Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երաժիշտ-Զինուորականը, Որ Ապրեցաւ Լիբանանի Սիրով (Հազարապետ-Զօր. Ստեփան Տօնէեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յունուար 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

13115General-DoneyanՉէի ուզեր երբեք անձնական, ընտանեկան բնոյթի կորստեան մը մասին գրել, բայց սա է վերջ ի վերջոյ կեանքը, ուրախ պահերու կողքին, նաեւ տխրութեան պահեր կան այնտեղ, կորստեան պահեր կան: Եւ երբեմն կորուստը անչափելի կ՛ըլլայ: Գրելու աքթը պարտաւորիչ երեւոյթի մը կը վերածուի, երբ մահը իր ճիրաններուն մէջ առնէ ու տանի անձ մը, որ իր անջնջելի դրոշմը դրած է իր ապրած ընկերութեան ու երկրին մէջ: Չեմ գրեր միայն այն դրդապատճառէն մեկնելով, որ մահացած անձը քեռիս է, այլեւ կը գրեմ պատմութեան համար: Եւ կը գրեմ անոր համար, որ այն ազգը, որուն ծոցէն ծնած է քեռիս, ծանօթանայ իր մէկ համեստ զաւակին ձգած արժէքին, թէկուզ եւ այդ զաւակը իր ողջուց գրեթէ անծանօթ մնացած ըլլայ անոր: Այս քանի մը տողը կը գրեմ իմ քեռիիս` երաժշիտ-զինուորական, հազարապետ-զօրավար Ստեփան Տօնէեանի յիշատակին:

Ծնած է հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը` 1944-ին, կրտսեր զինուորականի մը ընտանիքին մէջ: Հայրը` Սարգիս Տօնէեան, քանի մը ամսուան մանուկ մըն էր, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ: Լիբանան հաստատուելով` Սարգիս Տօնէեան կը ճաշակէ որբանոցային կեանքի ամբողջ դառնութիւնը, եւ մատղաշ պատանի հասակին` 16 տարեկանին, կ՛անդամագրուի ֆրանսական բանակին: Մեծ հայրս լիբանանահայ առաջին զինուորներէն եղաւ, այլ լիբանանցի զինուորներու կողքին, 1943-ի Լիբանանի անկախութեան պայքարին մասնակցեցաւ` հետագային նպաստելով լիբանանեան բանակի կազմաւորման աշխատանքին: Այս հիման վրայ, ան նաեւ ճաշակեց բանտարկութեան դառնութիւնը` Լիբանանի անկախութիւնը կերտած քաղաքական ղեկավարներուն կողքին:

Ահաւասիկ կրտսեր զինուորականի բազմանդամ ընտանիքին մէջ հասակ նետած քեռիս (ինք եօթը զաւակներուն մէջ միակ տղայ զաւակն էր) ապրեցաւ լիբանանեան բանակին ու երաժշտութեան սիրով: Դարձաւ երաժիշտ-զինուորականի զաւակ երաժիշտ-զինուորականը` 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան յաճախելով լիբանանեան բանակի Սպայից վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1970-ին` իր սպայական սուրը ստանալով Լիբանանի Հանրապետութեան  հանգուցեալ նախկին նախագահներէն` Շարլ Հելուէն: Ստեփան Տօնէեանի համար, այդ թուականէն սկսեալ, լիբանանեան բանակը եւ անոր շեփորախումբը եղան անոր մտածումին եւ էութեան անբաժանելի մասնիկները: Ան կրցաւ ինքզինք փաստել` սպայական կրտսեր աստիճաններէն հասնելով հազարապետ-զօրավարի բարձր աստիճանին:

Իբրեւ լիբանանեան բանակի երաժիշտ սպայ` Ստեփան Տօնէեան իր ասպարէզին առաջին շրջանին եղաւ բանակի շեփորախումբի ղեկավարի փոխանորդ` կարճ ատեն ետք ինքզինք ամբողջական պատասխանատուութեան դիրքերուն մէջ գտնելով: 1970-ական թուականներու սկզբնաւորութեան շեփորախումբին ղեկավարութիւնը ստանձնելով` երիտասարդ զինուորականը իր ամբողջ ներուժը ի սպաս դրաւ քանի մը տասնեակ զինուորներէ բաղկացած ջոկատին երաժշտական մակարդակը բարձրացնելու նպատակին: Երաժշտական համեստ կարողութիւններու տէր զինուորականներէն բաղկացած շեփորախումբը շուտով իր նուագած երաժշտական կտորներու ցանկին վրայ աւելցուց համաշխարհային սիմֆոնիք երաժշտութեան մաս կազմող կտորներ:

Ծագեցաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը` 1975-ին: Կը թուէր, որ երիտասարդ զինուորականին երազները ի դերեւ ելան: Թէեւ ինք պատերազմական ծանր պայմաններուն մէջ շարունակեց ղեկավարել բանակի շեփորախումբը, բայց այդ պայմանները մեծապէս տարտղնեցին շեփորախումբին ուժերը: Պատերազմը գերեզմանն է արուեստին, երաժշտութեան, գեղեցիկ բաներուն: Պատերազմին պատճառով այս երիտասարդ զինուորականը ապրեցաւ նաեւ իր անհատական ողբերգութիւնը, իր միակ զաւակը այդ ծանր պայմաններուն բերումով ապրեցաւ օտար երկրի մէջ` հեռու հայրական գուրգուրանքէն:

1990 թուականին, 15 տարուան քաղաքացիական քանդիչ պատերազմին աւարտէն ետք, լիբանանեան բանակը վերագտաւ իր միասնականութիւնը: Լիբանանեան բանակի շեփորախումբին գործունէութեան ալ նոր թափ հաղորդուեցաւ այդ թուականէն ետք: 1992-ին արդէն գնդապետի աստիճանին հասած Ստեփան Տօնէեան իր տարերքին եւ երաժշտական ստեղծագործականութեան մթնոլորտին մէջ էր, պէտք էր ամէն գնով վերականգնել շեփորախումբին երաժշտական մակարդակը:

Եւ իրօք, մինչեւ 2000 թուականին լիբանանեան բանակէն հանգստեան կոչուիլը, Ստեփան Տօնէեան կրցաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ոչ միայն վերականգնել շեփորախումբին կարողութիւնները, այլեւ զայն վերածել սիմֆոնիք նուագախումբի, որ իր բարձր մակարդակի ելոյթներով կը մասնակցի լիբանանեան ազգային գրեթէ բոլոր հանդիսութիւններուն:

Ստեփան Տօնէեանի ղեկավարութեան օրով էր նաեւ, որ լիբանանեան բանակի նուագախումբին նուագադարանը հարստացաւ նոր նուագներով: Զինուորական նուագախումբը այնուհետեւ ազգային իրադարձութիւններու ընթացքին մնայուն կերպով ներկայացուց լիբանանցի նշանաւոր երաժիշտներու եւ երգիչներու` Զեքի Նասիֆի, Սապահի, Ուատիհ Սաֆիի եւ այլոց յօրինած ու մեկնաբանած երգերուն երաժշտութիւնները, նուիրուած` լիբանանեան բանակին ու Լիբանանին: Ոչ միայն այդքան: Ստեփան Տօնէեան նաեւ յօրինեց բանակի առանձին ստորաբաժանումներուն վերաբերող քայլերգներ, մանաւանդ` պարտադիր զինուորական ծառայութեան կանչուած զօրակոչիկներուն քայլերգը:

Իր զինուորական ասպարէզին ընթացքին Ստեփան Տօնէեան արժանացած է լիբանանեան եւ միջազգային ինը բարձրագոյն շքանշաններու, որոնցմէ վերջինը Սպայի կարգի մայրիներու ազգային շքանշանն է, ինչպէս նաեւ արժանացած է 27 շնորհաւորագիրի եւ դրուատանքի հանրապետութեան նախագահներու, բանակի ընդհանուր հրամանատարներու եւ զօրամասերու հրամանատարներու կողմէ:

Հիմա, երբ կը փորձեմ պատմութիւն մը վերականգնել` կրցածիս չափ առարկայական մօտեցումով, չեմ կրնար այս շարադրանքին մէջ անհատական զգացական երանգն ալ չաւելցնել: Ի՜նչ մեծ հպարտանք էր ինծի համար, երբ մանկուց` պատկերասփիւռի պաստառին դիմաց գամուած, Լիբանանի անկախութեան տօնի ամէն առաւօտեան անհամբեր կը սպասէ զինուորական առաջնորդող լիբանանեան բանակի նուագախումբին երեւնալուն: Հազիւ տեսած քեռիին բարձր հասակը եւ քիչ մը ջղային շարժումները` նուագախումբին չափ տուած ժամանակ, կը բացագանչէի «Քեռին երեւցաւ, քեռին երեւցաւ…»:

Ապրեցաւ Լիբանանի, եւ անոր բանակին սիրով: Լիբանանեան հայրենիքի հողը թեթեւ գայ վրան:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թուական… Եւ Թուային Խեղաթիւրում

Յաջորդը

Սակաւ Խօսք… Սակաւախօս Բենոյին

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In