Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սակաւ Խօսք… Սակաւախօս Բենոյին

January 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Թ.

Բենօ Թոնդեանի ազգային եւ միութենական գործունէութեան մասին շատ պիտի չանդրադառնամ: Հաւանաբար իր տարեկից եւ գործակից ընկերները արդէն իսկ էջեր մրոտած են:

Եթէ շատ մանրամասնութիւններով ներկայացնեմ Բենոն, պիտի զայրանայ եւ երբեք պիտի չփափաքի «երեւնալ»:

Սակայն տեղին է քանի մը խօսք արձանագրել անձնաւորութեան մը մասին, որուն առ յաւէտ հրաժեշտ տուած ենք եւ այսօր կը նշենք քառասունքը:

Անարդար է երբեք չներկայացնել վերջին տասնամեակին մոռացութեան մատնուած Բենոն:

Պիտի փորձեմ զինք քիչ անհանգստացնել եւ բաւականանալ միայն սակաւ խօսքեր փոխանցելով սակաւախօս մեր ընկերոջ:

* * *

Զարմանալի տիպար:

Փայլուն աշակերտ եւ ինչպէս շէյքսփիրեան լեզուով պարզումէկին կ՛անուանենք «պրէյն», Բենոն հակառակ իր այդ կարողութիւններուն` գերադասեց ազգային եւ կուսակցական գործունէութիւնը եւ շարունակ կառչած մնաց այդ միջավայրին, անշուշտ` միշտ ալ տրամադրութեան տակ դնելով իր ճարտարագիտական կարողութիւնները:

Շինարարական կառոյցի մը վերահսկումի կողքին, ան նոյնքան հմտութեամբ կրնար բանաձեւեր յղել, ծրագիր-կանոնագրեր պատրաստել, ժողովներ վարել եւ այդ ալ` ի՜նչ դժուար ժողովներ… եւ ամենայն հմտութեամբ:

* * *

Թուական` յունուար 1983, վայր` Պէյրութ: Աւելի մանրամասնեմ վայրը. Արեւմտեան Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղամասի «Ազդակ»-ի տպարան: Երեկոյ մըն է: Այդ օրերուն դէմ դիմաց կը նստէի հանրահռչակ վաղամեռիկ հայագէտ-բանաստեղծ-գրագէտ Պետիկ Հերկէլեանին հետ եւ գործի ժամանակ միշտ ալ յաճախակի եւ հաճելի զրոյցներ կ՛ունենայինք: Պետիկին համար իւրայատուկ տիպար մըն էր այդ օրերու «Ազդակ»-ի տնօրէնը:

«Իւրայատուկ տիպար է այս մարդը: Փորձեցի ամէն գնով վիճաբանիլ եւ խնդիր ստեղծել հետը, սակայն ձախողեցայ: Միեւնոյն խօսակցութեամբ թէ՛ կը քաջալերէ եւ թէ՛ կը քննադատէ: Պարզ բնաւորութեան տէր անձ մըն է: Հետեւաբար պիտի չկարենամ իրեն նման տիպար մը իմ պատրաստած (կամ պատրաստելիք) նորավէպիս` «ԵՈՒՀՈՒ»-ին մէջ օգտագործել», կը յայտնէր Պետիկ:

Այո՛, ան հարիւր առ հարիւր իրաւունք ունէր:

Այդ գրքոյկին մէջ Պետիկ իր շրջապատի անձնաւորութիւններու տիպարները գործածելով` լոյս ընծայած էր այդ քննադատական կատակերգութիւնը: …եւ Բենոն այդ միջավայրէն ոչ թէ միայն հեռու էր, այլ կապ չունէր:

Եւ դեռ աւելի՛ն. բերնի պզտիկ շարժում մը բաւարար էր, որ Բենոն ժպտար եւ գոհունակութիւն յայտնէր, եւ անշուշտ նաեւ` հակառակը, սակայն` միշտ հեզ ու հանդարտ «պարիթոն» ձայնով:

* * *

«Պարիթոն» որ կ՛ըսենք… լսա՞ծ էիք Բենոն, երբ խրախճանք-հաւաքներու ժամանակ կ՛երգէր «Հայ ֆետայիին երգը»…. Թիփի բորան մութ գիշերին: Դեռ աւելի՛ն. մեծ անակնկալ մըն էր տեղեկանալը, թէ ան շատ բան տեղեակ էր արդի երաժշտութենէն եւ ոչ թէ միայն ճազի սիրահար էր, այլ նաեւ կը նուագէր  սաքսոֆոն: Հետագային, քանի մը տարի ետք, երբ առաջարկած էինք որ բարեկամներով միասնաբար երթալ եւ վայելել այդ «ճազային» բնութեան գիրկին մէջ` «Ռաունտ Միտնայթ» ժապաւէնը: Ան ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեակ էր այդ ժապաւէնի նիւթին եւ անոր մէջ օգտագործուած գլուխ-գործոց գործերուն մասին: Անշուշտ միասնաբար ընբոշխման առաջարկը մնաց միայն մարմաջ եւ չիրականացաւ:

* * *

Այսպէս էր Բենոն:

Երեւնալ չէր սիրեր եւ այդ բնաւորութեան արդիւնք` բաւական մըն ալ քննադատութեան առարկայ դարձաւ: Յատկապէս ներկայ արդիականացած եւ համակարգչային, համացանցային բնագաւառէն ներս դեռ ան որքա՜ն տալիք ունէր:

Այսպէս, ան հրաժեշտ առաւ լռիկ-մնջիկ` առանց ոեւէ մէկը յաւելեալ նեղացնելու:

Վստահաբար շատեր կը տառապին խոր խղճի խայթէ մը:

Չյիշեցինք զինք պատշաճօրէն եւ վերջին տարիներուն ալ չայցելեցինք:

Բան մը, որ այլեւս կարելի է մեծ թերացումով եւ յապաղումով կատարել…եւ այդ ալ միայն ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ:

Խունկի, մոմի եւ այլ յաւուր պատշաճի խօսքերու կարիքը չկայ սակաւախօս ընկերոջ համար: Այլապէս բերնի պզտիկ շարժումով մը ժպիտը կրնայ զայրոյթի վերածուիլ:

…Ցտեսութի՛ւն:

 

Պոսթըն – Մ. Նահանգներ
Յունուար 2015

Նախորդը

Երաժիշտ-Զինուորականը, Որ Ապրեցաւ Լիբանանի Սիրով (Հազարապետ-Զօր. Ստեփան Տօնէեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Բենօ Թոնդեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կազմակերպութեան Անունով Տիգրան Ճինպաշեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.