացած էր ֆինանսական միջոցներ յատկացնել եւ յանձնարարած էր վերսկսիլ աշխատանքներուն:
Արշակունիներու դամբարանը պեղած հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, հնագէտ Յակոբ Սիմոնեան վարչապետին ներկայացուցած է պեղումներու առաջին հանգրուանով կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքները, յայտնաբերուած գտածոները եւ յաջորդ հանգրուաններուն վերաբերեալ հնագիտական արշաւախումբին առաջարկները: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը արժանի է կառավարութեան ուշադրութեան, եւ գործադիրը կը շարունակէ անհրաժեշտ միջոցներ յատկացնել` պեղումները շարունակելու եւ աւարտին հասցնելու համար: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է պատմամշակութային բացառիկ կոթողներու պահպանումը եւ արժեւորումը` թէ՛ մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան եւ թէ՛ զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէ:
Իր կարգին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան տեղեկացուցած է, որ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի յանձնարարութեամբ մշակուած եւ կառավարութեան ներկայացուած է հնագիտութեան զարգացման ծրագիր մը, որ ո՛չ միայն գիտական, այլ նաեւ կրթական կարեւոր նպատակ ունի, որն է` ընտրել իւրաքանչիւր շրջանի կարեւորագոյն յուշարձանը, հնավայրը եւ իրականացնել կրթական ու զբօսաշրջութեան ծրագիրներ:
Աղձք կատարած այցելութեան ընթացքին կառավարութեան ղեկավարը նաեւ զրուցած է շրջանի բնակիչներուն հետ եւ ծանօթացած` անոնց ունեցած հարցերուն:
«Հողը Կը Խօսի». Եղեռնազոհ
Հայ Գրողներուն Ստեղծագործութիւնները`
Ռուսերէնով Եւ Գերմաներէնով
Յուլիս 24-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Հողը կը խօսի» թարգմանական ժողովածուներու (ռուսերէն, գերմաներէն) շնորհահանդէսը: Անոր մէջ ներառուած են եղեռնազոհ 10 հեղինակներու` Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Գրիգոր Զոհրապի, Ռուբէն Զարդարեանի, Երուխանի, Թլկատինցիի, Գեղամ Բարսեղեանի, Տիգրան Չէօկիւրեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի գործերը: Թարգմանական ժողովածուներու տպագրութեան նպատակն է աշխարհին ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած գրողները, անոնց ստեղծագործութիւնները, ներկայացնել հայ գրականութեան լաւագոյն նմուշները եւ պատմել Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին մասին:
Ժողովածուներուն յառաջաբանի հեղինակ Վազգէն Գաբրիէլեան շնորհահանդէսին ընթացքին ըսած է. «Այս գիրքը վերցնելով ձեռքդ, երկու զգացում ես ունենում` մեծագոյն ցաւ ու տառապանք, որ կորցրել ենք այսպիսի մարդկանց, միւս կողմից էլ` հպարտութիւն, որ ունեցել ենք այսպիսի գրողներ: Այս ժողովածուն կարծես մի տեսակ յուշարձան, պանթէոն լինի. իւրօրինակ մի տեղ է, որտեղ մեր հեղինակներն իրենց տառապանքների, ցաւերի, ուրախութեան, գրականութեան մասին զրոյց են բացել»:
Թարգմանական ժողովածուի լոյս ընծայման նախաձեռնած է «Հայաստանի գրողների միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը, լոյս տեսած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ յատկացուող դրամաշնորհի եւ «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»-ի յայտարարած մրցումի ծիրին մէջ: Գերմաներէն ժողովածուն արդէն իսկ ներկայացուած է Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ:
«Աշխարհում արդէն շատերը կարող են այս ժողովածուների միջոցով ծանօթանալ իսկական հայ գրականութեան հետ, միաժամանակ` ծանօթանալ մեր մեծագոյն ողբերգութեանը», յայտնած է Վազգէն Գաբրիէլեան` աւելցնելով, որ այս գիրքը կարդացողը որոշակի պատկերացում կ՛ունենայ այն մասին, թէ հայ ազգը ինչպիսի՛ գրողներ ունեցած է եւ ինչպիսի՛ նահատակներ ունեցած է:
«Մենք ի վերջոյ մի ամբողջ մշակոյթ ենք զոհաբերել», հաստատած է ան:
Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշած է, որ ժողովածուները պիտի ներկայացուին գիրքի տարբեր ցուցահանդէսներու ընթացքին եւ պիտի բաժնուին տարբեր հրատարակչատուներու:
Սփիւռքահայ Երիտասարդ Առաջնորդները
Հանդիպում Ունեցան Սեւան Գապագեանի Հետ
Յուլիս 21-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագիրի Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքներու մասնակիցները հանդիպում ունեցան «Դէպի Հայք» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապագեանի եւ ծրագիրի մասնակից Տիանա Խառատեանի հետ:
Սեւան Գապագեան երիտասարդ առաջնորդներուն ներկայացուց 2004 թուականին հիմնադրուած «Դէպի Հայք» հիմնարկին գործունէութիւնը: Խօսելով ծրագիրի նպատակներուն մասին` ան նշեց, որ իրենք ունին մէկ նպատակ` սփիւռքահայ երիտասարդները կապել հայրենիքին, որպէսզի Հայաստանը ճանչնան ո՛չ թէ զբօսաշրջիկի աչքերով, այլ` խորքայնութեամբ:
Խօսելով հիմնարկի առաքելութեան մասին` Սեւան Գապագեան նշեց, որ հիմնարկը կը փորձէ զարգացնել ու ամրապնդել հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ կապերը` կարելիութիւն տալով սփիւռքահայ երիտասարդներուն կամաւոր աշխատանքներով մասնակից դառնալու Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ նպաստելու հայրենիքի զարգացման:
Ներկայացնելով ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուող կամաւոր աշխատանքները` ան շեշտեց, որ կազմակերպութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի կամաւորի փորձառութիւնը ըլլայ նպատակային:
Սեւան Գապագեան խօսեցաւ նաեւ մասնակիցներու ճամբու ծախսերու փոխհատուցման մասին, ներկայացուց «Հիւրընկալ ընտանիք» ծրագիրը:
Բացի կամաւորական աշխատանքներէն, որոնց տեւողութիւնը շաբաթական 30 ժամ է, մասնակիցներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ հայերէնի ուսուցման դասընթացքներ, շրջագայութիւններ, սփիւռքահայ երիտասարդները ծրագրուած հանդիպումներու ընդմէջէն առիթ կ՛ունենան կապ հաստատելու տարբեր ոլորտի մարդոց հետ:
«Դէպի Հայք» կամաւորական աշխատանքներուն մասնակից Տիանա Խառատեան կ՛ապրի Մոսկուա, կ՛աշխատի քաղաքի դրամատուներէն մէկուն մէջ: Արձակուրդը որոշած է անցընել Հայաստանի մէջ, կամաւորական աշխատանքի միջոցով փորձած է ո՛չ միայն ճանչնալ, այլ նաեւ բացայայտել Հայաստանը: Խօսելով «Օրրան» բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ իր միամսեայ փորձառութեան մասին` Տիանան սփիւռքահայ երիտասարդներուն խորհուրդ տուաւ մասնակցիլ ծրագիրին ու անձնական փորձառութեամբ բացայայտել Հայաստանը. «Տխրում եմ, որ ստիպուած եմ վերադառնալ: Կը ցանկանայի աւելի երկար մնալ: Այստեղ ես ոչ միայն հնարաւորութիւն ունեցայ աշխատել, այլեւ կարողացայ շփուել աշխարհի տարբեր երկրներից եկած երիտասարդների հետ, որոնք խօսում են արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն կամ ընդհանրապէս հայերէն չեն խօսում: Սա մի ուրիշ կեանք էր ինձ համար, որը մէկ այլ տեղ չէի կարող գտնել»: