Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայալեզու Ուիքիպաշարները Կը Համալրուին, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիք Կայ

March 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-10-15_Susanna_Mkrtchyan«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական  կազմակերպութեան նախագահ, համակարգչային գիտութիւններու թեկնածու Սուսաննա Մկրտչեան Լիբանան կը գտնուի լիբանանահայ վարժարաններու պատասխանատուներուն ու աշակերտներուն հետ տեսակցութիւններ ունենալու եւ անոնց ծանօթացնելու հայերէն ուիքիփետիան` շեշտը դնելով անոր արեւմտահայերէն բաժինը զարգացնելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Այս առիթով անոր հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով հայերէն ուիքիմետիային, անոր ստեղծման եւ գործելաձեւին մասին` Սուսաննա Մկրտչեան ըսաւ. «Հայերէն ուիքիփետիան արդէն 145,600 յօդուած ունի: Շուրջ 35,000  հայեր արձանագրուած են իբրեւ ազատ հանրագիտարանի համար բովանդակութիւն ստեղծողներ, անոնցմէ մնայուն կերպով աշխուժ են շուրջ 1000-ը:

Ուիքիփետիան հայատառ բովանդակութեամբ հարստացնելու գործընթացին ամէն ձեւով կ՛աջակցի «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը»:

Ան դիտել տուաւ, որ 2010-ին նկատեց, թէ ինչ աղքատիկ է հայալեզու ազատ հանրագիտարանը: «Նկատեցի, որ համացանցին մէջ ինչ ալ փնտռես` ուիքիփետիայէն յօդուած անպայման կը գտնուի, մինչդեռ հայերէն ուիքիփետիան շատ աղքատիկ էր, ունէր ընդամէնը 10 հազար յօդուած»,  ըսաւ Մկրտչեան: Ան զանազան առիթներով եւ տարբեր միջոցներով կոչ ուղղած է հայութեան` ներդրում ունենալու համացանցի վրայ հայատառ պաշարները աւելցնելու եւ հարստացնելու աշխատանքին: Ինքն ալ հետեւողականօրէն կը շարունակէ ուղղել իր կոչին ընդառաջել: Կը մշակէ եւ «Ուիքիմետիա» հիմնադրամին կը  ներկայացնէ հայալեզու ուիքիփետիայի զարգացման ծրագիրին թղթածրարը: Ան համաձայնութիւն ստացած է եւ 2013-ին հիմնադրամը  արտօնութիւն տուած է օգտագործել ուիքիմետիա անուանումը` դառնալով ուիքիմետիա տարածքային կազմակերպութիւն:

Մկրտչեան կը յայտնէ, որ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ եւս ուիքինախագիծերու իրականացման աջակցող կազմակերպութիւններ կան, Հայաստան միակը չէ: Բացի ատկէ, զարգացած երկիրներու  դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ եւս կը գիտակցին իրենց լեզուով կրթական պաշարներու ստեղծման կարեւորութեան` աշակերտներուն եւ ուսանողներուն յանձնարարելով ուիքիփետիայի մէջ յստակ թեմաներով յօդուածներ գրել եւ բաժիններ ստեղծել:

«Եթէ ուիքիփետիան չըլլար, համոզուած եղէք, որ համացանցի վրայ  հայերէնը կը յայտնուէր մեռնող լեզուներու շարքին: Փաստօրէն մեր օրերուն  բոլորը համացանցէն կ՛օգտուին», ըսաւ Մկրտչեան` աւելցնելով, որ իրենք կը սորվեցնեն մերօրեայ երիտասարդներուն գործել եւ միաժամանակ ձեւով մը օգտակար ըլլալ մայրենի լեզուին ու ժողովուրդին:

Հասարակական կազմակերպութիւնը պարբերաբար դասընթացքներ կը կազմակերպէ փափաքողներուն  համար` անոնց ներկայացնելով ուիքիխմբագիր դառնալու մանրամասնութիւնները, գրելու հմտութիւններ հաղորդելով, թեմաներու  ընտրութեան հարցին մէջ ուղղութիւն տալով:

Մկրտչեան նշեց, որ ուիքինախագիծերուն մէջ ընդգրկուած են պատանիներ ու երիտասարդներ, բայց հայալեզուի ազատ հանրագիտարանը նաեւ փորձառու մասնագէտներու կարիք ունի: Ան  յատկապէս առանձնացուց գիտահանրամատչելի կրթական պաշարներու պակասը:

Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպումներ ունեցած է  համալսարանականներու եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ներկայացուցիչներուն հետ: Բոլորն ալ կարեւոր նկատած են հասարակական կազմակերպութեան գործունէութիւնը, սակայն բովանդակութիւն ստեղծելու առումով աշխուժութիւն չեն ցուցաբերած: Մկրտչեան, սակայն, կը կարծէ, թէ տակաւին կատարուելիք շատ գործ կայ: Ան իբրեւ օրինակ մատնանշեց Չինաստանը, ուր թոշակառու գիտնականներուն յատուկ դասընթացքներ կը տրուին համակարգչային հմտութիւններ ձեռք բերելու համար, եւ անոնք կը դառնան ուիքիխմբագիրներ` ստեղծելով գիտական բովանդակութիւն ազատ հանրագիտարանի համար:

 

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնայ ուիքիխմբագիր դառնալ` Սուսաննա Մկրտչեան յայտնեց. «Ամէն մարդ կրնայ ըլլալ ուիքիխմբագիր: Այդ պատճառով պէտք է միմիայն այցելել ուիքիփետիայի կայք, սեղմել կայքի վերեւի աջ անկիւնը գտնուող  «Ստեղծել մասնակիցի հաշիւ» գրութեան վրայ եւ հետեւիլ հրահանգներուն: Իսկ բովանդակութիւն ստեղծելու համար պայման է նախ թեման որոշել, ապա փնտռել` ստուգելով, որ այդ թեմայով նիւթ չկայ հանրագիտարանին մէջ: Ցանկալի է փնտռել նաեւ ռուսերէնով եւ անգլերէնով` վերջնականապէս համոզուելու, որ թեմայի հայերէն տարբերակը չկայ (ըլլալու պարագային այլալեզու էջէ նոյն թեմայով դէպի հայերէն հրապարակումը յղում կ՛ըլլայ): Այնուհետեւ, կրնաք անցնիլ բովանդակութիւնը շարադրելուն` յիշելով, որ հանրագիտարանին մէջ  նիւթերը փաստերու վրայ պէտք է հիմնուած ըլլան, ոչ թէ կարծիքի: Իսկ նիւթերու ստոյգ ըլլալը ապահովելու համար կը պահանջուի նշել նիւթին  աղբիւրները:

Այս մարզին ծանօթ չեղողներուն ուղղելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Նորեկներուն կոչ կ՛ուղղեմ չվախնալ սխալ ընելէ եւ բան մը խանգարելէ: Այստեղ բոլորը իրարու կ՛օգնեն, համագործակցային միջավայր կայ»:

Այլ ծրագիրներու մասին խօսելով` Ս. Մկրտչեան տեղեկացուց. «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը  կ՛իրականացնէ նաեւ այլ ուիքինախագիծեր, որոնցմէ կ՛արժէ նշել  ուիքիդարանը եւ ուիքիբառարանը:

Ուիքիդարանը առցանց գիրքերու շտեմարան է, ուր ներկայացուած են հայ եւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւնները: Արդէն 6200-է  աւելի նիւթ տեղադրուած է այստեղ:

Քիչ մը դժուար է այն առումով, որ հեղինակային իրաւունքի հետ գործ ունինք, ինչ որ չենք կրնար խախտել: Համացանցին մէջ կարելի է տեղադրել միայն այն գործերը, որոնց օգտագործումը ազատ է, այսինքն` հեղինակին մահէն անցած է 70 տարի:

Իսկ ուիքիբառարանը բացատրական եւ հոմանիշներու բառարանի առցանց մէկտեղումն է: Այստեղ արդէն ներկայացուած է շուրջ 34 հազար բառի բացատրութիւն: Ուիքիբառարանի համալրման գործին մէջ հասարակական կազմակերպութիւնը ներգրաւած է դպրոցական պատանիներ: Վանաձորի Արեւածագ գիւղին մէջ ուիքիակումբ հիմնուած է, ուր մօտ 30 աշակերտներ կը համալրեն առցանց բառարանը: Ուիքի-ակումբներ կը հիմնուին նաեւ Ապարանի, Եղուարդի եւ  Աշտարակի մէջ, ուր փափաքողը իր լուման կը ներդրէ հայերէն ուիքիպաշարներու զարգացման գործին մէջ, կրնայ նաեւ աջակցութիւն եւ խորհրդատուութիւն ստանալ: Սակայն, նման ակումբներ ունենալը յատուկ ծախսեր կը պահանջէ, ինչ որ կարելի է իրականացնել հովանաւորներու օգնութեամբ:

«Ուիքիմեդիա Հայաստան» կազմակերպութեան նախագահը հաստատեց, որ բաղդատելով անցեալին գոյութիւն ունեցող վիճակին հետ` աննախադէպ է հանրութեան աշխուժութիւնը ուիքիպաշարները համալրելու գործին մէջ: Այդ աշխատանքին մեծապէս նպաստած է յատկապէս «Մէկ հայ, մէկ յօդուած» նախաձեռնութիւնը: Սակայն արդիւնաւէտութեան համար պայման է  առնուազն 2-3 հազար աշխուժ խմբագիր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ  Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տակաւին այդ ուղղութեամբ կատարուելիք հսկայ գործ կայ:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարսողական Դժուարութիւններ» Նիւթով

Յաջորդը

«Կարօտը Մեր Թատերախաղի Գլխաւոր Հերոսն է, Այսօրուան Ու Բոլոր Ժամանակներու Հայը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Առաքելեան

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.