Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակի Երկրաշարժի Մասին Շարժանկար Կը Նկարահանուի

February 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_maini«Սինեմա քոնսեփթ փրոտաքշըն» ընկերութիւնը Սպիտակի երկրաշարժի մասին հայ-ռուսական համատեղ «11:41» (7 դեկտեմբեր 1988-ի ժամը 11:41-ին տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժը) շարժանկար պիտի նկարահանէ: Նկարահանումները պիտի սկսին յունուար 2015-ին: Շարժանկարի պիւտճէն 2,5 միլիոն տոլար է, յայտնած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեք Շահբազեան: Այս մասին կը հաղորդէ շարժանկարի պաշտօնական կայքը: Հոն ժապաւէնին մասին գրուած է հետեւեալը.

«Շարժանկարին մէջ դերեր ստանձնած են Արմէն Ջիգարխանեանը, Մկրտիչ Արզումանեանը, Ռաֆայէլ Քոթանջեանը, Սօս Ջանիբեկեանը եւ շարք մը ռուս դերասաններ»:

Այդ օրը անսովոր ու տարօրինակ տաք էր: Ու կը թուէր, որ երկինքը ինք կը տաքցնէ քաղաքը: Ողբերգութենէն քիչ առաջ թռչունները կարծես թէ կը մղուէին դէպի գետին, տնային անասուններու վարմունքը նոյնպէս մտահոգիչ էր, իսկ ինքը` քաղաքը, տեսակ մը անշարժացած էր ահագնացող լռութեան մէջ:

Առաւօտեան ճիշդ ժամը 41:11:22,7-ին սկսաւ դժոխքը: Ռիխթըրի աստիճանով տասը ուժգնութեամբ, մէկ վայրկեանէն ալ քիչ տեւողութեամբ աւերիչ երկրաշարժը գրեթէ ամբողջութեամբ կործանեց ու ամայացուց Հայաստանի հիւսիսային մասը:

Գիւմրիի բնակելի թաղամասերուն շուրջ 80 առ հարիւրը մէկ ակնթարթի մէջ վերածուեցաւ աւերակի: Իսկ բնակիչները` շուրջ երկու հարիւր հազար մարդ, յայտնուեցան պեթոնէ ծանր սալերու տակ եւ խաւարի մէջ:

Շատերու համար եթէ մահը ակնթարթային չէր, ապա անիկա կու գար յետոյ: Հազարաւոր մարդիկ կը մահանային պեթոնի ծանր կոյտերու տակ երկարատեւ սեղմուած վիճակէն, արեան կորուստէն, ծարաւէն, ցուրտէն, վախէն, կը խեղդուէին փոշիէն ու անորոշութենէն:

Փլատակներու տակ գտնուողներուն մէջ էր երիտասարդ կին մը` իր փոքրիկ աղջնակին հետ: Յաղթահարելով անտանելի ցաւը` մայրը կը փորձէ ձեւով մը հանգստացնել փոքրիկը, սակայն անտանելի ցաւը, ցուրտն ու քաղցը երթալով կը խորանային: Աղջնակը ջուր կ՛ուզէ, եւ այլեւս ելք չգտնելով` մայրը անոր կը խմցնէ իր արիւնը:

Իսկ վերը կը սկսին փրկարարական աշխատանքները: Աւելի ուշ այստեղ կու գան հազարաւոր փրկարարներ, բժիշկներ, շինարարներ, փրկարարական մասնագիտացած ջոկատներ` աշխարհի տարբեր անկիւններէն: Կազմակերպուած փրկարարական աշխատանքները հունի մէջ կը մտնեն միայն 2-3 օր յետոյ: Իսկ մինչ այդ, ողբերգութեան առաջին իսկ վայրկեաններէն, փլատակներու տակ մնացածներուն անձնուրացօրէն կը փորձէին օգնել ողջ մնացած բնակիչները, բարեկամները, հարեւաններն ու հարազատները:

Օգնութեան եկած առաջին օդանաւը Ռուսիայէն էր: Եւ ռուս օդաչուն փրկարարներու խումբին հետ միասին կ՛ուղղուի դէպի աւերակի վերածուած, երբեմնի ծաղկուն ու պայծառ քաղաքը:

Այդ ընթացքին կենդանի թաղուած մարդոց համար ժամանակը կանգ առած էր: Օգնութեան լսելի կանչերը, տնքոցներն ու հառաչանքները երթալով կը նուազէին ու կը մարէին: Մերթ ընդ մերթ կը լսուին փրկողներու ուրախութեան ձայները, երբ փլատակներէն կը լսեն որեւէ կենդանութեան ձայն ու կը շտապեն փրկել:

Փլատակներու տակ անշարժացած երիտասարդ կինը կը հասկնայ, որ շուտով պիտի մեռնի եւ դժուար թէ կարողանայ որեւէ բանով օգնել իր երեխային: Հաւաքելով իր վերջին ուժերը` ան վիզէն կը հանէ խաչով շղթան, որպէսզի զայն հագցնէ աղջկան պարանոցին, սակայն ձեռքերը այլեւս չեն ենթարկուիր իրեն: Անոր տեսիլք կ՛երեւի, թէ կ՛երթայ անտառի մէջ, ուր կու գայ թեթեւ սնկաբեր անձրեւ եւ ինք գեղեցիկ ու երջանիկ է: Եւ այդ պահուն, հեռուէն տեղէ մը, ան կը լսէ աղջկան ձայնը… մայրի՛կ: Երիտասարդ կինը դժուարութեամբ կը սթափի եւ կը վերադառնայ իրականութեան: Բանալով աչքերը` ան կը տեսնէ իրական յոյսը` աղջնակը ռուս օդաչուին գիրկն է:

Շարժանկարին մէջ կայ ե՛ւ շարժում, ե՛ւ հոգեբանական տրամա, ե՛ւ երգիծանք. մինչեւ իսկ այսպիսի ողբերգութեան պահուն գիւմրեցիները չեն կորսնցներ իրենց համ ու հոտով երգիծանքի զգացումը:

Կ՛անցնին շատ տարիներ. նոյն օդաչուն իր վերջին, կամ ինչպէս մասնագէտները կ՛ըսեն, իր ծայրագոյն չուերթը կը կատարէ այս անգամ Մոսկուա-Գիւմրի ուղղութեամբ: Ան դուրս կու գայ օդաչուի խցիկէն եւ յանկարծ հայեացքը կ՛իյնայ սրահին մէջ նստած կնոջը, որ աղջկան մը հետ էր: Ան կը յիշէ հեռաւոր ութսունութը, յիշողութեան մէջ ամբարուած աւերակներն ու օգնութիւն հայցող աչքերը: Ան կը մօտենայ կնոջ, կը հանէ գրպանէն այն նոյն շղթան, որ երկար տարիներ կը կրէր իբրեւ թալիսման:

Շարժանկարի մտայղացումը կ՛իրականացուի ռուսական շարժանկարի ընկերութեան կողմէ:

Նախորդը

Հարցազրոյց «11-40» Ժապաւէնի Գլխաւոր Արտադրիչ Ալեք Շահբազեանի Հետ «Նոեւ Քովչէկ» Թերթում (No 17)

Յաջորդը

Երուանդ Քոչարի Վարդան Մամիկոնեանը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.