Անդրադարձ

Բառերը Ուժ Ունին. Կարելի Չէ Արհամարհել Զանոնք

Բառերը Ուժ Ունին. Կարելի Չէ Արհամարհել Զանոնք

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Երբ կատու կ՛ըսենք, կը հասկնանք... կատու եւ ոչ թէ առիւծ կամ չիթա, նոյնիսկ եթէ երեքն ալ նոյն ընտանիքին կը պատկանին: Եթէ մէկը իր պահած կատուին համար ընկերոջ ըսէ, թէ ինք տան մէջ չիթա ունի, բնականաբար ծիծաղի առարկայ կը դառնայ, չէ՞: Յստակ է բառերուն իմաստը եւ արժէքը, ոչ միայն գիտական ու առարկայական աշխարհէն ներս, ալ նաեւ` քաղաքական: Ներկայ դարուն,...

Խմբագրական   100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Խմբագրական 100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Արդարացի է ժողովրդային ակնկալութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը իրաւամբ պէտք է նոր բարձրակէտ նուաճէ եւ արտակարգ հնչեղութիւն ապահովէ իր տարողունակութեամբ եւ ձգելիք արձագանգներով: Խնդիրը նշումի տարողութեան, ոչ հայկական` պետական, հասարակական, զանգուածային առաւելագոյն շրջանակներ ներգրաւելու վրայ կը կեդրոնանայ: Եւ այս առումով, պարզ է, որ հայ մարդը կը սպասէ առաւելագոյն կարելին, թէ՛ իբրեւ բարձրորակ, թէ՛ իբրեւ իւրայատուկ եւ թէ՛ իբրեւ արձագանգում ապահովող...

Անդրադարձ.  Ձեռնարկն Ու Մարդակերպ  Խօսափողի Մը Գանգատը

Անդրադարձ. Ձեռնարկն Ու Մարդակերպ Խօսափողի Մը Գանգատը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Քառնըկի Ինտաումընթ ֆոր Ինթըրնեշընըլ Փիս»-ի Պէյրութի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուեցանք կեդրոնին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հետ համագործակցաբար կազմակերպած «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» նիւթով կլոր սեղանին, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»-ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ամերիկեան վերոնշեալ վերլուծական կեդրոնը,...

Պատմական Մալաթիայէն Ի՞նչ Մնաց

Պատմական Մալաթիայէն Ի՞նչ Մնաց

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Քանի մը օր առաջ այս հարցումը ուղղեցի ես ինծի` երբ պատահաբար ձեռք անցուցի հայկական հայրենակցական միութիւններու վերաբերեալ հնամաշ գրքոյկներու եւ պրակներու շարք մը, մեծաւ մասամբ Ֆրանսա տպուած: Այդ գրքոյկներէն մին կը վերաբերէր Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան: Եւ ինչպէս կը կարդացուի գրքոյկին վրայ` ասիկա արձանագրութիւնն է վերոնշեալ ընկերութեան Ֆրանսայի Շրջանային 10-րդ համագումարին, որ կայացած է աւելի քան 65 տարի առաջ`...

100-Ամեակ.  Անդրադարձա՞նք, Որ Պէյրութի «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» Օրաթերթը Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

100-Ամեակ. Անդրադարձա՞նք, Որ Պէյրութի «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» Օրաթերթը Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Տարածուն եւ ազդեցիկ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» լիբանանեան օրաթերթը, իր գրական բաժինին մէջ, հինգշաբթի, 5 մարտին, լայնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Այս առիթով, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, շուրջ քառասուն հրատարակութիւններէ ընտրած է չորսը: Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ 2015-ին ֆրանսերէնով լոյս տեսած քանի մը գիրքեր. Dans les ruines : les massacres d’Adana, Avril 1909 de Zabel Essayan, Phébus/Libretto, 2015 ; Détruire...

Նահատակ Գրագէտներու  Պատգամը Այսօր

Նահատակ Գրագէտներու Պատգամը Այսօր

ԿԱՐՕ  ԱՐՄԵՆԵԱՆ Այժմ արդէն բազում տարիներու հեռաւորութենէն կ՛անդրադառնամ, որ մեր սերունդը, որ հասակ առաւ սփիւռքի կազմաւորման տարիներուն, իր ոգեղէն սնունդը կը պարտի նահատակ գրագէտներու եւ անոնց վերապրող սերնդակիցներու մատուցած հանապազօրեայ հացին: Մենք բախտը ունեցանք մեծ ուսուցիչներու ջանքէն, հաւատքէն, տեսիլքէն ծնած կրթարաններու աշակերտները ըլլալու: Կրթութեան այդ բոյները յեղափոխական գործի նոր մարտկոցներն էին: Անոնք իրենց համեստ դիրքերէն ճակատ յարդարեցին աշխարհակալ ուժերու, եւ...

1919-ին «Տը Կարտիըն» Կը Գրէր  Ղարաբաղի Հայերուն Դէմ  Գործադրուած Ջարդերուն Մասին

1919-ին «Տը Կարտիըն» Կը Գրէր Ղարաբաղի Հայերուն Դէմ Գործադրուած Ջարդերուն Մասին

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը իր երեքշաբթի, 15 յուլիս 1919-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Հայկական ջարդ. հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ սպաննուած» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը կարդանք. «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի մէջ հայ պետական աղբիւրէ մը ստացած է 17 յունիս թուակիր զեկուցում մը, որ մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ վերջերս Ղարաբաղի մէջ հայերու ջարդը: Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ զինադադարէն (Համաշխարհային Ա....

Անդրադարձ.  Կատարեալ Ողբերգութիւն Մը

Անդրադարձ. Կատարեալ Ողբերգութիւն Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Այն ինչ որ Իրաքի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ, մարդկային եւ քաղաքակրթական մակարդակներու վրայ կատարեալ ողբերգութիւն մըն է: Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին Իրաքի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան քանդումը դատապարտող բանաձեւի մը քննարկումէն մէկ օր առաջ, ՏԱՀԵՇ քանդեց Մուսուլի արեւելքը գտնուող հնագիտական ասորեստանեան Խորասապատ քաղաքը, որ Նեմրութէն եւ Հաթրայէն ետք մինչեւ օրս Իրաքի մէջ քանդուած երրորդ...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Երկրորդ. ուսուցիչը կը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը: Չի բաւեր սիրել ուսուցչական ասպարէզը, անհրաժեշտ է, որ ուսուցիչը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը: Ուսուցիչի այս երկու առանձնայատկութիւնները նոյնը կը թուին, բայց խորքին մէջ երկուքը տարբեր բաներ են, թէեւ իրարու լրացուցիչ: Կան ուսուցիչներ, որոնք կը սիրեն ուսուցչութիւնը, բայց չեն սիրեր կարգ մը նիւթեր դասաւանդել ու նախասիրութիւն ունին այլ նիւթեր դասաւանդելու: Նոյնիսկ այս...

Ուրֆայի Դիւցազնուհի` Մարիամ Չիլինկիրեան

Ուրֆայի Դիւցազնուհի` Մարիամ Չիլինկիրեան

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ Մարիամ շէն ու սրամիտ, պաղարիւն ու յանդուգն աղջիկ մըն էր, որ պատրաստ էր ամէն վտանգի մէջ նետուելու եւ նոյնիսկ ամենաճգնաժամային վայրկեաններուն կռուողներուն տրամադրութիւնը կը բարձրացնէր իր վարակիչ եռանդով: Թեթեւ մը կաղալուն պատճառով կատակի համար զայն Թիմուրլենկ կը կոչէին: Մարիամ Ուրֆայի ՀՅԴ Կարմիր խաչի սիւներէն էր: Հերոսամարտի ընթացքին նշանաւոր դարձաւ ոչ միայն իբրեւ տիպար գթութեան քոյր, այլեւ` իբրեւ մարտիկներուն...

Հայալեզու Ուիքիպաշարները Կը Համալրուին, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիք Կայ

Հայալեզու Ուիքիպաշարները Կը Համալրուին, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիք Կայ

«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական  կազմակերպութեան նախագահ, համակարգչային գիտութիւններու թեկնածու Սուսաննա Մկրտչեան Լիբանան կը գտնուի լիբանանահայ վարժարաններու պատասխանատուներուն ու աշակերտներուն հետ տեսակցութիւններ ունենալու եւ անոնց ծանօթացնելու հայերէն ուիքիփետիան` շեշտը դնելով անոր արեւմտահայերէն բաժինը զարգացնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այս առիթով անոր հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով հայերէն ուիքիմետիային, անոր ստեղծման եւ գործելաձեւին մասին` Սուսաննա Մկրտչեան ըսաւ. «Հայերէն ուիքիփետիան արդէն 145,600 յօդուած ունի: Շուրջ 35,000 ...

Ակնարկ.  Մեր Մարդկային Պաշարները  Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

Ակնարկ. Մեր Մարդկային Պաշարները Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

Այսօր Լիբանանը կը նշէ Ուսուցիչներու օրը: Երախտիքի, շնորհակալութեան, նուիրումի եւ առաքելութեան վերաբերող արժէքներու նշում-արծարծումէն աւելի, մեզի համար Ուսուցիչներու օրը նաեւ հիմնական նշանակութիւն ունի այս ասպարէզին ոչ միայն ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր հասկացողութեան առումով, այլ նաեւ մարդկային պաշարներու պատրաստութեան հրամայականը ընդգծելով: Հայ մարդու կերպարի ստեղծման, հոգեկերտուածքի թէ կազմաւորման առումով ամէնէն հիմնական դերակատարութիւնը ուսուցիչին է, որ գիտելիքով զինելու առաքելութեան առընթեր, պարտականութիւնը ստանձնած է...

«Անբաղձալի» Ասպարէզի Մը Հետքերով  (Ուսուցչաց Տօն)

«Անբաղձալի» Ասպարէզի Մը Հետքերով (Ուսուցչաց Տօն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Մէկից աւելի անգամ դժբախտութիւն եմ ունեցել լսելու հայրենի պատմութիւն դասաւանդող հայ ուսուցիչին եւ խորապէս ցաւել եմ մեր աշակերտող սերունդի համար: Մեռելների մասին է խօսում մի կենդանի մեռեալ: Պատմութիւնը նրա համար անհոգի կմախք է եւ ոչ թէ բաբախուն սիրտ»: ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Ինչքան ալ փորձեն նսեմացնել հայ դաստիարակին դերն ու կոչումը  հայ կեանքին մէջ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ ինքզինք կը պարտադրէ...

Տեսակէտ.  Անհրաժեշտ Զիջումները

Հայաստանի Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ապացոյց մըն են իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութեան: Ընդդիմութիւնը տարանջատելու եւ կամաց-կամաց անգլուխ ընդդիմութիւն մը ունենալու ճիգը յաջողեցաւ բոլոր մակարդակներու վրայ: ՀԱԿ-ը, Ժառանգութիւն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնները փաստօրէն ղեկավարի, ռազմավարութեան եւ կարգախօսի հարց ունին: Հայաստանի ժողովուրդը զգալով եւ գիտակցելով հարցին էութեան` այլընտրանքի շփոթ վիճակին բնականաբար անորոշ վիճակի մատնուած է, ասիկա ազդած է անոր...

Եկէ՛Ք՝ Քոնկրեսէն Վռնտենք Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Պիլ Շուսթըրը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցի ամերիկահայ համայնքի յաջողութեան` Լոս Անճելըսի կողմէ 845 հազար տոլարի պայմանագիրը «Կեփհարթ կրուփ»-ի հետ չեղեալ համարելու մասին` Քոնկրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ ի նպաստ Թուրքիոյ ծաւալած լոպինկ ընելուն համար: Ես յոյս յայտնեցի, որ հայերը կը շարունակեն իրենց ջանքերը, որպէսզի «Կեփհարթ կրուփ»-ին մնացած 200 յաճախորդները եւս դադրեցնեն իրենց պայմանագիրները, այնպէս,որ Տիք Կեփհարթը սուղ վճարէ իր...

1965-ի Ապրիլ 24-ը Պոլսում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այո՛, չզարմանաք, 1965 թուականի ապրիլ 24-ը` Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը, յիշուել ու յիշատակուել է ոչ միայն Երեւանում եւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներում, այլ նաեւ Պոլսում: Ճիշդ է` Պոլսում յիշուել է ժխտական ձեւով: Կէս դար առաջ այդ օրը` ապրիլի 24-ի առաւօտեան, Թուրքիայի խորհրդարանի նախկին հայ պատգամաւոր Պերճ Թուրանի գլխաւորութեամբ 25-30 պոլսահայեր Թաքսիմի հրապարակում ծաղկեպսակ դրեցին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի յուշարձանին: Այս...

Աշխատաւոր Կիներու Միջազգային Օրը` Ընկերվարական Աւանդութեան Տեսանկիւնէն.  Քլարա Ցեթքինը` Իբրեւ Ընկերվարական-Ֆեմինիստ Պայքարողի Տիպար

Աշխատաւոր Կիներու Միջազգային Օրը` Ընկերվարական Աւանդութեան Տեսանկիւնէն. Քլարա Ցեթքինը` Իբրեւ Ընկերվարական-Ֆեմինիստ Պայքարողի Տիպար

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Կիներու միջազգային օրը միջազգային ձախակողմեան մտքին մէջ ունի իր աւանդական պատմութիւնը, որ սկզբնապէս բերանացի կերպով շրջանառութեան մէջ դրուած է ֆրանսական ընկերվարական շրջանակներու կողմէ: Ըստ այս աւանդութեան, 8 մարտ 1857-ին Նիւ Եորքի մէջ հագուստեղէնի եւ հիւսուածեղէնի գործարաններու կին աշխատաւորներ բողոքի ցոյցերու դիմած են` դժգոհելով իրենց աշխատանքային շատ վատ պայմաններէն եւ ընդհանրապէս ցած աշխատավարձերէն: Աւանդութեան համաձայն, ցոյցերը ճնշուած են...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Սեմին.  Մարտ Ութի «Օր»-ուան  Պահանջատիրութեան Սլաքը Դէպի Իրաւական Արեւելում

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սեմին. Մարտ Ութի «Օր»-ուան Պահանջատիրութեան Սլաքը Դէպի Իրաւական Արեւելում

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ    1857-էն ի վեր, տարուէ տարի, պաշտօնական ե՛ւ ժողովրդային շեշտուող բնոյթով կը նշուի մարտ 8-ի  միջազգային օրը: Սակայն այդ օրը ներկայի ծնունդը չէր.  հինէն ի վեր զայն կանխած ու անոր պաշտօնապէս որդեգրման յարմար ենթահող պատրաստած էին բազմաթիւ դէպքեր, շարժումներ ու կեցուածքներ` հաւաքական բնոյթով թէ անհատական նախաձեռնութեամբ: Կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան ձգտող այս շարժումը տիեզերական իր արձագանգը գտած էր աշխարհի զանազան...

Անկցի՛ Հայրիշխանութիւնը, Կեցցէ՛ Ֆեմինիզմը

Անկցի՛ Հայրիշխանութիւնը, Կեցցէ՛ Ֆեմինիզմը

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Բնաւ փորձա՞ծ ես գիշերով առանձին քալել Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, կամ` Հաճընի, Համրայի, Ժտէյտիի: Եթէ փորձած ես, շատ հաւանաբար չես պատկանիր իգական սեռին, որուն ներկայացուցիչները ստիպուած են հաշուի առնել իւրաքանչիւր քայլափոխին տեղի ունենալիք հաւանական բռնութիւնները: Բնաւ փորձա՞ծ ես Արաքս փողոցի վաճառատուներէն մէկուն մէջ գործ գտնել: Եթէ փորձած ես, շատ հաւանաբար չես փորձած այդ մէկը ընել այն վաճառատուներուն մէջ,...

«Կիներու Նկատմամբ Բռնութեան Վերացման» Արշաւին Կարեւորութիւնը

«Կիներու Նկատմամբ Բռնութեան Վերացման» Արշաւին Կարեւորութիւնը

ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Լսատեսողական միջոցներուն մէջ ձայնասփիւռի կայանները բոլորին ու բոլոր պայմաններուն մէջ ամէնէն հասանելի լրատուամիջոցներն են, որոնք հաղորդական են եւ չունին աշխարհագրական ու ժամանակի սահմանափակումներ: Այս հաստատումի շրջագիծին մէջ «Վանայ ձայն»-ը եղած է եւ պիտի մնայ սփիւռքահայութեան եւ համայն հայութեան խօսափողն ու արձագանգը: Մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր կը ներկայացնեմ «Աստղիկ-կնոջական աշխարհ» յայտագիրը, որուն ծանօթացայ, ծանօթացուցի ու ներկայացուցի ծրագիրներ, աշխատանքներ`...

Page 791 of 806 1 … 790 791 792 … 806

Արխիւներ