Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Երկրորդ. ուսուցիչը կը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը:
Չի բաւեր սիրել ուսուցչական ասպարէզը, անհրաժեշտ է, որ ուսուցիչը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը: Ուսուցիչի այս երկու առանձնայատկութիւնները նոյնը կը թուին, բայց խորքին մէջ երկուքը տարբեր բաներ են, թէեւ իրարու լրացուցիչ:
Կան ուսուցիչներ, որոնք կը սիրեն ուսուցչութիւնը, բայց չեն սիրեր կարգ մը նիւթեր դասաւանդել ու նախասիրութիւն ունին այլ նիւթեր դասաւանդելու: Նոյնիսկ այս վերջիններուն մէջ կրնան գտնուիլ մասեր, որոնք չեն իյնար ուսուցիչներու նախասիրութիւններուն մէջ: Այդ է պատճառը, որ ուսուցիչը իր նախասիրութիւններուն մէջ չինկող բաժիններուն վրայէն յարաբերաբար աւելի արագ կ՛անցնի եւ մեծ թափով – կարծէք յանցանքէ մը դուրս եկած ըլլար – ու խանդավառութեամբ կը բացատրէ իր նախասիրած մասերը: Բայց չսիրել իր դասաւանդած նիւթը` պիտի նշանակէ մնայուն տառապանքի մէջ ըլլալ: Որքա՜ն տարօրինակ պիտի թուի, երբ բժիշկ մը յայտնէ ձեզի, թէ ինք երբեք հետաքրքրուած չէ բուժման արուեստով, թէ` երբեք չի կարդար բժշկական պարբերականներ եւ չի հետեւիր իր մարզի բժշկական նորութիւններով, թէ` բժշկութիւնը ապրուստ նկատելէ անդին ոչինչ կը նշանակէ իրեն համար, թէ` իր հիւանդները առողջական ի՛նչ վիճակ կը ներկայացնեն, եւ թէ` ինք հետաքրքրուած է միայն… ֆութպոլով: Վստահաբար դուք պիտի փոխէք ձեր այս բժիշկը: Բայց աշակերտները չեն կրնար փոխել իրենց ուսուցիչը. պիտի սպասեն առնուազն կրթական տարեշրջանի աւարտին, որպէսզի փոխեն իրենց դպրոցը, ընդ որում` իրենց ուսուցիչը:
Հետեւաբար, անտրամաբանական է երեւակայել անհատ մը, որ պատմութեան ուսուցիչ է եւ չի հետաքրքրուիր քաղաքականութեամբ, պատմական դէմքերու կենսագրութեամբ, պատմութիւնը շահագրգռող դէպքերով, կամ` պատմական նոր իրադարձութիւններով: Կրնայ պատահիլ, որ այս ուսուցիչը տիրապետած ըլլայ իր դասաւանդած նիւթին եւ հետամուտ ըլլալու սորվելու դէպքերը, դէմքերը` տեղով ու թուականով, բայց եթէ չի սիրեր իր դասաւանդած նիւթը, պիտի մնայ այն գիտելիքներով, որ սորված էր իր ուսուցչութեան առաջին տարին: Միւս կողմէ, երբեք պիտի չմոռնայ իր դասանիւթը, որուն վրայ պիտի աւելցնէ շատ տեղեկութիւններ, եթէ սիրէ զայն: Ուսուցչութիւնը կոչում է` մասնագիտութեան կողքին: Ուսուցչութիւնը կոչումի մասնագիտութիւնն է: Ու նաեւ`
Խի՛ղճ է ուսուցչութիւնը: Չարերը ուսուցիչ չեն կրնար ըլլալ. երբե՛ք:
Բնական երեւոյթ է, որ աշակերտները չեն սիրեր տարեցները` այս վերջիններուն ոչ ճկուն ըլլալու եւ քարացած մտածելակերպին եւ գաղափարներուն համար: Բայց աշակերտները աւելի կ՛ատեն իրենց ուսուցիչները, եթէ այս վերջինները անկեղծ չըլլան իրենց հետ: Անոնք կրնան հանդուրժել կոշտ ուսուցիչ մը, եւ երբեմն շատ բան կը սորվին անկէ, բայց չեն կրնար հանդուրժել կեղծաւոր մը:
Եւ ուսուցիչ մը, որ չի սիրեր իր դասաւանդած նիւթը եւ անտարբեր է անոր նկատմամբ` աւելի հաւանականութիւն ունի կեղծաւոր ըլլալու: Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ իր դասանիւթը, շատ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ իրեն համար դասաւանդել զայն` նոյնիսկ եթէ յոգնած է: Այն պարագային, երբ ուսուցիչը չկարենայ պատասխանել աշակերտի մը հարցումին, վստահաբար պիտի ընդունի, որ չի գիտեր եւ պիտի խոստանայ փնտռել անոր պատասխանը: Եւ վստահ պէտք է ըլլալ, որ աշակերտը երբեք պիտի չմեղադրէ իր ուսուցիչը, որովհետեւ այս վերջինը անկեղծ է իր մօտեցումներուն մէջ: Աշակերտը լաւ գիտէ, թէ ամենագէտ մարդ չկայ, եւ թէ` անիրականանալի բան է ամենագիտութիւնը, բայց ան ամէն գնով կը պահանջէ անկեղծութիւնը:
Ուրեմն, տիպար ուսուցիչը զգուշօրէն ընտրութիւն կը կատարէ իր դասաւանդելիք նիւթին կամ նիւթերուն` նախքան ամբողջականօրէն ուսուցչութեան նետուիլը: Սկսնակ ուսուցիչը իր նախասիրութեան համաձայն կը դասաւանդէ կարգ մը նիւթեր եւ որոշ փորձառութենէ ետք իր հետաքրքրութիւնները կը կեդրոնացնէ մէկուն կամ քանի մը հատին վրայ, որովհետեւ կը զգայ, թէ կը սիրէ զայն (կամ զանոնք):
***
Երրորդ. ուսուցիչը կը տիրապետէ իր դասաւանդած նիւթին:
Ուսուցիչը պէտք է, որ գիտնայ իր դասաւանդած նիւթը: Պէտք է, որ գիտնայ, թէ ի՛նչ կը դասաւանդէ: Ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ իր պարտաւորութիւնը քիմիաբանութիւն դասաւանդել է, պէտք է, որ տիրապետած ըլլայ իր դասանիւթին վրայ: Չի բաւեր, որ քիմիաբանութեան ուսուցիչը գիտնայ այնքան մը քիմիաբանութիւն, որքան կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ եւ որքան կը պահանջուի պետական կամ ամավերջի քննութեանց համար: Ան պէտք է գիտնայ աւելին: Պէտք է գիտնայ քիմիաբանութեան աւելի բարձր դասընթացքներուն առնուազն բովանդակութիւնը, հիմնական գիծերը, ինչպէս նաեւ ամէնէն կարեւոր յայտնաբերումները քիմիաբանութեան մէջ: Ասոր հիմնաւորումը այն է, որ կրնայ պատահիլ, որ աշակերտ մը բացառիկ ընդունակութիւններ ցուցաբերէ քիմիաբանութեան մէջ, ուսուցիչին պարտաւորութիւնն է քաջալերել աշակերտը, ցուցմունքներ տայ, թէ ի՛նչ կրնայ սորվիլ ան համալսարանին մէջ, ո՞ր հարցերը առկախ կը մնան քիմիաբանութեան մարզին մէջ, ինչպէ՞ս ապրած են ու կ՛ապրին, աշխատած են ու կ՛աշխատին անցեալի եւ այժմու քիմիագէտները:
Ուրեմն, ուսուցանելը անբաժան մասն է ուսանելուն: Հարկ է, որ ուսուցիչը հետեւի դասաւանդած նիւթին մէջ յայտնուող բոլոր նորութիւններուն: Ինչո՞ւ համար անհրաժեշտութիւն մըն է այս պարագան: Ինչո՞ւ համար ուսուցիչ մը պէտք չէ, որ բաւարարուի միայն իր մասնագիտութեան գիտելիքով եւ քայլ պահէ իր ճիւղին մէջ յայտնուած բոլոր նորութիւններուն: Արդեօք աւելորդ յոգնութիւն եւ ուժի սպառում չէ՞ ասիկա: Նախակրթարանի մէջ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչ մը ի՞նչ պէտք ունի Նարեկացի կարդալու, երբ ան չ՛ակնկալեր, որ փոքր տարիքի աշակերտները Նարեկացի կարդան: Ի՞նչ պէտք ունի ուսողութեան ուսուցիչը հասկնալու դասաւանդած նիւթին բարձրագոյն աստիճանները կամ կարդալու նշանաւոր ուսողագէտներու կեանքն ու գործունէութիւնը, երբ այդ բոլորը չեն պահանջուիր իրմէ իր դասաւանդած նիւթին մէջ:
Երկու պատասխան կայ վերոյիշեալ հարցերուն դիմաց:
Առաջին. ուսուցիչ մը էովին չի կրնար տիրապետել իր դասաւանդած նիւթին վրայ եւ չի հասկնար զայն ամբողջութեամբ, եթէ անծանօթ մնայ իր դասանիւթին բարձրագոյն ոլորտներուն: Այս եւ նմանօրինակ ուսուցիչներ շատ են մեր իրականութեան մէջ դժբախտաբար: Ուսուցիչը պարտաւոր է գիտնալ, թէ ո՛ւր պիտի հասցնէ իր աշակերտը:
Երկրորդ. մարդկային ուղեղը կարծուածէն շատ աւելի ընդարձակ է: Ու մինչդեռ մենք կրնանք գիտնալ, թէ առաւելագոյնը որքա՞ն սնունդ անհրաժեշտ է տալ աշակերտին կամ երեխային, ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ որքան գիտութիւն կարելի է ամբարել անոր ուղեղին մէջ: Հետեւաբար, ուսուցիչի մը համար պարզապէս անիմաստ պիտի ըլլար աշակերտին փոխանցել դասագիրքին տեղեկութիւնները միայն եւ պատրաստուած չըլլալ պատասխանելու անոր այն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին բարձր մակարդակներու եւ խոր ծալքերուն: Քիչ տեղեկութիւն կամ գիտութիւն փոխանցելը այնքան ալ չի խթաներ երեխային երեւակայութիւնը, չի սատարեր անոր ստեղծագործ կարողականութեան զարգացման: Մինչդեռ իրաւ ուսուցիչը կը զօրացնէ երեխային երեւակայութիւնը, կը զարգացնէ անոր տրամաբանելու կարողութիւնը եւ կ՛արթնցնէ անոր ստեղծագործ աշխարհը:
***
Չորրորդ. ուսուցիչը կը սիրէ իր աշակերտները:
Եթէ ուսուցիչը չսիրէ իր մատղաշ մանչերն ու աղջիկները, լաւ կ՛ըլլայ, որ հրաժարի ուսուցչական ասպարէզէն:
Փոխուած են այսօր ուսումնական-դպրոցական պայմանները: Անցած են այն ժամանակները, երբ մնայուն վախի մէջ կը պահուէին աշակերտները:
Մեր ժամանակներուն, համաշխարհայնացած այս ընկերութեան մէջ, ուսուցիչը պարտի թափանցել աշակերտին հոգեկան աշխարհին մէջ, ծանօթանայ անոր ներաշխարհին, մտածելակերպին, եւ ինչո՞ւ չէ, ընտանեկան պարագաներուն: Եթէ ուսուցիչը չսիրէ իր աշակերտները, չի կրնար իրագործել այս բոլորը: Եթէ բժիշկը չսիրէ իր հիւանդները, լաւ խնամք չի տար անոնց: Եթէ հողագործը չսիրէ իր հողը, լաւ գուրգուրանք չի ցուցաբերեր անոր: Սէրը հիմքն է կրթական-ուսումնական կեանքի յաջողութեան:
Կ՛առարկուի արդարօրէն, թէ կան դասարաններ եւ աշակերտներ, զորս կարելի չէ սիրել: Կան աշակերտներ, որոնք երբեք չեն սիրեր դպրոցը, ուսումը. կարելի՞ է սիրել զանոնք: Կան աշակերտներ, որոնք ծոյլ են եւ կը խանգարեն դասարանը. կան ուրիշներ, որոնք երբեք չեն հետեւիր ուսուցիչներու բացատրութիւններուն եւ ցուցմունքներուն: Կարելի՞ է հանդուրժել այդ բոլորը: Դպրոցական կեանքին մէջ, մանաւա՛նդ արեւմտեան կողմն աշխարհի, կը նկարագրուին ահռելի դէպքեր, որոնք կը պատահին դասարաններուն մէջ: Դիւրին չէ ըսել, թէ պէտք է հանդուրժող ըլլալ. բայց իրապէս պէտք է հանդուրժել: Պէտք է ներող աչքով մօտենալ եւ ներքուստ գթալ անոնց վրայ: Պէտք է բժիշկի մօտեցում ցուցաբերել այդպիսի պարագաներուն: Օրինակ, եթէ ինքզինք թունաւորած մէկը բերուի բժիշկին քով, այս վերջինը իրեն կը վերապահէ մեղադրանքի բաժինը եւ սակայն բարեխղճօրէն կը ձեռնարկէ, ինչպէս որ բժշկութեան առաքելութիւնը կը պահանջէ, հիւանդը բուժելու աշխատանքին: Ուսուցիչներուն թելադրանքները ժխտական գիծերով աշակերտներուն յումպէտս չեն անցնիր: Երբ այդ աշակերտները անցնին կեանքի ասպարէզ, կ՛անդրադառնան իրենց սխալներուն, կը մտաբերեն ուսուցիչներուն կատարած թելադրանքները եւ գուրգուրալից վերաբերումը, ու կը զղջան: Բայց ամէն բան ուշ կ՛ըլլայ:
Այս առումով շատ կենսական է ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնները` մարդակերտումի նուիրական աշխատանքի ճամբուն վրայ:
Ճամբայ մը, որ լեցուն է տատասկներով, քարերով եւ փոսերով:
Ու այդ ճամբուն վրայ,
Շատ աշակերտներ սիրած են դասանիւթ մը, որովհետեւ սիրած են զայն դասաւանդող ուսուցիչը, նոյնիսկ ոմանք իրենց մասնագիտութիւնը ընտրած են` հետեւելով իրենց ուսուցիչին դասաւանդած նիւթին:
Նոյն ճամբուն վրայ, թերեւս զարմանալի կը թուի, ուսուցիչը աւելի սիրած է իր աշակերտները, քան` իր զաւակները, այն իմաստով, որ աւելի ժամանակ տրամադրած է իր աշակերտներուն, քան իր զաւակներուն` սերունդի պատրաստութեան աշխատանքին մէջ:
***
Այս բոլորէն ետք կարելի է հաստատել` առանց աւելորդ շեփորահարումի ու ծայրայեղութեան, թէ ուսուցչութիւնը, դաստիարակութիւնը, աշխարհի դժուար ասպարէզներէն մէկն է, իսկ ինծի համար` դժուարագոյնը: Միայն իրաւ ուսուցիչն է, որ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ուսուցիչ ըլլալ եւ ուսուցչութիւն ընել:
Ուսումը հացին չափ կարեւոր է այժմու ժամանակաշրջանին: Այսօր մեծ պետութիւնները զարգացման բարձր մակարդակներու հասած են հիմնականօրէն նաեւ ուսման շնորհիւ: Անոնց օրինակին կը հետեւին զարգացող երկիրները, որոնց կարգին` Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրները: Ուսումը, այլ բաներու կարգին, կը ստեղծէ նաեւ տնտեսական հրաշքներ: Մեծ մտածող Տանիէլ Ուեպըսթըր կը հաստատէ իրաւամբ, որ եթէ գործենք մարմարի վրայ, անիկա կրնայ կոտրիլ եւ կորսուիլ. եթէ աշխատինք պղինձի վրայ, անիկա կրնայ ժանգոտիլ եւ փճանալ. եթէ բարձրացնենք տաճարներ, անոնք կրնան փլիլ եւ փոշի դառնալ: Բայց եթէ գործենք մատղաշ սերունդներու վրայ եւ անոնց տանք առողջ սկզբունքներ, այդ պարագային` ժամանակը երբեք դէմ պիտի չաշխատի, ընդհակառա՛կն, ժողովուրդը պիտի առաջնորդուի դէպի յաւիտենականութիւն:
Ահա այս գիտակցութիւնը ունէր բոլոր ժամանակներու մեր մեծագոյն ուսուցիչը` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը: Մեր ժողովուրդը դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդելու իր նպատակի իրագործման ճամբուն վրայ ան կատարեց հայ գիրերու գիւտը: Այս նկատառումով է, որ պէտք է աւելի քան մեծարենք հայ ուսուցիչը:
Դժբախտաբար, սակայն, մեր օրերուն անհրաժեշտ յարգանքը չեն վայելեր Ս. Մաշտոցն ու հայ ուսուցիչը: Հոգեկան-մտային արժէքներու փոխարէն` մեծ կարեւորութիւն կու տանք նիւթական-ցուցական արժէքներուն, որոնք որքան կարեւոր, սակայն անոնց միջոցով կարելի չէ յաւիտենականութեան առաջնորդել որեւէ ժողովուրդ:
Հին Յունաստանի մէջ Սոկրատը Աթէնքի պարտէզներուն մէջ ճեմելով պատրաստեց սերունդ մը, որմէ ծնաւ Պղատոնը: Այս վերջինը, որ հիմնեց ցարդ մարդկութեան ծանօթ առաջին համալսարանը, իր կարգին պատրաստեց սերունդ մը, որուն մէջ` Արիստոտէլը: Սերնդափոխութեան այս շարքին մէջ Արիստոտէլը ծնունդ տուաւ Մեծն Աղեքսանդրին, որ շատ երիտասարդ տարիքին հիմնեց հսկայական կայսրութիւն մը, որ կը նպատակադրէր տարածել յունական մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:
Կ՛ըսեն, թէ հռչակաւոր ուսուցիչ Սոկրատին հռչակաւոր աշակերտը` Պղատոն, ամէն օր շնորհակալութիւն կը յայտնէր աստուածներուն` մարդ ծնած ըլլալուն, աթենացի ծնած ըլլալուն եւ ի վերջոյ Սոկրատը իրեն ուսուցիչ եղած ըլլալուն համար:
Այո՛, ուսուցիչը պարտաւոր է ցոյց տալ խօսքի եւ գործի հաշտեցման հաւասարութիւնը եւ ըլլալ ղեկավար: Սոկրատը մեծ ղեկավար էր, երիտասարդութեան ղեկավարը, եւ ի՜նչ ղեկավար:
Ասկէ շուրջ 2400 տարի առաջ Աթէնքի մէջ կը դատէին Սոկրատը, որ հետամուտ էր գիտութեան եւ կը խօսէր ճշմարտութեան մասին: Ան կը մատնանշէր մարդոց եսամոլութիւնը եւ արար աշխարհ կը պոռար անոնց անբարոյ ընթացքը:
Մարդիկ դատապարտեցին զինք իբրեւ անկարգապահ եւ անիշխանական մարդ մը, բա՛ն մը, որուն ճի՛շդ հակառակն էր Սոկրատ: Բանտարկեցին զինք` իր գաղափարներուն համար եւ խոստացան ազատ արձակել, եթէ հրաժարէր իր գաղափարներէն:
Սոկրատ կ՛ըսէր իր մեծաւորներուն.
– Իմ մահս աւելի վնաս պիտի պատճառէ ձեր իսկ անձերուն համար:
Քաղաքական ղեկավարութիւնը որոշում կու տար, որ երեսուն օրուան մէջ պիտի սպաննեն Սոկրատը, եթէ չդադրէր իր մտածումները եւ քննադատութիւնները յայտնելէ:
Սոկրատին բարեկամները կը թելադրէին իրեն փախուստ տալ բանտէն կամ հրաժարիլ իր գաղափարներէն:
Այդպէս չըրաւ Սոկրատ: Երեսուն օր ետք, երբ աւելի ամուր կառչած կը մնար իր գաղափարներուն, յունական սովորութեամբ իբրեւ պատիժ իր իսկ ձեռքով, կամովին եւ գիտակցաբար, մինչեւ վերջին կաթիլը խմեց այն թոյնը, զոր բերած էին իրեն:
Մեռաւ Սոկրատը, բայց իր մահը պատճառ եղաւ, որ աւելի տարածուի գիտութիւնը, աւելի զարգանայ իմաստութիւնը եւ աւելի խոր իմաստ ստանայ կրթութիւնը:
Սոկրատներուն շնորհիւ է, որ աթենացիները եղան իրենց ժամանակի աշխարհի մեծագոյն կրթուած ժողովուրդը:
Սոկրատներու շնորհիւ լայն ծաւալ ստացան գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը:
***
Մեր դպրոցները ունին բարերարներ, ոմանք շատ, ուրիշներ` քիչ: Հարցը քանակին մէջ չի կայանար: Բայց մեզի համար մեծագոյն բարերարները մեր ուսուցիչներն են: Յարաբերաբար աւելի դիւրին լուծելի են տնտեսական-դրամական-նիւթական բոլոր դժուարութիւնները, քան` մարդակերտումի եւ հայակերտումի բարդ հարցերը, որոնք կ՛իյնան ուսուցիչներու ուսերուն:
Այո՛, դժուար բան է ուսուցիչ ըլլալ, մա՛նաւանդ` հա՛յ ուսուցիչ ըլլալ:
Ուսուցչութիւնը առաքելութիւն մըն է, որ կը պահանջէ ներշնչում, լայնամտութիւն, իրատեսութիւն, խոհեմութիւն, կարեկցութիւն, հաւատք:
Բայց բոլորէն աւելի ու բոլորէն վեր կը պահանջէ`
Համբերութիւն, համբերութիւն, համբերութիւն:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Typos are mine………………………………………………………………………………ԱՆՅՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԵՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ուսուցչութեան փիլիսոփայութիւնը կը խտանայ աշակերտ անհատին հետ դրական մտածողութեւամբ գործակցիլ գիտնալուն մէջ: Աշակերտ եւ ուսոցիչ զիրար կ՝ամբողջացնեն, եթէ չկայ աշակերտ չկայ նաեւ ուոսւցիչ:
Աշակերտ անհատը ընդհանրապէս անթափանց մնալու հակում ունի, խիստ թաքուն: Իր չարութիւնները ընհանրապէս կը ծառայեն ցինքը անծանօթ պհելու իր ուսուցիչէն: Այս պարագան մերթ ուսուցիչը անկարող կը դարձնէ ուսուցչութեան արուեստը կիրարկելով՝ մշակելու աշակերտ անհատէն ապագայ տիպար հայը, օրինապահ քաղաքացին, առաքինի կինը, մեծ գիտարարը կամ պարկեշտ արհեստաւորը:
Մերթ ուսուցիչը ենթարկուելու է աշակերտին քմահաճութեան որպէսցի առիթներ ստեղծէ թափանցելու անոր աշխարհին: Ընդհանրապէս չար չէ աշակերտը այլ՝ չարացած է ցինքը ճանչնալու անատակ եղողներուն դէմ, ըլլան անոնք ծնողք, ուսուցիչ թէ դասընկեր: Աշակերտը, ըլլայ ընդունակ կամ անընդունակ կ՝ուցէ իր տեղը ունենալ ուսուցիչին ուշադրութեան մէջ: Փաստօրէն, յետագային, աշակերտներ աւելի պատուած են իրենց ոււուցիչը, քան ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն:
Ուսուցիչը անմատչելի ըլլալու չէ աշակերտին. այսուհանդերձ ան ստեղծելու է այն մտնոլորտը որ աշակերտը իրեն մօտենայ յարգանքի, ակնածանքի ու սիրոյ ուղէիին ընթացքով:
Խիստ խուզարկող է աշակերտ անհատը: Ան կը դիտէ, կը պեղէ: Մեծագոյն դատաւորն է ան: Շուտ կը ճանչնայ, արագ կը վճռէ: Ուսուցիչը խիստ ցգոյշ ըլլալու է իր կենցաղին, արտահայտութեան մէջ. ունենալու է խնամուած արտաքին, պարց ու գրաւիչ ՝փոքրերու մօտ: Իսկ հասուն աշակերտին մօտ հետցհետէ մշակելու է «մարդը» արտաքինէն չդատելու «Ծերենցեան» հոգեբանութիւնը: Եւ վերջապէս, աշակերտը սպասելու է ուսուցիչին ժամանման, ոչ թէ երջանիկ ցգալու անոր բացակայութեամբ
Շատ դժուար արուեստ է ուսուցչութիւնը: Որպէս պատահական ասպարէց անոր մօտեցող ուսուցիչը ձախողած է ուշ թէ կանուխ: Յաջողած ուսուցիչը համբերած եւ տառապած է այդ կալուածի առթած ցաւերով. ինքցինք դիտած է աշակերտին ակնոցէն. ինքնամշակում ըրած է. ինքնաքննադատութիւն ըրած է. իր կենցաղին ու մտածելակերպին մէջ բարեփոխումներ կատարած է: Չանացած է ըլլալ ցուսպ, անաչառ, անկողմնակալ, ուղիղ, վստահելի եւ գաղտնապահ:
Եւ վերջապէս իրաւ ուսուցիչը (Ոշականեան իմացումով) կերտուած է իր եւ իր աշակերտին համագործակցական մշակումով:
Զուարթ Աբէլեւան
«Ես եւ Ուսուցչութիւնը»
Մ.Ն, 2007