Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. «Այսօր Քեզ Շատ Լաւ Տեսայ»

Փետրուար 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Ունիմ տարիքոտ բարեկամ մը, որ բազմաթիւ նմաններուն նման շատ ուշադիր էր իր առողջութեան համար: Ինձմէ աւելի փոքր էր տարիքով, բայց քիչ մը ընկճուած էր: Որոշ տկարութիւններ ունէր թէեւ, բայց տարիքին համաձայն, առողջ էր. լուրջ գանգատ չունէր: Միայն թէ մտահոգ էր: Կը վախնար, որ յանկարծ բան մը կրնայ պատահիլ: Ամէն անգամ, որ ինծի այցելութեան կու գար, կը խուսափէի իր առողջութեան մասին խօսելէ, չէի ուզեր իրեն ըսել, որ լաւ երեւոյթ ունի, հակառակ որ կը տեսնէի, որ մէկ շունչով կը բարձրանար մեր խմբագրատան երկու սանդուխները: Այսպէս կ՛ընէի, որովհետեւ ան անգամ մը պատմած էր ինծի, թէ շատ կը վախնար, երբ մէկը իրեն կ՛ըսէր.

– Ես քեզ շատ լաւ տեսայ:

Բնաւ չէի մոռցած, որովհետեւ բաւական խնդացած էի: Ըսած էր, որ շատ կ՛անհանգստանար, եթէ մէկը իրեն այսպէս ըսէր, որովհետեւ կը վախնար, որ աչքի կու գար: Մէկ երկու անգամ ապրեր է այդպիսի փորձառութիւն մը: Բարեկամի մը «Այսօր քեզ  շատ լաւ տեսայ» նախադասութիւնը լսելէ երկու ժամ վերջ հիւանդացեր է կամ արկած մը անցուցեր է: Հիմա շատ կը վախնայ եղեր, որ դիմացէն մէկը յանկարծ կ՛ըսէ.

– Մաշալլահ, շատ աղէկ կ՛երեւիս, քեզ շատ լաւ տեսայ:

Արդէն նկատած էի, որ ան իր որպիսութիւնը հարցնողներուն երբեք «Լա՛ւ եմ, փա՛ռք Աստուծոյ» չէր ըսեր: Այսպէս ըսելը բախտաբեր չէր նկատեր: Կու տար խուսափողական պատասխաններ, ինչպէս` «Այս տարիքին մարդ լաւ կ՛ըլլա՞յ այլեւս», կամ` «Ամէն օր առողջական նոր խնդիր մը կայ», կամ` «Ամէն օր բժիշկի հետ գործ ունինք», կամ` «Եթէ սա դեղերը կուլ չտամ, բանս բուրդ է» եւ այլն:

Շատ մարդ չար աչքէ կը վախնայ: Իրականութեան մէջ «չար աչք» բացատրութիւնն ալ աւելորդ է այստեղ, պէտք է ըսել` «աչքէ կը վախնայ», որովհետեւ պայման չէ, որ դիմացինին աչքը չար ըլլայ: Արդէն ո՞ր իրաւ բարեկամը իր բարեկամին կը նայի չար աչքով: Միայն թէ ամէնէն լաւ բարեկամն անգամ, եթէ ինք ունի առողջական հարցեր, կրնայ նախանձելով նայիլ առողջական խնդիր չունեցող կամ այդ օր շատ լաւ երեւցող իր մէկ բարեկամին: «Երանի՜ թէ ես ալ անոր պէս ըլլայի»: Այսպէս կրնայ մտածել: Եւ եթէ անգամ մը այսպէս մտածեց, ահաւասիկ անոր աչքը կրնար դպիլ դիմացինին:

Ես կը հաւատամ, որ չար աչքէ վախցողներուն կամ չվախցողներուն համար պարագան միշտ տարբեր երեսակ մը ունի: Ամբողջ խնդիրը դիմացինին նախանձ չպատճառելու մէջ կը կայանայ: Եւ ասիկա այլեւս միայն առողջական գետնի վրայ չէ, ամէն գետնի վրայ է: Պէտք է ուշադիր ըլլաս, որպէսզի շուրջիններուդ առիթ չտաս, որ քեզմէ նախանձին քու սա կամ նա առաւելութեան համար: Օրինակ, չնախանձին քու  հարստութենէն: Օրինակ` չնախանձին քու ընտանեկան երջանկութենէն: Կամ սա կամ նա գործի մէջ քու արձանագրած յաջողութենէն: Կամ` քու բացառիկ ճարպիկութենէն ու խնդիրները արագ լուծելու կարողութենէն, կամ` քու խելքի պայծառութենէն, կամ` բնակարանիդ գեղեցկութենէն, վերջապէս` այն ամէն լաւ բանէն, զոր դուն ունիս: Այդ ամէն բանէն ուրիշներն ալ զրկուած չեն թերեւս, քեզմէ նախանձողները թերեւս իրենք ալ քեզի չափ ունեւոր են, քեզի չափ առողջ են, քու բնակարանիդ պէս գեղեցիկ բնակարան մը ունին, թերեւս ատկէ ալ աւելի լաւը ունին, բայց նախանձիլը ուրիշ բան մըն է: Նախանձիլը նախանձող մարդուն ունեցածէն կախեալ չէ, կախեալ է քու ունեցածէն: Քու ունեցածն է, որ կը զարնէ անոր աչքին: Ուստի խելացի մարդը այն է, որ բարձրաձայն չի հպարտանար իր ունեցածներով: Իր հարստութեան մասին չի խօսիր: Իր յաջողութիւններուն մասին չի պատմեր շռնդալից ոճով: Կը թաքցնէ: Մեր մեծերը կը պատմէին, որ փողոցին անցորդը պէտք չունէր գիտնալու, որ բնակարանդ շքեղ է եւ փարթամ: Այդ պատճառով ալ, որքան ալ գեղեցկացնէին ներքնամասը, որքան ալ հարստացնէին ներքին զարդարանքները, այնքան խեղճ կը պահէին շէնքին արտաքին ճակատը: Փողոցէն անցնողը այլեւս բնաւ չեր երեւակայեր, թէ ներսը գեղեցիկ է, շատ հարուստ կահաւորուած է: Այսօր ալ կրնանք մտածել, որ շատ խելացի չէ այն մարդը, որ շարունակ կը սոնքայ իր ունեցած կամ չունեցած հարստութիւններով: Ընդհանուր մակարդակի վրայ դիմացինին նախանձը այս կերպ գրգռելն է, որ ծնունդ կու տայ «աչքի գալ» կոչուած սնոտիապաշտութեան կամ կասկածանքին:

Իրականութեան մէջ պէտք է մտածել, թէ այսպիսի պարագաներու, ուրիշին աչքը չէ, որ կը դպի, այլ` ենթակային սեփական աչքը: Բարեկամս, որ չէր սիրեր իմանալ, թէ բարեկամը զինք լաւ տեսած էր, իրականութեան մէջ ի՛նք էր, որ ինքզինք կրնար աչքի բերել` «աչքի չգամ» մտածելով, այսինքն ինքզինք կը պայմանաւորէր վախի կամ չար բան սպասելու անհանգստութեամբ: Եւ գիտենք, որ ընդհանրապէս սպասուած չար բանը կը պատահի, կամ չար բան մը կը պատահի, առանց որ կապ ունենայ սա կամ նա բարեկամին չար կամ բարի աչքին հետ:

Երկու օր առաջ բժիշկիս գացած էի հերթական քննութեան համար: Քննութեան վերջաւորութեան բժիշկս զիս հանգստացուց` գոհունակութիւն յայտնելով:

– Ամէն ինչ լաւ է, ըսաւ,- լաւ տեսայ քեզ, դեղերը նոյնութեամբ պիտի շարունակենք:

Ուրախացայ անշուշտ, բայց այդ վայրկեանին անմիջապէս յիշեցի բարեկամս: Մտածեցի, որ ուրիշին աչքէն վախցող բարեկամս այս պարագային հաւանաբար պիտի չվախնար բժիշկին աչքէն: Ամէնէն սնոտիապաշտ մարդն անգամ գոհ կը մնայ, եթէ իմանայ, որ բժիշկը զինք լաւ տեսաւ: Ոեւէ մէկու մեզ լաւ տեսնելը այնքան կարեւոր եւ ցանկալի չէ, որքան` բժիշկին մեզ լաւ տեսնելը: Բժիշկը չար աչք չունի:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Մի Ցուցանմուշի Պատմութիւն. Քարաշամբի Գաւաթը` Հին Արեւելեան Կիրառական Արուեստի Գլուխգործոցը

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?