Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտանիքը Ազգին Պատնէշն Է

Փետրուար 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Վերջին տասնամեակին ընտանեկան եւ ընկերային մեր կեանքին մէջ բացթողումներ արձանագրուեցան: Հայ ընտանիքին առողջ կեանքը մասամբ ապառողջ վիճակ պարզեց` սկսելով օտարազգի խառն ամուսնութիւններու առատութենէն մինչեւ անբարոյ կենցաղի վրիպումները:

Զուր տեղ չէ, որ յաճախ կը կրկնենք հայ ընտանիքին եւ հայ դպրոցին արժէքը, բարոյական եւ ազգային մեր տեսակը պահպանելու վարկին մէջ: «Մարդը մարդ է», ճիշդ է, բայց ազգն ալ կը պահանջէ իր ուրոյն բարքերուն եւ պատմութեան պահպանումը:

Լիբանանեան պատերազմը թողուց իր անընդունելի ազդեցութիւնը` իր տագնապներով, մոլութիւններու տեսակներով, երեւելի եւ աներեւոյթ մեղքերով, թմրամոլութեամբ եւ ընտանեկան բարոյականի խախտումով: Ոտնակոխուեցաւ հայկական դարաւոր պարկեշտութիւնը, ամօթխածութիւնը, ամուսնական կեանքի սրբութիւնը: Կնոջ ազատագրումը` «ֆեմինիզմ»-ը սխալ հասկցուեցաւ, կինը հրապարակ իջաւ եւ ինքզինք ապահովեց նիւթական իմաստով, հետեւաբար ստեղծուեցաւ այր ու կնոջ միջեւ ճակատում, գերադասութեան մրցում: «Ֆեմինիզմ»-ը չօգնեց մեր աւանդութեանց պահպանման, եւ մեր առաջնորդարանները լեցուեցան տարբեր տեսակի վէճերով: Դատաստանական խորհուրդները դժուարութեան մատնուեցան` վճիռներ արձակելու: Ընտանեկան խախտումներ վտանգներ յարուցած են անչափահաս զաւակներու բնականոն կեանքի ընթացքին: Նոյնիսկ 3 տարեկան երեխան լաւ կը հասկնայ մօր եւ հօր միջեւ եղած խռովքը: Այս պարագային դատաստանական խորհուրդը ունի իր հրամայական խօսքը. «Երեխան կը պատկանի թէ՛ հօրը եւ թէ՛ մօրը»: Մանուկ զաւակը եւ նոյնիսկ չափահասը կ՛ընդդիմանան այս անբնական ապրելաձեւին: Պաշտօնական հրահանգը տրուած է. «Օր մը հօրը քով, օր մը` մօրը քով» անբնական եւ անտանելի վիճակ մը: Ո՞ւր մնացին մայրական ապահով ջերմութիւնը եւ գուրգուրանքը:

Զաւակը դպրոցէն կու գայ, մայրը բացակայ է: Ան վստահուած է մեծ մօրը կամ ընտանիքէն հարազատի մը: Երեխան մեծ մօրը քով աւելի հանգիստ կը զգայ, որովհետեւ ան շոյանքով կը փայփայէ եւ կը կասեցնէ մանուկին լացը…

Դատաստանական խորհուրդին վճիռը այլ կերպ չի կրնար շարժիլ, այս է լուծումը:

Այս անբնական կենցաղի ճանապարհին կը պատահին բարոյական անկումներ: Քիչեր կ՛անդրադառնան իրենց վարքի պահպանման: Կինը ազատ է, այրը կ՛ընկճուի, հեղինակութիւնը կորսուած է:

 ***

Եղեռնի 100-ամեակ կ՛ոգեկոչենք: Կ՛ողբանք Եփրատին ջուրերուն մէջ խեղդուած հայուհիներուն ճակատագիրը: Ազատագրութեան անունով ընտանիքներ կը քանդուին: Կարելի է բազմատեսակ վկայութիւններ բերել այս կապակցութեամբ: Դժուարութիւնները պատահական են: Անգործութեան պատճառով պիւտճէի սեղմումներ կը կատարուին: Ամէն բանէ առաջ կնոջ պարտաւորութիւնն է համբերել: Այս ըսելով` չենք ուզեր արդարացնել այրերու նիւթական անբաւարարութիւնը: Կարեւորը հետեւիլն է պսակադրութեան ընթացքին այր եւ կնոջ յանձնուած սրբազան խրատին: Ձախողութիւններու եւ հիւանդութեան պարագային կողմերը պէտք է ըլլան զուսպ եւ հանդուրժող: Այս է յանձնարարուած Աւետարանին պատգամը:

Եթէ քրիստոնեայ ենք եւ եթէ` հայ քրիստոնեայ, պէտք է հետեւինք կտակարանի կտակին: Ընդունելի չէ, ոչ ալ ներելի` Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչել ապահարզանի դիմած զոյգերով, հայ ընտանիքին սրբութիւնը խախտած հայրերով եւ մայրերով:

Վստահ ենք, որ Դատաստանական խորհուրդի ժողովները վերածուած են անհանդուրժելի ժամերու: Հարկ է զգաստանալ, հեռու մնալ թեթեւամիտ տրամադրութիւններէ, որպէսզի հայ ընտանիքը ապրի խաղաղ եւ հայավարի:

Նախորդը

Մովսէս Խորենացի (410-490). Հայոց Պատմահայրը Եւ Հայ Ազգային Ոգիին Գաղափարախօսը

Յաջորդը

«Այս Գիրքը Կոչ Մըն Է Լիբանանցի Ժողովուրդին` Արթննալու, Յիշելու Եւ Գիտակցելու, Թէ Իրենք Ալ Ա. Համաշխարհային Պատերազմին Ցաւալի Դէպքեր Ապրած Են» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Անթուան Պուսթանի

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?