Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Լուրեր

Յունիս 20, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցած Է
«
Խնոցի» Փառատօնը

020615HinShenKhotsiParaton-Info

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յունիսին Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղին մէջ ներկայ գտնուած է «Խնոցի» արցախեան փառատօնին:

Նախագահ Սահակեան նման նախաձեռնութիւններ նկատած է ազգային աւանդոյթներու պահպանման եւ տարածման կարեւոր միջոցներէն մէկը` նշելով, որ փառատօները պէտք է դառնան աւանդական:

Փառատօնին կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձեր, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Եւրոպական Միութեան Աջակցութեամբ
Հայաստանի 6 Շրջանի Մէջ
Համագործակցական Պիտի Հիմնուի

0611cooperative

Եւրոպական Միութիւնը գիւղատնտեսութեան եւ գիւղի զարգացման ENPARD ծրագրի ծիրին մէջ պիտի աջակցի Հայաստանի 6 շրջաններու մէջ համագործակցականներու հիմնադրութեան: Ասիկա իրականութիւն կը դառնայ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութեամբ: Արդարեւ, դրամաշնորհներ պիտի տրամադրուին համագործակցականներու հիմնադրումին ու զարգացման նպատակով:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան միջազգային օգնութեան, համագործակցութեան պատասխանատու Ճոն Պարքըր յայտնած է, որ նախորդ տարուան դեկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան հետ համապատասխան համաձայնագիր ստորագրուած է` ծրագիրը Հայաստանի մէջ իրականացնելու նպատակով, եւ անոր պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի այս տարուան յունուարին: Այս նպատակով ENPARD-ին կողմէ պիտի տրամադրուի 25 միլիոն եուրօ` 20 միլիոնը իբրեւ պիւտճէական աջակցութիւն, իսկ 5 միլիոնը իբրեւ թեքնիք հարցերու եւ խորհրդատուական աջակցութիւն: «Այս ծրագիրով մենք պիտի օգնենք երկրագործներուն աւելի շատ եւ աւելի որակեալ արտադրանք տալու եւ աւելի բարձրարժէք շուկաներուն մէջ սպառելու իրենց արտադրութիւնը», յայտնած է Պարքըր:

Ծրագիրը պիտի գործադրուի Շիրակի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ: Խումբերը պէտք է կազմուած ըլլան տարբեր ընտանիքներ ներկայացնող եւ գիւղական համայնքներուն մէջ արձանագրուած, բնակող եւ գործունէութիւն ծաւալող առնուազն 5 երկրագործներէ կամ 5 հիմնադիր անդամէ:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ամրան Առաջին Օրը, Ամէնէն Երկար Օրը, Ամէնէն Տաք Օրը Չէ

Յաջորդը

Մարդն Ու Դրամը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?