Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի խօսքը, արտասանուած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի մահուան քառասունքին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին:
«Քու գործունէութեանդ տարբեր հանգրուաններուն, նաեւ հայաստանեան բեմին վրայ, որքան ալ մարդիկ կամ քաղաքական ուժեր հակադրուած ըլլային քու ներկայացուցած գաղափարներուդ, կամ ներկուսակցական առումով չբաժնէին ղեկավարելու քու ոճդ, բոլորն ալ միշտ մէջդ յարգեցին մարդն ու դաշնակցական ղեկավարը` իր մարմնաւորած զօրաւոր անհատականութեան եւ վճռականութեան համար»:
Այսպէս պիտի եզրակացնէր ընկեր Բենօ դաշնակցական նուիրեալ եւ մեծ ղեկավար ընկեր Հրայր Մարուխեանի մահուան առիթով յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին իր արտասանած դամբանականը Երեւանի մէջ, 28 դեկտեմբեր 1998-ին:
Սիրելի՛ ներկաներ,
Ընկեր Բենօ Թոնդեանի մասին խօսիլը իսկապէս դժուար է եւ միեւնոյն ժամանակ պարտաւորեցնող: Դժուար է խօսիլ մարդու մը, դաշնակցականի մը, հասարակական գործիչի մը մասին, որ իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան շատ քիչ խօսեցաւ, գործեց լուռ, քուլիսներու ետին, ղեկավարեց քաջութեամբ, բայց համբերատարութեամբ եւ մնաց լուռ մինչեւ կեանքի իր վերջին վայրկեանը: Իր սակաւախօսութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ իր յստակատեսութեամբ եւ արթնամտութեամբ յաջողեցաւ ամէնէն ճգնաժամային եւ թէժ պահերուն մնալ հանդարտ, դիմաւորել ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ նաեւ վիրաւորանք ու ընթանալ սեփական ուղիով, ամբողջական համոզումով եւ գաղափարական ու կազմակերպական յստակ տեսլականով:
Սիրելի՛ ներկաներ եւ ընկերներ,
Դաշնակցական երդուեալ անկեղծ զինուորը պէտք է նախ եւ առաջ մնայ անկեղծ իր գործին, կեցուածքին եւ նաեւ խօսքին մէջ, որքան ալ այդ բոլորը զոհողութիւն, ճիգ եւ քրտինք պահանջեն, որքան ալ երբեմն այդ բոլորը ցաւցնող ըլլան: Նոյնիսկ այսպիսի յիշատակի հանդիսութեանց ժամանակ նաեւ, ես վստահ եմ, որ մեր ընկերը պիտի փափաքէր, որ այսօ՛ր, յետմահու նոյնպէս իրեն հետ ըլլայինք անկեղծ ու իր մասին խօսէինք անկեղծ: Այո՛, ան եղաւ խիստ, երբեմն նաեւ անխնայ եւ վիրաւորական, բայց ամէն ինչ ըրաւ դաշնակցական խոր հաւատքով եւ ամէն ինչ դիտեց Դաշնակցութեան պրիսմակէն, եւ ամէնէն կարեւորը` կազմակերպական պատասխանատուութիւններէ հեռացաւ դաշնակցական յախուռն կեցուածքով եւ փոխանցումը կատարեց խոր համոզումով:
Դաշնակցական ըլլալը մեծ յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ, դաշնակցականօրէն գործելը` մեծ զոհողութիւն եւ պարտաւորութիւն, սակայն շատ աւելի դժուար ու մաշեցնող գործ է Դաշնակցութեան ծառայելը իբրեւ ղեկավար: Այո՛, դաշնակցական ղեկավարը է ու կը մնայ Դաշնակցութեան մեծագոյն ծառան: Դաշնակցական ղեկավարը ներազգային եւ ներկուսակցական առումներով ինքզինք կը դնէ բարոյական արժեչափերու եւ գաղափարական յստակ տեսլականներու այնպիսի հանգանակի մը դիմաց, որ ֆիզիքական ու մտային աներեւակայելի ճիգ եւ հսկայածաւալ աշխատանք կ՛ենթադրէ իրմէ: Եւ ուրիշ ելք ու կերպ չկայ` կանգուն եւ ամուր պահելու համար հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը եղող այս աննման ու մեծ հարստութիւնը, հայութեան ապաւէնը եւ յոյսը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Բայց այս դժուարին ճամբան կ՛ենթադրէ նաեւ մեծ զոհողութիւններ: Բնական է, որ այս առաքելութեան լիակատար գործադրութեան մէջ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցական ղեկավարը չյաջողին անսալ բոլոր կարիքներուն: Վերջ ի վերջոյ վստահաբար կը գիտակցինք, որ Դաշնակցութիւնը սովորական կուսակցութիւն մը չէ, երբեմն անոր առաջադրանքներուն իրականացումը գերբնական ուժ եւ ներդրում կ՛ենթադրէ, հետեւաբար այս գերբնական ուժը երբ հասկնալի պատճառներով կարելի չըլլայ դրսեւորել, անպայման որ անբաւարարուածութեան հասկնալի զգացում մը պահու մը համար կրնայ դառնալ գերակշռող, բայց շատ արագ ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ ու կը դառնայ հասկնալի բոլորին համար:
Այո՛, գերբնական ուժ եւ կարողութիւն կ՛ենթադրէր այն ժամանակահատուածը, որուն մէջ ընկեր Բենօ ստանձնեց կուսակցութեան ներկայացուցիչի պարտականութիւնը: Բայց ընկերները ականատես դարձան անոր ցուցաբերած հանդարտութեան եւ համբերատարութեան: Ժպիտը միշտ ալ անպակաս մնաց իր դէմքին վրայ, ցնցումներու դիմաց չընկրկեցաւ եւ յաջողեցաւ այդ ժամանակահատուածին երաշխաւորել կուսակցութեան խաղաղ գործունէութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը` հայութեան ու հայրենիքին անվտանգութիւնը, երբ թակարդուած էր հայ կեանքը, հակադաշնակցական պայքարը նորանկախ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն կողմէ գլած ու անցած էր ամէն սահման եւ դաշնակցական ղեկավարներ դարձեալ հայու ձեռքով կ՛ենթարկուէին հալածանքի ու բանտային կալանքի: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան ճակատագրորոշ այդ հանգրուանը ընկեր Բենօ ղեկավարեց յանդգնութեամբ եւ հեռատեսութեամբ` քաջ գիտնալով, որ թակարդները անհամար են ու սպառնալիքները շատ, եւ այդ բոլորին մէջ ամէնէն փոքր վրիպումն անգամ կրնայ դուռ բանալ մեծ վտանգներու:
Սիրելինե՛ր,
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ այս բոլորէն առաջ, ընկեր Բենոյի եւ իր սերնդակիցներուն գործունէութիւնը զուգադիպեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան այլապէս կարեւոր մէկ հանգրուանին` Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն նոր որակ ու տարողութիւն ներարկելու եւ մեր պահանջատիրական երթը նոր մակարդակի վրայ զետեղելու վճռորոշ մէկ ժամանակահատուածին: Կանուխ մեկնեցաւ ընկեր Սագօ Սարգիսեանը, կանուխ մեկնեցաւ ընկեր Սերժ Թովմասեանը, բայց անոնց սերնդակիցները շարունակեցին Դաշնակցութեան գործը, որ գալիք սերունդներուն համար, թէկուզ իր խորհրդապահութեամբ, տուաւ ինքնադաստիարակութեան եւ ինքնալիցքաւորման եզակի առիթ: Այդ սերունդին մօտ, մենք` դաշնակցականներս, միշտ ալ զգացինք եւ կը շարունակենք զգալ այն, որ դաշնակցականը ամէն տեսակի հարցերու արծարծման մէջ պէտք է զատորոշուի ուրիշներէն: Մենք այդ սերունդին օրինակով սորվեցանք եւ կը շարունակենք սորվիլ Դաշնակցութեան բառարանին մէջ գոյութիւն ունեցող անկախ ու ազատ խօսքի էութեան դաշնակցական ամբողջական բացատրութիւնը, սեփական կարծիքի դրսեւորման ստորոգելիներու լիակատար յարգումը, համարձակ, յանդուգն, բայց միեւնոյն ժամանակ դաշնակցական պատասխանատու խօսքի ճշգրիտ ըմբռնումը, հարցերը անկաշկանդ կերպով, սակայն դաշնակցական բարոյական արժեչափերով քննարկելու անհրաժեշտութեան գիտակցումը, կարճ` մեր գաղափարական շէնքին մէջ ամբարուած ամբողջ հարստութեան ընկալումը:
Ընկեր Բենոյի հասարակական գործունէութիւնը բազմագաւառ ու բազմերես է: Սակայն արժէ առանձնացնել հետեւեալը` մասնագէտ եւ հմուտ ժողովական, ժողովավարական կանոններու անխոնջ պահակ, եւ վերջապէս` կուսակցութեան կանոնագիրի արժանի եւ անսխալ մեկնաբան: Յաճախ այս ծիրին մէջ խնդրայարոյց որեւէ հարցի պարագային կը դիմէինք իրեն` քաջ գիտնալով, որ իր տեսակէտը եւ փոխանցած եզրակացութիւնը վաւերական է ու անվիճելի: Ժողովներու ընթացքին երբեմն հակասական կարծիքները լաւապէս համադրող եւ հարուստ բանաձեւումով եզրակացնելու անոր բացառիկ կարողութիւնն ու ունակութիւնը մնայուն կերպով օգտակար կը դառնային ժողովներու յաջողութեան:
Ընկեր Բենոյի մօտ ակներեւ էր նաեւ պարզութեան յարգելի գիծ մը: Ան իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն մօտեցաւ նոյն այդ պարզութեամբ, առանց աւելորդ եւ բռնազբօսիկ հեղինակութեան դրսեւորման: Միշտ նախընտրեց այդ պարզութիւնը եւ փորձեց զայն ժառանգ ձգել գալիք սերունդներուն:
Յարգելի՛ ներկաներ, թոյլ տուէք այս պահուն երկու դէպքերու նկարագրութեամբ եւ իմ ապրած զգացումովս համալրել ընկ. Բենոյի յիշատակին նուիրուած այս խօսքը: Ճանչցած էի ընկեր Բենոն ԼԵՄ-ի իբրեւ դասախօս, անկէ ետք զինք ճանչցայ իբրեւ պատասխանատու ընկեր: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած համահայկական ուսանողական համախմբումին առիթով, որ առաջին տարիներուն կազմակերպուեցաւ Լիբանանի մէջ, Ճեմարանի յարկին տակ, ընդհանուր յայտագիրին մաս կը կազմէր շաբաթավերջ մը Այնճար անցընելու ծրագիրը: 1997-ին ուսանողները շաբաթավերջ մը այցելեցին Այնճար, համախմբումի պատասխանատու կազմին մէջ տարբեր երկիրներէ կային ընկեր Բենոյի պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան համազգայնական ընկերները եւ դասընկերները: Այդ երեկոյ ընկեր Բենօ ընկերակցեցաւ խումբին: Ուշ երեկոյեան վառեցինք խարոյկը եւ սկսանք ականջալուր հետեւիլ իրենց զրոյցին: Յանկարծ ընկեր Բենոն խարոյկին շուրջ սկսաւ երգել «Թիփի բորան մութ գիշերին» երգը: Երգեց ցած ձայնով, բայց տարօրինակ ապրումով: Այդ օրերուն ընկեր Հրայր Մարուխեան տակաւին մահուան հետ պայքարի մէջ էր, եւ յանկարծ յիշեցի անոր նախասիրած երգը` Քեռիին նուիրուած երգը, երբ արդէն ոչ շատ հեռու ժամանակով հայոց պաշտպան Քեռիին յոգնատանջ մարմինը հանգչեցաւ հայրենի հողին մէջ: Տարօրինակ զգացումով մը դաշնակցականի հպարտութիւնը մէջս աւելի արմատացաւ, ընկեր Տասնապետեանի բառերով զգացի, որ մենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան քիչ մը աւելիով դաշնակցականանալու հոլովոյթին մէջ ենք` ի խնդիր Դաշնակցութեան յաւելեալ հզօրացման ու անոր առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն լիիրաւ իրականացման: Պատանի, երիտասարդ, շարքային եւ պատասխանատու ընկեր, բոլորս միասնաբար, անցեալէն մնայուն ներշնչում ստանալով եւ նոր հանգրուանին մէջ մեր ներկան արձանագրելով, կ՛երգենք նոյն խոր ապրումով: Այո՛, այդ երեկոյ խարոյկին շուրջ անգամ մը եւս զգացի, որ դաշնակցականութիւնը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր նախ ապրում է:
Երկրորդը, քանի մը ամիսներ առաջ քոյրը` Մարոն հեռաձայնեց եւ փոխանցեց, որ ընկեր Բենոն վերջին շրջանին փառած էր ընթերցանութեան եւ իր գրադարանի գիրքերուն ընթերցանութիւնը գրեթէ աւարտած է, եւ Համազգայինի գրատարածման նոր ցուցակը տեսնելով իրեն ապսպրած էր այդ գիրքերու ծրարը: Ծրարը հասաւ ընկերոջ, յաջորդ օր հեռաձայնեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Ձայնին մէջ յոգնածութեան նշան կար, քիչ մը զրուցեցինք, յայտնեց, որ օրը օրին կը հետեւի գաղութի հաւաքական կեանքին եւ ուրախ է, որ տարբեր նախաձեռնութիւններով գաղութը կը շարունակէ ապրիլ աշխուժութիւն: Թելադրեց նոյն աշխուժութեամբ շարունակել գործը: Ընկեր Բենօ խստապահանջ էր եւ շատ գնահատականներ կարելի չէր ակնկալել իրմէ: Այդ օրը ես նկատեցի յատկանշական օր մը` առանց անդրադառնալու, որ անիկա պիտի յատկանշուի այլ հանգամանքով մը եւ դառնայ մեր վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:
Սիրելի՛ ընկեր,
Հանգի՛ստ հանգչիր Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ եւ վստահ եղիր, որ Լիբանանի Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը պիտի շարունակէ իր երթը, պիտի շարունակէ հաստատակամ տէր կանգնիլ իրեն վստահուած առաքելութեան, եւ հակառակ գաղութի, դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ իրեն վստահուած բոլոր պարտաւորութիւններուն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, մենք վճռած ենք ցոյց տալ բովանդակ հայութեան եւ միջազգային ընտանիքին, որ յիսնամեակին նման մեծ պատգամ ունինք փոխանցելիք բոլորին…
Եւ ընկեր Հրայր Մարուխեանի մահուան առիթով արտասանած խօսքէդ բաժին մը քեզի վերադարձնելով կ՛ըսենք հետեւեալը. որքան ալ երբեմն չբաժնէին քու ղեկավարելու ոճդ, չհամաձայնէին քու գաղափարներուդ, բոլորն ալ սակայն մի՛շտ քու մէջդ տեսան դաշնակցական ղեկավարի յարիր զօրաւոր անհատականութեան եւ վճռականութեան դրսեւորում, եւ այս բոլորը մի՛շտ Դաշնակցութեան համար, հայութեան ու Հայաստանի համար…
Վա՛րձքդ կատար ընկեր Բենօ…