ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Կիներու միջազգային օրը միջազգային ձախակողմեան մտքին մէջ ունի իր աւանդական պատմութիւնը, որ սկզբնապէս բերանացի կերպով շրջանառութեան մէջ դրուած է ֆրանսական ընկերվարական շրջանակներու կողմէ: Ըստ այս աւանդութեան, 8 մարտ 1857-ին Նիւ Եորքի մէջ հագուստեղէնի եւ հիւսուածեղէնի գործարաններու կին աշխատաւորներ բողոքի ցոյցերու դիմած են` դժգոհելով իրենց աշխատանքային շատ վատ պայմաններէն եւ ընդհանրապէս ցած աշխատավարձերէն: Աւանդութեան համաձայն, ցոյցերը ճնշուած են զինու զօրութեամբ եւ ոստիկանութեան հալածանքին ներքեւ: Թէ որքանո՛վ հաւաստի է այս աւանդական տեղեկութիւնը` կը մնայ ստուգելի:
Սակայն փաստ է, որ այս աւանդութիւնը հետագային ընկերվարական մտքին մէջ պիտի ամրապնդէր այն անտեղիտալի համոզումը, որ կիներու իրաւունքներու հետապնդումը ուղիղ կապ ունի աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու հետապնդման գաղափարին հետ եւ մէկը միւսէն կարելի չէ անջատել: Եւ երբ 1911 թուականին Ընկերվարական Բ. միջազգայնական Քոփենհակընի համագումարին գլխաւորաբար գերմանացի կին ընկերվարական մտածող Քլարա Ցեթքինի ջանքերով Կիներու միջազգային օրը առաջին անգամ որդեգրուեցաւ եւ այս առիթով առաջին նշումը կատարուեցաւ, այդ օրը նշուեցաւ իբրեւ Աշխատաւոր կիներու միջազգային օր` շեշտելու համար անոր զուտ ընկերային եւ դասակարգային բնոյթը:
Միջազգային ընկերվարական շարժումի պատմութեան մէջ Քլարա Ցեթքինին անունը անբաժանելի եղած է կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարէն` մեկնելով աշխատաւորական եւ ընկերային պայքարի հասկացողութենէն: Ասիկա այն ժամանակաշրջանն էր, երբ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ տիրական էր մարքսեան դպրոցը եւ ընկերային երեւոյթներու վերլուծման մէջ` մարքսեան հասկացողութիւնը: Նոյնիսկ անոնք, որոնք միջազգային ընկերվարական շարժման մէջ կը մեկնէին Քարլ Մարքսի տեսութիւններուն նկատմամբ քննադատական մեկնակէտէ, այդուհանդերձ, մարքսեան մեթոտաբանութիւնը կ՛ընդունէին իբրեւ հիմք` հարցերու վերլուծման մէջ: Ասկէ զատ նաեւ կար ուրիշ հարց մը, որ կը վերաբերէր մեր նիւթին մաս կազմող երկրորդ գաղափարական ուղղութեան, որ ֆեմինիզմն է: Այդ նոյն ժամանակաշրջանին ֆեմինիստական շարժումին մէջ կար քաղքենիական ուղղութիւն մը, որ կիներու իրաւունքները կը սահմանափակէր միայն ու միայն քաղքենի դասակարգի կիներուն ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք շնորհելու երեւոյթին մէջ` առանց անդրադառնալու կիներու դիմագրաւած ընկերային թէ քաղաքական միւս հարցերուն: Ընկերվարական ֆեմինիզմի տեսութիւնը հակադրելով քաղքենիական ֆեմինիզմի տեսութեան` Քլարա Ցեթքին եւ իրեն համախոհ ընկերվարական մտածողները եկան այն եզրակացութեան, որ կայ կիներու ազատագրումի հարց` իբրեւ մէկ բաժինը աշխատաւոր մարդուն ազատագրման, եւ անշուշտ խօսքը այստեղ կը վերաբերի ընկերային-տնտեսական, դասակարգային ազատագրման` նախ եւ առաջ: Չի բաւեր միայն քաղաքական իրաւունքներ տալ սակաւաթիւ կիներու, որոնք կը պատկանին հարուստ դասակարգին, այլ անհրաժեշտ է կնոջական իրաւունքներուն մօտենալ համապարփակ հասկացողութեամբ` սկսելով աշխատանքային պայմաններուն բարելաւման համար պայքարէն մինչեւ ընկերութեան մէջ արմատացած կարծրատիպերուն քանդումը:
Այս վերջինիս շարքին ընկերվարական ֆեմինիստները մանաւանդ շեշտը դրին հայրիշխանական դրսեւորումներուն դէմ պայքարին եւ ազատ սիրոյ գաղափարին վրայ: Ինք` Քլարա Ցեթքին, մեկնելով ազատ սիրոյ գաղափարի այս արմատական սկզբունքէն, թէեւ համակրական ու սիրոյ կապ ունեցած է տղամարդու մը հետ, որդեգրած է անոր մականունը, անկէ երկու զաւակ ունեցած է ու հետը ապրած եւ պայքարած, բայց երբեք պաշտօնապէս չէ ամուսնացած անոր հետ` մերժելով ընտանիքի հաստատութեան գաղափարը:
Որպէսզի գիտնանք, թէ ի՛նչ ենթահողէ կը մեկնէր Քլարա Ցեթքին կիներու ազատագրման գծով իր ընկերվարական տեսութեան մէջ, պէտք է երթանք եւ կարդանք այս կնոջ նախնական գրութիւնները, որոնք, ինչ խօսք, կը ներկայանան իբրեւ ընկերվարական մտքի դասական գլուխ գործոցներ: Այս գրութիւններու շարքին է Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան Կոթայի համագումարին ընթացքին (1896) Ցեթքինի նշանաւոր ելոյթը, որ կը կրէ` «Միայն աշխատաւոր կնոջ մասնակցութեամբ ընկերվարութիւնը պիտի յաղթէ» խորագիրը: Այս նշանաւոր ելոյթին բնագիրը հետագային լոյս տեսած է առանձին գրքոյկով: Խօսելով կիներու ազատագրութեան հարցին մասին` Քլարա Ցեթքին կը նշէ, որ աշխատավարձի համար տունէն դուրս աշխատիլը կը մեծցնէ կնոջ անկախութեան շրջագիծը, ինչ որ ազատութեան նախապայմաններէն մէկն է, սակայն անպայմանօրէն չի նշանակեր այդ ազատութեան իրականացումը, որովհետեւ այդպիսով թէեւ աշխատաւոր դասակարգին մէջ կիները տնտեսական անկախութիւն ձեռք կը ձգեն, բայց տակաւին իբրեւ անհատներ չեն ունենար լիարժէքօրէն ապրելու կարելիութիւն, որովհետեւ կը ստանան միայն դրամատիրական արտադրութեան սեղանէն ինկած փշրանքները: Հետեւաբար աշխատաւոր դասակարգին մէջ կիներու պայքարը` իրենց ազատագրումին համար, երբեք ուղղուած չէ նոյն դասակարգէն տղամարդոց դէմ, ինչպէս որ քաղքենիական հասարակութեան մէջ քաղքենի կնոջ պայքարը ուղղուած կ՛ըլլայ քաղքենի տղամարդուն դէմ: Կիներու պայքարին վերջնական նպատակը, ըստ Քլարա Ցեթքինի, աշխատաւոր դասակարգին կողմէ քաղաքական իշխանութիւնը ձեռք ձգելն է` ուս ուսի պայքարելով աշխատաւոր տղամարդուն կողքին` դրամատիրական հասարակարգին դէմ: Նոյնիսկ եթէ կիները ձեռք ձգեն քաղաքական հաւասարութիւնը, ասիկա գոյութիւն ունեցող իրականութենէն ոչինչ պիտի փոխէ, որովհետեւ պիտի շարունակուի աշխատաւոր կնոջ շահագործումը` յար եւ նման աշխատաւոր տղամարդուն շահագործման:
Քլարա Ցեթքին իր այդ գրութեան մէջ պաշտպանեց այն գաղափարը, որ աշխատաւոր կիները պէտք չէ իրենց պայքարը սահմանափակեն քաղաքական մասնակի պահանջներու ներկայացումով, ինչպիսին էր ընտրելու իրաւունքը: Անոնք պէտք է պայքարին աշխատելու իրաւունք ձեռք ձգելու, աշխատավարձի հաւասարութեան, երեխաներու հոգատարութեան համար վճարուած արձակուրդի, կրթութեան իրաւունքին եւ այլ իրաւունքներու համար ալ: Կնոջական պայքարը դժուար է, կ՛ենթադրէ շատ աշխատանք եւ հսկայական զոհողութիւններ, «սակայն այս զոհողութիւնները անպայմանօրէն պիտի պտղաբերեն: Աշխատաւոր դասակարգը չի կրնար իր նպատակներուն հասնիլ, բացի եթէ իր բոլոր զաւակները միասնաբար պայքարին` առանց սեռերու միջեւ խտրականութեան: Աշխատաւոր կիներու հսկայ զանգուածներուն մասնակցութիւնը աշխատաւորութեան ազատագրութեան պայքարին, նախապայմաններէն մէկն է ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան յաղթանակին եւ ընկերվարական հասարակութեան կերտման»: Եւ այստեղ Ցեթքին կարեւոր կէտ մը կը նշէ ընկերվարութեան կերտման իմաստով: Ան կ՛ըսէ` միայն ընկերվարական հասարակութիւնը պիտի լուծէ այն տագնապը, որ յառաջացած է կիներուն աշխատանքային գործունէութեան պատճառով: Անգամ մը, որ ընտանիքը այլեւս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ իբրեւ տնտեսական կառոյց, եւ անոր կու գայ փոխարինելու ընտանիքին համար տարբեր հասկացողութիւն մը` իբրեւ բարոյական կառոյց, այն ժամանակ միայն կինը պիտի դառնայ հաւասարապէս ստեղծագործ, հաւասարապէս նպատակասլաց, յառաջադէմ ընկերակիցը իր ամուսնոյն, իր անհատականութիւնը պիտի ծաղկի, միեւնոյն ժամանակ ան ըստ կարելւոյն ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ պիտի իրագործէ իր առաքելութիւնը իբրեւ կին եւ մայր:
Քլարա Ցեթքին շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ աշխատաւոր կիները արհեստակցական միութիւններու մէջ կազմակերպելու իմաստով: Յստակ էր անոր մտածողութենէն եւ այդ մտածողութեան գործնականացումէն, որ ան մեծ կարեւորութիւն կու տար տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ սենտիքայական աշխատանքի միասնականութեան, որովհետեւ իր փորձը ցոյց տուած էր, որ աշխատաւոր կիներուն ճակատագիրը ամբողջովին կախեալ է աշխատաւոր տղամարդոց ճակատագիրէն: Միւս կողմէ, Ցեթքին շատ մեծ աշխատանք տարաւ կնոջական ընկերվարական կազմակերպութիւններուն օրակարգերը ձեւաւորելու առումով: Այսպէս, ան 1907 թուականին նախաձեռնեց Շթութկարթի մէջ Ընկերվարական կնոջական շարժումի առաջին միջազգային համագումարին կայացման, համագումարին մասնակցեցան 59 կիներ` 15 երկիրներէ: Իսկ արդէն նշեալ շարժումին 1910-ի համագումարին որդեգրուեցաւ Աշխատաւոր կիներու միջազգային օրը նշելու որոշումը, որ վերջնականապէս վաւերացուեցաւ 1911-ին` Ընկերվար Բ. միջազգայնականի համագումարին:
Աւելի քան 100 տարիներ անցած են այդ թուականէն: Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին կնոջական շարժումը արձանագրեց բազմաթիւ ձեռքբերումներ, ինչպէս նաեւ ունեցաւ բացթողումներ, կիներու նկատմամբ կարծրատիպերը յաճախ վերացան, կարգ մը տեղեր ալ տակաւին կը յամենան: Կը յամենայ նաեւ ընկերութեան ղեկավարման, արտադրական յարաբերութիւններու եւ ընկերային-տնտեսական դրուածքներու հայրիշխանական համակարգը` դրամատիրական հասարակութեան տիրական ներկայութեան կողքին: Դրամատիրական հասկացողութիւններուն հիման վրայ կառուցուած արտադրական եւ սպառման յարաբերութիւններուն ներկայ հանգրուանին լոյսին տակ որքա՛ն ուսանելի պիտի ըլլայ նորովի արժեւորումը կատարել կիներու ազատագրումի շարժումին: Այո՛, խնդիրը պէտք է դիտարկել այս արմատական հասկացողութեան շրջագիծին մէջ` կիներու ազատագրում ամէն տեսակի խտրականութենէ եւ ամէն տեսակի կարծրատիպէ: Այս ընդհանուր վերլուծումին ընդմէջէն կը շեշտուի անհրաժեշտութիւնը նաեւ կնոջական շարժումը չանջատելու իր ձախակողմեան ակունքներէն` անոնց ամբողջ տեսական հարստութեամբ: Աշխատաւոր կիներու միջազգային օրուան նշումը լաւ առիթ էր յիշատակելու ընկերվարական մտքի այս դասական հսկան` Քլարա Ցեթքինը, առանց որուն նախաձեռնութեան` այսօր Կիներու միջազգային օր գոյութիւն պիտի չունենար: Բայց առիթ է յիշելու նաեւ ընկերվարական մտքի միւս կին հսկաները` Ռոզա Լիւքսամպուրկը, Ալեքսանտրա Քոլոնթայը, Էլիանոր Մարքսը, որոնք կիներու ազատագրութեան շարժումին արմատական ընկերվարական պատկերացումը ստեղծեցին: Կիներու միջազգային օրը քեֆի, ֆոլքլորի օր չէ, գերազանցապէս պայքարի օրն է անիկա, ընկերվարական պայքարի օրն է անիկա: