Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

100-Ամեակ. Անդրադարձա՞նք, Որ Պէյրութի «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» Օրաթերթը Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

Մարտ 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տարածուն եւ ազդեցիկ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» լիբանանեան օրաթերթը, իր գրական բաժինին մէջ, հինգշաբթի, 5 մարտին, լայնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Այս առիթով, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, շուրջ քառասուն հրատարակութիւններէ ընտրած է չորսը: Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ 2015-ին ֆրանսերէնով լոյս տեսած քանի մը գիրքեր. Dans les ruines : les massacres d’Adana, Avril 1909 de Zabel Essayan, Phébus/Libretto, 2015 ; Détruire les Arméniens : histoire d’un génocide de Mikaël Nichanian, PUF, 2015, 273p. ; Le rêve brisé des Arméniens, de Gaïdz Minassian, Flammarion, 2015, 360p ; Le génocide des Arméniens : un siècle de recherches (1915-2015) du Conseil scientifique international pour l’étude du génocide des Arméniens, Armand Colin, 2015, 368p: Այս գլխաւոր հրատարակութիւնները յիշատակելէ ետք, խմբագրութիւնը կ’աւելցնէ, որ շահագրգռուողները կրնան նաեւ նկատի ունենալ հետեւեալ հրատարակութիւնները. Les Arméniens 1917-1939, La Quête d’un refuge, sous la direction de Raymond Kévorkian, Lévon Nordikian et Vahé Tachjian, PUSJ (Beyrouth), 2007, 420p. ; un magnifique album souvenir qui raconte, photos à l’appui, l’installation des réfugiés arméniens au Liban et an Syrie dans les années qui ont suivi le génocide; Mémorial du génocide des Arméniens de Raymond kévorkian et Yves Ternon, Seuil, 2015, 498p ; Comprendre le génocide des Arméniens, de 1915 à nos jours de Hamid Bozarslan, Raymond Kévorkian et Vincent Duclert, Tallandier, 2015, 384p ; La France face au génocide des Arméniens de Vincent Duclert, Fayard, 2015, 424p.:

Հարուստ մատենագիտութիւն մը` յիշելու, եւ միջազգային հանրային կարծիքին յիշեցնելու Հայկական հարցին այժմէականութիւնը: Բարոյախօսութիւն ընելու ցանկութիւն չունիմ, բայց կ’ուզեմ յիշեցում մը ընել. մեր օտար բարեկամներուն, մանաւանդ մտաւորականներուն եւ քաղաքական գործիչներուն ինչո՞ւ չնուիրել այս գիրքերէն մէկը կամ երկուքը, որպէսզի լուսաբանուին: Լուսաբանուած անհատը ոչ թէ բարեկամական-զգացական վերաբերումով կը զօրակցի անիրաւուած հայ ժողովուրդի դատին, այլ հիմնաւորուած գիտակցութեամբ: «Լ՛Օրիան լը Ժուր»-ի թելադրած մատենագիտական ցանկը, թէեւ խիստ սահմանակ, ժամանակակից է եւ օգտակար:

L’ORIENT-LE JOUR LITTERAIRE յստակութեամբ եւ պարզութեամբ կը ճշդէ, որ նշուած զանազան եւ լրացուցիչ հրատարակութիւնները, լուրջ եւ միաժամանակ դիւրահասկնալի, կը պարզեն «այս ողբերգութիւնը, որուն պատասխանատուութիւնը Թուրքիան դեռ չի յաջողիր ընդունիլ»:

Ուզեցի արտագրել մատենագիտութիւնը` ինչպէս որ է: Նպատակս չէր յօդուած գրել լուսաբանելու համար հայ ընթերցողը (աւելի լաւ` եթէ ան ալ դիմէ այդ գիրքերուն), այլ` ըսելու համար, որ այդ գիրքերու ցրւումը քաղաքական աշխատանք է: Եթէ անոնք մուտք գործեն դպրոցական եւ համալսարանական  գրադարանները, հասնին թերթերու խմբագրութիւններուն, մեր քաղաքապետին, մեր երեսփոխանին, ոչ միայն Լիբանանի, բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով կ’առաջնորդեն հանրային կարծիքը, կը պատկանին որոշում կայացնողներու շրջանակին, մենք իմաստուն կերպով կը հետապնդենք Հայ դատը, որ տարբեր որակ կ’ունենայ աղմուկէ եւ կարգախօսներու կրկնութենէ:

Ուշադրութեան արժանի է խմբագրականը` խորագրուած «Մաքրագործում» (Épuration), ստորագրուած` Ալեքսանտր Նաժժարի կողմէ: Ան առաջին տողէն իսկ ցոյց կու տայ տեւող գիծը, այն, որ` «Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք մոլորակը թատերաբեմն է նոր ցեղասպանութեան մը` Արեւելքի քրիստոնեաներուն, հալածուած, առեւանգուած կամ սպաննուած` ընդհանուր անտարբերութեան մէջ»: Այդ անտարբերութիւնը կը բացատրէ «կեցուածք»-ներով, որոնք սովորութիւնն են Արեւմուտքի, այդ պատճառով ալ ան միշտ մսկոտ եղած է շահախնդրութիւններէ` հրաժարելով հարցերը քննելու եւ յանգելու արդարակորով լուծումներու, եւ ինչպէս կ’ըսէ Ալեքսանտր Նաժժար, Արեւմուտքը «կը շարունակէ կրակի հետ խաղալ»:

Ներկայ կացութեան նկատմամբ որդեգրուած մսկոտութեան համար Ալեքսանտր Նաժժար կը խօսի Արեւելքի քրիստոնեաները արմատախիլ ընող ընթացքի մասին, «վերստին խաղալով, խլացնող լռութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը»:

Օրինակելի է L’ORIENT-LE JOUR LITTERAIRE, որուն այս թիւը կարելի է վերահրատարակել եւ ցրուել: Ոչ ոք պիտի կարենայ ըսել հայերն են խօսողները…

Ի դէպ, հարցում մը. պատահա՞ծ է, որ հայ մարդիկ, յանձնախումբերու եւ մարմիններու անդամներ, հեռաձայնեն թերթի խմբագրութեան եւ Ալեքսանտր Նաժժարին… Մեծահոգիներու ծաղիկ պէտք է նուիրել, նոյնիսկ երբ նախագահ, վարչապետ, նախարար, երեսփոխան կամ կուսակցապետ չեն:

Եթէ միջոց ունենայի, հարցախոյզ մը ընել կու տայի գիտնալու համար, թէ L’ORIENT-LE JOUR LITTERAIRE, 5 մարտ 2015-ը քանի՞ հայու տուն կամ գրասենեակ իջեւանած է, ամպագորգոռ ժողովներու օրակարգ եղա՞ծ է…

 

9 Մարտ 2015

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նորայր Ասլանեան Կոլի Հեղինակ` Այաքսի Բ. Խումբին Բերդին Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?