Վերջին տարիներուն սովորութիւն դարձած է, որ հազիւ փետրուար ամիսը մուտք գործած` ազերի քարոզչական մեքենան գործի կը լծուի եւ Խոճալուի գծով սուտ ու փոյթ փաստեր եւ շինծու լուսանկարներ ցուցադրելով, կը փորձէ համոզել, թէ փետրուար 25-26, 1992-ին, անմեղ ազերիներ ջարդուած են, որոնց թիւը կրնայ գերազանցել երկու հարիւրը:
Անշուշտ այս մէկը միակողմանի կարծիք է եւ Պաքու երբեք չ՛ուզեր դարձնել մետալին միւս կողմը եւ իմանալ, թէ ինչպէ՞ս ներքին անհամաձայնութիւններու արդիւնք, եւ հակառակ հայկական կողմի դիտմամբ բաց ձգած փախուստի ճամբուն, անմեղներ մահացած են:
Սակայն նիւթը այս օրերուն Խոճալուն չէ, այլ` բոլորովին տարբեր յերիւրածոյ եղելութիւն մը, իրադարձութիւն մը… Ճակատամարտ մը, որուն հարիւրամեակը կը փորձուի նշել` «ծածկելու» համար Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Խնդրոյ առարկայ դէպքը Կալիփոլիի ցամաքահանումն է, որ տեւեց ամիսներ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն… 1915 թուականին:
Այդ օրերուն Դաշնակից ուժեր, յանձինս բրիտանացի, ֆրանսացի, նաեւ աւստրալիացի եւ նորզելանտացի բանակայիններու, փորձեցին յարձակիլ Միջերկրականն ու Սեւ ծովը միացնող առաջին անցքերէն` Կալիփոլիի (Տարտանէլ, որ օսմանական Թուրքիոյ մաս կը կազմէր) վրայ, օգնութեան հասնելու համար այդ օրերու իրենց դաշնակից Ռուսական կայսրութեան: Երկուստեք կատարուեցաւ կատաղի պայքար եւ Դաշնակից ուժերը չկրցան որեւէ յառաջխաղացք արձանագրել: Երկու ճակատներէն ներս արձանագրուեցան աւելի քան յիսուն հազար զոհեր:
Այս արդիւնքը նկատուեցաւ փառաւոր յաղթանակ մը Թուրքիոյ համար, մանաւանդ որ այդ ճակատամարտին հերոս զօրավարներէն մէկն էր Քեմալ Աթաթիւրքը:
Պատմութեան էջերը մանրամասնութեամբ թերթատելով` նշենք, թէ Կալիփոլիի առաջին յարձակումները սկսան փետրուար 19-ին, եւ ամիս մը ետք` մարտ 18-ին ազդանշանը տրուեցաւ ճակատամարտին, որ տեւեց մինչեւ յունուար 9, 1916:
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բանակներուն արձանագրած զոհերուն թիւը 11 հազարէն աւելի էր, եւ այս առթիւ այդ երկու երկիրները ապրիլ 25-ը կը նշեն իբրեւ իրենց ազգային ծառայութիւնը կատարած բանակայիններու օր, ծանօթ` «Անզաք տէյ» անունով:
Երկու տարի առաջ, այդ օրերու Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ յատուկ հանդիսութեամբ մը, մարտ ամսուան ընթացքին նշած էր այդ օրը: Այս տարի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը որոշած է «մութ հաշիւներ»-ու մէջ թաղուելով… ապրիլ 24-ին տօնել Կալիփոլիի յաղթանակը:
Հիանալի գաղափա՞ր, թէ՞ ցաւալի խելք …Անգարայի նորակառոյց նախագահական դղեակի վարձակալին կողմէ, որ վերջերս տարօրինակ եւ արտառոց գաղափարը ունեցած է նախագահական պատուոյ պահակագունդի անդամները օժտել Թուրքիոյ իւրատիպ կայսերական տարազներով:
Հաւանաբար 2018-ին Կալիփոլիի յաղթանակը նշուի այդ տարուան մայիս 28-ին այսինքն Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին: Դեռ աւելի՛ն. կարելի է նաեւ համակերպիլ այլ թուականի մը կամ աւելի ճիշդը` չափազանցել խեղկատակութիւնը, եւ այդ միեւնոյն Կալիփոլին նշել սեպտեմբեր 21, 2016-ին… այսինքն` յետխորհրդային անկախութեան 25-ամեակին:
Իսկ բաղդատական մը կատարել ճակատամարտ մը Ցեղասպանութեան հետ, յարգելով հանդերձ զոհերուն թիւը` հարիւր հազար զինուորներ, փոխան` մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու… Ընթերցողին համար բաւարար է, թէ թուականի կողքին, գոյութիւն ունի թուային խեղաթիւրում:
Յունուար 20, 2015