Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց
Այնճարի Քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը
Օգոստոս 5-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը` ընկերակցութեամբ հայաստանաբնակ մուսալեռցի Գաբրիէլ Փանոսեանին:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան յատուկ հպարտութեամբ ընդգծեց, թէ Այնճարը բացառիկ հայաշունչ եւ հայաբոյր վայր է, որ պահպանած է իր հերոսական մուսալեռցի նախնիներու հզօր ու կամային ոգին, հայօրէն ապրելու եւ արարելու կենսակերպը: Նախարարը ընդգծեց, որ Այնճարը հայութեան հաւաքական միասնականութեան փայլուն օրինակ է եւ կը հաստատէ, որ հայը անպարտելի է, եթէ կը գործէ միակամ ու միասնական:
Կարօ Փամպուքեան իր եւ բոլոր այնճարցիներուն անունով խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Հրանուշ Յակոբեանին` զիրենք յուզող հարցերուն հանդէպ սրտացաւ, գործօն, անմիջական վերաբերմունքի, ինչպէս նաեւ գնահատանքի եւ քաջալերանքի ջերմ խօսքերուն համար: Ան նախարարին տեղեկացուց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները արդէն իսկ սկսած են Այնճարի պատմական բերդէն եւ կը շարունակուին ինչպէս Այնճարի, այնպէս ալ Հայաստանի եւ աշխարհի բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր կ՛ապրին մուսալեռցիներ: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ այս նշանակալի առիթով կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, գիրքերու եւ ժապաւէններու շնորհահանդէսներ, մեծարանքի ու յիշատակի երեկոներ, գիտաժողովներ, քայլարշաւներ, ժողովրդական մեծ տօնախմբութիւններ:
Երկուստեք կարեւորուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն հերոսական դրուագներէն է, եւ անոր 100-ամեակի պատշաճ նշումը կարեւոր նշանակութիւն ունի հայութեան միասնականութեան եւ տոկունութեան ամրապնդման, ազգային ոգիի բարձրացման եւ ապագայի տեսլականին հասնելու հաւատքի ամրապնդման առումով:
Քննարկուեցան տօնակատարութիւններուն հետ կապուած կազմակերպչական շարք մը հարցեր:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը` «Ֆրեսքօ»
Փառատօնի Գլխաւոր Գործընկեր
Երեւանի եւ մարզերուն մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու միջազգային փառատօնը, որուն գլխաւոր գործընկերն էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը:
Փառատօնին կը մասնակցէին խաղարկային եւ վաւերագրական, երկար ու կարճ տեւողութեան ժապաւէններ, տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը դատապարտուէին պատերազմները, բռնութիւնը, ազգային, կրօնական եւ որեւէ տեսակի խտրականութիւն, մարդոց պատճառով եղած կենսոլորտային աղէտները ու շեշտը կը դրուէր խաղաղութեան, հանդուրժողականութեան, մարդասիրութեան եւ համամարդկային այլ արժէքներու վրայ:
Հետաքրքրական է այն, որ այս փառատօնը ունէր «փողոցային» բնոյթ, որովհետեւ անիկա փակ սրահներուն մէջ տեղի չունեցաւ, այլ ժապաւէնները ցուցադրուեցան եւ ցուցահանդէսները ներկայացուեցան բացօթեայ, առանց տոմսի, սովորական պայմաններու մէջ, անպաշտօն, այգիներու մէջ, եկեղեցւոյ շրջափակերուն եւ շէնքերու բակերուն մէջ:
Փառատօնը յատուկ կերպով ուշադրութիւն կը դարձնէր նաեւ ընկերային հարցեր կամ ֆիզիքական թերութիւններ ունեցողներուն հետ աշխատանքին: Այս իմաստով մասնագիտական կառոյցներուն հետ համագործակցութեան շնորհիւ հաշմանդամ անձեր ո՛չ միայն կը մասնակցէին փառատօնին, այլ աշխուժ կերպով ներգրաւուած էին «Ֆրեսքօ»-ի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
«Էյր Արմենիա»-ն Կը Վերադառնայ Շուկայ`
68.600.000 Տոլար Նոր Ներդրումով
«Իսթ փրոսփեքթ ֆոն»-ը եւ «Էյր Արմենիա» ընկերութիւնը յայտնած են, որ 12 օգոստոսին կատարած են 68.600.000 տոլար ընդհանուր արժէքով արժեթուղթերու մուտք` «Էյր Արմենիա»-ի հաշուեկշիռին: Կատարուած ներդրումը պիտի հանդիսանայ «Էյր Արմենիա»-ի սեփականութիւնը եւ կրնայ տնօրինուիլ ընկերութեան կողմէ` ըստ անհրաժեշտութեան եւ նպատակի:
Կատարուած գործարքին իբրեւ արդիւնք, «Էյր Արմենիա» ընկերութիւնը ձեռք բերած է երաշխիքներ` միաժամանակ համալրելով կազմակերպութեան հաշուեկշիռը եւ մեծցնելով անոր դրամագլուխին արժէքը: Գործարքի գլխաւոր ձեռքբերումը այն է, որ այսուհետեւ հայկական օդանաւային միակ ընկերութիւնը` «Էյր Արմենիա»-ն սնանկացման եւ նիւթական այլ վտանգներու դէմ ապահովագրուած պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ նախորդ տարուան դեկտեմբերին իրականացուած գործարքին համաձայն` «Իսթ փրոսփեքթ ֆոնտ» հիմնադրամը պիտի հանդիսանայ օդագնացութեան հայկական միակ` «Էյր Արմենիա» ընկերութեան 49 տոկոս մասնաբաժինի սեփականատէրը:
Արցախի Տիգրանակերտը Ամէնէն Աւելի
Այցելու Ունեցողներուն Կարգին Է
«Տիգրանակերտ» պետական պատմամշակութային արգելոցով հետաքրքրուողներուն թիւը տարիէ տարի կը բարձրանայ: Այդ մասին կը վկայեն Տիգրանակերտի զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոնի յունուար-յուլիս ամիսներու տուեալները: Արդարեւ, նշեալ ժամանակաշրջանին, Տիգրանակերտ այցելած է եօթը հազարէն աւելի մարդ, այսինքն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` տասը տոկոս աւելի:
Ըստ նոյն աղբիւրին` Տիգրանակերտ կ՛այցելեն հիմնականին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչներ, սակայն աւելցած է նաեւ Տիգրանակերտ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը` կազմելով տարեկան ընդհանուր այցելութիւններուն գրեթէ 40 տոկոսը:
Վերջին տարիներուն Տիգրանակերտի արգելոցին մէջ իրականացուող պեղումները, ենթակառոյցներու զարգացումը, զբօսաշրջիկներու համար առաւել յարմար պայմաններու ստեղծումը եւ տարբեր տեսակի հանրային նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը կը նպաստեն Տիգրանակերտի այցելութիւններու թիւի աճին: Ներկայ դրութեամբ արգելոցը կը նկատուի Լեռնային Ղարաբաղի ամէնէն աւելի այցելու ունեցող վայրերէն մէկը:
Իշխան Զաքարեան Վերընտրուած Է
Համահայկական Խաղերու
Համաշխարհային Կոմիտէի Նախագահ
14 օգոստոսին Երեւանի մէջ` Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ՀԽՀԿ-ի ընդհանուր ժողովը` օրակարգին վրայ ունենալով Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու արդիւնքներու ամփոփումը, պարգեւներու յանձնումը, ընտրութիւնները, ՀԽՀԿ գործող կոմիտէի հերթական նիստի գումարման վայրի ու ժամկէտի որոշումը եւ այլ հարցեր:
Ամփոփելով Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն արդիւնքները` ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեան լուսարձակի տակ առած է քանի մը կարեւոր իրականութիւն. «Աննախադէպ մասնակցութիւն` 175 քաղաքներ, 6352 մասնակից մարզիկներ, 17 մարզաձեւ, որ եօթնով աւելի է նախորդ խաղերէն, բազմահազար զբօսաշրջիկներ, պատմական հայրենիքի ութը քաղաքներէն շուրջ 900 պատուիրակ. ասոնք պարտաւորեցնող թիւեր են»: Զաքարեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` ՀԽՀԿ գործադիր մարմինի անդամներուն բարձր մակարդակի ընդունելութեան եւ շնորհակալագիրներու արժանացնելուն համար:
ՀԽՀԿ-ի նախագահը եւ գործադիր կոմիտէի անդամները քննարկած են նաեւ խաղերու ընթացքին ծագած խնդիրները եւ լուծման համար առնուած քայլերը:
Գործադիր կոմիտէի անդամներուն որոշումով Իշխան Զաքարեան պարգեւատրած է Մանուկ Շեքերտեմեանը, Միսակ Նաճարեանը, Վրէժ Շառոյեանը, Սեպուհ Պաղտոյեանը, Տիգրան Ալթունը, Պօղոս Քիշեանը, Աւետիս Թոքաթլեանը, Պերճ Հալաճեանը, Ղազարոս Ունանը` «Համահայկական մարզական շարժման զարգացման եւ Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու նախապատրաստման եւ իրականացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած գործօն մասնակցութեան համար` ՀԽՀԿ-ի պատուոյ շքանշանով»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած են ՀԽՀԿ գործադիր կոմիտէի նախագահի, փոխնախագահներու եւ կոմիտէի անդամներու ընտրութիւնները: Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահի պաշտօնին համար միաձայնութեամբ վերընտրուած է Իշխան Զաքարեան:
Փոխնախագահներ վերընտրուած են Ալպերթ Պոյաճեանը եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը: Ընդհանուր ժողովը որոշում տուած է նաեւ ՀԽՀԿ նախագահի տեղակալներուն թիւը աւելցնել երկուքով: Տեղակալ ընտրուած է Ռոլանտ Շառոյեանը, իսկ միւս տեղակալի պաշտօնը տակաւին կը մնայ թափուր: Տեղի ունեցած է նաեւ կոմիտէի անդամներու ընտրութիւն:
Գլխաւոր քարտուղար ընտրուած է Սուետա Մանուչարեանը: Ի. Զաքարեան շեշտած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել կոմիտէի կազմին մէջ արդիւնաւէտ սերնդափոխութիւն, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ ՀԽՀԿ-ի աշխատանքներու կազմակերպման: Ժողովը որոշած է նաեւ յաջորդ նիստը գումարել մայիս 2016-ին: Հանդիպումի աւարտին Իշխան Զաքարեան նշած է, որ էական փոփոխութիւններու ենթարկուած է ՀԽՀԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ աշխատակազմի կառուցուածքը: Քննարկուած են նաեւ այլ հարցեր:
Ստեփանակերտի Թումօ Կեդրոնը
Սեպտեմբերին Պիտի Սկսի Գործելու
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան` «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան բաժնետիրոջ ներկայացուցիչ Ռալֆ Եիրիկեանի հետ 13 օգոստոսին այցելած է Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն` ծանօթանալու հոն տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն:
Այցելելով կեդրոնի սենեակները` վարչապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է կատարուած աշխատանքին վերաբերեալ եւ համապատասխան պաշտօնատարներու տուած է նոր յանձնարարականներ, որպէսզի ուսումնական կեդրոնը կարելի ըլլայ օգտագործել սեպտեմբերին:
Շէնքին աւարտին մօտեցող վերակառուցման համար «Ղարաբաղ թելեքոմ»-ը յատկացուցած է շուրջ 150 միլիոն դրամ, իսկ սարքաւորումները ձեռք բերուած են Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներդրումով: Ըստ պատասխանատուներու զեկուցումներուն, Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն կրնան յաճախել 7-17 տարեկան 500-էն աւելի երեխաներ Արցախի տարբեր շրջաններէ:
Հայաստանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուին 17-րդ Դարու
Հնատիպ Բացառիկ Ֆոլիանթներ
Հայ մեծ տպագրիչ Ոսկան Երեւանցիի ծննդեան 400-ամեակին առիթով յատուկ նախաձեռնութիւն պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ. 13 օգոստոսի իր նիստին կառավարութիւնը այս առնչութեամբ համաձայնութիւնը տուած է:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի «Մատենադարանի բարեկամներ» բարեսիրական հիմնադրամին աջակցութեամբ: Կը նախատեսուի կայացնել գիտական համաժողով, ինչպէս նաեւ գիրքերու ցուցադրութիւն. վերջիններէն ոմանք ներկայիս կը պահուին Երեւանի (հին ձեռագիրներու «Մատենադարան» թանգարան-հիմնարկ), ինչպէս նաեւ արտասահմանեան շարք մը գրադարաններու մէջ: Այս առիթով պիտի ցուցադրուին 17-րդ դարու հնատիպ, բացառիկ ոսկեթերթիկ նմոյշներ, ֆոլիանթներ:
Ոսկան Երեւանցին (1614-1674) տպագրած է հայերէն հարիւրաւոր գիրքեր: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին չարչարանքով ան մեծ ներդրում ունեցած է հարիւրամեակներ շարունակ պետութիւն չունեցող ժողովուրդի մը հայ ինքնութեան եւ ինքնագիտակցութեան պահպանման առումով:
Քենզըսի Ազգային Զօրագունդի Մարդասիրական
Նախաձեռնութիւնները Հայաստանի Մէջ
13 օգոստոսին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ այցելեց Երեւանի Ճգնաժամային կառավարման կեդրոն, ուր տեղի կ՛ունենայ նախաձեռնութիւն` նուիրուած Քենզըսի ազգային զօրագունդի մարդասիրական քաղաքացիական աջակցութեան ծրագիրին, որուն ծիրին մէջ վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին Քենզըսի օդուժի եւ ցամաքային ուժերու ճարտարագիտական կազմի ներկայացուցիչները վերանորոգման աշխատանքներ կատարած են Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Աշտարակի հիւանդանոցին եւ Երեւանի թիւ 1 տարեցներու տուն-պատսպարանին մէջ: Օրեր առաջ դեսպանը արդէն իսկ ծանօթացած էր վերջին երկու հաստատութիւններուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններէ եւ պետական կառոյցներէ, մասնաւորապէս ներկայ էին Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի առաջին տեղակալը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալը, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան պետի տեղակալը եւ Արագածոտնի մարզպետարանի ներկայացուցիչներ, որոնք դեսպան Միլզի հետ ծանօթացած են կատարուած աշխատանքներուն, լսած են իրականացուած երեք նախագիծերուն վերաբերող զեկուցումը եւ զրուցած ներկաներուն հետ:
Դեսպան Միլզ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Քենզըսի ազգային զօրագունդի ճարտարագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն նուիրեալ, եռանդագին եւ բովանդակալից աշխատանքը` ուղղուած Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ պայմաններու բարելաւման: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան` անոր աջակցութեան ու համագործակցութեան համար, որովհետեւ այդպիսով կարելի եղած է յաջողութեամբ պսակել այս ծրագիրները: Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ Քենզըսի ազգային զօրագունդի մարդասիրական քաղաքացիական աջակցութեան ծրագիրը մէկն է Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերող այն բազմաթիւ ծրագիրներէն, որոնք կ՛իրականացուին Միացեալ Նահանգերու կողմէ` Հայաստանի կառավարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան հետ միասին: