Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բենօ Թոնդեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Բիւրոյի Կողմէ Բիւրոյի Անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Արտասանած Խօսքը

Յունուար 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

13115_TONTIAN-PENIAMIN-1Ինծի համար դժուար է պաշտօնական դամբանական խօսիլ Բենոյի, ըսել կ՛ուզեմ` ընկեր Բենոյի դագաղին առջեւ: Դժուար է այս ձեւով բաժնուիլ անհատէ մը, որուն հետ, պատանեկութեան օրերուն, Նշան Փալանճեան ճեմարանի գիշերօթիկ բաժինի երջանիկ երդիքի անհոգութեան մթնոլորտին մէջ ապրած ես. դժուար է մանաւանդ դաշնակցական կեանքի ամէնէն տագնապալի ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին կուսակցական ղեկավարութեան բարձրագոյն ոլորտները գործակցելէ ետք, յանկարծ այսպէս իրարմէ առ յաւէտ կտրուիլը, նոյնիսկ երբ ընթացիկ կեանքի առօրեան երբեք հասարակաց չէ եղած անոր հետ: Աներեւոյթ հոգեկան թելերը, սակայն, միշտ առկայ ըլլալով, պատանեկութեան ընթացքին զարգացած կապերը միշտ ալ թարմ պահած են:

Զանազան կուսակցական պարտականութիւններ ստանձնելէ ու կատարելէ ետք Բենոն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հռչակումէն ետք գումարուած առաջին Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Յաջորդին կրկին ընտրուելով` Բենոն այս անգամ ստանձնեց  Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնը` Հայաստանի եւ կուսակցութեան համար չափազանց դժուար պայմաններու մէջ: Դաշնակցութիւնը հայրենիքէն ներս կրկին արգիլուած կուսակցութիւն էր. դաշնակցականներ կրկին նետուած էին բանտերը. Դաշնակցութեան հայաստանեան նորաստեղծ կառոյցը նորէն կազմալոյծ վիճակի մէջ էր: Դաշնակցութիւնը հալածուած էր Հայաստանի մէջ, բայց նաեւ` սփիւռքի ամբողջ տարածքին Հայաստանի դեսպանատուներու տեղական իշխանութիւններուն մօտ կատարած կեղծ ու պատիր ամբաստանութիւններով: Այդպիսի վերաբերումի մեր կուսակցութիւնը խորհրդային տիրապետութեան ամէնէն գէշ օրերուն իսկ չէր արժանացած: Միւս կողմէ` ղարաբաղեան հարցով օտար ուժերու ճնշումները Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ սկսած էին սաստկանալ: Կուսակցութիւնը մէկ կողմէն` պարտաւոր էր պայքարիլ անիրաւ իշխանութիւններու դէմ, իսկ միւս կողմէն`  արտասահմանի մէջ թիկունք կանգնիլ ղարաբաղեան հարցով թափուող համազգային ճիգին. այդ ճիգը ուրիշներու կողմէ յաճախ կը նկատուէր իբրեւ իշխանութիւններու ի նպաստ տարուող պայքար: Ի դէպ, նոյն ձեւի գործելակերպին դէմ` նոյն ձեւի մեղադրանքներ կ՛ըլլան նաեւ այսօր ուժերու կողմէ, որոնք ի վիճակի չեն հասկնալու Դաշնակցութեան ազգային քաղաքականութեան ինքնուրոյնութիւնը: Կուսակցութեան կազմակերպական մարզին մէջ նոյնքան նուրբ մարտավարութեամբ սկսաւ վերակազմակերպուիլ հայաստանեան կառոյցը, իսկ երբ իր վարած ազգավնաս քաղաքականութեան պատճառով օրուան Հայաստանի նախագահը իր իսկ գործակիցներուն ստիպողութեան տակ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, Դաշնակցութիւնը արդէն ամէնէն բարձր վարկով նետուեցաւ երկրի քաղաքական բեմին վրայ:

Այսպիսի քաղաքականութիւն արդիւնաւէտ մարտավարութեամբ ի գործ դնելու համար անհրաժեշտ եղան` կացութեան ճիշդ գնահատում, ուշիմութիւն, յստակատեսութիւն, իւրաքանչիւր քայլափոխին լարուող ծուղակները շրջանցելու կարողութիւն, անաչառութիւն, փոթորկալի կացութիւններու մէջ անզգամ որակուելու աստիճան ինքզինք հանդարտ պահելու ունակութիւն, բայց նաեւ` Դաշնակցութեան սկզբունքները անշեղօրէն յարգելու ներքին որոշում եւ կուսակցութեան որոշումները եւ կանոնագրի տառն ու ոգին գործադրելու վճռակամութիւն:

Բենոն ունէ՛ր այս յատկութիւնները: Ան մանաւանդ Դաշնակցութեան կանոնագրի փնտռուած մեկնաբանն ու դասախօսն էր կուսակցութեան դաստիարակչական արշաւներու ընթացքին: Կանոնագրի հմտութենէն բխող այդ գրքոյկի իր վրայ ունեցած ազդեցութի՞ւնն էր, իր Ճեմարանէն ստացած դաստիարակութի՞ւնն էր, թէ՞ պարզապէս ի ծնէ նկարագրային բնական համեստութեան գիծն էր, որ կ՛արտայայտուէր իր անձի պարզութեամբ, իր հագուստի ժուժկալութեամբ, ցուցամոլ կեցուածքներու հանդէպ իր արհամարհանքով եւ հակառակ իր պաշտօնին` իր անձի անկարեւորութիւնը շեշտելու համար կարծես բեմերէն ու փայլուն հանդէսներէն իր աչքառու բացակայութեամբ: Շատեր կը քննադատէին իր այդ գիծը` չերեւելու իր տեւական մարմաջը իր վարած պաշտօնին անյարիր համարելով: Թերեւս ճիշդ էր կատարուած դիտողութիւնը. բայց ո՞վ եւ ի՞նչը կրնայ ստիպել Դաշնակցութեան պատմութեան ընթացքով կռանուած դաշնակցական հոյակապ տիպարի պաշտամունքով կազմաւորուած մարդը խոնարհութեան պարտադրած կապանքները քանդելով եւ ինքզինքին դաւաճանելով` ոստում կատարԷ դէպի կեղծ խօսքերու եւ բռնազբօսիկ ժպիտներու ասպարէզը: Կարելի բան չէ. կարելի չէր նաեւ Բենոյին համար:

Իր պաշտօնավարութեան աւարտը Բենոն դիմաւորեց այն նոյն հանգստութեամբ, որքան` պաշտօնի ստանձման պահուն: Պարտականութիւնը պարկեշտօրէն կատարած նաւապետին պէս, որ իր նաւը փոթորկալի ծովէն կ՛առաջնորդէ դէպի ապահով նաւահանգիստ:  Ատիկա ալ եղաւ իր հոգեկան հիմնական բաւարարութիւնը: Կեանքէն ալ, ահա,  բաժնուեցաւ նոյնքան անաղմուկ, յանկարծակի, կարծես մարդ չխանգարելու մտահոգութեամբ: ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ցաւակցութիւններ կը յայտնեմ իր ընկերներուն եւ հարազատներուն:

Վարձքդ կատա՛ր, ընկե՛ր Բենօ:

Նախորդը

Բենօ Թոնդեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կազմակերպութեան Անունով Տիգրան Ճինպաշեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Հալէպի Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Ենթարկուեցաւ Գէորգ Հալլաճեան Զոհուեցաւ

RelatedPosts

Քարին Վրայ
Անդրադարձ

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

Մայիս 9, 2025
Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն
Անդրադարձ

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

Մայիս 9, 2025
Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԷ.)
Անդրադարձ

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԷ.)

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?