Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կալիփոլիի Հարիւրամեակը Հայոց Ողջակիզումը Ծածկելու Ամօթալի Փորձ Է», Կը Յայտնէ Ռոպըրթ Ֆիսք

January 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

13115_p6-fisk-GallipoliLandingԵրբ աշխարհի պետութիւններու առաջնորդները, ներառեալ` Մեծն Բրիտանիոյ արքայազն Չարլզը եւ Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի վարչապետները, ապրիլին թրքական կառավարութեան հրաւէրով հաւաքուին Կալիփոլի` յիշատակելու Ա. Աշխարհամարտի այդ ճակատամարտը, մէկ ու կէս միլիոն սպաննուած քրիստոնեայ հայերու ուրուականները պիտի քալեն անոնց հետ:

Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» պարբերականի յօդուածագիր Ռոպըրթ Ֆիսք յատուկ յօդուած մը հրապարակած է «Կալիփոլիի հարիւրամեակը Հայոց ողջակիզումը ծածկելու ամօթալի փորձ է» խորագիրով, ուր անդրադարձած է Էրտողանի` ապրիլ 24-ը որպէս Կալիփոլիի ճակատամարտի յիշատակման օր հռչակելու որոշումին:

Յօդուածագիրին խօսքերով` Թուրքիոյ նման քայլը նպատակ կը հետապնդէ զսպել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու յիշողութիւնը: Ֆիսք ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ Էրտողան Կալիփոլիի հարիւրամեակին հրաւիրած է նոյնիսկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ, ի դէպ, աւելի առաջ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրած էր Հայաստան` նոյն օրը մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:

Ֆիսք պաշտօնական Անգարայի այս քայլը անուանած է «դիւանագիտական չարիք»:

1915. Թուրքիան տարագրեց հայ ժողովուրդին երկու երրորդը, շատեր կա՛մ սպաննուեցան, եւ կամ աքսորի ընթացքին անօթութենէ մահացան
1915. Թուրքիան տարագրեց հայ ժողովուրդին երկու երրորդը, շատեր կա՛մ սպաննուեցան, եւ կամ աքսորի ընթացքին անօթութենէ մահացան

«Թուրքերը քաջատեղեակ են, որ դաշնակիցները ոտք դրած են Կալիփոլի ապրիլ 25-ին, եւ որ Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան Անզաքի օրը նոյնպէս կ՛ոգեկոչեն 25-ին: Երկու տարի առաջ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը  ճակատամարտի տարելիցը նշած է 2013 թուականի մարտ 18-ին, այն օրը, երբ բրիտանական նաւատորմին կողմէ Տարտանէլի թերակղզիի ռմբակոծութիւնը սկսաւ Բրիտանական ծովակալութեան առաջին լորտ Ուինսթըն Չըրչըլի կողմէ: Թուրքերը, բնականաբար, կը վախնան, որ 1915 թուականը կը յիշատակուի իբրեւ մարդկութեան դէմ իրենց պետութեան իրագործած սարսափելի յանցագործութեան տարեթիւ, երբ հայերու կոտորածներուն ժամանակ տասնեակ հազարաւոր տղամարդիկ սպաննուեցան հրացաններով եւ դանակներով, անոնց կիները բռնաբարուեցան, ապա Միջագետքի մէջ իրենց երեխաներուն հետ սովի մատնուեցան մահուան քայլերթով: Պատմութեան հեգնանքն է այն, որ այս նոյն սպանութեան վայրերը «ժառանգուած են» ցեղասպան իսլամական Տահեշ կազմակերպութեան, որ… ոչնչացուց Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած հայկական եկեղեցին», կը գրէ Ռապըրթ Ֆիսք:

Ան կը նշէ, որ հայերը Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ընտրած են ապրիլ 24-ը, քանի որ նոյն այդ ժամանակ էր, որ թուրք ոստիկանութիւնը առաջին անգամ Կ. Պոլսոյ մէջ հաւաքեց հայ ակադեմականները, իրաւաբանները, բժիշկները, ուսուցիչները եւ լրագրողները:

«Ինչպէս Գերմանիոյ աջակողմեան եւ ժխտողական պատմաբանները կը հերքեն հրեաներու Ողջակիզումը, այնպէս ալ Թուրքիան մշտապէս հրաժարած է ընդունելէ օսմանեան թրքական կայսրութեան պատասխանատուութիւնը 1914-1918 թթ. պատերազմի տարիներուն մարդկութեան դէմ գործած ամենամեծ յանցագործութեան մէջ», կը նշէ յօդուածագիրը: Ան կ՛ընդգծէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է հարիւրաւոր միջազգային գիտնականներու, որոնց շարքին եւ շատ մը հրեայ պատմաբաններու, ինչպէս նաեւ շատ  մը եւրոպական պետութիւններու կողմէ:

Օսմանցի զինուորներ կանգնած են իրենց կողմէ կախաղան բարձրացուած հայերուն առջեւ, 1915
Օսմանցի զինուորներ կանգնած են իրենց կողմէ կախաղան բարձրացուած հայերուն առջեւ, 1915

Ռապըրթ Ֆիսք ուշագրաւ կը համարէ այն, որ եթէ առաջ Թուրքիոյ մէջ ամէն կերպ կը փորձէին հերքել Կալիփոլիի ճակատամարտին մէջ հայ զինուորներու կռուելու փաստը, ապա այժմ թուրք պաշտօնեաները հակառակը կ՛ընեն: Յօդուածագիրը անդրադարձած է Կալիփոլիի ճակատամարտի մասնակից, Օսմանեան կայսրութեան զօրքերու հայազգի հրետանաւոր, սպայ Սարգիս Թորոսեանին` յիշեցնելով, որ ժամանակին թրքական հրամանատարութիւնը, ի հեճուկս բոլոր ապացոյցներուն, որոնց շարքին` օսմանեան ռազմական համազգեստով Թորոսեանի լուսանկարին, պաշտօնապէս կը հերքէր, որ հայ զինուորը գոյութիւն ունեցած է: Իսկ հիմա ճակատամարտին մէջ հայերու մասնակցութեամբ պայմանաւորուած ալ Թուրքիան պաշտօնապէս հրաւէր ուղարկած էր Սերժ Սարգսեանին` սկսելով խաղալ Կալիփոլիի մէջ կռուած հայերու խաղաթուղթը:

Ռապըրթ Ֆիսք իր նախկին յօդուածներուն մէջ անդրադարձած է այն հարցին, որ հայերու ցեղասպանութիւնը կարելի է ողջակիզում (հոլոքոսթ) անուանել: Ատկէ մեկնելով` ան իր յօդուածի վերտառութեան մէջ հոլոքոսթ եզրն ալ կ՛օգտագործէ:

13115_pg-26-genocide-afp-gettyԻ դէպ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Էրտողանի հրաւէրին ուղղուած իր պատասխանին մէջ անոր յիշեցուցած է. «Խաղաղութիւնը եւ բարեկամութիւնը առաջին հերթին պէտք է հիմնուած ըլլան սեփական անցեալի հետ առերեսման խիզախութեան, պատմական արդարութեան, ինչպէս նաեւ համամարդկային յիշողութեան` ոչ թէ ընտրովի, այլ ամբողջական ճանաչման վրայ… Իւրաքանչիւրիս պարտքն է գալիք սերունդներուն փոխանցել խեղաթիւրումէ զերծ իրական պատմութիւնը` այդ կերպով կանխելով ոճրագործութիւններու կրկնութիւնն ու հող նախապատրաստելով ազգերու, յատկապէս հարեւան ազգերու միջեւ մերձեցման եւ հետագայ համագործակցութեան համար»:

Նախորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 3). Դպրեվանքէն` Դպրեվանքին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թուական… Եւ Թուային Խեղաթիւրում

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.