Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 29, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սերժ Սարգսեան Սահմանամերձ Մարզին Մէջ
Մասնակցած Է Շարք Մը Կառոյցներու Բացման

12544_b

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ սահմանամերձ Վերին Կարմիրաղբիւր շրջանին մէջ բացումը կատարուած է 80 մանուկի համար նախագծուած մանկամսուր-մանկապարտէզին: Շրջանի մանուկները մինչեւ օրս կը յաճախէին 1923-ին կառուցուած փայտաշէն մանկապարտէզ: 1991-ին սկսած է նոր մանկապարտէզի շէնքի շինարարութիւնը, որ մնացած էր անաւարտ: Անաւարտ այդ շինութեան հիման վրայ կատարուած են նոր մանկապարտէզի շէնքի վերակառուցման աշխատանքները: Ծրագիրի իրականացման ընդհանուր արժէքը կազմած է 119.8 միլիոն դրամ: Մանկապարտէզին յատկացուած է նաեւ 5,2 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյք` երկյարկանի մահճակալներ, սեղաններ, աթոռներ, պահարաններ եւ այլն:

Մինչեւ նոր մանկապարտէզի շէնքի վերակառուցումը` մանկապարտէզ կը յաճախէր 35 մանուկ: Շէնքի վերակառուցման իբրեւ արդիւնք` այս հաստատութիւնը կրնան յաճախել 71 մանուկներ: Մանկապարտէզը ներկայիս ունի 9 պաշտօնեայ` 65 հազար դրամ միջին ամսական աշխատավարձով:

Տաւուշի մարզի Չորաթան շրջանին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է «Տաւուշ տեքստիլ» ընկերութեան գործարանային արտադրամաս, ծանօթացած` տարուող աշխատանքներուն, ուսումնական-մեկնարկային գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերութեան զարգացման հետագայ ծրագիրներուն:

«Տաւուշ տեքստիլ»-ը հիմնադրուած է այս տարուան փետրուարին` ռուսաստանաբնակ գործարար Սուրէն Երիցեանի կողմէ: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրել տարբեր տեսակի` գիւղատնտեսական, շինարարական, ցուրտի դէմ եւ չքայքայուող ձեռնոցներ: Ընկերութեան պատասխանատուներուն համաձայն, արտադրութիւնը պիտի արտածուի Ռուսիա եւ Պիելոռուսիա: Ներկայիս օրական դրութեամբ կ՛արտադրուի 16 հազար զոյգ ձեռնոց: Չորաթանի մէջ արդէն ստեղծուած է 50 աշխատատեղ` 100 հազար դրամ միջին ամսական աշխատավարձով:

«Տաւուշ տեքստիլ»-ը կը նախատեսէ յառաջիկայ 5 տարիներուն ստեղծել շուրջ 2000 աշխատատեղ եւ կատարել շուրջ 40 միլիոն տոլարի ներդրում, որուն շուրջ 5 միլիոն տոլարը` 2015-2016 թուականներուն: Այս նպատակով արդէն իսկ ներդրուած է շուրջ 2,5 միլիոն տոլարի համարժէք դրամ: Կը նախատեսուի, որ ընկերութեան մասնաճիւղեր բացուին նաեւ մարզի Արծուաբերդ, Այգեձոր, Կողբ, Պառաւաքար եւ Բերդ շրջաններուն մէջ:

Սահմանամերձ Բերդ Քաղաքին Մէջ
Բժշկական Նոր Կեդրոն Բացուեցաւ

12522_b

Յուլիս 24-ին Տաւուշի Բերդ քաղաքին մէջ բացուած է նորագոյն սարքերով օժտուած բժշկական կեդրոն մը: Կեդրոնի բացման ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան:

Նախարար Մուրադեանի հաստատումով, Տաւուշի մարզի առողջապահական կարիքները կամաց-կամաց իրենց լուծումները կը գտնեն: Նորաբաց այս կեդրոնը չորրորդն է, ուր բնակիչները կրնան երկրորդական բուժում ստանալ: «Կը կարծեմ, թէ մարզի բնակչութիւնը այլեւս ստիպուած պիտի չըլլայ մարզկեդրոն դիմելու», ըսած է ան:

Իր կարգին, բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արամ Յարութիւնեան նշած է, որ կեդրոնը կարիք ունի մասնագէտներու, որոնց ցանկը նախարարութիւն ուղարկուած է: «Ունենք վիրաբուժի, քիթ-կոկորդի մասնագէտի, հոգեբուժի կարիք, բայց վերանորոգումէն ետք խնդիրը պիտի լուծուի: Արդէն իսկ շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին 3 պատրաստուածներ մեզի դիմած են ու սկսած` աշխատանքի», ըսած է ան:

Այս կեդրոնի կառուցման  աշխատանքները իրականացած են Համաշխարհային դրամատան տրամադրած միջոցներով: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 940,2 միլիոն դրամի ներդրում: Նոր բժշկական կեդրոնը ունի բժշկական անմիջական օգնութեան երկու սրահ եւ շտապօգնութեան կայան մը: Անիկա յագեցած է ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով:

Մանկապարտէզ` Մարտակերտի
Նոր Սէյսուլան Գիւղին Մէջ

240715NorSeysulan-1-Info

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 յուլիսին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Նոր Սէյսուլան գիւղ:

Ան ծաղկեպսակ զետեղած է արցախեան ազատամարտի ընթացքին նահատակուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ:

Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան մասնակցած է գիւղի նոր մանկապարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ան շեշտած է, որ գիւղական շրջաններուն մէջ նախադպրոցական հաստատութիւններու ցանցի ընդլայնումը կը հանդիսանայ պետութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը, խոստանալով, որ ասկէ ետք եւս առաւելագոյնը պիտի ընեն գիւղերուն մէջ ժամանակակից պայմաններուն համապատասխան մանկապարտէզներ ունենալու ուղղութեամբ:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է ռուսաստանաբնակ բարերար Վահագն Խաչատրեանին` ծրագիրը իրականացնելու համար, աւելցնելով, որ անոր կողմէ հարազատ գիւղին նկատմամբ ցուցաբերուող մնայուն աջակցութիւնը հայրենասիրութեան ընդօրինակելի դրսեւորում է:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Սեւ Ձկնկիթի Արտադրութիւնը Պիտի Դառնայ
Արցախի Տնտեսութեան Կարեւոր Ծրագիրներէն

16826_large

Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 21 յուլիսին զուիցերիահայ գործարար Վարդան Սերմաքիսի հետ այցելած է Մարտակերտի շրջան եւ ծանօթացած` տնտեսական շարք մը մեծ ծրագիրներու ընթացքին:

Թրղի գետին վրայ կառուցուած եւ վերջին օրերուն գործարկուած «Թրղի-3»` 5 մեկաուաթ հզօրութեամբ փոքր ջրելեկտրակայանի ընձեռած պայմաններուն ծանօթանալով` վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է կատարուած աշխատանքին համար: «Այս նոր փոքր ՀԵԿ-ը կը համարէի մեր հերթական ձեռքբերումն Արցախի ուժանիւթային ինքնաբաւութեան աստիճանը բարձրացնելու ճանապարհին: Ողջունելի է, որ մասնաւոր հատուածը մեծապէս ընդգրկուած է այդ ռազմավարական գործում: Դրա վառ օրինակը Վ. Սերմաքիսի նշանակալի մասնակցութիւնն է «Արցախ ՀԵԿ»-ում», ըսած է Ա. Յարութիւնեան:

Կառավարութեան ղեկավարը այցելած է նաեւ Մատաղիսի մէջ գործող սեւ ձկնկիթի արտադրամաս, որ հիմնուած է զուիցերիահայ գործարարի մը ներդրումով: Ընկերութեան պատասխանատուները վարչապետին ու սեփականատիրոջ ներկայացուցած են կատարուած աշխատանքը եւ հետագայ ծրագիրները: Ըստ անոնց, շաբաթներ առաջ տեղադրուած է առաջին ձկնկիթը, շուրջ 3 տարի անց վաճառքի կը հանուին ձուկի, իսկ 5 տարի ետք սեւ ձկնկիթի առաջին արտադրութիւնները:

«Կառավարութեան ուշադրութիւնը սեւեռուած է առաջնահերթօրէն սահմանամերձ բնակավայրերի զարգացման վրայ: Դրա ապացոյցներից մէկն այս յաւակնոտ ծրագիրն է, որը ոչ միայն ապահովելու է բազմաթիւ աշխատատեղեր յատկապէս շրջակայ գիւղերի բնակիչների համար, այլ նաեւ դառնալու է Արցախի տնտեսութեան շարժիչ ծրագրերից մէկը: Մենք միշտ պատրաստ ենք առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու նմանատիպ ձեռնարկումներին, առաւել եւս, որ այն օտարերկրեայ ներդրման արդիւնք է», հաստատած է վարչապետը:

Աստղաշէնի Մէջ Կատարուած Է ՀՅԴ
Պատանեկան Ճամբարի Հանդիսաւոր Բացումը

0723ayfcorps1

Յուլիս 21-ին Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն շրջանի դպրոցներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած պատանեկան ճամբարի հանդիսաւոր բացումը: Ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան երեսփոխաններ` Ալեոշա Գաբրիէլեանը, Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Աստղաշէնի դպրոցի տնօրէն Սլաւա Գրիգորեանը, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Ներկաներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղած է Ալեոշա Գաբրիէլեանը, իսկ Լեռնիկ Յովհաննիսեան` կարեւոր նկատելով պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման ծրագիրին նպատակները, նշած է. «Պատանեկան ճամբարների նպատակն է` պատանիներին ազգային դաստիարակութեան մատուցումը, կազմակերպուածութիւն ու կարգապահութիւն սովորեցնելը, սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ ամուր կապի ստեղծումը: Սրանք հզօր հայրենիք կերտելու գրաւականներ են»:

Ճամբարի պատասխանատու, ամերիկահայ Սերոբ Աբրահամեան եւս այս առիթով խօսք առած է` շեշտելով, որ կազմակերպուող պատանեկան ճամբարները անհրաժեշտ են ո՛չ միայն Արցախի պատանիներուն, այլ նաեւ` սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար:

Աստղաշէնի բնակիչ, աշխարհագրութեան ուսուցիչ, ՀՅԴ ԱԵՄ-ի կողմէ նշանակուած ճամբարի պատասխանատու Զօրիկ Ղազարեան դիտել տուած է, որ արդէն իրականութիւն դարձած է իր փափաքը` հայրենի գիւղին մէջ ճամբարի կազմակերպումը: «Ճամբարը կարելիութիւն տուած է աստղաշէնցիներուն կապ հաստատելու սփիւռքահայ ճամբարականներուն հետ եւ ընկերական կապեր հաստատելու անոնց հետ: Այսուհետեւ մեր գիւղին կապը սփիւռքի այս երիտասարդներուն հետ անքակտելի պիտի ըլլայ», շեշտած է ան:

Այնուհետեւ ճամբարականները հանդէս եկած են ժամանցային հետաքրքրական ծրագիրով, յագեցած` երգ ու պարով:

Նշենք, որ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան թեւի երիտասարդական միութիւնը այս տարուան յուլիսին ճամբարներ կը կազմակերպէ Ստեփանակերտի, Աստղաշէն շրջանի, Գիւմրիի եւ Պռօշեանի մէջ: Օգոստոսին ճամբար պիտի կազմակերպուի նաեւ Շուշի քաղաքին մէջ:

Մուսա Լերան Յուշահամալիրը Պիտի Նորոգուի

Յուլիս 23-ին իր նիստին կառավարութիւնը որոշած է 35 միլիոն դրամ տրամադրել Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, վերանորոգելու եւ բարեկարգելու համար Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրը:

Այս որոշումին մէջ ընդգծուած է, թէ Արմաւիր մարզի Բաղրամեան գիւղական համայնքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող «Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան»-ի մէկ մասնաճիւղ «Մուսա լերան հերոսամարտի եւ մուսալեռցիների ազգագրութեան թանգարան»-ը անմխիթար վիճակի մէջ է եւ հրատապ հիմնանորոգման կարիք ունի: Խնդիրը առաւել կարեւոր կը նկատուի այն հանգամանքով, որ 2015 սեպտեմբերին կ՛ամբողջանայ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը, ուստի կը նախատեսուի նշեալ յուշահամալիրին շուրջ մշակութային ու այլ յոբելենական ձեռնարկներ կատարել:

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջանները Ռումբերու Տարափին Տակ. Մահ Խաչիկ Արապեանի

Յաջորդը

Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան Հին Դրամներու Իր Հաւաքածոն Նուիրեց Արցախի Թանգարանին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?