Անդրադարձ. Հայկական Ու Արտաքին Աշխարհին Հասցէագրուած Փաստաթուղթ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 29 յունուարին, Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, որ պատշաճ քայլով մը հրապարակուեցաւ նոյն օրը` նշեալ յանձնախումբին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին: Ստորեւ` այդ փաստաթուղթին վերաբերեալ նախնական նկատումներ: Նախ եւ առաջ հռչակագիրը համահայկական ու պատմական փաստաթուղթ մըն է, իսկ երկրորդ` անիկա թէ՛ ներքին սպառման համար է, թէ՛ ալ...

















