Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական 100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Մարտ 12, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
2
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարացի է ժողովրդային ակնկալութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը իրաւամբ պէտք է նոր բարձրակէտ նուաճէ եւ արտակարգ հնչեղութիւն ապահովէ իր տարողունակութեամբ եւ ձգելիք արձագանգներով:

Խնդիրը նշումի տարողութեան, ոչ հայկական` պետական, հասարակական, զանգուածային առաւելագոյն շրջանակներ ներգրաւելու վրայ կը կեդրոնանայ: Եւ այս առումով, պարզ է, որ հայ մարդը կը սպասէ առաւելագոյն կարելին, թէ՛ իբրեւ բարձրորակ, թէ՛ իբրեւ իւրայատուկ եւ թէ՛ իբրեւ արձագանգում ապահովող հսկայածաւալ ձեռնարկներու շարք:

Քանի մը տարիէ ի վեր 100-ամեակի պետական թէ տարածաշրջանային յանձնաժողովները կը քննարկեն, կը ծրագրեն եւ կ՛իրականացնեն տարբեր բնոյթի հաւաքներ, խորհրդաժողովներ, մշակութային ձեռնարկներ, խորքին մէջ քանի մը տարուան կտրուածքով 100-ամեակի շրջանակներուն մէջ տեղադրելու համար այն բոլորը, որոնք ցեղասպանութեան հետ կ՛առնչուին:

Պետական յանձնաժողովի պարագային բարձրակէտի տանող նախատեսուած ծրագիրները կը կեդրոնանան.

Ա. Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան տարեկան համագումարը Երեւանի մէջ կազմակերպելու,

Բ. Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները սրբադասելու,

Գ. Ցեղասպանութեան հիմնարկ – թանգարանը ժամանակակից յարմարութիւններով յագեցած  մասնաշէնքով օժտելու,

Դ. Ցեղասպանութեան խորհրդանիշի վերածուած հանճարեղ Կոմիտասի թանգարանի հաստատումին,

Ե. Երեւանը ցեղասպանագիտութեան բարձրագոյն ուսման եւ մասնագիտացման կեդրոնի վերածելու,

Զ. Աշխարհի տարբեր կեդրոններու մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւներու կրկնօրինակներու Երեւան համախմբման եւ մէկտեղման,

Է. 100-ամեակին նշումին միջազգային քաղաքական բնոյթ ապահովելու եւ միջազգային հանրութեան լուսաբանման կարգով հասանելի դառնալու վրայ:

Այս կէտերը ամփոփ բանաձեւերն են տեղի ունենալիք նշումներէն միայն հիմնականներուն: Պարզ է սակայն, որ ձեռնարկներու կազմակերպումով չի սահմանափակուիր թուականի այս շրջադարձը:

100-ամեակը պատմութեան էջերուն պիտի նշուի նաեւ կարեւորագոյն երկու փաստաթուղթով: Առաջինը, Համահայկական հռչակագիրն է, որ խորքին մէջ Հայ դատի յղացքի ժամանակակից եւ համահայկական ընկալումն է, եւ որ իբրեւ ուղենիշ կը ճշդէ թէ՛ պետական գերատեսչութիւններուն եւ թէ՛ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետագայ աշխատանքներուն հիմնադրոյթները: Հռչակագիրին նշանակութիւնը կ՛անդրանցնի 100-ամեակը եւ կը նախանշէ նոր ձեւաչափերով համազգային հիմնախնդիրներու հետապնդման համար աշխատելու եղանակներու որդեգրումը:

Երկրորդ կարեւոր փաստաթուղթը պիտի ըլլայ համայն հայութեան պահանջներու ներկայացման իրաւական թղթածրարը: Հռչակագիրը խորքին մէջ որոշ հայեցակարգային նախաբան կատարած է այս ուղղութեամբ: Այս երկրորդը ուղղակի իրաւագիտական բնոյթ ունի եւ նկատի կ՛առնէ միջազգային օրէնքի ճշդած իրաւաչափութիւնները: Թղթածրարը ի վերջոյ կը բանաձեւէ մեր համազգային պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը:

Այս բոլորը իրադրային կարեւորութիւն կը ներկայացնեն եւ իբրեւ այդպիսին աննախընթաց շրջադարձեր կ՛ընդգծեն: Հսկայածաւալ ձեռնարկներու կազմակերպման եւ իրաւական նշանակութիւն ներկայացնող փաստաթուղթերու մշակման առընթեր սուր կերպով քաղաքական բաժին կայ, երբեմն աներեւոյթ, երբեմն աւելի տեսանելի, երբեմն ալ ծխածածկոյթներու տակ թաքնուած: Հիմնականօրէն Անգարա-Երեւան մրցապայքարին հետ կապուած է այս բաժինը եւ ապա երրորդ կողմին` այս կողմերուն հետ ունեցած քաղաքական յարաբերութիւններու ելեւէջերուն: Քաղաքական այս պարունակին մէջ պէտք է փորձել մեկնաբանել Ֆրանսայի նախագահին բարձրաձայն յայտարարութիւնը այդ օրը Երեւան ներկայ ըլլալու, այլոց կողմէ տակաւին անորոշութեան մէջ ձգուող կեցուածքները, ուրիշներու մերժումը եւ պատուիրակութիւններու մակարդակներու  ներկայացուածութիւնը:

Պէտք չէ շրջանցել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ 100-ամեակի նախաշեմին արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու որոշումը, որ ստորագրութիւններու յետս կոչման նախաորոշումը կարելի է նկատել: Երեւանը 100-ամեակի առիթով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մշակման համար իրաւաքաղաքական բոլորովին նոր բովանդակութեամբ փաստաթուղթի մշակման պէտք է ձեռնարկէ, եթէ միջազգային ընտանիքը այդ յարաբերութիւններու վերակենդանացման հրամայական դնէ կողմերուն առջեւ: Եւ նման որեւէ նոր փաստաթուղթի նախագիծ անպայման հիմնուած պիտի ըլլայ համահայկական հռչակագիրին եւ հատուցումներու իրաւական թղթածրարին ճշդած հիմնադրոյթներուն վրայ:

100-ամեակը շրջադարձային է այս բոլոր իմաստներով:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան Ուժերու Սրբագրական Շարժումի Պատուիրակութիւններն Ու Նախարար Ալեն Հաքիմը

Յաջորդը

Նալբանդեան Խօսք Պիտի Առնէ ԵԱՀԿ-ի Յատուկ Նիստին

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025

Comments 2

  1. Hagop Atamian says:
    10 years ago

    Յատկանշական Խմբագրական Ա:
    Մանաւանդ՝ «Հռչակագիրին նշանակութիւնը կ՛անդրանցնի 100-ամեակը եւ կը նախանշէ նոր ձեւաչափերով համազգային հիմնախնդիրներու հետապնդման համար աշխատելու եղանակներու որդեգրումը:»
    եւ՝
    «…Եւ նման որեւէ նոր փաստաթուղթի նախագիծ անպայման հիմնուած պիտի ըլլայ համահայկական հռչակագիրին եւ հատուցումներու իրաւական թղթածրարին ճշդած հիմնադրոյթներուն վրայ:»
    Երանի՜ իմ սերունդս կարենայ տեսնել գոնէ մասամբ մը վերոնշեալ ծրագիրներուն իրագործումը…:

    Յակոբ Ադամեան

    Reply
    • aztag says:
      10 years ago

      Շնորհակալութիւն Պրն. Ադամեան արձագանգումին համար։
      Ազդակ

      Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?