ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ահա՛ աղբիւր մը, ուրկէ մարդ կը հոսի, սակայն ո՛չ թէ սոսկ ողողելու համար մեր կեանքը, այլ` ոռոգելու: Պատմութեան ընթացքին անհաշիւ կրթական հաստատութիւններ, կրօնական եւ աշխարհիկ, որոնք մարդ կազմաւորելու եւ զայն ընկերութեան կեանքին նուիրաբերելու առաքելութիւնը ունէին իբրեւ մարդահոս աղբիւրներ, երբեմն դադրած են հոսելէ, երբեմն «ջուր»-ի տկար հոսք են ունեցած, եւ կամ` պարագաներու բերումով ու բռնութեան պատճառոով կասեցուած են հոսելէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մեր դպրեվանքը եղաւ ու կը շարունակէ մնալ մշտառատ մարդահոս այն աղբիւրը, որուն քաղցրահամ ջուրը աշխարհի տարբեր հայագաղութներու անդաստաններուն մէջ աճեցուցած է բազմաթիւ պտղատու ծառեր:
Դաստիարակուած մարդու մասին յատկապէս ներկայ դարուն մտածելով` անոր անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին մէջ կը նմանցնենք մոլորակին համար այնքան կենսական ջուրին: Անջրդի հողին մէջ շուտով ներծծուող ջուրը, դէպի խորքը ձգուող անդիմադրելի ուժով, ընդփոյթ կը գտնէ արմատները, պարուրելու համար զանոնք թարմութեամբ:
Դպրեվանքը թէպէտ փոքր թաղար մըն է ինքնին, սահմանափակ հողով ու սեղմ տրամագիծով, ուր սակայն կը կատարուին համեստ փորձերը այս ջրտուքին: Այդ թաղարին մէջ աճող աննիւթեղէն տունկը մեր ժողովուրդն է, որուն բազմեղջիւր արմատներուն կը մերձենայ իւրաքանչիւր դպրեվանեցի իբրեւ կենսատու կաթիլ մը ջուրի` աստուածատունկ բոյսը զովացնելով ուռճացնելու եւ խոնարհ մշակի իր նպաստը ընծայելու անոր հրամայական խնամքին:
Դպրեվանքը նաեւ նախադուռն է սիրոյ: Ազգի ու եկեղեցւոյ հանդէպ սէր չունեցողը պէտք չէ՛ մտնէ անոր գաւիթէն ներս ու բարձրանայ ոգեղէն յարկերու ծառայասիրական սանդխամատերէն: Նոյնիսկ գաւառներէ եւ աննշան ու խուլ թաղամասերէ եկած եւ ընկերային տարբեր խաւերու պատկանող անտաշ պատանիներ պէտք է յղկուին անոր գաւիթին մէջ` ապագային լիարժէք ծառայութիւն ունենալ կարենալու համար մեր եկեղեցւոյ նուիրական յարկին տակ: Դպրեվանքի ուսումնական կեանքէն ետք բացուող հոգեւորական ասպարէզին տարբեր դռները կրնան բազմատեսակ սրահներ բանալ ընծայեալին դիմաց, որոնք թէպէտ փայլուն ու շքեղ տեսքով, սակայն դժուարութիւններու ու փորձութիւններու թանձր վարագոյրով պատուած խորհրդաւոր թատերաբեմեր ունին իրենց թաղակապ երդիքին ներքեւ: Այդ բեմերու ձայնաւոր տախտակամածներուն վրայ յաճախ պարտուելով ինկած են բազմաթիւ հոգեւորականներ` կորսնցնելով իրենց սքեմն ու անոր հմայքէն բխող բոլոր առանձնաշնորհները, կեանքի զաւեշտախառն այդ արարին սեւ վարագոյրը անձամբ քաշելով:
Դպրեվանքը նաեւ աղօթքի՛ տուն է: Եկեղեցական արարողութիւններուն անձանձրոյթ կատարումը աղօթքի այս տան մէջ, դպրեվանեցիին հետագայ ծառայական ամբողջ կեանքին ցուցանակը կը կանգնէ անոր տատասկապատ ճանապարհի եզրին, ուղղուած դէպի եկեղեցին հայոց, որուն կը նայի իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը: Բարեպաշտ մեր ազգը միշտ պատրաստ է սորվելու Աստուծոյ սպասաւորէն, զոր իր կեանքին հոգեւոր ուղեցոյցը կը համարէ անվարան: Ահա՛ թէ ինչպէս կը ներգործէ աղօթքին հրաշագործ զօրութիւնը հաւատացեալի կեանքին մէջ` մարդոց նայուածքին գոհացում տուող արտաքին տեսքէն ու ամէն ձեւականութենէ հեռու եւ միայն սեփական համոզումի ինքնավստահութեամբ գօտեպնդուած:
Դպրեվանքը, իր ուսանողը ինքնազարգացման մղող իւրայատուկ կրթօճախ է: Մատենադարանի հին թէ նոր գիրքերու զգլխիչ բոյրն ու դեղնաւուն թէ փայլուն էջերու դիւթիչ հրապոյրը պատճառ կը դառնան, որ սովորական մասնագիտութեան մը համար տրուած համալսարանական վկայականին համազօր, երկնապարգեւ ու հոգեշնորհ բազում մասնագիտութիւններու բարձրագոյն վկայագիրը յանձնուի դպրեվանքէն շրջանաւարտ ուսանողին` տեսչական համեստ կնիքով հաստատուած: Տակաւին, նման առիթներով կազմակերպուող աւարտական փառաշուք տօնակատարութիւններու եւ ընդունուած ճոխ խրախճանքներու փոխարէն, այստեղ` դպրեվանքին մէջ, ամավերջի պարզունակ հանդիսութեամբ, իրենց ընտրած կեանքի ասպարէզներուն կը նշանակուին շրջանաւարտներ: Այդ հանդիսութեան ընթացքին գլխարկներ օդին մէջ թռցնելու աւելորդապաշտ ցուցականութեան փոխարէն` անոնք գլխարկներ կը հագնի՛ն` ոմանք կրօնաւորական կնգուղի խստակրօն կեանքի վեհաշուք հովանիին տակ մտնելով, իսկ ուրիշներ ամուսնացեալ կեանքին զինուորագրուելու յանձնառութեամբ:
Դպրեվանքի ուսուցիչները միայն գիտութեան ճշմարիտ ճանապարհը ցուցնող բարի խրատատուներ են` իրենց մտքի գանձարկղէն նորաբոյս պատանիին ու նորակազմ երիտասարդին առատօրէն բաշխելու պատրաստ հոգիով: Ընթերցումը, ուսումնասիրութիւնը, մեր եկեղեցւոյ ու ազգային պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու սէրն է, որ անհատնում ճիգին ու յարատեւ ջանքին հետ դպրեվանեցին կը կերպարանափոխէ ներքնապէս եւ իսկապէ՛ս դպրեվանքը կը վերածէ մաքրազտիչ այն հնոցին, ուր` «նիւթն յոգի դառնայ»:
Երանաշնորհ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան եւ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Կիւլեսէրեան հայրապետներու հոգեգիր կտակն է Անթիլիասի դպրեվանքը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժառանգուած: Այսօր անոնց շնորհազարդ ժառանգորդ գահակալ հայրապետը` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս, նոր ժամանակներու ուսումնական ու կրթական չափանիշները գիտականօրէն ուսումնասիրած, ներկայ երիտասարդութեան կեանքին համապատասխանող նախաձեռնութիւններով ու լայն հասկացողութիւն ցուցաբերելով` հայրաբար կը հոգայ դպրեվանքի նիւթաբարոյական բոլոր կարիքները:
Արեւմտեան Հայաստանի հոգեւորականութեան փառապսակը եթէ Արմաշի դպրեվանքը եղաւ 20-րդ դարու սկիզբին, այսօր սփիւռքացեալ արեւմտահայութեան համար բարեյուսոյ հրուանդանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքն է, որուն միջոցով ցամաք պիտի բարձրանան աշխարհի ներկայ «հոգեւոր» պղտոր ջուրերուն մէջ լողացող բազմաթիւ զաւակները ազգիս: Փրկարար խումբի անդամները այստեղ` դպրեվանքին մէջ կազմաւորուող ապագայ հոգեւորականներն են Հայաստանեայց Առաքելական մայրենի սուրբ եկեղեցւոյ, որոնք իրենց գիտութեամբ, յանձնառութեամբ, ու մանաւանդ ծառայասիրութեամբ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն մոռնալու իրենց եսը, ժամանակն ու հաճոյքները, նուիրուելու համար երկնահաճոյ առաքելութեան:
Ինչ որ դուրս եկաւ ու դեռ կը շարունակէ գալ այս «դրամատուն»-էն, նիւթական բազմապատկուած հարստութիւն չէ՛, ո՛չ ալ տոկոսային եկամուտ, այլ` մարդկային մեծարժէք դրամագլուխ, որ պահեստի ոսկի դարձաւ մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքին համար: Ուստի, իւրաքանչիւր դպրեվանեցի, այդ դրամագլուխին մէկ միաւորը իբրեւ, պարտաւոր է դպրեվանքէն առածը դպրեվանքին տալու` մասնակից դառնալով մեր ազգի ծառայութեան մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցող անոր առաքելութեան: Դպրեվանքը իր վայրին մէջ սահմանափակուած հիմնարկութիւն մը չէ՛: Անիկա տարածուած է հայ կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ` եկեղեցական, հոգեւոր, կրթական, մշակութային, քաղաքական ու գաղափարական, եւ նոյնիսկ իր նախկին արժանաւոր սաներով ներկայ է «միջազգային ջուրեր»-ու մէջ:
Դպրեվանքը երախտագէտ սաներու յաւերժական բնակարանն է: Անոնք, որոնք նոյնիսկ տարիով մը աշակերտած են այս լուսեղէն յարկին, միշտ երախտագիտութեամբ կը զգան իրենց հոգիին մէջ շրջան ընող կենսաւորիչ աւիշը` իբրեւ այն անբացատրելի զօրութիւնը, որ կը զատորոշէ զիրենք աշխարհէն, իսկ իրենց գործը` աշխարհայինէն: Վայրը չէ՛, այլ միջավայրն է, որ այդ տարբերութիւնը կը ստեղծէ դպրեվանեցիին եւ ոչ դպրեվանեցիին միջեւ եւ անոր կատարած գործին ու սովորական աշխատանքին միջեւ: Երախտագիտութեան մէջ թերացող դպրեվանեցին եւ կամ այդ տարբերութիւնը իր հոգիէն առյաւէտ ջնջող նախկին սանը դպրեվանքի, ըլլայ ան հոգեւորական ծառայ, եւ կամ աշխարհական որեւէ ասպարէզ ընդգրկած մեծապատիւ անձ, ամօթապարտ պիտի մնայ իր էութիւնը յուզած այս նոր իմն Պրոպատիկէի աւազանին հանդէպ:
Եթէ մեր ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի գաղափարներուն հետ, մեզ հոգեւորապէս ծնած լուսոյ այս տունը` դպրեվանքն ալ միշտ ներկայ ըլլայ մեր առօրեայ կեանքի մտահոգութիւններու բազմակէտ ցուցակին վրայ, այն ատեն ի՛նչ որ առինք դպրեվանքէն, դպրեվանքի՛ն վերադարձուցած կ՛ըլլանք` աւելի հեռահաս դարձնելով անոր բարերար ներգործութիւնը մեր ազգի կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս, լեցուն` երկնաւոր օրհնութեամբ ու երկրաւոր արդիւնաբերութեամբ:
Բարի՜ 85-ամեակ դպրեվանքին եւ հին ու նոր մեր բոլո՛ր լուսեղբայրներուն:
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի Թեմին
(Տեսուչ Դպրեվանուց` 2005-2006)