Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակ Գրագէտներու Պատգամը Այսօր

Մարտ 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ  ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այժմ արդէն բազում տարիներու հեռաւորութենէն կ՛անդրադառնամ, որ մեր սերունդը, որ հասակ առաւ սփիւռքի կազմաւորման տարիներուն, իր ոգեղէն սնունդը կը պարտի նահատակ գրագէտներու եւ անոնց վերապրող սերնդակիցներու մատուցած հանապազօրեայ հացին: Մենք բախտը ունեցանք մեծ ուսուցիչներու ջանքէն, հաւատքէն, տեսիլքէն ծնած կրթարաններու աշակերտները ըլլալու: Կրթութեան այդ բոյները յեղափոխական գործի նոր մարտկոցներն էին: Անոնք իրենց համեստ դիրքերէն ճակատ յարդարեցին աշխարհակալ ուժերու, եւ առաջին հերթին` ցեղասպան Թուրքիո՛յ, դաժան վճիռին դէմ եւ օրը-օրին մեղուային աշխատանքով ստեղծեցին պատմական այն հզօր իրականութիւնը, զոր այսօր սփիւռք կը կոչենք: Եւ այդ գործին մեծ ներշնչումը կու գար նահատակ գրագէտներու անմեռ պատգամէն:

Ես կը խօսիմ անցեալ դարու յիսունական թուականներու յիշողութիւններով: Կը խօսիմ Համազգայինի անդրանիկ Ճեմարանին մասին (*), որուն հիմնադիրներն էին Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, եւ որուն սիւները եղան անոր իրերայաջորդ տնօրէններն ու ուսուցիչները. բազմերախտ մշակներու այն պայծառ հո՛յլը` որ սերունդ առ սերունդ ձեւաւորեց մեր ճեմարանական մշակոյթը: Ձեւաւորեց անոր արժէքային համակարգը: Անոր ոգի՛ն: Իսկ այդ առաքելութեան մէջ, հիմա կ՛անդրադառնա՛մ, մեծ եղաւ դերը նահատակ գրագէտներուն: Անոնք, բնականաբար, չկային, երբ մեր սերունդը աշխարհ կու գար եւ սակայն անոնք մեզի հետ էին® Անոնք քայլ առ քայլ կը հետեւէին մեր քայլափոխին մեր տուներէն, մեր դպրոցներէն, մեր ակումբներէն, մեր եկեղեցիներէն: Անոնք Բանի իշխաններն էին, բանաստեղծնե՛րը, որոնց գրչէն ծնած Բանը կարելի չէր խափանել. կարելի չէր լռեցնել. կարելի չէր ոչնչացնե՛լ: Թուրք պետութեան էութիւնը մարմնաւորող Չերքեզ Ահմետը, որ նողկալի գոռոզամտութեամբ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս քարերու տակ ճզմած էր Գրիգոր Զօհրապի եւ Վարդգէսի գլուխները եւ տրորեր` անոնց ուղեղնե՛րը, բնականաբար պիտի չգիտնար, թէ ինք որքա՜ն անզօր էր արարչական այդ հզօր Բանին առջեւ:

Ես կը յիշեմ. այդ տարիներուն, երբ անկախ պետականութիւնը դեռ լուսեղէն երազ մըն էր մեզի համար, յաճախ կը խօսուէր հոգեկան հայրենիքի ուժականութեան մասին: Նահատակ գրագէտները , իրենց երկաթեայ տողերով, մեզի համար ստեղծեր էին հոգեկան հայրենիքի այդ պարարտ տարածութիւնը: Բացի Գրիգոր Զօհրապէն եւ Թլկատինցիէն, անոնք բոլո՛րն ալ երիտասարդներ էին եւ կը գտնուէին իրենց ստեղծագործական կեանքի թարմ փուլին մէջ, երբ զոհ գացին թուրք պետութեան ցեղասպանական դաւին: Եւ սակայն կեանքի այդ նեղ միջոցին մէջ իսկ անոնք կերտեցին ոգիի անպարտելի միջնաբերդ մը` Գեղամ Բարսեղեանի գեղեցիկ բնորոշմամբ` Հայաստանեայց Գրականութիւ՛նը:

Յայտնեմ անմիջապէս, որ Լեւոն Շանթի մանկավարժական ծրագրէն յատուկ նրբազգացութեամբ եւ հետեւողականօրէն դուրս պահուած էր ամէն ինչ, որ կ՛առաջնորդէր զոհի մտայնութեան: Ինք մեծ հոգեբան մըն էր եւ կը հաւատար, որ Ճեմարանի եւ առհասարակ սփիւռքի հայակրթութեան օճախներու առաքելութիւնն էր զօրաշարժի ենթարկել նոր հայուն գիտակցական ուժականութիւնները եւ զայն հեռու պահել ամլացնող եւ ջլատող մտավիճակներէն: Անշուշտ այդ մէկը չէր նշանակեր չյիշել Եղեռնը եւ չանդրադառնալ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն: Ճիշդ հակառա՛կը: Շանթ եւ իր ընկերները իրենց առջեւ խնդիր դրած էին ամէն գնով յաղթահարել սուգը, յաղթահարել Եղեռնը եւ եղեռնագործին լարած թակարդը շպրտել իր երեսին: Այսինքն` ձեւաւորել այն պահանջատէր հա՛յը, որ պիտի կարենար հաստատաքայլ խիզախել դէպի ապագան: Այս յեղափոխական ռազմավարութեան էական տարրերը կու գային նահատակ գրագէտներու տոկուն աշխարհահայեացքէն: Նահատակ գրագէտներն ու իրենց սերնդակիցները 20-րդ դարու առաջին տարիներուն լծուած էին մեծ գործի մը, այսինքն` հայրենի բնաշխարհի ոգեկան նոր զարթօնքը հոյակերտելու մեծ գործին: Այդ գործն էր, որ մնացեր էր անաւարտ եւ այդ գործին նոր դարաշրջանն էր, որ պէտք էր նախապատրաստել վերանորոգ իմաստութեամբ: Այդ գործին էր, որ նուիրուեցան Լեւոն Շանթ եւ իր զինակիցները ամէնուրեք եւ այդ պայքարի պատնէշին վրայ մնացին մինչեւ մահ:

Այս առումով, նահատակ գրագէտներու պատգամը մեծ այժմէութիւն ունի յատկապէս այսօր: Անոնք մեծ ուսուցիչներն են: Անոնց գործը մեր ոգիի բնակարանն է: Անոնց մաքրամաքուր էութիւնն է, որ պիտի թելադրէ հայ մարդուն բարոյական վարքագիծը մեծ մարտահրաւէրներու այս ժամանակաշրջանին: Անոնց առջեւ է, որ տեղի պիտի ունենայ մեր կեանքի իսկական հաշուետւութիւնը: Յարգա՜նք իրենց եւ իրենց անաւարտ գործը շարունակող առաքեալներու յիշատակին:

 

(*) Անցեալին` «Նշան Փալանճեան Ճեմարան, որ այսօր կը կոչուի Մելանքթոն եւ Հայկ Ասլանեան Ճեմարան (Պէյրութ):

 

 

Նախորդը

1919-ին «Տը Կարտիըն» Կը Գրէր Ղարաբաղի Հայերուն Դէմ Գործադրուած Ջարդերուն Մասին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In