Վատիկանի մէջ կը կայանայ Սուրբերու միաբանութեան ժողովը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուած են Հռոմի պապի յայտարարութեան համար, որով ան պիտի յայտնէ, թէ որո՛նք պիտի ստանան եկեղեցական դոկտորի կոչում:
Ըստ «infocatolica.com» կայքին, այդ կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ այդ կոչումին կրնայ արժանանալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ կաթողիկէ աշխարհին մէջ կը համեմատուի Սուրբ Օգուստինի հետ` նկատի ունենալով անոնց աշխատութիւններու քանակը եւ ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն վրայ: Կայքը կ՛անդրադառնայ Նարեկացիի կենսագրութեան: Կը նշուի, որ ան մեծապէս նպաստած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զարգացման: Կայքը կը գրէ, որ նարեկավանքը, ուր ուսած է Գրիգոր Նարեկացին, 1915-ին` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, հիմնովին քանդուած է, եւ կ՛աւելցնէ, որ 1915-23 Ցեղասպանութեան զոհ գացած է 1.5-2 միլիոն հայ:
Կայքը կը գրէ նաեւ, որ Նարեկացին ականաւոր աստուածաբան է եւ հայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներով, իսկ 1984-ին երգահան Ալֆրետ Շնիթքէ Նարեկացիի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ գրած է երաժշտական գործ մը` երգչախումբի համար: