Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1919-ին «Տը Կարտիըն» Կը Գրէր Ղարաբաղի Հայերուն Դէմ Գործադրուած Ջարդերուն Մասին

March 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Guardian Logo_Final Revised 3_18_08Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը իր երեքշաբթի, 15 յուլիս 1919-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Հայկական ջարդ. հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ սպաննուած» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը կարդանք.

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի մէջ հայ պետական աղբիւրէ մը ստացած է 17 յունիս թուակիր զեկուցում մը, որ մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ վերջերս Ղարաբաղի մէջ հայերու ջարդը: Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ զինադադարէն (Համաշխարհային Ա. պատերազմի) ութ ամիս ետք Կովկասի մէջ հայ կիներ ու մանուկներ ջարդուած են:

«Յունիս 4-ի առաւօտեան ժամը երեքին Ազրպէյճանի թաթար կառավարութեան զինեալ ուժերը հայկական Ղարաբաղ նահանգի կառավարիչ նշանակուած տոքթ. Սուլթանովի հրամանով սկսան յարձակում գործել մայրաքաղաք Շուշիի վրայ: Հայերը Սուլթանովէն վերատիրացան ամրութիւններուն, սակայն Հայ ազգային խորհուրդի անդամները, յաւելեալ արիւնահեղութենէն զգուշանալու համար հեռացան քաղաքէն: Այն հայերը, որոնք գործով քաղաքի թաթարական շրջանին մէջ էին կամ այդտեղ կ’ապրէին, անողոքաբար ջարդուեցան:

«Այդ արարքները յաջորդող օրերուն տարածուեցան ամբողջ երկրին մէջ, եւ այդ շրջանին մէջ բնակող քիւրտերը ջարդեցին Խայփալիի խաղաղ բնակչութիւնը` հրկիզելով, աւարելով եւ քանդելով ամէն բան, ինչպէս նաեւ կիներ ու փոքր աղջիկներ գերեվարելով: 50 կիներ եւ աղջիկներ տարուեցան կառավարիչ Սուլթանոֆի տունը, որ զանոնք երկու օր ետք Վահան սրբազանի եւ ուրիշներու միջամտութեան իբրեւ արդիւնք վերադարձուց: Քարկաժան, Փահլուլ եւ Ճամուշլի գիւղերը նոյն ճակատագիրին արժանացան, իսկ երկու այլ գիւղեր մասնակիօրէն վնասներ կրեցին:

«Զոհերուն ընդհանուր թիւը աւելի քան 600 է, որոնցմէ շատերը կիներ ու մանուկներ են: Մարդիկ Երեւանի մէջ Բրիտանական առաքելութեան շէնքը կը պաշարեն` պահանջելով արդարութիւն: Կը հաղորդուի, որ Կովկասի մէջ դաշնակից ուժերու հրամանատարը ձերբակալած է տոքթ. Սուլթանոֆը»:

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթ Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Նահատակ Գրագէտներու Պատգամը Այսօր

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.