Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Դաւիթ Իշխանեան Ընդունած Է
«Արցախ» Ֆոնտի Անդամները
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան 2 սեպտեմբերին ընդունած է Լիբանանի մէջ գործող «Արցախ» Ֆոնտ կազմակերպութեան անդամները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նախորդ տարիներուն կատարուած աշխատանքները, անոնց արդիւնաւէտութիւնն ու կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրները:
Մէկ շաբաթով Արցախ մեկնած են «Արցախ» Ֆոնտի 6 կամաւորներ, որոնք գործադրած են կազմակերպութեան այս տարուան «Նոր կեանք` նոր յոյս» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ կատարած են նախորդ տարուան ծրագրին ստուգումները: Այս տարի Արցախի վերաբնակեցուած եւ ազատագրուած շրջաններէն 169 ընտանիք պիտի օգտուի այս ծրագրէն:
«Արցախ» Ֆոնտի անդամ Մարալ Մահսէրէճեանի համաձայն, վերջին տարիներուն ընտանիքներուն անասուններու փոխարէն` ցանկութեան պարագային կը տրամադրուին նաեւ մեղուափեթակներ:
Ըստ Մ. Մահսէրէճեանի, ծրագիրը նպատակային է եւ ուղղուած է վերաբնակեցուած տարածքներու ընտանիքներուն օգնելու, որպէսզի կարենան կազմակերպել իրենց տնտեսութիւնները եւ աւելի ամուր կերպով կառչին հողին:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի «Արցախ» ֆոնտ կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ կը գործէ 2006 թուականէն` հիմնականին մէջ վերաբնակեցուած եւ ազատագրուած շրջաններուն մէջ: Ինը տարուան ընթացքին հարիւրաւոր ընտանիքներ կրցած են օգտուիլ կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրներէն:
Բակօ Սահակեան Արա Լեռ Տեղամասին Վրայ
Մասնակցած Է Երկրապահ Կամաւորականներու
Միութեան Աւանդական Ուխտագնացութեան
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան օգոստոս 27-ին Հադրութի Արա լեռ տեղամասին վրայ մասնակցած է Երկրապահ կամաւորականներու միութեան կողմէ աւանդական ուխտագնացութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած տօնական ձեռնարկին:
Նախագահ Սահակեան արժեւորած է Երկրապահ կամաւորականներու միութեան կողմէ կազմակերպուող ամէնամեայ ուխտագնացութիւնները` ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, բանակ-հասարակութիւն կապերու եւ ազգային միասնութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Համազգայինի Թատրոնի Սթիւտիոյի Բացում
Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի թատրոնի սեփական թատերական սթիւտիոյի բացումը:
Լուրը լրագրողներուն յայտնած է Համազգայինի թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեան, որ աւելցուցած է, թէ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի «Սօս Սարգսեան» մշակութային հիմնարկին հետ միատեղ:
«Սթիւտիոն իր դռները պիտի բանայ տարիքային երկու խումբերու համար` 12-16 եւ 17-է վեր եղողներու համար: Ուսման տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 13 ամիս, որուն ընթացքին պիտի ուսուցանուին` բեմական խօսք, վոքալ, դերասանի վարպետութիւն, պարարուեստ: Պիտի իրականացուին նաեւ վարպետութեան դասեր` դուրսէն հրաւիրուած դասախօսներու կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ արուեստագէտներու հետ», ըսած է Վ. Մկրտչեան:
Ան ընդգծած է, որ այս նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակը թատրոնի դերասանական կազմը թարմացնելն է եւ դերասաններու նոր սերունդ պատրաստելը:
Հայաստանն Ու Չինաստանը Պիտի Բանան
Առեւտրական Ներկայացուցչութիւններ
Օգոստոս 31-ի նիստին Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի եւ Չինաստանի առեւտրական ներկայացուցչութիւններ բանալու համապատասխան համաձայնագրի նախագծին:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի համաձայն, համաձայնագիրը կարելիութիւն պիտի տայ աւելի շօշափելի տեղեկութիւն ստանալու չինական շուկային մէջ առկայ առաջարկներուն եւ պահանջներուն մասին, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ երկկողմանի տնտեսական կապերու աշխուժացման եւ հայկական ապրանքներու արտածման:
Նշենք, որ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, 2015 յունուար-յունիսին Չինաստան դարձած է Հայաստանի արտածման մեծագոյն շուկան: Ի հարկէ այդ մէկը հիմնականին մէջ պղինձի խտանիւթի հաշուոյն է, որ առաջ մեծ քանակութեամբ դէպի Պուլկարիա կ՛արտածուէր: Իսկ Հայաստանէն պատրաստ արտադրութեան արտածման մեծագոյն շուկան կը շարունակէ մնալ Ռուսիան:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Հիւրընկալած Է
«Գործառնութիւն-Առաջադրանք»
Մրցոյթին Յաղթողները
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութիւնը գործնական քայլեր կը կատարեն աւագ դպրոցի աշակերտներու շրջանակին մէջ նորարարական մտածելակերպը խրախուսելու եւ ձեռնարկատիրական հմտութիւններ զարգացնելու նպատակով: Ամառնային ճամբարներու ընթացքին «Գործառնութիւն-առաջադրանք» մրցոյթի իրականացումը կազմակերպութիւններուն կողմէ իրականացուող համատեղ ծրագրի կարեւոր բաղադրիչներէն է:
Այս տարուան ամրան «Գործառնութիւն-առաջադրանք» մրցոյթին յաղթող ճանչցուած եւ որպէս մրցանակ «MTS Smart Start» սմարթֆոներով պարգեւատրուած խումբի անդամները հիւրընկալուած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար գործառուի փորձն ու մրցոյթի ընթացքին ձեռք բերուած հմտութիւններու համադրումը պատանիներուն թոյլ կու տայ առաւել յստակ պատկերացնել, թէ գործառնութեան կառավարման ընթացքին առուծախային ի՛նչ լուծումներ անհրաժեշտ են առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու եւ պատասխանատու մօտեցումով առաջնորդուելու համար:
«Տարբեր մրցոյթներու մասնակցութիւնն ու արձանագրուած ձեռքբերումները յարաբերական են: Մնայուն եւ ամենակարեւոր յաղթանակն այդ ճանապարհին ձեռք բերուած գիտելիքներն են: Ոչ օրինաչափ պայմաններու մէջ առուծախային տրամաբանական եւ համոզիչ լուծումներ առաջարկելը կը պահանջէ խոր վերլուծելու ունակութիւն, մտքի ճկունութիւն եւ պատկերացումները նախագիծի վերածելու հմտութիւն: Գործառնութիւն-առաջադրանքով դուք յաղթահարեցիք ձեր առջեւ դրուած խնդիրը: Ուրախ ենք ձեզ հիւրընկալելու նորարարութիւններու եւ հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան մէջ», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Յիշեցնենք, որ մրցոյթը կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ԱՄՆ-ՄԶԳ) տնտեսութեամբ իրականացուող «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ:
«Հիւսիս-Հարաւ» Մայրուղին Տ
արեվերջին Պիտի Ամբողջանայ
Օգոստոս 28-ին Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան յայտնած է, որ գոհ են Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցք ներդրումային ծրագրով կառուցուող արագընթաց մայրուղիին որակէն:
Ըստ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան մամլոյ գրասենեակին, աւարտած են մայրուղիի Երեւան-Արտաշատ հատուածի պեթոնապատման աշխատանքները, եւ այժմ կառուցապատող ընկերութիւնը կ՛իրականացնէ ճանապարհի լուսաւորութեան եւ այլ աշխատանքներ:
Օգոստոս 28-ին աշխատանքներուն ծանօթանալու համար Երեւան-Արտաշատ հատուած այցելող նախարար Գագիկ Բեգլարեան նշած է. «Մենք այսօր որակէն գոհ ենք, աշխատանքները իրենց հունով կը շարունակուին: Մեր ժողովուրդը շատ կ՛անհանգստանայ, որ աշխատանքները չեն կատարուիր, բայց կը տեսնէք, որ աշխատանքներուն մեծ մասը արդէն իսկ աւարտած է, պիտի աւարտենք դեկտեմբերի վերջը», եզրափակած է նախարարը:
Վարդան Պետրոսեանի Առաջին Ներկայացումը
Նուիրուած Պիտի Ըլլայ Բանտարկեալներուն
Սեպտեմբեր 4-ին «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն «Վարդաշէն» փոխադրուելու ատեն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վարդան Պետրոսեան ըսած է, որ իր բեմադրելիք առաջին ներկայացումը նուիրուած պիտի ըլլայ բանտարկեալներուն:
«Շատ ծրագիրներ ունիմ: Երկու տարի մտածելէ ետք շատ ծրագիրներ կազմած եմ, քիչ մը հանգստանամ, բուժումներս շարունակեմ, ծրագիրներս պիտի իրականացնեմ», ըսած է ան:
Վ. Պետրոսեանի համաձայն, այսուհետեւ ինք պատիժը պիտի կրէ բաց համակարգով, ինչ որ կ՛ենթադրէ առաւօտեան ժամը 8:00-ին դուրս ելլել եւ վերադառնալ ժամը 20:00-ին:
Այդ ընթացքին դերասանը երկրին մէջ ազատ տեղաշարժման իրաւունք պիտի ունենայ, իսկ արձակուրդի օրերուն պիտի մնայ կալանավայրին մէջ:
Անդրադառնալով արկածէն տուժած Յակոբեաններուն հետ յարաբերութիւններուն` դերասանը դիտել տուած է, որ միշտ փնտռած է եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ անոնց հետ հաշտեցման եզրեր փնտռել:
Սեւանէն Յայտնաբերուած Է Նախապատմական
Ժամանակաշրջանի Անասունի Ոսկոր
Սեւանայ լիճին յատակէն, Շորժայի հատուածէն, մօտ 5 մեթր խորութեան վրայ «Այաս» ծովային հետազօտութիւններու սուզորդները այս օրերուն յայտնաբերած են նախապատմական խոշոր եղջերաւոր անասունի ոսկոր:
Հնակենսաբանի ու հնաբուսաբանի հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք` բացայայտուած է, որ գտածոն նախապատմական` սառէ դարաշրջանէն առաջ գոյութիւն ունեցող վայրի ցուլի ողնաշարի մասնիկ է: ԳԱԱ բուսաբանութեան եւ կենդանաբանութեան հիմնարկներուն մէջ այսօր կը պահպանուին հարիւրաւոր գտածոներ Սեւանի ափամերձ գօտիներէն` սկսած վայրի ցուլէն մինչեւ կճղակաւորներու գանկեր եւ ոսկորներ: Գտածոն առաջինն է, որ յայտնաբերուած է լիճին յատակէն: