Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գերմանական Արխիւներուն Մէջ Կոմիտասի Մասին
Նիւթեր Գտնուած Են. Անոնք Պիտի Մէկտեղուին
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան ջանքերով գերմանական արխիւներուն մէջ սկսած է Կոմիտասի կեանքին վերաբերող փաստաթուղթերու յայտնաբերման եւ ուսումնասիրման գործընթացը:
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած են այդ գործընթացին: Ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերուած եւ Հայաստան բերուած են քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Կոմիտասի` Գերմանիա ուսանելու շրջանին:
Մասնագէտները գացած են նաեւ Լայփցիկի Սաքսոնական պետական արխիւ, ուր կը պահպանուին Եւրոպայի հնագոյն երաժշտական հրատարակչատան փաստաթուղթերը:
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտական խորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեանը նշած է, որ կը շարունակուին գերմանական այլ արխիւներու մէջ ձեռագիրներու, փաստաթուղթերու որոնումները: «Գերմանական արխիւները շատ տուժած են Բ. Համաշխարհային պատերազմին, ափսո՛ս, որ շատ մը երաժիշտներու մասին արխիւային փաստաթուղթեր այդ տարիներուն կորսուած են: Կարելի է, որ կորսուած են նաեւ Կոմիտասին առնչուող փաստաթուղթեր: Այդուհանդերձ, մենք մեր գործը պարտաւոր ենք կատարել եւ ստուգել կարելի բոլոր արխիւային հանգոյցները», ըսած է Մհեր Նաւոյեան:
«Իսկապէս, շատ դժուար աշխատանք է ոչնչացուած կամ տուժած արխիւներու մէջ 100 տարուան հնութեան փաստաթուղթեր որոնել: Այնուամենայնիւ, յոյս ունինք, որ գերմանական հետազօտական կեդրոններու հետ միատեղ աշխատանքը արդիւնք կու տայ», ըսած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ փոխդեսպան Նատիա Լիխթենպերկը:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը
Քարինտակի Մէջ Բացումը Կատարեց
Համայնքային Կեդրոնին
Հայաստան համահայկական հիմնադրամը հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի շրջանի Քարինտակ գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնին, որ կեանքի կոչուած է հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինի, հովանաւորներ` Տեվէճեան ընտանիք, Էքսերճեան ընտանիք, Գիրգոր Շիմշիրօղլու եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Այս մասին կը կարդանք հիմնադրամին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Համայնքին համար նշանակալից օրուան յատուկ ջերմութիւն հաղորդած էր ներկայութիւնը արժանթինահայ բարերարներ` Նշան Տեւեճեանի, Գիրգոր Շիմշիրօղլուի, Պօղոս Էքսերճեանի, որոնք հայրենիք եկած էին մասնակցելու իրենց հովանաւորած ծրագիրներու բացման:
Երկյարկանի ժամանակակից կառոյցը կը զարդարէ գիւղին մուտքը: Ասկէ ետք այդ կեդրոնին մէջ պիտի ամփոփուին դարմանատունը, գիւղապետարանը, իսկ գիւղին մէջ գրադարանի, համակարգչային սենեակի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի առկայութիւնը նոր որակ պիտի հաղորդէ համայնքի կեանքին:
Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ հաստատուող նմանօրինակ համայնքային կեդրոններ` մէկ երդիքի տակ մէկտեղելով կարեւորագոյն ենթակառոյցներ, կ՛օգնեն աւելի արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու համայնքի կենցաղը եւ տեղւոյն վրայ լուծելու բազմաթիւ հարցեր:
Նախորդ տարի արժանթինահայ բարերարներուն շնորհիւ նորոգուած է գիւղի դպրոցին մարզասրահը: Համայնքային կեդրոնի բացման առիթով դպրոցականները նաեւ մարզական գեղեցիկ համազգեստներ ստացան Տեւեճեան ընտանիքին կողմէ:
Աւելի քան 660 բնակիչ ունեցող Քարինտակը` շնորհիւ հիմնադրամին, այսօր ունի նաեւ շուրջօրեայ ջրամատակարարում, որ ներքին ցանցով հասանելի է համայնքի 160 տնտեսութիւններուն: Քարինտակցիներու հիմնական զբաղումը հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնն է, բնակիչներուն մէկ մասը կ՛աշխատի Շուշի քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի գիւղէն վեց քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Նշենք, որ հիմնադրամին ջանքերով տարեսկիզբէն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արդէն սկսած են օգտագործուելու Պատարա, Խանցք, Խաչմաչ, Շոշ (Ասկերանի շրջան) գիւղերու նորակառոյց համայնքային կեդրոնները, Սասունիկ համայնքի նորակառոյց մանկապարտէզը (Արագածոտնի մարզ) եւ Գիւմրիի «Երեխաների տուն» մանկատան նորակառոյց փակ լողաւազանը (Շիրակի մարզ): Յառաջիկային պիտի բացուին Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի ոռոգման ջրագիծն ու Խաչարձան գիւղի դպրոցը:
Արցախի Մէջ Առաջին Անգամ Թութի
Փառատօն Կազմակերպուեցաւ
Յունիս 27-ին, Արցախի Ամարաս վանքի յարակից թութի այգիին մէջ տեղի ունեցած է թութի փառատօն:
Փառատօնի նախաձեռնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պաշտպանութեան վարչութեանն է: Փառատօնին ներկայ եղած են` Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, հիւրեր:
Փառատօնին ներկայ եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Արա Նաճարեան` իր ընտանիքին հետ:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցած է թթաթափ եւ թթօրհնէքի արարողութիւն: Նոյն ատեն կազմակերպուած է թութի բարիքներու տօնավաճառ, որուն առանձին տաղաւարներով մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններու բնակիչները: Ներկայացուած են նաեւ արցախեան գորգարուեստի ու ձեռային աշխատանքներ:
Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ «Թթենուց մինչեւ մետաքս» խորագիրով ցուցահանդէս: Ներկաները առիթ ունեցած են ծանօթանալու թութի թորման եւ դօշաբի պատրաստման եղանակներուն:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը կարեւոր համարած է այս փառատօնը` ընդգծելով, որ թթենին Արցախի խորհրդանիշներէն մէկն է: Ան յոյս յայտնած է, որ թութի փառատօները շարունակական կը դառնան:
Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Տնօրէն
Սիլվա Գոյումճեանը Եւ «Արաս» Հրատարակչութեան
Նախկին Խմբագրապետ Արտաշէս Մարկոսեանը
Այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յուլիս 2-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Գոյումճեանն ու ամուսինը` «Արաս» հրատարակչութեան նախկին խմբագրապետ Արտաշէս Մարկոսեանը:
Սփիւռքի նախարարը Սիլվա Գոյումճեանին յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 17 սեպտեմբեր 2014-ի` 17-ի հրամանագրով շնորհուած պարգեւը` «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը: «Աւելի քան 35 տարի ղեկավարելով Ազգային Կեդրոնական վարժարանը` դուք ձեր նշանակալի աւանդը բերած էք հայապահպանութեան կարեւորագոյն գործին», նշեց նախարարը:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Սիլվա Գոյումճեանի գործունէութիւնը` 130-ամեայ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի աւանդոյթներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ: «Ազգային վարժարան աւարտած են անուանի հայ մտաւորականներ` Արշակ Չօպանեան, Հրաչեայ Աճառեան, Միսաք Մեծարենց, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Մնձուրի: Այս շարքը կարելի է երկար շարունակել: Վարժարանը ժամանակին ղեկավարած են նշանաւոր հայ մտաւորական ուսուցչապետներ` Գաբրիէլ Նորատունկեան, Ռէթէոս Պէրպէրեան: Այս շարքը եւս կարելի է երկար շարունակել: Ազգապահպան այս պատուաբեր գործին իսկական շարունակողը այսօր Սիլվա Գոյումճեանն է: Ներկայիս վարժարանը ունի 222 աշակերտ: Բոլոր տարիներու շրջանաւարտներն ալ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասին լիարժէք գիտելիքներով կ՛աւարտեն կրթօճախը, եւ անոնց 90 առ հարիւրը կ՛ընդունուին տարբեր համալսարաններ», նշեց նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Նախարարը շեշտեց 3 մայիս 2015-ին վարժարանի ջանքերով կազմակերպուած հայ մեծանուն եղեռնազոհ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած եւ մեծ շուքով իրականացուած էր վարժարանի անձնակազմի ջանքերով: «Այսօր մեր սեղանին է նաեւ այդ հանդիսութենէն ետք լոյս տեսած Վարուժանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող «Դանիէլ Վարուժան, անմահ բանաստեղծ, ուսուցիչ, մտաւորական» արեւմտահայերէն գրքոյկը», աւելցուցած է նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ պարգեւին համար` Սիլվա Գոյումճեան նշեց, որ միայն իր նախորդներէն ժառանգած մեծ գործին շնորհիւ է, որ այսօր ինք կը ստանայ այս շքանշանը: «Այս միայն իմ պարգեւս չէ, այլ վարժարանի ամբողջ ուսուցչական կազմի շքանշանն է»:
«Մենք Կ՛ապահովենք Հայաստանի Սահմանամերձ
Շրջաններու Կապը». Ռալֆ Եիրիկեան
Յուլիս 1-ին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը բոլորեց իր գործունէութեան տասնամեակը: Այս առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտարարած է, որ իրենք կրցած են լուծել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ որակեալ կապի հարցը:
«Ուղիղ 10 տարի առաջ` 1 յուլիս 2005-ին, մենք շուկայ մտանք: Հարցերը շատ էին, որոնց մաս կը կազմէր սահմանամերձ շրջաններու կապը: Ինծի եւ մեր բոլոր աշխատակիցներուն համար շատ տհաճ էր տեսնել, որ սահմանին վրայ մենք վատ կապեր ունինք, եւ որ այնտեղ կը բացակայի հայկական կապի ընկերութիւնը: Տարիներու ընթացքին մենք ո՛չ միայն բարելաւեցինք ծածկոյթը, այլ տարածեցինք դրացի երկիրներու սահմանէն քանի մը քիլոմեթր այն կողմ: Նաեւ այն պատճառով, որ այդ տարածքներուն որոշ բաժիններու վրայ կ՛ապրին մեր հայրենակիցները, եւ անոնք կը ցանկան օգտուիլ հայկական բջիջային ընկերութեան ծառայութիւններէն: Այս քայլին յաջողութիւնը յառաջացուց դրացի երկիրներու ընկերութիւններուն դժգոհութիւնը: Անոնց ի պատասխան` ընկերութիւնը նշեց, որ այդ պարագային սահմանէն պէտք է հեռանալ երկուստեք: Մենք ըսինք, որ առաջ դուք հասած էք մեր կողմ, ուրեմն մենք չէ, որ պէտք է առաջինը ետ քաշուինք», յայտնած է Ռ. Եիրիկեան` նշելով, որ ընկերութիւնը առաջուան պէս սահմանի վրայ 100 տոկոսի ծածկոյթ պիտի ապահովէ:
Ներկայիս «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Հայաստանի մէջ կը գրաւէ հեռահաղորդակցման շուկային 60 առ հարիւրէն աւելին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ունի 2 միլիոն բաժանորդ:
Մատենադարան` Գանձասարի Կից
Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի Գանձասար վանական համալիրին կից կը կառուցուի մատենադարանին համար նախատեսուած շէնք` պետական պիւտճէով:
Շինութիւնը, ուր պիտի պահպանուին հին հայկական ձեռագիրներն ու մատեանները, կառուցուած էր 2004 թուականին իբրեւ հոգեւոր դպրատուն: Նախորդ տարի սկսած են շէնքի վերակառուցման աշխատանքները: Անիկա երկյարկանի ընդարձակ շինութիւն է, ճարտարապետական ժամանակակից տուեալներով: Շէնքը նախատեսուած է բազմաթիւ գործածութեան համար. գիրքերն ու ձեռագիրները պիտի պահպանուին առաջին յարկին վրայ` յատուկ պատրաստուած գրապահոցներուն մէջ, ուր պիտի ըլլայ նաեւ ընթերցասրահը: Առաջին յարկին վրայ տեղակայուած պիտի ըլլայ նաեւ գիտաժողովներուն համար նախատեսուած համագումարներու դահլիճը: Երկրորդ յարկը` կիսագլանաձեւ ծածկով, 5 մեթր բարձրութիւն ունի, հոն պիտի ըլլայ ցուցասրահը` ապակեպատ ցուցադարակներով: Այստեղ տեղակայուած պիտի ըլլան նաեւ վարչական-տնօրէնութեան աշխատասենեակները եւ այլն: Մատենադարանին մէջ պիտի ապահովուի նաեւ սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող անձերու տեղաշարժը:
Մատենադարանի շէնքին յատակագիծը գծած է ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան: Շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ «Վերանորոգման շինարարութեան տնտեսութիւն» ընկերութիւնը. պատուիրատուն Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնն է:
Նշենք, որ շէնքը պիտի սկսի գործածուելու նոյեմբերին: