Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Անի Պէզիքեան»
Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում
13 յունիսին Երեւանի Քանաքեռ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ բացումը «Անի Պէզիքեան» երիտասարդական կեդրոնին, որ իբրեւ բնակարան պիտի ծառայէ ծնողազուրկ երիտասարդներու եւ մարզերէն եկող կարիքաւոր ուսանողներու:
Այս առիթով Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ համերգով հանդէս պիտի գայ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը` ի պատիւ բարերարներ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու:
«Հայաստան» Հիմնադրամի Բարերար
Անդրանիկ Պաղտասարեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Թէկուզ Քիչով
Մասնակցելու Հայաստանի Շէնացման Գործին
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեան Հայաստանի եւ Արցախի շէնացումը նկատած է ամէնէն սուրբ գործերէն:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին համահայկական հիմնադրամի բարերար անդամի կոչման արժանացած Անդրանիկ Պաղտասարեան յայտնած է, որ 2014-ին հիմնադրամին նուիրաբերած է մօտաւորապէս 900 հազար տոլար: Անոր համաձայն, սկզբնական շրջանին իր նուիրատուութիւնները այնքան ալ մեծ չէին, բայց ժամանակի ընթացքին յաջողութիւններու հասնելով իր անձնական աշխատանքին մէջ` կրցաւ աւելցնել նուիրուած գումարը:
«Միշտ այդպէս է, եթէ տաս, նոյնը քեզի կը վերադառնայ: Որքան նուիրատուութիւն կատարած եմ, տասնապատիկը վերադարձած է ինծի: Բայց կարեւորը ոչ թէ դրամ նուիրելն է, այլ քու երկրիդ, բանակիդ, զաւակներուդ տէր ըլլալու միտքն է, որովհետեւ վաղն ալ իրենք քեզի տէր պիտի ըլլան», հաստատած է Անդրանիկ Պաղտասարեան: Ան նշած է, որ հիմնադրամին կը կատարէ նուիրատուութիւններ` հաւատալով, որ անոնք պիտի ծառայեն Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւորութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման: Անդրանիկ Պաղտասարեանի դիտարկմամբ` դժուարը նուիրատու ըլլալու առաջին քայլն է, բայց երբ կու տաս, թէկուզ աննշան գումար մը, եւ կը տեսնես կատարուած աշխատանքը, յաջորդ անգամ կը դիւրանայ նուիրատու ըլլալը: «Ասիկա պէտք է շարունակական ըլլայ: Մեր երկիրն է, ուրիշինը չէ, մեր զինուորները կը պաշտպանեն զայն: Դուրսը` ուրիշ աշխարհի մէջ, բան մը ունենալը աւելի լաւ չէ: Դուրսը ես մեծ գործատեղի ունիմ, ամէն օր, երբ ներս մտնեմ, չեմ զգար, որ իմս է: Երբ հոս գամ, իջնեմ օդանաւէն, կ՛ըսեմ` Սօսի, մեր երկիրը եկանք», ըսած է Պաղտասարեան: Ան հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայերը բաւական աշխոյժ են, եւ իւրաքանչիւր դրամահաւաքի այդ երեւոյթը նկատելի կը դառնայ:
«Մենք Գիւմրիի մէջ սկսած ենք անտուներուն տուն տրամադրելու: Երբ նախորդ տարի Լոս Անճելըսի մէջ փոքրիկ հեռուստամարաթոն մը կազմակերպեցինք, չէինք ակնկալեր, որ մեր նուիրատուները չեղող մարդիկ հազարներով պիտի գային` 20 տոլար ձեռքերնին: Անոնք կ՛ըսէին, որ նոյնիսկ ստացագիր չեն ուզեր, կը բաւէ, որ աշխատանքը շարունակէինք: Երեք օր առաջ յարկաբաժիններ յանձնեցինք ժամանակաւոր տնակներու մէջ ապրողներուն: Պէտք է տեսնէիք այդ փոքրիկներուն աչքերը, այդ մայրերուն ուրախութիւնը: Ան նկատել տուած է, որ տարուէ տարի թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը կը զարգանան, ինչ որ յաջորդ տարիներուն աւելի ակնառու պիտի ըլլայ: «Ի հարկէ, գործերու պակաս կայ, ահագին հարցեր կան, բայց վստահ եղէք, որ անկախութեան տարիներուն Հայաստանը այնքան զարգացաւ, որ յաջորդ տարիներուն աւելի մեծ ծաղկում պիտի ապրի», եզրափակած է Ա. Պաղտասարեան:
Նշենք, որ 27 մայիսին կայացած հոգաբարձուներու եւ տեղական մարմիններու 24-րդ նիստին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեան Հայաստանի նախագահին կողմէ ստացաւ հիմնադրամի «Նուիրատու բարերար անդամ»-ի վկայականը:
Դեսպաններուն Կիները Նուէրներ Բաժնեցին
Երեւանի Ծննդատուներու Մայրերուն
Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն կիները 1 յունիսին` Փոքրիկներու պաշտպանութեան միջազգային օրը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի կնոջ` «Բարի գալուստ Հայաստան» կանանց միութեան ղեկավար Նաթալիա Նալբանդեանի ղեկավարութեամբ այցելած են «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարեսիրական կազմակերպութիւն:
Փոքրիկներու պաշտպանութեան օրուան առիթով բոլորը շնորհաւորելով` Նաթալիա Նալբանդեան անդրադարձած է մանուկը եւ անոր իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութեան. «Փոքրիկներու պաշտպանութիւնը, ինչպէս յայտնի է, կը սկսի անոնց ծնած օրէն: Որպէսզի փոքրիկները լոյս աշխարհ գան լաւ պայմաններու մէջ, անհրաժեշտ է առաջին օրէն անոնց համար որակեալ բուժօգնութիւն ապահովել: Փոքրիկներու առողջութեան հոգը մեր, մայրերուն եւ բժիշկներուն առաջնային հարցն է: Այդ պատճառով կը շնորհաւորեմ բոլոր բժիշկները եւ կը մաղթեմ առողջութիւն բոլորին, առաջին հերթին` փոքրիկներուն»:
Ասիկա նմանօրինակ երկրորդ նախաձեռնութիւնն է, որ կը կատարուի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ»-ի մէջ: «Այս ծննդատունը եւ իր պայմանները հիանալի են: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել դիւանագէտներու կիներուն, որոնք եկած են: Բոլոր 30 մասնակիցները հաճոյքով մասնակցեցան մեր ծրագրին, յայտնած է Նալբանդեան:
Հայաստանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպանին կինը` Հելենա Քուխթայի համաձայն, իրենք այցելած են անմիջական բուժման բաժանմունք: Ան նշած է, որ մայրերը եւ որդիները նոյնիսկ յուզուեցան, եւ մաղթեց, որ անոնք միշտ առողջ ըլլան, նաեւ բժշկական կեդրոնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Հայաստանի մէջ Չեխիոյ փոխդեսպան Անի Շակինեանովա, որ 2 որդի ունի, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Աստուծոյ, նշած է. «Կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր կին պէտք է շատ զաւակներ ունենայ: Կեանքի իսկական երջանկութիւնն է: Խորհրդանշական է, որ կազմակերպիչները այս այցելութեան համար ընտրած են այս օրը: Կը շնորհաւորեմ բոլոր փոքրիկները եւ կը մաղթեմ, որ անոնք ըլլան միշտ առողջ, մնացեալը այդքան ալ կարեւոր չէ», դիտել տուած է ան:
«Մայքրոսոֆթ»-ի Հետ Յուշագիրի
Ստորագրութիւնը Պիտի Նպաստէ
Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 26 մայիսին ընդունած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի նախագահ Տան Կրենտեմի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` ան բարձր գնահատած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հետ ծաւալած համագործակցութիւնը եւ կառավարութեան անունով անիկա ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ տեղեկատուուական արհեստագիտութեան զարգացման եւ տարեկան դրութեամբ այդ բնագաւառին մէջ արձանագրուող 25 առ հարիւր աճը պայմանաւորուած է նաեւ Հայաստանի մէջ առաջատար ընկերութիւններու, որոնց կարգին նաեւ` «Մայքրոսոֆթ»-ի գործունէութեամբ եւ հայաստանեան ներկայացուցչութեան լաւ աշխատանքով:
Տան Կրենտեմ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` ընկերութեան հետ համագործակցութեան պատրաստակամութեան եւ նախորդ հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն կեանքի կոչելուն համար: Ան դիտել տուած է, որ «Մայքրոսոֆթ»-ը կը միտի ընդարձակել փոխգործակցութեան ծիրը եւ նպաստել Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման:
Բարձր գնահատելով ներկայի միացեալ ծրագիրներուն ընթացքը` Յովիկ Աբրահամեան եւ Տան Կրենտեմը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատած են հանդիպումէն ետք Հայաստանի կառավարութեան եւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան միջեւ համագործակցութեան յուշագրի եւ փոխգործակցութեան վերաբերող համաձայնագրի ստորագրութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ համագործակցութեան լաւ հիմքերու ամրապնդման, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործման եւ նոր միացեալ ծրագիրներու կեանքի կոչման:
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանին հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց` վերջին 10 տարիներուն Հայաստանի մէջ ընկերութեան աշխուժ գործունէութեան համար եւ` յոյս յայտնած, որ ընկերութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ: Տան Կրենտեմ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան` ընկերութեան հետ համագործակցութեան պատրաստակամութեան եւ Հայաստանի մէջ ընկերութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ ընկերութիւնը մտադիր է յառաջիկային Հայաստանի մէջ իրականացնել հեռանկարային շարք մը ծրագիրներ` Հայաստանի կառավարութեան հետ հաստատելով երկարաժամկէտ համագործակցութիւն` կրթութեան, անվտանգութեան, մտաւորական սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, նորարարութեան ոլորտներուն մէջ:
Կարէն Ճշմարիտեան նշած է. «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ Հայաստան ունի շարք մը մրցակցային առաւելութիւններ, մասնաւորապէս միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող գիտահետազօտական ներուժ` ճարտարագիտութեան, տեղեկատուական, բնագիտութեան եւ ուսողութեան բնագաւառներուն մէջ, բարձրակարգ եւ շնորհալի մասնագէտներ` արհեստագիտական հմտութիւններով եւ գիտելիքներով»: Ան դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ առկայ է մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան ուղղուած միջազգային լաւագոյն չափանիշներուն համապատասխանող իրաւական դաշտ: Զրոյցին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի կառավարութեան եւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն կարեւորութեան` շեշտելով, որ անոնք չափազանց արդիւնաւէտ պիտի ըլլան:
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի Միջոցներով
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի
Հաւաքածոն Համալրուած Է
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող պահպանուած եւ մեզի հասած որեւէ վկայութիւն, նամակ, լուսանկար, բացիկ շա՛տ կարեւոր է այդ շրջանի իրադարձութիւններուն ուսումնասիրութեան համար: Տարիներու ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հաւաքածոն համալրուած է բազմաթիւ արժէքաւոր նմուշներով, որոնք ձեռք բերուած են անհատներու նիւթական աջակցութեան եւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ:
Այս առումով, աւանդոյթ դարձած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի համագործակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին հետ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնի անմիջական աջակցութեամբ, նախապէս ձեռք բերուած են թանգարանային եզակի միաւորներ: Մասնաւորապէս Արեւմտեան Հայաստանի պատկերներով եւ հայկական նիւթերով հնատիպ բացիկներու հաւաքածոյ, հազուագիւտ աղբիւրագիտական գրականութիւն, պատմական վաւերագիրներ` Մեծ եղեռնը վերապրած հայերու նկատմամբ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան մասին, հայ գաղթականները պատկերող բնօրինակ լուսանկարներ, մինչեւ Ցեղասպանութիւն արեւմտահայ կեանքին վերաբերող իրեր, նամակներ, նամականիշներ, յայտնի հայկական ընտանիքներու լուսանկարներ եւ հնատիպ թերթեր:
Նմուշներուն զգալի մասը կարելի եղած է հայթայթել լոսանճելըսաբնակ ամերիկահայ հայր եւ որդի Օհաննէս եւ Հրաչ Հաննէսեաններու օժանդակութեամբ: «Շիրակ» տպագրատան սեփականատէր Հաննէսեան ընտանիքը տարիներ շարունակ հաւաքած է Ցեղասպանութեան փաստը վաւերագրող արժէքաւոր նիւթեր, որոնք այսօր հանրութեան հասանելի են: Այս անգամ եւս Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Հրաչ Հաննէսեանի ջանքերով ձեռք բերուած եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին յանձնուած են արժէքաւոր նմուշներ:
«Ճշմարտութիւնը միայն իմանալը դեռ քիչ է: Արդարութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է այդ ճշմարտութիւնը հասցնել հանրութեանը, անհերքելի ապացոյցներ եւ փաստեր ներկայացնել: Ոեւէ հայ կը կրէ Ցեղասպանութեան ծանր հետեւանքները, եւ մենք ազգովի պէտք է լծուինք անոր ճանաչման եւ հետեւանքներուն վերացման գործին` ամէն մէկս մեր ուժերուն չափով: Անգնահատելի է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին գործունէութիւնը եւ նուիրուած աշխատանքը, եւ մենք պատրաստ ենք կանգնելու այս կառոյցին կողքին», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Եւ «Հայաստանի Մանուկներ»
Հիմնադրամը Գետաշէնի Դպրոցին Մէջ
Ստեղծագործարան Հաստատած Են
«Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք բացումը կատարուած է եօթներորդ ստեղծագործարանին:
Նորարական արհեստագիտութիւններով` ելեկտրոնային գրատախտակով (սմարթ պորտ), ժամանակակից համակարգիչներով եւ շարժական յատուկ կահոյքով յագեցած դասարաններուն մէջ պիտի սորվին Արմաւիրի մարզի Գետաշէն գիւղի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը կը ձգտի նորարար արհեստագիտութիւններու միջոցով դպրոցներուն մէջ խթանել ստեղծագործ մտածելակերպը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, հաւատարիմ մնալով իր համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութեան, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է, որպէսզի փոքրիկները ունենան նորագոյն արհեստագիտութեամբ օժտուած կեդրոն:
«Փոքրիկին զարգացումը կը ձեւաւորուի ընտանիքին մէջ եւ կը շարունակուի դպրոցին մէջ: Այս երկու միջավայրերը պէտք է ըլլան այնքան նպաստաւոր եւ հաճելի, որպէսզի փոքրիկին միտքը առողջ զարգանայ: Գեղեցիկ միջավայրը կը ստիպէ գեղեցիկ մտածել: Եթէ արագ քայլերով զարգացող աշխարհի մէջ առաջնորդուինք միայն արհեստագիտութեան մրցավազքով կը կորսնցնենք ստեղծագործելու կարեւոր ունակութիւնը: Չթերագնահատելով այդ երկուքին դերը` մենք կը խրախուսենք ստեղծագործ մօտեցումը նաեւ նորարար արհեստագիտութիւններու միջոցով», նշած է «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Անոյշ Եդիգարեան կարեւոր նկատած է ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ անհրաժեշտ եւ տրամադրող կրթական միջավայրի ապահովումը: «Այս համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եօթը ստեղծագործարան կը բանայ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ: Կրթութիւնը կարեւոր հիմք է փոքրիկներու կեանքի բարօրութեան, անհատականութեան ձեւաւորման եւ հետագայ գործունէութեան համար», ըսած է Անուշ Եդիգարեան:
Գետաշէնի դպրոցը կառուցուած է 98 տարի առաջ` գիւղական դպրոցի տիպով, ընդամէնը մէկ դասարանով: Այժմ հոն կը յաճախեն 270 աշակերտ: Դպրոցին նպատակներէն մէկն է գիւղական կեանքին եւ հողագործութեան հանդէպ սէր սերմանել մանուկներուն եւ պատանիներուն մէջ:
Ստեղծագործարանի զարգացման ծրագրին զուգահեռ, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը Գետաշէնի միջնակարգ դպրոցին մէջ սկսած է իրականացնելու նաեւ «Առողջ սնունդ» եւ «Աֆլատուն» ծրագիրները, հիմնադրած է թատրոն, կը քաջալերէ առողջ ապրելակերպը: Դպրոցը հիմնովին կը նորոգուի, ստեղծուած է ատամնաբուժարան, հաստատուած է ճաշարան: Նոր տարեշրջանին ամէն օր տաք եւ առողջ սնունդ պիտի մատուցուի դպրոցի փոքրիկներուն` նոր բարեկարգուած միջավայրի մէջ: Հիմնադրուած է նաեւ երկրագործական կեդրոն, ուր նպատակաուղղուած ուսուցում կը տրուի` նորարար արհեստագիտութեան կիրարկմամբ հողի մշակման եւ առատ բերք ստանալու ուղղութեամբ:
Սուրիահայ Փոքրիկներուն Համար
Երկու Մանկապարտէզներ Եւս Պիտի Բացուին
Երեւանի Մէջ
Երեւանի երկու դպրոցներու մէջ 1 յունիսին բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ փոքրիկներու յատուկ մանկապարտէզներու: Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 եւ Ալեքսանդր Շիրվանզադէի անուան թիւ 21 դպրոցներուն մէջ յատուկ կրթարաններ բացուեցան «Սէյվ տը չիլտրըն» միջազգային կազմակերպութեան «Գաղթականներու ներուժի զարգացման եւ կենսամակարդակի բարելաւման ծրագրի» ծիրին մէջ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ծրագրի համակարգող Իռեն Սարգսեան նշեց, որ ծրագրին հիմնական նպատակն է օգնել սուրիահայ փոքրիկներուն` կանուխ տարիքէն համարկուելու հասարակութեան մէջ, իսկ անոնց ծնողներուն` աշխատելու կարելիութիւն ունենալու:
«Սուրիահայ փոքրիկները այցելելով նախակրթարան` կը շփուին իրենց հասակակիցներուն հետ, իսկ ծնողները կրնան ազատ ժամանակ ունենալ եւ աշխատանք գտնել ու աշխատիլ», յայտնած է Ի. Սարգսեան:
Նախակրթարան կրնան յաճախել 4-6 տարեկան փոքրիկները, իւրաքանչիւր նախակրթարան կրնայ ընդունիլ 30 փոքրիկ, կրթութիւնը անվճար է: Ծրագիրով նախատեսուած է Երեւանի մերձակայ մարզերուն մէջ եւս հիմնել նման կեդրոններ:
«Մարզերուն մէջ մանկապարտէզներուն վիճակը այդքան ալ լաւ չէ, կը նախատեսենք փորիկներուն համար հիմնել մանուկներու կրթարաններ, ուր նախադպրոցականները կարելիութիւն պիտի ունենան տարրական գիտելիքներ սորվելու», ըսած է «Գաղթականներու ներուժի զարգացման եւ կենսամակարդակի բարելաւման ծրագրի» համակարգող Թամարա Պարպաքածէ:
Սուրիահայ Հուրի Կիւլկիւլիճեան, որ իր հնգամեայ դուստրը` Լարիսա Նազարեանը արձանագրած է մանկապարտէզ, յայտնած է, որ արդէն երկու տարի է, որ բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ եւ շատ ուրախ է նման առիթի ստեղծման համար: «Շատ կարեւոր է այս նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ փոքրիկ մը դպրոց երթալէ առաջ առիթը կ՛ունենայ կապ հաստատելու իր տարեկիցներուն հետ, գրական հայերէնին եւ Երեւանի խօսակցական լեզուին տիրապետելու: Շատ լաւ միտք է փոքրիկները զարգացնելու համար», յայտնած է ան: