Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան Հին Դրամներու Իր Հաւաքածոն Նուիրեց Արցախի Թանգարանին

Յուլիս 29, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

180715StepTangaran

Լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեան Արցախի պետական պատմա-երկրագիտական թանգարանին նուիրեց հայկական դրամներու իր անձնական հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծի մատանիին ագատէ քարը` արքային դիմաքանդակով:

180715-StepTangaran-1-Info-600x491

Հաւաքածոն, որ բաղկացած է հին մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմուշներէ, կը յատկանշուի հազուագիւտ դրամներով, մասնաւորապէս` Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններուն պատկանող, նաեւ` երկլեզու եւ եռալեզու արժեթուղթեր: Ասոնք կը ներկայացնեն հայոց տնտեսական ու քաղաքական դրոշմը համաշխարհային պատմութեան մէջ: Մեծ տեղ յատկացուած է յատկապէս Կիլիկեան Հայաստանի արքաներուն հատած դրամներուն:  Հաւաքածոյին յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնն ու ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 18 յուլիս 2015-ին:

Նախաձեռնութեան մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Այս առիթով Յարութիւն Թորոսեանին յանձնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան շնորհակալագիրը:

Այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Յ. Թորոսեան ըսաւ, որ դրամները գնած է Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն, ուրկէ գնած է Լեւոն Ա.ի շքադրամը, որուն վրայ գրուած է` «Լեւոն թագաւոր ամենայն հայոց»:  Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ ինք ունի երեք զաւակներ, որոնց կրնար իբրեւ ժառանգութիւն ձգել այս դրամները, սակայն անոնք եւս համաձայն եղած են, որ դրամները վերադառնան ազգին:

Արցախի պետական պատմա-երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեան յայտնած է, որ այս հաւաքածոն բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ այն իմաստով, որ անոր մէջ կան թէ՛ Արտաշիսեան եւ թէ՛ Կիլիկեան հայկական պետականութիւնը ներկայացնող դրամներու հարուստ հաւաքածոյ: Ան շեշտած է, որ թանգարանին ունեցած հաւաքածոյին մէջ կը պակսէին Կիլիկեան դրամները:

Լիբանանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան այս նուիրատուութիւնը նկատած է Արցախի տարած մշակութային յաղթանակներէն մէկը, որովհետեւ 40 տարուան ընթացքին հաւաքուած արժէքաւոր դրամները երբ կը նուիրուին Արցախին, ասիկա մեծ նշանակութիւն կու տայ թէ՛ Արցախին, եւ թէ՛ սփիւռքահայերուն կողմէ Արցախի նկատմամբ վերաբերումին ու հարազատ կապին: Ան այս առիթով կոչ ուղղեց, որ նման արժէքաւոր հաւաքածոներ ունեցող սփիւռքահայեր եւս նման նուիրատուութիւններ կատարեն եւ ազգային իմաստ ունեցող իրերը յանձնեն մայր հայրենիքին, նկատել տալով, որ աշխարհի մէջ նման արժէքներու համար ամէնէն ապահով տեղը Լեռնային Ղարաբաղն է, որովհետեւ անիկա պաշտպանուած է հայ բանակին, հայ զինուորին կողմէ: Կարօ Քեպապճեան շեշտեց, որ պէտք է աշխատանք տանիլ հզօրացնելու Լեռնային Ղարաբաղը` տնտեսական, ռազմական, մշակութային, մտային եւ արհեստագիտական իմաստով:

Լիբանանահայ Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան
Պարգեւատրուեցաւ «Արշիլ Կորքի» Մետալով

7-29-15_Torosian

27 յուլիսին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հիւրընկալեց լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեանն ու անոր կինը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութիւն Թորոսեանին` Արցախի թանգարանին կատարած նուիրատուութեամբ դրսեւորուած իր  հայրենանուէր քայլի համար եւ հաստատեց, որ սփիւռքահայերուն կողմէ հայրենիքին համար իրականացուող իւրաքանչիւր գործ ըստ արժանւոյն կը գնահատուի նախարարութեան կողմէ: «Այս իմաստով մեծապէս գնահատելի է Ձեր նուիրատուութիւնը, եւ անիկա կրնայ օրինակ դառնալ ու ոգեւորել այլ սփիւռքահայեր», հաստատեց նախարարը: Գեղանկարչութեան բնագաւառին մէջ ունեցած կարեւոր աւանդին եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար նախարարը  Յարութիւն Թորոսեանը պարգեւատրած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով:

Յուզումով ու երախտագիտութեամբ ընդունելով նախարարութեան պարգեւը` Յարութիւն Թորոսեան ըսաւ. «Մենք դժբախտութիւն ունեցած ենք ապրելու Հայաստանէն հեռու, սակայն մեր մտածումները մնայուն կերպով կապուած են հայրենիքին: Վերջին տարիներուն ակնդէտ հետեւած ենք Արցախի ազատագրական պայքարին, ոգեւորուած եւ հպարտացած ենք, միեւնոյն ժամանակ մեծ ցաւ ապրած ենք, որ այդ պայքարին ընթացքին բազմաթիւ երիտասարդներ զոհուած են: Մնայուն կերպով ունէի այն մտասեւեռումը, թէ ինչ կրնամ ընել Արցախի համար: Ուստի մտածեցի երկար տարիներու ընթացքին հաւաքած հայկական դրամներս նուիրել Արցախին` որպէս անոր հանդէպ մեծ սիրոյ եւ գուրգուրանքի վկայութիւն»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայ մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Այդ Բոլորը Մեզի Կը Պատկանին, Տարակոյս Չկայ Այդ Մասին, Մեր Կաթողիկոսութիւններն Ու Մեր Պետութիւնը Պէտք Է Հետապնդեն Այս Հարցը»

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?