Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտաւորական Ու Կազմակերպչական Արժանիքներուն Տէրը

Փետրուար 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_peno-3Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի սերնդակից եւ գաղափարակից Տիգրան Ճինպաշեանի խօսքը` յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին:

«Սուրը չթողեց, որ երգիչ դառնամ.
Երգը չթողեց, որ մարտիկ դառնամ»:

Նիկոլ Աղբալեանի բնորոշումն է, ինքն իր մասին: Չեմ գիտեր, թէ տարազումը ի՞րն է, թէ՞ փոխ առնուած է այլ գրողէ  մը: Ամէն պարագայի, դիպուկ է ու կը պատշաճի հասարակական կեանքին մէջ ընդգրկուած շատ երախտաւորներու, որոնք կրնային այս կամ այն ասպարէզին մէջ յաջողակ, նոյնիսկ տաղանդաշատ ու արդիւնաւոր գործողներ ըլլալ, որոնք սակայն, հայկական իրականութեան պարտադրանքով` կամաւորապէս տարբեր ասպարէզ ընդգրկեցին, կամ աւելի ճիշդ` ամբողջովին չնուիրուեցան իրենց սիրած ասպարէզին ու չդարձան հանրածանօթ այն բացառիկներէն, որոնք կը գովերգուին իրենց աննախընթաց յաջողութիւններուն համար:

Եթէ Հրայր Դժոխքը ֆետայի չդառնար:

Եթէ Ռուբէն Տէր Մինասեանը յեղափոխական կրակի մէջ չնետուէր:

Եթէ Դրոն միայն գործարարութեամբ զբաղէր ու Սուրէն Էֆենտի մնար…

Շարքը կարելի է երկարել անհամար անուններով:

Բայց ո՞վ պիտի ստանձնէր հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն մատակարարման հոգը: Ո՞վ պիտի ղեկավարէր մեր հասարակական կեանքը: Միջակնե՞րը, անկարողնե՞րը: Թոյլե՞րը: Մանաւանդ` անձնապաստան փառասէրնե՞րը:

Հայ գիւղացին իբրեւ մատաղցու կ՛ընտրէր իր խոյերուն ամէնէն առողջը, ամէնէն առոյգը:

Հասարակական գործիչն ալ մատաղցու է: Ենթակայ գրեթէ մնայուն քննադատութեան, նոյնիսկ մեղադրանքի, ան չի կրնար իր ընտրած ծառայական ասպարէզին մէջ արդիւնաւոր կերպով գործել, եթէ օժտուած չէ մտաւորական ու կազմակերպչական արժանիքներով:

Բենօ Թոնդեանը տէր էր այդ արժանիքներուն:

Նախ, ան իր կրթութեամբ ու ուսումնառութեամբ ճարտարագէտ էր, ինչ որ գիտութեան ու ուսողութեան մարզերուն մէջ ունակութիւններ կ՛ենթադրէ:

Լեզուներու լաւ ծանօթութեան պսակը կը կազմէր իր հայերէնի կատարելութեան հասնող գիտութիւնը, տիրապետումը:

Երաժշտական իր յատկութիւնները ակներեւ էին. լաւ ու տպաւորիչ ձեւով կ՛երգէր, կը նուագէր:

Ազգային կեանքի, քաղաքական անցուդարձերու գիտակ մարդ էր:

Ուսանող եղած կուսակցական դպրոցին, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան, կառոյցին ու կազմակերպական կանոններուն խոր ու համապարփակ ծանօթութիւնը ունէր:

Ո՞վ կրնար իրեն չափ կանոնագրային հարցերու հմտութիւն ունենալ ցուցաբերել:

Ո՞վ կրնար Բենոյին պէս երբեմն հակասական թուացող գաղափարները մէկտեղել, համադրել ու բանաձեւել: Տրամաբանութեան ու լեզուի աճպարար պէտք էր ըլլալ նման իրագործում յաջողցնելու համար:

Ո՞վ կրնար Բենօ Թոնդեանի նման ժողով վարել, փոթորկոտ վիճաբանութիւնները հանդարտեցնել, կիրքերը մեղմել ու համաձայնութեան եզրեր գտնել:

Բենօ Թոնդեանը, շնորհիւ իր կուռ տրամաբանութեան, հայոց լեզուի գաղտնիքներուն իր ծանօթութեան, իր գիտութեան ու ծանօթութիւններու պաշարին, կրնար բացառիկ խմբագիր մը դառնալ, ճարտասան բանախօս մը ըլլալ: Ինք նախընտրեց ուրիշին գրածը սրբագրող եւ ձեւաւորող դառնալ, ու ինք մնալ շուքի մէջ: Դառնալ մտաւոր աշխատանքի բանուոր մը, սեւաւոր աշխատանքի անյայտ ասպետ մը:

Պատասխանատու պաշտօններ շատ ունեցաւ Բենօ Թոնդեանը: Մասնակցեցաւ բարձրագոյն մակարդակի բազում ժողովներու: Յատկապէս անդամակցեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մակարդակի մարմիններուն, ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն կոմիտէ, Կեդրոնական կոմիտէ ու Բիւրօ: Դարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅ Դաշնակցութեան համար դժուարին ու ծանր տարիներուն: Դաշնակցութեան գործունէութիւնը խափանուած էր Հայաստանի մէջ, ղեկավար ընկերներ բանտարկուած էին ու Դաշնակցութեան դէմ հալածանքը աննախընթաց սաստկութեամբ կը ծաւալէր: Հերթական անգամ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քանդելու, վերացնելու յաւակնութեամբ խաչակրաց արշաւանքի ձեռնարկած էին ոչ թէ օտարները, այլ ազատ ու անկախ Հայաստանի նորելուկ վարիչները:

Դաշնակցութիւնը Հայաստանի անխոհեմ ու անպատասխանատու ղեկավարներուն դէմ իր ինքնապաշտպանական պայքարին մէջ կրնա՞ր հաշուի չառնել Հայաստանի ու հայ ազգին շահը: Հակադարձութիւնը կրնա՞ր, պէ՞տք էր հասնէր այնպիսի մակարդակներու, որ վտանգէր Հայաստանի ապահովութիւնը, Արցախեան պայքարի յաղթական ելքը:

Անկարելի թուացող այս հաւասարումը լուծող, ամէնօրեայ դժխեմ դէպքերու ու հրապարակումներու վրդովեցուցիչ մթնոլորտին մէջ` ուշիմ, խոհեմ, կուռ տրամաբանութեան տէր ու փոթորիկին դիմաց իր հաւասարակշռութիւնը պահել գիտցող նաւապետ պէտք է դառնային դաշնակցական մարմինները, ու առաջին հերթին` ՀՅԴ Բիւրոն եւ իր ներկայացուցիչը:

Հայութեան շահերը միշտ գերադաս են կուսակցութեան շահերէն: Այսպէս կը դաւանի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը սակայն ինքնապաշտպանութենէ չի հրաժարիր: Միայն ինքնապաշտպանութեան սահմանները կը հասցնէ հայութեան ու Հայաստանի իրաւունքներուն, շահին սահմաններէն այս կողմ: Դաշնակցութիւնը զոհելու հարց չի կրնար ծագիլ, որովհետեւ անիկա հայութեան եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան համար ստեղծուած հզօրագոյն զէնք է, որմէ չենք կրնար հրաժարիլ, իրաւունք չունինք հրաժարելու:

Հեռացա՞նք արդեօք Բենօ Թոնդեանի վաստակին ոգեկոչումէն: Ո՛չ. որովհետեւ Բենոն եւ իր ընկերները նման ճակատագրական երկընտրանքի մը պայմաններուն մէջ գործեցին, պայքարեցան, խոհեմութեամբ դիմադրեցին: Ու յաղթեցի՛ն: Յաղթեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ յաղթեց հայութիւնը, յաղթեց Հայաստանը:

Ի՞նչ կը մնայ այսօր մեզի Բենօ Թոնդեանէն: Համեստ ու պարզ արտաքինի մը տակ ծուարած, անձնական ամէն յաջողութիւն ու փառք մէկդի դրած, իր հնարաւորութիւնները իր կուսակցութեան ճամբով ազգին նուիրաբերած զինուորի մը պատկերը, պատկերը խոնարհ հերոսի այն տիպարին, որ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան ընթացքին հանդիսացած է իր յաղթանակներուն իրական դարբինը:

Խոնարհ այս հերոսները կեանքի բնական օրինաչափութեան ենթակայ` պիտի հեռանան իրենց շրջապատէն, իրենց կուսակցութենէն, միութիւններէն ու ժողովուրդէն, անվրդով պիտի հեռանան մրմնջելով.

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,

Յոյսս դուք էք, ընկերներ»:

 

Նախորդը

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Սարգիս Զօրավարի Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Եւ Հայութեան Համար…

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In