ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Տակաւին պատերազմ չէինք տեսած ու Լիբանանի դրախտային օրերը կ՛ապրէինք: Կէս գիշերը անցած էր: Փողոցները ամայի չէին, ճամբաները` խճողուած: Մազրաա Քոռնիշի վրայ եմ ինքնաշարժովս. հասած եմ խաչմերուկի մը, եւ ճամբու ուղեւորութեան լոյսը կանաչէն կը փոխուի կարմիրի, իսկ ես` որպէս տիպար քաղաքացի, կը յարգեմ երթեւեկի կանոնները, ու հլու հնազանդ կը սպասեմ լոյսի կանաչի փոխուելուն` շարունակելու համար ճամբաս: Ճիշդ ետիս կը կանգնի զինուորական Ճիփ մը եւ իր ճչակներով կը ստիպէ, որ օրէնքը խախտեմ, կարմիր լոյսը անցնիմ, որ ինք կարենայ շարունակել ճամբան: Կը տատամսիմ, հայելիէն կը նայիմ. ձեռքով նշան կ՛ընէ, որ անցնիմ կարմիր լոյսը: Նախազգուշութեան համար կը նայիմ հակառակ կողմէն եկող ինքնաշարժներուն, որոնք կը սուրան: Իրենց իրաւունքն է. իրենք կանաչ լոյս ունին, ես` կարմիր: Պէտք է սպասեմ, որ իմ կողմիս լոյսը կանաչի փոխուի, որպէսզի շարունակեմ ճամբաս: Սխալ բան չէ ըրածս: Կը յարգեմ երթեւեկի կանոնները, միեւնոյն ժամանակ` իբրեւ ապահովութիւն: Կարմիր լոյսը անցնելու պարագայիս, վստահաբար միւս կողմէն եկող ինքնաշարժի մը հետ արկածը անխուսափելի պիտի ըլլար: Ետիս Ճիփի վարորդ զինուորականին ձեռքը ճչակին վրայ է: Դարձեալ կը փորձեմ անցնիլ: Անկարելի է, անձնասպանութեան ժամանակը չէ:
Վերջապէս կարմիր լոյսը կը փոխուի կանաչի: Հակառակ կողմի ինքնաշարժները կը կանգնին ու ես կը սկսիմ յառաջանալ: Քանի մը մեթր հազիւ յառաջացած` ետիս գտնուող զինուորական ինքնաշարժը առաջ կ՛անցնի, ճամբաս կը փակէ. ստիպուած կանգ կ՛առնեմ: Մէջէն զինուորական մը կ՛ուղղուի իմ կողմս եւ ինքնաշարժիս դուռը ջղայնութեամբ բանալով` «Մենք պարտականութիւն ունինք կատարելիք, եւ դուն մեզ ճամբայ չես տար» ըսելով, շառաչուն ապտակ մը կ՛իջեցնէ երեսիս: Կը փորձեմ բացատրել, թէ ես յանցանք չունիմ: «Փորձեցի, սակայն անկարելի է» անցնիլ»: Քովս բարեկամ մը նստած է. կը միջամտէ: «Եա սիտնա, լոյսը կարմիր էր եւ….», Խօսքը կէս կը մնայ: Ապտակ մըն ալ իրեն կը շնորհուի եւ… «Եթէ չէք ուզեր բանտ երթալ, առանց իսկ բառ մը խօսելու շարունակեցէք ճամբանիդ, սակայն գիտցէք յարգել բանակայինները»:
Ինքնաշարժս կը կեցնեմ ճամբուն եզերքը: Ամբողջ մարմնովս կը դողամ ջղայնութենէս: Անկարող եմ շարունակելու ճամբաս: Բանակային սպան մեկնած է: Ճամբան իրեն կը պատկանի, իրենց համար օրէնք գոյութիւն չունի, իսկ մեզ նման քաղաքացիներ, ապտակի կ՛արժանանանք պարզապէս… օրէնքը յարգած ըլլալու յանցանքով:
Աշխարհի ո՛ր անկիւնը որ գտնուիս, կարմիր լոյսին անցնիլը ամենամեծ յանցանքն է, իսկ Լիբանանի մէջ… կարմիր լոյսին կենալուդ կը վարձատրուիս ապտակով մը:
Միա՛յն Լիբանանի մէջ:
* * *
Տեմիս Ռուսոս յունական ծագումով միջազգային երգիչ, Լիբանան եկած է երգահանդէսներու շարք մը տալու: Նոյն շրջանին Պուրճ Համուտի Նոր Ամանոս թաղին մէջ` բացումը պիտի կատարուի «Տիսքոթեք Տեմիս Ռուսոս»-ի: Տեմիս հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու բացման: Լուրը արդէն տարածուած է, եւ խուռներամ բազմութիւն մը խուժած է անձամբ տեսնելու Տեմիսը, որ այդ շրջանին շատ նշանաւոր եւ սիրուած երգիչ էր: Տեմիս` հազիւ ժամանած Պուրճ Համուտ, կրակոցներով կը դիմաւորուի ի նշան յարգանքի, մինչ երգիչը վախէն դեփ-դեղին կտրած եւ դողալով` ինքզինք կը նետէ զինք բերող ինքնաշարժին մէջ եւ կը խնդրէ, որ կրցածնին չափ շուտ հեռացնեն զինք այդ վայրէն: Զինք համոզելու փորձերը, որ այդ կրակոցները իրեն յարգելու համար են, ապարդիւն կ՛անցնին: Աշխարհի չորս կողմերը ճամբորդած ու երգահանդէսներ տուած անձ մը առաջին անգամ կը հանդիպի այդպիսի հիւրընկալութեան:
Լիբանանեան «հիւրընկալութիւն»:
Լիբանանցին Նոր տարին կը դիմաւորէ զէնքերու կրակոցներով: Հարսանիք կամ յուղարկաւորութիւն` ո՛չ մէկ տարբերութիւն:
Զէնքերու կրակոց:
Միա՛յն Լիբանանի մէջ:
* * *
Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք բարեկամներէս մէկը Պէյրութ այցի գացած է: Մասնագիտութեամբ բժիշկ է: Տասնեակներով կեանքեր փրկած է որպէս սրտի մասնագէտ, որոնցմէ մէկը ներկայիս բարձրաստիճան զինուորական մըն է եւ Պէյրութի օդակայանի ապահովութեան ընդհանուր պատասխանատուն: Տարիներ անցած են եւ բարեկամս նոյնիսկ չի յիշեր սոյն անձին անունը, սակայն զինուորականը ապերախտ մարդ չէ. մտքին մէջ դրոշմուած է իր կեանքը փրկող բժիշկին անունը, եւ ուրկէ՛ ուր, յանկարծ, օդանաւը թռիչք առնելէն քանի մը վայրկեան առաջ, ճամբորդող անցորդներու ցանկին մէջ կը կարդայ իր պաշտած բժիշկին անունը: Անմիջապէս մարդ կ՛ուղարկէ, որպէսզի օդանաւէն բժիշկն ու իր ընտանիքը բերեն իր գրասենեակը: Բարեկամս, անշուշտ անտեղեակ պատահածէն, վախով, միեւնոյն ժամանակ մտահոգ` ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ արդեօք ո՞ր յանցանքին համար իրեն վար առին օդանաւէն: Ամբողջ կեանքի ընթացքին պարկեշտ անձ մը եղած է: Որեւէ զեղծարարութիւն կամ անօրէն բան չէ կատարած: Այս մտածումներու մէջ թաղուած` գրասենեակէն ներս կը մտնէ կնոջ եւ զաւակներուն հետ, եւ անմիջապէս բարձրաաստիճան զինուորականը տեղէն ելլելով կը դիմաւորէ զինք ու երեսներէն համբուրելով շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր կը կրկնէ անդադար: Կը յիշեցնէ, թէ տարիներ առաջ իր կեանքը փրկած էր եւ անկարելի է, որ առանց անձամբ տեսնուելու` իրենք մեկնէին Լիբանանէն: Բարեկամս շշմած` միեւնոյն ժամանակ հանգստացած, նմանապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ զինք չմոռնալուն համար եւ կը յիշեցնէ, թէ օդանաւը արդէն ճամբայ ելլելու վրայ էր եւ… չ՛ուզեր օդանաւը փախցնել: «Առանց իմ հրամանիս` Լիբանանէն օդանաւ թռիչք չ՛առներ, անհոգ եղիր» ըսելով` կը նստեցնէ քովը եւ սուրճ, զովացուցիչ եւ պզտիկներուն համար պաղպաղակ ապսպրելով` դարձեալ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ իր կեանքը փրկող բժիշկին: Բարեկամս կարծես փուշի վրայ նստած ըլլայ. անդադար ժամացոյցին կը նայի, իսկ բարձրաստիճան զինուորականը կը հանդարտեցնէ` կրկնելով նոյն խօսքերը. «Առանց իմ հրամանիս` Լիբանանէն օդանաւ թռիչք չ՛առներ, անհոգ եղիր»: Մօտաւորապէս մէկ ժամ, ամբողջ օդանաւը իր ճամբորդներով ու անձնակազմով սպասցնելէ ետք, վերջապէս կը բարեհաճի ճամբու դնել իր բժիշկ բարեկամն ու ընտանիքը:
Լիբանանցին ապերախտ չէ, սակայն իր երախտագիտութիւնը յայտնելու ամբողջ լման ժամ մը օդանաւը սպասցնել կու տայ…
Միա՛յն Լիբանանի մէջ:
Լոս Անճելըս 2015


