Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրֆայի Դիւցազնուհի` Մարիամ Չիլինկիրեան

Մարտ 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

3-10-15_MariamՄարիամ շէն ու սրամիտ, պաղարիւն ու յանդուգն աղջիկ մըն էր, որ պատրաստ էր ամէն վտանգի մէջ նետուելու եւ նոյնիսկ ամենաճգնաժամային վայրկեաններուն կռուողներուն տրամադրութիւնը կը բարձրացնէր իր վարակիչ եռանդով: Թեթեւ մը կաղալուն պատճառով կատակի համար զայն Թիմուրլենկ կը կոչէին:

Մարիամ Ուրֆայի ՀՅԴ Կարմիր խաչի սիւներէն էր: Հերոսամարտի ընթացքին նշանաւոր դարձաւ ոչ միայն իբրեւ տիպար գթութեան քոյր, այլեւ` իբրեւ մարտիկներուն անձնուէր գործակիցը: Երբ թուրքերուն դիրքերէն ճերմակ դրօշակ մը պարզուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ, որ Ֆախրի փաշա երկու հոգի կ՛ուզէ բանակցութեան համար, Մարիամ անմիջապէս առաջ անցաւ, իսկ իրեն հետեւեցաւ իր մտերիմ գործակիցը` Ազնիւ Միրզոյեան-Պուրճագեան: Այդ վայրկեանին յանդուգն Մարիամի մտքէն անգամ չանցաւ, որ կրնայ դաւադրութեան մը զոհ երթալ: Երբ հասան փաշային մօտ, այս վերջինը շատ յարգալիր վերաբերում ունեցաւ ու ըսաւ. «Զաւակներս, կը հիանամ ձեր քաջութեան վրայ, կը ցաւիմ, որ ստիպուած եմ կռուիլ ձեզի պէս հերոսներու եւ հերոսուհիներու դէմ, սակայն տարբեր չենք կրնար վարուիլ պետութեան անհնազանդ եղողներուն հետ: Կը մեղքնամ ձեր ժողովուրդին, կ՛ուզեմ, որ վերադառնաք ու խօսիք ձեր հրամանատարին. դուք ձեր ունեցած ուժերով ասկից աւելին չէք կրնար ընել բանակի մը դէմ»:

Սակայն երկու հայուհիները պատասխանեցին.  «Շա՛տ լաւ, կը խօսինք, սակայն կը մոռնաք, որ կռիւը մեք չենք սկսած, մեր երիտասարդներն ու առաջնորդը տարիք` սպաննեցիք, ձայն չըրինք: Ինչ որ պահանջեցիք, տուինք, այլեւս ի՞նչ կ՛ուզէք մեզմէ: Ձեր կատարած անգթութիւններուն փոխարէն` ահա գերի ինկած թուրք զինուորներ կը պահենք առանց անոնց վնաս մը հասցնելու: Դադրեցուցէք յարձակումները, ու մենք դարձեալ հաւատարիմ հպատակներն ենք կառավարութեան» (Տես, Արամ Սահակեան, «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», էջ 879): Մարիամն ու Ազնիւը թուրք գերի զինուորներու հարցը յատկապէս մէջտեղ դրին, որպէսզի իրենց վերադարձին արգելք չդրուի:

Անշուշտ փաշան չընդունեց իրենց առաջարկը, սակայն հպարտ հայուհիներուն կորովի կեցուածքը երբեք չմոռցաւ:

Ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին Մարիամ գործեց նոյն թափով եւ նոյն ոգիով` մարտիկներու կողքին կռուեցաւ, վիրաւորները խնամեց, յուսահատները մխիթարեց, իսկ հերոսամարտէն ետք, ժողովուրդին բեկորները ապահով թաքստոցներ առաջնորդեց կամ օտար հաստատութիւններու մէջ պատսպարեց: Ուրիշներու կարգին Մարիամ ալ ձերբակալուեցաւ եւ 101 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, սակայն 1918-ին զինադադարին ազատ արձակուեցաւ: Հետագային Ամերիկա փոխադրուեցաւ եւ հոն ալ ամուսնացաւ: Ամերիկայի մէջ Մարիամ ունեցաւ հանրային լայն գործունէութիւն եւ միշտ պահեց նոյն նուիրումը հայութեան տարագիր բեկորներուն հանդէպ:

 

Նախորդը

«Կարօտը Մեր Թատերախաղի Գլխաւոր Հերոսն է, Այսօրուան Ու Բոլոր Ժամանակներու Հայը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Առաքելեան

Յաջորդը

Զօրակցական Հաւաք` Հայրենի Սահմանը Պաշտպանող Զինուորներուն

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?